Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Կիներու Կրկնակի Ցաւը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

armenian-genocide_women&Children_42116

Քրտական ծագումով թուրք լրագրող Մուգգան Հալիս «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջին վրայ 2014-ին լոյս տեսած յօդուածով մը հետեւեալը գրած է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով կրկնակի տուժած հայ կիներուն մասին:

«Ցեղասպանութիւնը հայ կիներուն համար կրկնակի ցաւ էր, քանի որ անոնց համար ատիկա միաժամանակ բռնաբարութիւն, բռնի ամուսնութիւն, ստրկացում կը նշանակէր:

Բռնաբարութիւններ

1915 թուին հայ կիները թէ՛ իրենց հայրենիքէն արտաքսուեցան, թէ՛ իրենց ամուսիններն ու եղբայրները կորսնցուցին, թէ՛ իրենց զաւակներէն զրկուեցան եւ թէ՛ պարբերական բռնաբարութիւններու զոհ դարձան:

Մինչեւ օրս այդ թեմայով ուսումնասիրութիւններու թիւը շատ քիչ է: Ողջ մնացածները իրենց բանաւոր պատմութիւններուն մէջ բռնաբարութիւնները կա՛մ կը մեղմացնեն, կա՛մ ալ կը շրջանցեն: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ կիները խօսիլ չեն ցանկար այդ բռնութիւններուն մասին:

Առեւանգուած, Իսլամացած Կիներ

Հայ կիները ցեղասպանութեան պատճառով ենթարկուեցան նաեւ բռնի իսլամացումի: Ենթադրութիւններ կան, որ 200 հազար հայ կիներ ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք իսլամացուեցան, ձուլուեցան, քրտական, թրքական կամ արաբական «ծագում» ձեռք բերին…

Հայ կիներուն հանդէպ իրագործուած բռնաբարութիւններուն յաջորդեցին բռնի ամուսնութիւնները:

Իսլամացած կիներ ժամանակի ընթացքին կը մոռնային իրենց ինքնութիւնն ու մայրենին: Անոնցմէ շատերը իրենք զիրենք եւ իրենց հարազատները փրկելու համար բացի իսլամացումէ` ուրիշ ելք չէին ունենար:

Տատիկներուն Դաջուածքները

w-16_42116Իսլամացած կիները աւելի ուշ մահմետական տղամարդոց հետ կ՛ամուսնանային եւ, ըստ աւանդութեան, հինա կը քսէին: Այդ հինաները կամ դաջուածքները ուրիշ նշանակութիւն ալ ունէին: Շարժապատկերի բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ մօրս դաջուածքները» ժապաւէնը այս նիւթն է, որ կ՛արծարծէ: Ժապաւէնը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած, ստիպուած «մարմինը վաճառած» հազարաւոր մոռցուած կիներու մասին է: Անոնց մարմիններուն վրայ ուրիշներէն տարբերելու համար դաջուածքներ կային:

Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք հայկական միութիւններ եւ միսիոնարական կազմակերպութիւններ փորձեցին ազատել առեւանգուած կիները: Յատկապէս դանիացի միսիոնար Քարեն Եփփէն, արաբ ցեղախումբերու ղեկավարներուն հետ համաձայնութեան գալով, երկու հազար կիներ ազատ արձակեց:

 

Գերիներու Շուկան

Հայ կիներու վերապրած մէկ այլ դաժանութիւններէն գերիներու շուկաները: Այդ մասին կարելի է կարդալ Իվ Տերսոնի` Մարտինի ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքին մէջ: Հեղինակը կը պատմէ, որ հայ կիները կ՛աշխատցնէին որպէս սեքս-ստրուկներ:

Armenian_woman_kneeling_beside_dead_child_in_field

Տերսոնի համոզումով, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, հակառակ 1989 թուականէն ստրուկներու շուկաներու պաշտօնապէս վերացման, մինչեւ պատերազմի աւարտը հայ կիներուն եւ երեխաներուն համար այդ շուկաները կը գործէին:

Վաճառողները իրենց «ապրանքէն» արագ ձերբազատելու նպատակով` հայերու գինը շատ ցած կը գնահատէին: 5-7 տարեկան երեխաները կը վաճառուէին 5-20 ղրուշով, ինչ որ կը համապատասխանէր մէկ գառնուկի գինին: Երիտասարդ աղջիկը կամ 14-15 տարեկան պատանին 2-3 մէճիտիէով: Գիները կը փոխուէին` պայմանաւորուած հայու ընտանիքին ունեցած դիրքով: Այդ կիներուն կամ աղջիկներուն տիրացողները ապագային կրնային օրինական

ճամբաներով ձեռք բերել անոնց ունեցուածքը:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Նախընտրելի Է Երգել
Լացող Երեխային

chanter-bebe_42116

Երբ երեխան անմխիթար կու լայ, ամէն միջոցի կը դիմենք զայն հանդարտեցնելու համար: Նոր փորձեր ցոյց տուած են, որ լացող երեխան աւելի շատ կը հանդարտի, եթէ խօսելու փոխարէն` երգենք անոր… Արդարեւ, փաստուած է, որ երգը խօսքէն աւելի ազդու է երեխաներուն համար:

Մոնրէալի համալսարանի կին հետազօտողներ փորձ մը կատարած են 6-9 ամսու 30 երեխայի վրայ. անոնց լացի պահուն փոխն ի փոխ երգ եւ մեղմ խօսքեր լսել տուած են: Օրերու վրայ կատարուած փորձի աւարտին մասնագէտները հաստատած են, թէ երգը իսկապէս կ՛օգնէ, որ երեխաները աւելի արագ եւ աւելի երկար տեւողութեամբ հանդարտին, մինչդեռ մեղմ խօսքերու ազդեցութիւնը նոյն ազդեցութիւնը չունի:

Կ՛արժէ մտածել այս մասին եւ փորձել…

Ի՞նչ Ընել, Որպէսզի Մեր Փոքրիկը Գիտական Նիւթերը Սիրէ

enfant-science-CMS_42116

Գիտական նիւթերուն ատակ ըլլալը հետագային ասպարէզի բազմաթիւ դուռեր կը բանայ մեր զաւակներուն առջեւ:

Գիտական նիւթերուն հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցնելը շատ կանուխէն պէտք է սկսի. բայց ատիկա միայն դպրոցին պարտականութիւնը չէ, ընտանիքն ալ իր դերը ունի:

Գիտութիւն դասաւանդող եւ համալսարանի դասախօս Փաթրիս Փովէն հետեւեալը կը թելադրէ ծնողներուն, որպէսզի երեխաները նախ հետաքրքրուին եւ ապա սիրեն գիտութիւնը:

ա.- Օրական երեխային հարցնել այդ օրուան գիտութեան դասի բովանդակութեան մասին, որպէսզի երեխան զգայ, որ ծնողը որքա՛ն կարեւորութիւն կու տայ այդ նիւթին:

բ.- Երեխան բաժանորդագրել գիտական ամսաթերթի մը: Գրախանութները լեցուն են գիտական ամսաթերթերով: Կարեւոր է ընտրել անոր տարիքին համապատասխանող տեսակը:

գ.- Ընտանեօք այցելել գիտական բնոյթ ունեցող ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ, դիտել վաւերագրական ժապաւէններ:

դ.- Երեխային առօրեային մէջ յաճախ գիտութիւնը ներմուծել: Այսպէս, ընտանեկան պտոյտի մը ընթացքին երեխային տալ նման հարցումներ. «Ուրկէ՞ կու գայ անձրեւը», «ինչո՞ւ ծառերը տերեւաթափ են», «Օդանաւը ինչպէ՞ս օդին մէջ կը մնայ» եւ այլն… Պայման չէ, որ երեխան բոլոր հարցումներուն պատասխան ունենայ: Կարեւորը երեխային հետ մտածել եւ պատասխաններ փնտռելն է, կ՛ըսէ Փ. Փովէն:

Գիտութեան հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցնելը ապագային երեխային գործի առիթներ ստեղծելու մտահոգութենէն թելադրուած պէտք չէ ըլլայ միայն, այլ նաեւ` անոր մէջ զարգացնել գիտական վերլուծական միտքն ու դատողութիւնը:

 

Կին Դէմքեր

Զահա Հատիտ

Zaha-Hadid_42116

Անցեալ մարտ 31-ին Մայամիի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ միջազգային համբաւ վայելող 65-ամեայ ճարտարապետ Զահա Հատիտը:

Նշենք, որ ծագումով իրաքցի, բրիտանացի Հատիտ յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ապա մեկնած է Լոնտոն` ճարտարապետութիւն ուսանելու համար:

Լոնտոնի մէջ Հատիտ կը հիմնէ իր գրասենեակը եւ շնորհիւ իր տաղանդին` կը դառնայ միջազգային դէմք: Ան որպէս դասախօս կը հրաւիրուի ամերիկեան եւ բրիտանական մեծագոյն համալսարաններուն կողմէ:

2004-ին Հատիտ կը հանդիսանայ առաջին կին մրցանակակիրը «Բրիցքեր» մրցանքին, որ համազօր է ճարտարապետներուն Նոպէլեան մրցանակին:

Զահա Հատիտի գործերը ներկայ են աշխարհի մեծագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ: Մարզադաշտեր, կամուրջներ, թանգարաններ, մշակոյթի կեդրոններ, մեթրոյի կայաններ կը կրեն տաղանդաւոր ճարտարապետին դրոշմը: Նկարին վրայ կը տեսնենք Ապու Տապիի Շէյխ Զայիտի կամուրջը:

Ինչ կը վերաբերի իր յաջողութեան, Հատիտ կ՛ըսէ. «Անիկա կեանքի այլազան փորձառութիւններուս արդիւնքն է: Եղած եմ զօրաւոր եւ կարգապահ: Այո՛, յաջողած եմ, բայց յաջողութեան ճամբաս ո՛չ դիւրին եղած է, ո՛չ ալ վարդերով զարդարուած: Յաջողութիւնս արդիւնք է շատ երկար պայքարի մը: Սկիզբը շատ շատ ծանր աշխատած եմ, գիշերը ցերեկին խառնելով»:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Ի՞Նչ Գիտենք Սմբուկին Մասին

Aubergine_42116

-1-

Լաւ եւ համեղ սմբուկ մը պէտք է, որ փոքր ըլլայ:

Ճիշդ, որքան սմբուկը փոքր ըլլայ, այնքան քիչ կուտ կը պարունակէ եւ նուազ լեղի կ՛ըլլայ:

-2-

Ջերմուժի իմաստով, սմբուկը ամէնէն քիչ ջերմուժ պարունակողներէն է:

Ճիշդ, իւրաքանչիւր 100 կրամին մէջ 18 ջերմուժ պարունակող սմբուկը շատ հարուստ է բնաթելով եւ խորոված ուտելու պարագային շատ առողջապահական է:

-3-

Որքան սմբուկը մութ գոյնի ըլլայ, այնքան համեղ կ՛ըլլայ:

Սխալ, որքան սմբուկին գոյնը մութ ըլլայ, այնքան անթիոքսիտանով հարուստ կ՛ըլլայ: Իսկ սմբուկին սննդական արժէքին մեծ մասը իր կեղեւին մէջ է, ահա թէ ինչո՛ւ պէտք չէ կեղուել զայն:

-4-

Սմբուկը տապկելու ժամանակ անիկա նուազ իւղ կը ծծէ, եթէ զայն ծծուն թուղթի մէջ փաթթենք:

Սխալ, որպէսզի տապկոցի ատեն սմբուկի շերտերը նոազ իւղ ծծեն, նախքան տապկելը` անոնց վրայ պէտք է աղ ցանել եւ քամոցի մը մէջ ձգել շուրջ կէս ժամ: Յետոյ շերտերը անձեռոցի մը մէջ ցամքեցնել եւ տապկել:

-5-

Սառնարանին մէջ սմբուկը կը դիմանայ շուրջ 15 օր:

Ճիշդ, սառնարանին բանջարեղէնի բաժնի գզրոցին մէջ սմբուկը 15 օր կը դիմանայ առանց փճանալու:

-6-

Սմբուկ ընտրելու ատեն պէտք է հոտուըտալ զայն:

Սխալ, սմբուկ ընտրելու ատեն պէտք է մատով թեթեւ ճնշել անոր վրայ: Կեղեւին վրայ պզտիկ փոսիկ մը պէտք է յայտնուի, պէտք է հրաժարիլ կարծր, բայց նաեւ շատ փափուկ սմբուկներէն: Սմբուկի ընտրութեան ատեն նաեւ ընտրեցէք անոնք, որոնք ողորկ եւ միագոյն կեղեւ եւ առողջ կանաչ կոթ մը ունին:

-7-

Երբ սմբուկ կը գնէք, զանոնք կերպընկալ տոպրակի մէջ մի՛ դնէք:

Սխալ, երբ սմբուկ գնէք, զանոնք մնացեալ գնումներուն երեսը զետեղեցէք: Հակառակ իր տոկուն տեսքին, սմբուկին կեղեւը շատ զգայուն է եւ շուտով կը վնասուի:

 

Խոհագիր

Ելակով Եւ Շոմինով Աղցան

Salade-épinards-fraise-balsamique_42116

Բաղադրութիւն 2 անձի համար

500 կրամ թարմ շոմին
200 կրամ ելակ
150 կրամ այծի պանիր (կրնաք փոխարինել ձեր նախասիրածով)
1 ապուրի դգալ խոշոր դդումի մաքրուած կուտ
3 ապուրի դգալ ձէթ
2 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
1 սուրճի դգալ կիտրոնի հիւթ
Կէս սուրճի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք
Աղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ դնել լուացուած եւ ցամքեցուած շոմինի տերեւները, աւելցնել երկուքի կիսուած ելակները եւ կտրտուած այծի պանիրը:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստեցէք թացանը, խառնելով քացախը, ձէթը, կիտրոնի հիւթն ու կեղեւի տաշուքները, չմոռնաք աղը: Ստացուած միատարր թանձրուկը աւելցուցէք աղցանին վրայ եւ անմիջապէս հրամցուցէք:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կա՛նք Ու Կը Մնա՛նք…

Դուք ձեր մրրիկով մեր Մարմինը թանկ`
Հազար Տէր-զօրի կլափին տուիք կե՛ր:
Բայց մե՛նք` Սասունցի Դաւի՛թ իբր անմեռ`
Հազար ծագերէն կը ձայնենք.
– Ներկա՛յ…
Ձեր բորանին դէմ` մենք բո՛րբ արեգակ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր նենգին զէնքով մեր Անունն անժանգ`
Աշխարհի սիրտէն սրբե՛լ ճգնեցաք:
Բայց մե՛նք` յաւերժին մէջ քանդակուած Հա՛յկ`
Պատմութեան էջէն կը թնդանք.
– Ներկա՛յ…
Ձեր չար ջանքին դէմ` մենք մէ՛կ եւ կո՛ւռ կամք,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր ոխին կրակով դարձուցիք մոխի՛ր,
Չորս հովի՛ն տուիք մեր Գիրն ու Ոգին:
Բայց մենք` լուսասփիւռ Մեսրո՛պ լուսածին`
Անցեալի ձորէն կը գոռանք.
– Ներկա՛յ…
Ձեր հրդեհին դէմ` ծովի՛ պէս անծիր,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խօլ մոլուցքին անկուշտ մանգաղով
Մեր հոգւոյն հանդէպ Հաւատքն յօտեցիք:
Բայց մե՛նք` խաչակիր Վարդա՛ն անառիկ`
Ողջ Աւարայրէն կը փողենք.
– Ներկա՛յ…
Ձեր մանգաղին դէմ` մենք կաղնի՛ անխռով,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խուժ խուժանին ժանիքներով ժանտ
Յօշեցի՛ք մեր Հողն անոյշ եւ կանաչ:
Բայց մե՛նք` դարեղէն Մասի՛ս աննուաճ`
Գալիքի բարձրէն կ՛որոտա՛նք.
– Ներկա՛յ…
Ձեր ճանկերուն դէմ` մենք ժա՛յռ պողպատեայ,
Ձեր հեղեղին դէմ` մենք թո՛ւմբ անվտանգ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ…

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>