Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ տեսէք, թէ ձեր ուղեղը ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ անոր: Նկարին վրայ պատկերուած տղամարդը ձեզի՞ կը նայի, թէ՞ կողմնակի, պատասխանեցէք այս պարզ հարցումին եւ կարդացէք արդիւնքը:
Եթէ, ձեր կարծիքով, տղամարդը կողմնակի կը նայի, շատ հնարաւոր է, որ դուք նախ նկատեր էք քիթն ու բերանը եւ խուսափեր էք աչք-աչքի շփումէ:
Ասիկա կը բացայայտէ ձեր ամչկոտութիւնը, դուք առհասարակ ինքնամփոփ, ներամփոփ անձ էք, չէք սիրեր ուշադրութիւն գրաւել, ձեզի համար շատ դժուար է անծանօթ մարդու հետ յարաբերիլը:
Դուք ընդհանրապէս թերահաւատ էք մարդոց նկատմամբ, միշտ աչալուրջ էք եւ փակ: Կը նախընտրէք ժամանակ անցընել փոքրաթիւ ընկերներու հետ եւ կը խուսափիք աղմկոտ երեկոյթներէ:
Դուք ազնիւ ընկեր էք, պատրաստ` օգնութեան ձեռք մեկնելու: Դուք նաեւ օժտուած էք հետաքրքրական միտքերով, սակայն բաւարար ինքնավստահութիւնն ու համարձակութիւնը չունիք զանոնք հանրութեան պարզելու:
***
Եթէ, ձեր կարծիքով, տղամարդը ձեզի կը նայի, կը նշանակէ, որ դուք անկեղծ եւ բաց մարդ էք, որ երբեք չի վարանիր իր մտածումը արտայայտելու եւ իր տեսակէտը պաշտպանելու:
Դուք շատ հաղորդական եւ անմիջական մարդ էք, ձեր շուրջ շատ բարեկամներ ունիք եւ լաւ յարաբերութիւններու մէջ էք բոլորին հետ: Սակայն հակուած էք ամէն ինչ վերահսկել, կ՛ախորժիք, երբ ամէն ինչ ձեր ուզած ձեւով կ՛ընթանայ:
Շատեր հիացած են ձեզմով. անոնց կարծիքով, դուք իսկական ղեկավար մըն էք:
Նորաձեւութիւն.
40-ը Թեւակոխած Կիները
Պէտք Է Հրաժարին…
Հագուստի ընտրութեան ժամանակ կարեւոր է նկատի առնել տարիքային սահմանափակումները, որոնք մեծապէս կ՛ազդեն արտաքին տեսքին վրայ:
Արդէն տարիներ առաջ անուանի ձեւագէտ Իվ Սեն Լորան միջին տարիքի կիներուն թելադրած է հրաժարիլ այն հագուստներէն, զորս կրած էին, երբ 18-20 տարեկան էին:
Սեն Լորանին տեսակէտը մեր օրերուն ալ կը բաժնեն շատ մը ձեւագէտներ` ճշդելով հագուստի 5 տեսակ, որոնցմէ կ՛արժէ, որ հրաժարի 40-ը թեւակոխած կինը: Այսպէս`
ա.- Ուսերը բաց, տեքոլթէ հագուստը,
բ.- Շատ կարճ շորթը,
գ.- Պատռտած ճինզ տաբատը,
դ.- Շատ կարճ հագուստը,
ե.- Փորը բաց, կարճ վերնաշապիկը:
Տնային 6 Բոյսեր, Որոնք Օդը
Մաքուր Եւ Զով Կը Պահեն
Որոշ տնային բոյսեր օժտուած են բազմաթիւ օգտակար յատկութիւններով: Քիչեր գիտեն սակայն, որ տնային բոյսեր ունակ են բնակարանին օդը մաքրելու եւ ջերմաստիճանը նուազեցնելու:
-1-
Ֆիքիւս
Կայ ֆիքիւսի աւելի քան 800 տեսակ` սովորական թուփէն մինչեւ բարձր ծառի տեսքով: Մշտադալար բոյս, յաճախ ձուաձեւ տերեւներով, բաց եւ մութ կանաչի երանգներով:
Հայաստանի մէջ կարելի է գտնել Տաւուշի եւ Սիւնիքի մարզերու լեռնային գօտիներուն մէջ:
-2-
Սանսեւիերիա
Այս բոյսը ժողովրդական լեզուով ծանօթ է` որպէս զոքանչի կամ կեսուր մամայի լեզու: Ունի երկարաւուն սրածայր կարծր տերեւներ: Գիշերները թթուածին արտաշնչելով` այս բոյսը օդէն կը ներծծէ թունաւոր նիւթերը եւ կը զովացնէ մթնոլորտը:
-3-
Արեքա
Կը համարուի արմաւենիի ընտանիքին ամէնէն ժողովրդականութիւն վայելող բոյսը` տան յարդարանքի համար: Անիկա ոչ միայն կը չէզոքացնէ թունաւոր նիւթերը, այլ նաեւ զգալիօրէն կը զովացնէ տարածութիւնը:
-4-
Ձարխոտ
Բոլորիս ծանօթ ֆուժերն է: ՆԱՍԱ-ի գիտնականները ձարխոտը կը համարեն օդը մաքրող ամենաարդիւնաւէտ բոյսերէն մէկը: Բացի ասկէ` ձարխոտը կը մաքրէ օդը եւ սենեակը կը լեցնէ հաճելի, զով խոնաւութեամբ:
-5-
Ալոէ Վերա
Ալոէ վերան ոչ միայն կը բուժէ այրուածքներէ տուժած մորթը, նաեւ կը մաքրէ եւ կը զովացնէ տան մթնոլորտը:
-6-
Էբիբրեմնում
Այս բոյսը յանձնարարելի է բոլոր անոնց, որոնք բոյս խնամելու ունակութիւն չունին, քանի որ անիկա ոչ պահանջկոտ բոյս է:
Էբիբրեմնում ոսկեզօծը մեծ խնամքի չի կարօտիր եւ ասով մէկտեղ հրաշալի կերպով կը զովացնէ եւ կը մաքրէ օդը:
Կանկառ Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ
– Կանկառը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ (33,2 կրամ ջերմուժ իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ):
– Հարուստ է բնասպիտով, ինչ որ կուշտ պահելու առաւելութիւնը կու տայ անոր:
– Կանկառը հարուստ է բնաթելով:
– Կանկառը կը պարունակէ կենսանիւթեր, յատկապէս` ՔԱ. կենսանիւթը եւ հանքայիններ` փոթասիոմ, մակնեզիում, կիր…
– Կը դարմանէ պնդութիւնը:
– Կ՛ապահովէ աղիքներուն առողջ գործունէութիւնը:
– Կ՛աշխուժացնէ մարսողութիւնը:
– Բնական միզեցնող մըն է:
– Քոլեսթերոլը եւ թրիկլիսերիտը կը նուազեցնէ:
Գիտէ՞ք, որ…
– Խոշոր կանկառ մը կրնայ մինչեւ 500 կրամ եւ աւելի կշռել, բայց անոր միայն մէկ երրորդը օգտագործելի է:
– Կանկառ գնելու ատեն պէտք է ընտրել ծանր եւ պիրկ տեսակը, տերեւները պէտք է ըլլան խիտ, մութ կանաչ:
– Կանկառը երկար ժամանակ թարմ պահելու համար պէտք է զայն ծաղիկի նման կոթին բաժինը ջուրի մէջ պահել:
– Կանկառը յանձնարարելի չէ կաթ տուող մայրերուն, քանի որ անիկա թէ՛ լեղի համ մը կու տայ կաթին եւ թէ՛ կը դժուարացնէ կաթին ժայթքումը
Խոհագիր
Կանկառի Սրտիկներով Կրաթեն
Բաղադրութիւն` 4 անձի համար.
Կանկառի 8 սրտիկ (պահածոյ)
20 կրամ կարագ
100 կրամ խորանարդաձեւ կտրտուած խոզապուխտ
Խոշոր սոխ մը
2 պճեղ սխտոր
20 սլ թարմ սեր
Հաւկիթ մը
100 կրամ տաշուած փարմըզան պանիր
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն.
Կարագը հալեցնել եւ աւելցնել մանրուած սոխը, կանկառը, ճզմուած սխտորն ու խոզապուխտը:
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Փուռ գացող անհատական, փոքրիկ ամաններու մէջ լեցնել վերոյիշեալ խառնուրդը:
Փոս ամանի մը մէջ թարմ սերն ու հաւկիթը զարնել, աղել, համեմել եւ աւելցնել խառնուրդին վրայ:
Երեսը փարմըզան ցանել եւ տաք փուռին մէջ եփել 15-20 վայրկեան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Առաջին Սէրը
Պէ՛տք չէ, սիրելի՜ս.
Զո՜ւր ես երդւում:
Առանց երդման էլ ես հաւատում եմ,
Որ հիմա օրըդ մի դար է տեւում,
Որ փուշ կարօտը քեզ ծուատում է,
Որ գիշերն ի լոյս չես քնում յաճախ,
Որ իմ անունն ես կրկընում յաճախ,
Որ աղջկական քո մաքուր բարձին
Թեքուած ես տեսնում մի ծերուկ արծիւ
(Անգղ էլ լինէի` արծիւ է թւում),
Որ քեզ աշխարհում ոչի՜նչ չի թովում,
Որ առանց սիրուս կեանքդ կորած է,
Որ…
Գիտե՛մ, ջա՜նըս.
Զո՜ւր ես երդւում:
Բայց գիտեմ եւ այն,
Ինչ դո՛ւ չգիտես.
Առաջին սէրը, ինչպէս որ հացը,
Ի՜նչ էլ որ անես` միշտ կուտ է գնում…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ