Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
2008-ին չորս քալիֆորնիացիներ գաղափարը յղացան Գարեջուրի համաշխարհային օր ստեղծելու: Այդ օրէն աշխարհը կը նշէ Գարեջուրի միջազգային օրը` օգոստոս ամսուան առաջին ուրբաթը:
Գարեջուրը կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին եւ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող խմիչքներէն մէկը: Երկրագունդի երեսին ամէնէն շատ գարեջուր սպառող երկիրներու եռեակը կը գլխաւորէ Գերմանիան, որուն կը յաջորդեն Չեխիան եւ Իրլանտան:
Սննդական մեծ արժէք ներկայացնող գարեջուրը, շնորհիւ իր բաղադրիչներուն, անհամար բարիքներով օժտուած է: Թէեւ անիկա նուազ ջերմուժ կը պարունակէ, քան` գինին եւ շամփանիան, այսուհանդերձ, ինչպէս որեւէ ալքոլ պարունակող խմիչք, յանձնարարուած չէ անոր չափազանցութիւնը: Այսպէս, կին մը միջին հաշուով օրական մէկ գարեջուրի (340 մլ.) իրաւունք ունի, իսկ տղամարդ մը` երկու: Ալքոլի չարաշահումը կը վնասէ առողջութեան եւ մասնաւորաբար լեարդին ու սիրտին:
Եկէք` ծանօթանանք գարեջուրի անհամար բարիքներէն մէկ քանիին:
– Գարեջուրը երիկամներուն թիւ մէկ բարեկամն է. չափաւոր գործածելու պարագային, ան բարձր տոկոսով կը նուազեցնէ երիկամներուն մէջ քար կազմելու հաւանականութիւնը:
– Օրական բաժակ մը գարեջուր խմելով` նաեւ կը նուազի ապագային օսթէոբորոզ ունենալու հաւանականութիւնը:
– Գարեջուրը կ՛օգնէ քունին: Եթէ մնացեալ ոգելից ըմպելիները կը թմրեցնեն ու քուն կու տան, խօսքը չի վերաբերիր որակեալ, հանգիստ քունի: Մինչդեռ գարեջուրի պարագային բոլորովին տարբեր է, երեկոյեան խմուած բաժակ մը գարեջուրը հանգիստ քուն կրնայ պարգեւել:
– Գարեջուրը կը բարելաւէ յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը եւ կրնայ նոյնիսկ պաշտպանուիլ Ալցայմըրէն:
– Չափաւոր եւ հետեւողական գարեջուրի սպառումով կարելի է 40-60 տոկոսով պաշտպանել սրտի կաթուածէն:
– Երկրորդ տիպի շաքարախտը, հարբուխը, ստամոքսային խանգարումները եւս նուազագոյնի կ՛իջեցնեն գարեջուրի չափաւոր եւ հետեւողական սպառումով:
– Գարեջուրը կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:
– Գարեջուրը փայլք եւ առողջութիւն կը պարգեւէ մազերուն:
– Գարեջուրը կը փայլեցնէ տան բոյսերուն տերեւները:
– Գարեջուրը նաեւ կ՛օգտագործուի կաշին, ժանգը, տարբեր տեսակի մետաղներ մաքրելու համար:
– Վերջապէս գարեջուրը կ՛օգտագործուի միսը փափկացնելու եւ թացաններ պատրաստելու մէջ:
ԳԻՏԷԻ՞Ք, ԹԷ…
– ՔԱ Ե. դարուն յոյն պատմաբան Քսենոֆոնը իր «Անաբասիս» գործին մէջ յիշած է, որ Հայաստանի մէջ գարեջուրը համտեսած է եւ ընդգծած խմիչքին համային գերազանց յատկութիւնները:
– Գարեջուրի աշխարհի մեծագոյն գործարանը կը գտնուի Մ. Նահանգներ, ուր տարեկան կ՛արտածուի 2,5 միլիառ լիթր գարեջուր:
– Աշխարհի ամենանշանաւոր գարեջուրի փառատօնը «Oktoberfast»-ն է, որ կը կազմակերպուի Գերմանիոյ մէջ, սեպտեմբերին:
Երկու Պրիժիթներու Հանդիպում
60-ական թուականներու ամենացանկայարոյց դերասանուհին Պրիժիթ Պարտոն վերջերս այցելեց Էլիզէի պալատը, ուր զինք դիմաւորեց Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիթ Մաքրոնը:
83-ամեայ դերասանուհին Էլիզէ ժամանած էր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ քննելու անասուններու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Զոյգ գաւազաններով տեղափոխուող անցեալի անզուգական աստղը հաւատարիմ մնացած էր իր աւանդական սանտրուածքին եւ կարմիր ծաղիկին:
Նշենք, որ Էմանուել Մաքրոնի նախընտրական արշաւին դերասանուհին կոչ ուղած էր չընտրել վերջինս` հրապարակելով «Մաքրոնը կ՛ընտրուի, անասունները կը սատկին» բաց նամակը:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Վեց Հնարքներ
– Որպէսզի շապիկին կոճակը հաստատուն մնայ եւ յաճախակի լուացքի պատճառով չիյնայ ու չկորսուի, անոր վրայ կաթիլ մը եղունգի թափանցիկ ներկ դնել:
– Պահարանին մէջի խոնաւորութիւնը եւ անոր տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար տեղ-տեղ կաւիճ դնել: Կարելի է կաւիճները թիւլէ ծրարիկներու մէջ դնել եւ կամ ժապաւէնով մը զանոնք խմբել ու կախել:
– Շապիկին ճմռթկած օձիքը կարելի է «արդուկել» մազերը հարթող ելեկտրական գործիքով:
– Հագուստին վրայէն շրթնաներկի հետքը մաքրելու համար օգտագործել մազի «լաք»-ը:
– Ճինզ տաբատին թուլցած եւ յաճախ բացուող փականը ամրացնելու համար անոր ծայրը մետաղեայ օղակ մը հաստատել եւ զայն անցընել տաբատին կոճակին:
– Ականջօղին ծայրամասի կորսուած մետաղը կարելի է փոխարինել… ռետինի կտորով մը: Մատիտին ծայրամասին գտնուող ռետինէն կտոր մը կտրել եւ անցընել օղին ծայրը:
Ձեր Կրած Զարդերը
Շատ Բան Կը Պատմեն Ձեր Մասին
Փորձառուներու կարծիքով, ձեր նախընտրած ու կրած զարդերը ոչ միայն կը խօսին ձեր ճաշակին, այլեւ բնաւորութեան մասին: Այսպէս, որեւէ անծանօթ միջավայրի մէջ ձեր շրջապատը ձեր կրած զարդերէն դատելով` կրնայ գուշակել ձեր բնաւորութիւնը:
Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ ձեր նախընտրած զարդը ձեր մասին:
– Եթէ ԽՈՇՈՐ ՕՂԵՐ կը նախընտրէք, ինքնավստահ էք եւ կը սիրէք ուշադրութիւն գրաւել: Լուրջ էք վճռական եւ ստեղծագործ: Կեանքի դժուարութիւնները չեն վախցներ ձեզ, գրեթէ միշտ յաղթական դուրս կու գաք որեւէ դժուար իրավիճակէ:
– Եթէ ՀՆԱՈՃ ԶԱՐԴԵՐու սիրահար էք, կը նշանակէ որ աւանդապաշտ էք: Հին զարդերը միշտ ալ պատմութիւն ունին` կապուած դէպքի մը կամ անձի մը հետ: Հաւատարիմ էք ձեր արմատներուն, ինչպէս նաեւ վստահելի անձ էք:
– Եթէ իւրայատուկ ԿՐԾՔԱԶԱՐԴերու սիրահար էք, յանդուգն եւ անհատականութիւն ունեցող անձ էք: Դուք չէք սիրեր դառնալ ամբոխի մէկ մասնիկը, այլ կ՛ուզէք զատորոշուիլ ձեր իւրայատուկ ոճով ու ճաշակով:
– Եթէ ՈՍԿԵՂԷՆի սիրահար էք, պահպանողական եւ հաւասարակշռուած անձ էք: Դուք նաեւ ինքնավստահ էք եւ գիտէք ձեր արժէքը, ահա թէ ինչո՛ւ չէք ուզեր աննկատ անցնիլ:
– Եթէ ԱՐԾԱԹԵՂԷՆը կը նախընտրէք, դուք զուսպ, բարի, ստեղծագործ եւ վիպապաշտ անձ մըն էք: Եթէ ձեր զարդերուն քարերը թափանցիկ են դուք նաեւ լաւատես էք, ոչ թափանցիկ քարերով զարդեր նախընտրելու պարագային, դուք, ընդհակառակը, հակուած էք տեւաբար ձեր մէջ թերութիւններ փնտռելու:
– Եթէ ՄԱՐԳՐԻՏի սիրահար էք, դուք վիպապաշտ եւ երազկոտ անձ մըն էք. կը սիրէք թատրոնը, ցուցահանդէսները, ընթերցումը եւ մարդոց մէջ կը գնահատէք ազնուութիւնը: Մարգրիտը սիրող Բոլոր կիներուն նման` դուք համեստ, գրաւիչ եւ աւանդապաշտ էք եւ կը գերադասէք դասական վայելչութիւնը:
Խոհագիր
Ոլոռնով Րիզոթթօ
Բաղադրութիւն
– 1 սոխ
– 200 կրամ բրինձ նախընտրաբար արպորիօ տեսակը
– 5 սլ. ճերմակ գինի
– 70 սլ. հաւու արգանակ
– Կէս կապոց թարմ գինձ
– Կէս կապոց թարմ անանուխ
– 125 կրամ թարմ կամ սառած ոլոռն
– 20 կրամ փարմըզան պանիր
– 2 ապուրի դգալ թարմ սեր
– Ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Կաթսային յատակը ձէթ լեցնել եւ մանրուած սոխը աւելցնել ու թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ 10 վայրկեան: Ապա աւելցնել բրինձը եւ տեւաբար խառնել, մինչեւ որ հատիկները սկսին թափանցիկ դառնալ: Աւելցնել գինին եւ շարունակել եփել, մինչեւ որ գինին լման ներծծուի: Քիչ-քիչ աւելցնել հաւու արգանակը եւ 15 վայրկեան եւս եփել: Աւելցնել ոլոռնը եւ մանրուած գինձն ու անանուխը եւ 5 վայրկեան եւս եփել:
Կաթսան կրակին վրայէն հանել, աւելցնել փարմըզան պանիրն ու թարմ սերը, խառնել եւ անմիջապէս մատուցել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
https://www.youtube.com/watch?v=3xo6NMWMj3c
Քո շրթունքները Հայաստանոտ են,
Հայաստանոտ են քո շշուկները,
Քո ժպիտներն ու արտասուքները
Հայաստանոտ են:
Հայաստան հիւսող քո այդ ձեռքերը,
Քո արդէն գրուած ու դեռ չգրուած
Բոլոր երգերը Հայաստանոտ են:
Հայաստանոտ են քո ապրած կեանքի
Բոլոր էջերն ու ելեւէջները:
Քո տանջանքներն ու երազանքները
Հայաստանոտ են…
Եւ դու այնքան ես հայ ու Հայաստան,
Որ մինչեւ անգամ Հայաստանից դուրս
Քո անցած բոլոր ճանապարհները
Հայաստանոտ են:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ