Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Անյայտ Արձաններ. «Վերադարձը»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ «ծնած» են ու կ՛ապրին արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՛անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ «պահուըտած է» քաղաքի զբօսայգիներուն եւ բակերուն մէջ ու լռած են իրենց գոյութեան մասին:

Ծանօթանանք անոնցմէ մէկուն, քանի որ մեզի պատմելու շատ բան ունի:

2003-ին Բաբայեան փողոցին վրայ յայտնուեցաւ «Վերադարձ» արձանը: «39 քանդակագործներից 14-ին էին ընտրել Երեւանը 2001 թուականին Հայաստանում քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակին նուիրուած քանդակի մրցոյթին մասնակցելու համար: Մրցոյթն աւարտուեց ու Յաղթանակի զբօսայգում, լճի ափին մի մեծ քար մնաց: Ես էլ հէնց այդ քարից «Վերադարձ»-ը քանդակեցի», կը պատմէ քանդակագործ Ալեքսան Բաբայեանը:

«Վերադարձ»-ը, քանի որ արտագաղթը Հայաստանում վաղուց է սկսուել եւ չի դադրում: Իսկ «Վերադարձ»-ը խորհրդանշական է` դեգերող մայր առիւծը իր ձագուկին հետ պտտուել, թափառել եւ ի վերջոյ վերդարձել է: Իսկական առիւծին չեմ պատկերել: Սա առիւծի տիպար է, որին աւելի շատ հանդիպում ենք հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան մէջ: Քանդակը ընդհանրապէս պէտք է իր ճիշդ տեղը ունենայ, որ կարողանայ մարդկանց դաստիարակել, լիցքաւորել, միջավայրը լրացնել եւ լցնել ուժականութեամբ: Կարծում եմ` այս քանդակը իր առջեւ դրուած առաջադրանքը կատարել է ու գտել իր ճիշդ տեղը», կ՛ըսէ Ալեքսան Բաբայեանը:

Ալեքսան Բաբայեան

Ծնած է 1964-ին, Այգեձոր: Աւարտած է Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայի քանդակագործութեան բաժինը: Անդամ է Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նկարիչներու միութեան:

Բաբայեանի գործերը ցուցադրուած են Երեւան, Մոսկուա, Փարիզ. իր ստեղծագործութիւններէն նմուշներ կը գտնուին Ղարաբաղի, Ռուսիոյ, Մոնկոլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

«Խորհրդաւոր ընթրիք»

Իր գործն է նաեւ «Խորհրդաւոր ընթրիք» տուֆակերտ քանդակը` նուիրուած քրիստոնէութեան 1700-ամեակին:

Մեր Առօրեան Դիւրացնոց Հնարքներ

Վոտքայի Հետաքրքրական
Գործածութիւն

Շատերու սիրելի վոտքա խմիչքը կրնայ նաեւ մեր առօրեան դիւրացնել եւ կարգ մը դժուարութիւններ հարթել, ահա՛ թէ ինչու կարեւոր է շիշ մը վոտքա ունենալու տունը.

-1-

Վոտքան կ՛երկարէ ծաղիկներուն կեանքը: Ծաղկամանը լեցուցէք ջուրով, աւելցուցէք ապուրի դգալ մը շաքար եւ քանի մը կաթիլ վոտքա, խառնեցէք, ապա տեղաւորեցէք ծաղիկները:

-2-

Եթէ վիրակապը վէրքին փակած է եւ չէք կրնար զայն դիւրաւ հանել, ցաւելու եւ տառապելու փոխարէն` վոտքայի մէջ թաթխուած լաթի կտոր մը դրէք վրան: Շատ չանցած` վիրակապը վէրքէն դիւրաւ կը բաժնուի:

-3-

Որպէսզի տան ապակիները մաքրուին եւ փայլին, զանոնք մաքրեցէք վոտքայով:

-4-

Կօշիկներու եւ ոտքերու անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար կօշիկին մէջ վոտքա սփռեցէք, իսկ ոտքերը շփեցէք վոտքայով:

-5-

Ակնոցներուն ապակիները մաքրելու համար դարձեալ քանի մը կաթիլ վոտքա գործածեցէք:

-6-

Դէմքը մաքրելու եւ ընդլայնած ծակտիկները սեղմելու համար մաքուր բամպակին վրայ քանի մը կաթիլ վոտկա դրէք, եւ արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

-7-

Բարձր ջերմը պակսեցնելու համար անձեռոցիկ մը վոտքայի մէջ թաթխեցէք եւ անով շփեցէք ձեր կուրծքն ու կռնակը:
Նոյն միջոցին կրնաք դիմել մկանային ցաւերը դարմանելու համար:

-8-

Մինչեւ ատամնաբուժին ժամադրութիւնը` ակռայի ցաւը կրնաք մեղմացնել ձեր բերանը վոտքայով ցօղուելով. լինտերը օգտուելով վոտքային ցաւազերծիչ յատկութենէն` ժամանակաւոր հանգստութիւն կ՛ապահովեն ձեզի:

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Միտքեր`
Հանրահռչակ Ոճաբաններու

Կին ըլլալը իսկական արուեստ է, իւրաքանչիւր կին ունի` իրեն յատուկ ոճ, հմայիչ դառնալու հնարքներ, օծանելիք, մազի յարդարանք… Սակայն ոչ ոք նոյնքան լաւ չի տիրապետեր հմայքի եւ գեղեցկութեան գաղտնիքներուն, որքան` նորաձեւութեան վարպետները:

Տարիքը կնոջ համար ամենակարեւորը չէ. ան կրնայ հիասքանչ ըլլալ 20 տարեկանին, հմայիչ` 40-ին, եւ աննման` մինչեւ իր կեանքին վերջը:

(ԳՕԳՕ ՇԱՆԵԼ)

***

Առանց հոգիի վայելչութեան` վայելչութիւն չկայ:

(ԻՎ ՍԵՆ ԼՈՐԱՆ)

***

Կօշիկի ընտրութիւնը շատ կարեւոր է. կնոջ վայելչութեան իսկական ապացոյցը անոր կրած կօշիկներն են:

(ՔՐԻՍԹԻԱՆ ՏԻՈՐ)

***

Ձեռքերը կնոջ այցեքարտն են, պարանոցը` անձնագիրը, իսկ կուրծքը` արտասահմանեան անձնագիրը:

(ԳՕԳՕ ՇԱՆԵԼ)

Տան Յարդարանք

 Հին Կիթառի Մը Նոր Կեանք Տալու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

 

Եթէ հին կիթառ մը ունիք, մի՛ մտածէք թափելու կամ զայն ոչինչ գինով ծախելու մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հետաքրքրական տարբերակներ` հինը նորի վերածելու, անոր երկրորդ կեանք մը տալու եւ զայն գեղեցիկ պատի զարդի մը վերածելու համար:

Ինչպէս կը տեսնէք, կիթառը կարելի է վերածել պատի զարդի` մէջը զետեղելով փոքրիկ թաղարներ, թաղարի` մագլցող բոյս մը զետեղելով կեդրոնի կլոր բացուածքին մէջ, փոքրիկ գրադարանի, տան միջանցքը լուսաւորող պատի զարդի, ինչպէս նաեւ` լուսամփոփի պատուանդանի:

Այլազան

Ամէնէն Նորաձեւ
Հարսանեկան Կարկանդակները

Եւ ըսել, որ կարկանդակներն ալ կը հետեւին նորաձեւութեան…

Հանրահռչակ հրուշակագործները վերջերս ներկայացուցած են յառաջիկայ եղանակի նորաձեւ հարսանեկան կարկանդակները:

Ակնյայտ է, որ դասական ճերմակ կարկանդակը իր տեղը զիջած է` ոսկեգոյնին, գինեգոյնին, պղնձագոյնին… Գոյները զուսպ են, նոյնպէս ալ` յարդարանքները: Ստորեւ` հետաքրքրական 2 նմուշ:

Խոհագիր

Տատիկիս Փեն-Փերտիւն

Բաղադրութիւն

– 6 շերտ ֆրանսական հաց, նախընտրաբար` օթեկ
– 2 հաւկիթ
– 2 ապուրի դգալ փոշի շաքար
– Պտղունց մը վանիլլա
– 2 բաժակ կաթ
– Ընկոյզի մեծութեամբ կարագի կտոր մը, կամ 1 ապուրի դգալ բուսական իւղ

Պատրաստութիւն

Ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, վանիլլան եւ կաթը: Կրկին զարնել, մինչեւ որ միատարր խառնուրդ մը ստացուի:

Հացի շերտերը այս խառնուրդին մէջ թաթխել երկու երեսով, որպէսզի լաւապէս ներծծեն զայն:

Տապակին մէջ տաքցնել կարագը կամ իւղը եւ հացի շերտերը երկու երեսով տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել տաք հացի շերտերը, զարդարել թարմ հատապտուղներով, փոշի շաքարով կամ գունդ մը պաղպաղակով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

«Իմ Օրերում»

Իմ օրերում ես ցանկացայ լինել վսեմ եւ ինքնուրոյն,
իմ օրերում ես ցանկացայ կեանքս զոհել դրա սիրուն:
Իմ օրերում դժուար էր շատ լինել հաստատ ու մնայուն,-
իմ օրերում պատմութիւնն էր իւրաքանչիւր բառիս նայում:
Իմ օրերում երգը միայն նրանո՛վ էր մեծ ու անգին,-
որ բորբոքում, հուր էր տալիս դեռ չկոփուած, չեկած կեանքին:
Իմ օրերում շա՜տ էր դժուար երգը` կեանքի համար երգած.-
իւրաքանչիւր բառը – կամ մի թռի՛չք էր վեհ, կամ մութ արկած:
Բայց օրերում իմ հուրհուրան աշխա՛րհ էր նոր ծնւում հնից,-
եւ մե՜ծ եմ ես, քանզի ինձ մեծ երթ էր նշուած Պատմութիւնից…
Իմ օրերի երգը եթէ իմ տողերից հիմա լսես –
ուրեմն ես մե՜ծ եմ ու խոր, երգի՛ց էլ իմ` խոր ու վսեմ…
Եւ եթէ ես ունեմ մի բան, որով կարող եմ պարծենալ –
իմ օրերի շափաղն է այդ, իմ օրերի ձայնը անահ…
Ողջո՜յն, ուրեմն, օրերիս, իմ օրերի անհու՜ն շնչին,-
եւ օրերիս հանդէպ այդ մեծ – թող երգս ձեզ թուայ չնչին…
Բայց եթէ կայ երգում իմ գէթ շեշտ կամ մի բառ իմ օրերից –
ես կը մնամ յա՛ր ու յաւէտ, ես կ՛արթնանամ մահից նորից…
Մե՜ծ եմ եւ վեհ իմ օրերով – ես այդ գիտեմ – հուր –  յաւիտեան,
ողջո՜յն, իմ ե՛րգ, իմ խնդութիւ՛ն, իմ օրերի անհուն մատեան…

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>