Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Պատասխանեցէք այս փորձ-հարցարանին` իմանալու համար, որ արդեօք ճիշդ ձեւով կը սնանի՞ք, թէ՞ սխալներ կը գործէք ուտելու ընթացքին:
– 1 –
Օրական 3 ճաշի ժումերը (նախաճաշ, ճաշ, ընթրիք) կը յարգէ՞ք:
ա.- Այո
բ.- Օրուան զբաղումներէն կախեալ է
գ.- Ոչ, ոչ միշտ
– 2 –
Գործէն վերադարձին, մինչեւ սեղան նստիլը որքա՞ն ժամանակ կ՛անցընէք:
ա.- Կէս ժամ
բ.- Մէկ ժամ եւ աւելի
գ.- Անմիջապէս կը ճաշէք:
– 3 –
Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք ձեր ուտելիքները:
ա.- Կ՛ուտէք ինչ որ պատահի
բ.- Սննդական արժէքները նկատի կ՛առնէք
գ.- Կ՛ուտէք ինչ որ ձեր սիրտը կ՛ուզէ
– 4 –
Առհասարակ ուտելու ժամանակ:
ա.- Լուռ էք
բ.- Շուրջիններուն հետ կը խօսիք
գ.- Թերթ կը կարդաք, կամ հեռատեսիլ կը դիտէք
– 5 –
Յաճա՞խ պահածոյ կ՛ուտէք:
ա.- Այո
բ.- Երբեմն
գ.- Գրեթէ երբեք
– 6 –
Ուտելու ժամանակ լաւ կը ծամէ՞ք:
ա.- Ոչ
բ.- Երբեմն
գ.- Այո
– 7 –
Կերակուրէն ետք, անմիջապէս թէյ կը խմէք:
ա.- Ոչ, թէյ կը խմէք առնուազն կէս ժամ ետք
բ.- Նայած ձեր զբաղումներուն
գ.- Այո, անմիջապէս
– 8 –
Գիշերը կ՛ուտէ՞ք:
ա.- Այո, նոյնիսկ` ուշ ժամերու
բ.- Ոչ ժամը 6:00-էն ետք
գ.- Ուտելը կը դադրեցնէք քնանալէ 2 ժամ առաջ
– 9 –
Դուք կը հետեւիք առողջ սննդակարգի:
ա.- Այո
բ.- Երբեմն
գ.- Երբեք
– 10 –
Օրուան ժումերը չէք կրճատեր, քիչ քանակութեամբ քանի մը անգամ կ՛ուտէք:
ա.- Այո
բ.- Կանոնը գիտէք, բայց չէք գործադրեր
գ.- Ոչ:
Ցուցատախտակին հիմամբ հաշուեցէք ձեր միաւորները եւ կարդացէք արդիւնքը:
- Եթէ 10 – 16 միաւոր հաւաքեցիք, Սոքրաթ ըսած է.
«Մենք չենք ապրիր ուտելու համար, այլ կ՛ուտենք ապրելու համար»: Դուք հաւանաբար տեղեակ էք, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պէտք է ուտել եւ, այսպիսով, ձեր մարմնին երբեք չէք վնասեր. գտած էք ճիշդ ուղին:
***
- Եթէ 17 – 23 միաւոր հաւաքեցիք, դուք գիտէք, որ սնունդի չարաշահումը սխալ է, բայց երբեմն դուք կը մոռնաք այդ իրողութիւնը, կ՛իյնաք սխալներու մէջ, բայց ձեւը կը գտնէք սխալը սրբագրելու:
***
- Եթէ 24 – 30 միաւոր հաւաքեցիք, ժամանակն է մտածելու, որ հարկաւոր է փոխել որոշ սովորութիւններ, դժբախտաբար չէք անդրադառնար, որ սխալ ձեւով կը սնանիք: Պէտք է ուտէք դանդաղ եւ լաւ ծամելով: Հրաժարեցէք պահածոյ կամ «ֆասթ ֆուտ» կոչուածներէն, նախապատուութիւնը տուէք տնական տաք կերակուրներուն:
Կին Դէմքեր
Փենելոփէ Քրուզ
41 տարեկան անուանի դերասանուհի Փենելոփէ Քրուզ վաւերագրական ժապաւէն մը պիտի պատրաստէ արեան քաղցկեղէ տառապող երեխաներու մասին:
Դերասանուհիին նպատակն է աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրել այս հիւանդութեան, անկէ տառապող երեխաներուն, անոնց ծնողներուն եւ բժիշկներուն վրայ:
Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ հիւանդ երեխաները աշխարհին պիտի պատմեն իրենց անցած եւ ներկայ վիճակին մասին, նաեւ հիւանդութենէն բուժուած երեխաներ պիտի խօսին իրենց փորձառութեան մասին:
Փենելոփէ Քրուզ վստահ է, որ դժուար փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ թէ՛ իրեն եւ թէ՛ հիւանդ երեխաներուն համար: Բայց համոզուած է, որ իր չնչին մասնակցութիւնը պիտի բերէ արեան քաղցկեղի բուժման հետազօտութեանց:
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
Մահ Անտրէ Քուրեժի
Յունուար 7-ին նորաձեւութեան աշխարհէն հեռացաւ 92-ամեայ ֆրանսացի ձեւագէտ Անտրէ Քուրեժը: 60-ական տարիներուն մեծ համբաւ եւ յաջողութիւն վայելած ձեւագէտը սիրուած եւ գնահատուած էր իր ոչ աւանդական յղացումներուն եւ նորարական ոճին համար:
Բացի հագուստէ, Քուրեժ նորաձեւութեան տունը նշանաւոր էր իր աքսեսուարներով` կօշիկ, մոյկ, պայուսակ, ակնոց, գօտի եւ այլն…
Տոլչէ Էնտ Կապանայի
Գարնանային Հաւաքածոն
Իտալական Տոլչէ էնտ Կապանա նորաձեւութեան տունը արդէն իսկ նախաճաշակ մը տուած է յառաջիկայ գարնան իր հաւաքածոյին մասին: Արդարեւ, հաւաքածոն կը բաղկանայ «հիժապ»-ներէ (արաբական քող) եւ «ապայա»-ներէ (արաբական լայն եւ երկար հագուստներ):
Նկարին վրայ կը տեսնենք հետաքրքրական նմուշներ:
Նշենք, որ անցեալին նման ներշնչումներ ունեցած են Շանելը (2014), իսկ անցեալ ամրան Թոմի Հիլֆիկըրը եւ Մանկոն` Ռամատանի առիթով:
Հինը Նորի Վերածել
Պահածոյի Ապակեայ Շիշերը
Այսուհետեւ պահածոյի ապակեայ շիշերը մի՛ թափէք, անոնց երկրորդ կեանք մը տուէք` ներկելով, կափարիչները զարդարելով եւ զանոնք վերածեցէք`
ա.- Ծփացող մոմերով մոմակալներու,
բ.- Մանր իրեր խմբելու եւ դասաւորելու շիշերու,
գ.- Պատշգամին պատերը զարդարող թաղարներու,
դ.- Շպարի վրձինները դասաւորելու եւ խմբելու ծառայող շիշերու,
ե.- Թափանցիկ թաղար-ծաղկամաններու,
զ.- Գանձանակներու:
Խոհագիր
Խոխոբ
Խոխոբը հայկական կերակրատեսակ է, որ համեղ է եւ ներկայանալի. պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.
– Շուրջ 1.5 քիլօ կշռող հաւ մը
– Մէկ քիլօ սոխ
– 400 կրամ նուռի հատիկներ
– Կարագ կամ բուսական իւղ (ըստ ճաշակի)
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
– Մէկ ապուրի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք
Պատրաստութիւն
Հաւը փոքր կտորներով կտրատել, համեմել:
Կոթով սանին (քասրոլ) մէջ տաքցնել իւղը կամ հալեցնել կարագը եւ հաւի կտորները տապկել մինչեւ կիսաեփ վիճակի հասնին: Աւելցնել կիսալուսնաձեւ շերտուած սոխը եւ քառորդ ժամ եւս տապկել` թեթեւ կրակի վրայ:
Աւելցնել նրան հատիկները եւ շարունակել եփը, մինչեւ որ հատիկները սպիտակ դառնան:
Հրամցնել տաք վիճակով, տապկուած կամ խորոված կտրտուած լաւաշով եւ մանրուած ազատքեղով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ամէն Տեսակ Երգ Երգեցի
Ամէն տեսակ երգ երգեցի – ամէնից լաւ տաղն է էլի,
Սայաթ-Նովի դրախտային, անմահական խա՛ղն է էլի:
Ինչքան էլ լեն դուքաններում ռանգ-ռանգ մրգեր ըլին շարած
Անմահական մրգերի տեղ – շահնշահի բաղն է էլի:
Բախչի միջի, ծաղիկները ինչքան էլ լաւ ջրով անես`
Ծաղիկների ջուրը ուզած – առաւօտուայ շաղն է էլի:
Գնա՛ կ՛ուզես Ֆռանգստան, ամենամեծ քուչեքը տես`
Սրտիդ ուզած տեղը միակ – սիրեկանի թաղն է էլի:
Վա՜յ քեզ, Չարենց, լա՛ւ իմացի, ականջ արա սիրեկանին
Ամէն բանից լաւ ու անուշ սիրեկանի դաղն է էլի:Խօսք` ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ