Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ձեր պայուսակին մէջ այլազան իրեր պահելով` դուք հաւանաբար չէք ալ կռահեր, որ այդ իրերը եւ զանոնք տեղաւորելու ձեւը կրնան որոշ պատկերացում մը տալ ձեր բնաւորութեան մասին:
Իսկ ձեր բնաւորութիւնը իմանալու համար անմիջապէս բացէք ձեր պայուսակը:
– 1 –
Ինչպիսի՞ պայուսակ կը նախընտրէք.
ա.- Մեծ չափի, որպէսզի որքան հնարաւոր է, շատ իրեր տեղաւորեմ:
բ.- Ոչ մեծ չափի, բայց բաժանումներով, որպէսզի իրերս լաւ դասաւորեմ:
գ.- Տարբեր չափի եւ տեսակի, օրուան տարբեր ժամերու եւ առիթներու համար:
– 2 –
Ձեր պայուսակին մէջ կան`
ա.- Շպարի իրեր, առաւել` սանտր եւ հայելի:
բ.- Սանտր եւ հայելի չկան, քանի որ առիթ չունիմ զանոնք օգտագործելու:
գ.- Անպայման հայելի մը, հապա՞ եթէ աչքիս մէջ բան մը մտաւ…
– 3 –
Ուրիշ ի՞նչ բաներ կան ձեր պայուսակին մէջ.
ա.- Թղթապանակ մը, ուր տեղաւորած եմ անձնագիրս, ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրս, փաստաթուղթեր եւ հարազատներու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ` դրամապանակս:
բ.- Փաստաթուղթերս եւ դրամս կը դնեմ մեծ դրամապանակիս մէջ, երկրորդ մըն ալ ունիմ լուսանկարներուն համար:
գ.- Լուսանկարները շարած եմ փոքրիկ ալպոմի մը մէջ, որ միշտ հետս կ՛ըլլայ, իսկ դրամս կը պահեմ գրպանիս մէջ:
– 4 –
Պայուսակիս մէջ նաեւ կան`
ա.- Բջիջային
բ.- Տուրմ
գ.- Գրիչներ
դ.- Իրեր, զորս չեմ գործածեր, բայց եւ այնպէս հետս կը պտտցնեմ
ե.- Բանալի
զ.- Անուշահոտ
է.- Նոթատետր
– 5 –
Երբ որեւէ բան փնտռեմ պայուսակիս մէջ,
ա.- Անմիջապէս կը գտնեմ:
բ.- Կը ստիպուիմ պայուսակս լման պարպել:
գ.- Ոչ մէկ անգամ կը գտնեմ փնտռածս, քանի որ պայուսակս բերնէ բերան լեցուն կ՛ըլլայ:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Հաշուեցէ՛ք ձեր միաւորները
1. | ա1 | բ2 | գ3 | ||||
2.- | ա3 | բ1 | գ2 | ||||
3.- | ա2 | բ3 | գ1 | ||||
4.- | ա0 | բ1 | գ2 | դ2 | ե0 | զ2 | է3 |
5. | ա2 | բ1 | գ3 |
Եթէ 5 – 8 միաւոր հաւաքեցիք, դուք քիչ մը թափթփած անձ էք, այսինքն լաւ չէք դասաւորեր ձեր իրերը, երբեմն նոյնիսկ կը կորսնցնէք զանոնք, բայց էութեամբ դուք զուարթ անձ էք, կը սիրէք անպաճոյճ ապրելաձեւը, աւելի շատ կապուած էք մարդոց քան` իրերու հետ:
***
Եթէ 9 – 16 միաւոր հաւաքեցիք, դուք կը մտածէք ամէն ինչի մասին, պատահականութեան բան չէք ձգեր, կը նախատեսէք ամէն ինչ եւ ձեռք կ՛առնէք նախզգուշական բոլոր միջոցները: Ասիկա լաւ կէտ է, բայց քիչ մը` ձանձրացուցիչ, քանի որ դուք ամէն ինչ վաղօրօք գիտէք: Երբեմն կարելի է կեանքին հետ վերաբերիլ քիչ մը աւելի թեթեւ եւ նուազ լրջութեամբ:
***
Եթէ 17 եւ աւելի միաւոր հաւաքեցիք, դուք կորսուած անձ էք, եթէ օրին մէկը ձեր պայուսակը կորսնցնէք: Դուք կարիք ունիք պահուըտելու ձեր ճշմարիտ պատկերին ետեւ: Ջանացէք ըլլալ աւելի բնական, եւ ձեր կեանքը կը դառնայ աւելի հրաշալի:
Այլազան
Աշխարհի Ամենագեղեցիկ
Երկու Թագուհիները
Յորդանանի Ռանիա թագուհին արդէն շատոնց արժանացած է մոլորակի ամենագեղեցիկ թագուհիի տիտղոսին: Ապտալլա Բ.ի 45-ամեայ կինը ներդաշնակօրէն կը համատեղէ արեւելեան գեղեցկութիւնն ու եւրոպական նրբաճաշակութիւնը:
2003-ին «Հելօ» ամսագիրը Ռանիա թագուհիին տուեր էր առաջին տեղը` աշխարհի ամենավայելուչ կիներու ցուցակին վրայ եւ այդ ժամանակէն ի վեր ան տեւաբար կը ներառուի ամենաոճային յայտնիներու ցուցակին վրայ:
Սակայն վերջին տարիներուն Ռանիան այլ թագակիր մրցակցուհի մը ունի: Երբ 2014-ին Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփը գահ բարձրացաւ, շատեր արտայայտուեցան, որ անոր կինը` Լեթիսիան, կը կրկնօրինակէ Ռանիայի ոճը:
Անցեալ շաբաթ Յորդանանի թագաւորական զոյգը կարճատեւ այցելութեամբ ժամանեց Սպանիա. զանոնք դիմաւորեցին Ֆիլիփը եւ Լեթիսիան: Երկու գեղեցիկ թագուհիներուն հանդիպումը ջերմ ու սիրալիր էր, իսկ անոնց վայելչութիւնը… առանց մեկնաբանութեան:
Մեզ Շրջապատող
Աղտոտ Իրեր
Օրուան ընթացքին յաճախ կը շփուինք իրերու հետ, որոնք ոչ միայն մանրէի բոյն են, այլ նոյնիսկ աւելի աղտոտ են, քան` բաղնիքին աթոռը:
Բրիտանացի հետազօտողներ կազմած են ցանկը այն 5 իրերուն, որոնք չափազանց աղտոտ են եւ հետեւողական մաքրութեան կը կարօտին:
1.- Համակարգիչի ստեղնաշարը հինգ անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը: 2007-ին Ուաշինկթընի դպրոցներէն մէկուն մէջ աւելի քան 100 աշակերտ աղիքային կրիփէ վարակուած էր համակարգիչներու ստեղնաշարներուն միջոցով:
2.- Նոյն հետազօտողներուն համաձայն, ձեռքի պայուսակ մը 3 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը:
3.- Նոյնպէս մանրէի բոյն են խոհանոցը օգտագործուող սրբիչները եւ սպունգները:
4.- Արիզոնայի համալսարանի հետազօտողներուն համաձայն, խոհանոցը օգտագործուող մանրելու տախտակը 200 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը:
5.- Գորգ մը 700 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը: Մեռած բջիջներ, ուտելիքի փշրանքներ, անասունի ստեւներ, մէզի մնացորդներ… այս բոլորը տեղաւորուած են արտաքնապէս մաքուր գորգի մը մէջ:
Հինը Նորի Վերածենք
Նկարին վրայ կը տեսնէք սիրուն, գունաւոր ծածկոց մը` պատրաստուած հին թի շըրթներով:
Այո, այսուհետեւ մի՛ թափէք կամ ուրիշին մի՛ տաք ձեր զաւակներուն հին թի շըրթները, զանոնք քառանկիւն կտրտեցէք, իրարու կարեցէք եւ ապա քիչ մը տոկուն խոշոր սաւանի մը հաստատեցէք, եւ ահա կը ստանաք գեղեցիկ ծածկոց մը, որ ինչո՛ւ չէ, կրնաք նոյնիսկ որպէս վարագոյր գործածել:
Ձեռային Աշխատանք
Խցաններով Պատրաստուած
Տակդիր
Պատրաստեցէք անսովոր եւ գեղեցիկ տակդիր մը` օգտագործելով գինիի շիշի խցանները:
Հաւաքեցէք շուրջ 25 խցան, զանոնք քով-քովի շարեցէք եւ նոյն հասակով համաչափ կտրեցէք, ապա խէժի «զէնքով» զանոնք իրարու փակցուցէք եւ ահա կը ստանաք սիրուն տակդիր մը:
Խոհագիր
Աշնանային Համեղ Ապուր
Բաղադրութիւն
– 6 բաժակ հաւու արգանակ
– 2 հաւկիթ
– 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Աղ
– Խաշած հաւու կուրծք
Պատրաստութիւն
Արգանակը կաթսային մէջ եռացնել, ապա կրակը թեթեւցնել: Փոս ամանի մը մէջ հարել հաւկիթները, մինչեւ որ փրփրին, աստիճանաբար աւելցնել կիտրոնի հիւթը, ապա նաեւ գաւաթ մը արգանակ` շարունակ խառնելով: Այս խառնուրդը աւելցնել արգանակին, եփել թեթեւ կրակի վրայ, մինչեւ որ արգանակը քիչ մը թանձրանայ:
Հրամցնելու պահուն աւելցնել խաշած հաւու կտրտուած կուրծքը եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Քամու Համբոյրը
Քամու համբոյրից դողաց մի տերեւ,
Շշուկով դիպաւ իր հարեւանին,
Խշխշաց յանկարծ իմ գլխի վերեւ
Ու տարուբերուեց հինաւուրց կաղնին:Կռացաւ կաղնին նորից բարձրացաւ,
Ճիւղերով դիպաւ ուրիշ մի ծառի,-
Եւ շշուկն այսպէս ծառից-ծառ անցաւ,
Հասաւ հեռաւոր խորքերն անտառի:Ալեկոծւում էր անտառը յուզուած
Ու ոսկեզօծուած գլուխն օրօրում,
Իր մեծ գրկի մէջ քամու համբուրած
Փոքրիկ տերեւն էր կարծես որոնում:Խշշում էր անտառն ու տարուբերւում,
Երկինք էր հասնում խշշոցը նրա…
Իսկ քամին ուրախ սուլում էր հեռւում
Եւ ծիծաղում էր անտառի վրայ:ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ