Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ կարճատեւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը: Ան Ծիծեռնակաբերդ այցելեց եւ ծաղիկներ զետեղեց անմար կրակին մօտ: Առանց «Ցեղասպանութիւն» բառը յիշելու` ան անդրադարձաւ «Հայ ժողովուրդի նկատմամբ տեղի ունեցած 1915 թուականի սարսափելի իրադարձութեան, որ պէտք չէ մոռցուի»:
Կարճատեւ կեցութեան ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետը նախագահ Սարգսեանին եւ վարչապետ Փաշինեանին հետ Հիւսիսային Պողոտայ այցելեց, ուր արժանացաւ անցորդներու ջերմ ու մտերմիկ ուշադրութեան. ան մինչեւ իսկ սէլֆիներով իրականացուց ոմանց երազը:
Իսկ դուք գիտէ՞ք, թէ…
– 64 տարեկան Մերքելը 36 տարեկանին դարձած է վարչապետ Հելմութ Քոլի ամենաերիտասարդ նախարարը:
– Աշակերտական տարիներուն Մերքելի նախասիրած դասանիւթը ռուսերէնն էր: Ան 14 տարեկանին Մոսկուա այցելած է` որպէս ռուսերէն լեզուի մրցանակակիր:
– Արդէն իսկ 9 տարիէ ի վեր Գերմանիոյ վարչապետը կը գլխաւորէ Forbes-ի ամենազդեցիկ կիներու ցուցակը:
– Մերքել ամուսնացած է երկու անգամ: Առաջին ամուսնութիւնը (1977-ին) տեւեց ընդամէնը հինգ տարի: Երկրորդ անգամ ան ամուսնացաւ 44 տարեկանին, բայց մինչեւ օրս կը պահէ իր առաջին ամուսինին մականունը:
– Մերքել իր գրասեղանին զետեղած է լուսանկարը ծագումով գերմանացի ռուս կայսրուհի Կատարինէին, որ ուժեղ կնոջ խորհրդանիշն է:
– Անկելա Մերքելի նախասիրած ժամանցներէն մէկը նաւակով ծովուն բացերը նաւարկելն է: Ան շատ հետաքրքրուած է նաեւ ֆութպոլով եւ դահոյկով:
– Աշխարհի հզօրագոյն կինը շատ հետաքրքրուած է sms հաղորդագրութիւններով: Օրուան ընթացքին ան տասնեակ նամակներ կ՛ուղարկէ իր աշխատակիցներուն եւ անհամբեր կը սպասէ անոնց պատասխաններուն:
– Մերքելը շատ կը սիրէ նաեւ օփերան, իսկ նախասիրած յօրինողն է Ռիչըրտ Վոկները:
– Անվախ թուացող Մերքելը կը վախնայ շուներէն: Մանկութեան անախորժ դէպք մը պատահած է իրեն հետ: Ներկայիս, երբ որեւէ տեղ ելոյթ պիտի ունենայ, աշխատակիցները կը հսկեն, որ անմիջական շրջակայքը շուներ չթափառին:
– Շաբաթավերջերուն գերմանացի վարչապետը կը սիրէ թարթեր եւ կարկանդակներ պատրաստել: Անոր նախասիրած ուտելիքներն են քեպապը եւ գետնախնձորի ապուրը:
– Անկելա Մերքելը հազուադէպօրէն հագուստ կամ փէշ կը հագնի: Ան ամէնուրեք կը յայտնուի մութ գոյնի տաբատներով եւ տարբեր գոյնի նոյնանման բաճկոններվ: Մերքելի ոճը համարուած է «խիստ» եւ «տղամարդկային»: Անոր նախասիրած ձեւագէտը գերմանացի Պեթթինա Շենպախն է: Զարդերու իմաստով ալ Մերքելը շատ ժուժկալ է, սակայն ան չի բաժնուիր Jaeger – LeCoutre ապրանքանիշի իր շատ սիրելի ժամացոյցներէն:
———————————
Անկելա Մերքելի Միտքերէն
– Երախտապարտ եմ այն բոլոր դժուար պահեուս եւ թափած բոլոր արցունքներուս, որոնք զիս մօտեցուցին Աստուծոյ եւ ինձմէ կերտեցին այսօրուան հզօր կինը:
– Ընկերներու միջեւ լրտեսութիւը անընդունելի է:
– Ընդունելի չէ միջին եզրերու մասին մտածել, երբ հարցը կը վերաբերի մարդկային արժանապատուութեան:
– Կրնամ կռանալ, բայց երբեք չեմ կոտրիր, քանի որ զօրաւոր կնոջ բնութեանս մէջ չկայ նման բան:
– Ազատութիւն չի նշանակեր բանէ մը ազատ ըլլալ, այլ ազատ ըլլալ բան մը ընելու:
———————————
Կ՛արժէ Մտածել…
Երկու Տեսակի Աշխարհահայեացքներ.
Մեղուի Եւ Ճանճի Մտածողութիւն
Մեզ օրական կը շրջապատեն հարիւրաւոր մարդիկ` փողոցը, աշխատավայրը, շուկան… Անոնցմէ շատեր օժտուած են բարձր տրամադրութեամբ, իրենց հետաքրքրութիւններն ու նորութիւնները կը կիսուին ուրիշներու հետ, կը փորձեն մխիթարել, ոգեւորել անձկութեան մատնուածները: Մինչդեռ մարդոց երկրորդ տեսակը տեւաբար կը բողոքէ, կը դժգոհի, կը պատմէ իր եւ ուրիշներու դժուարութիւններուն մասին եւ, կարծէլ, այս ձեւով մխիթարանք կը գտնէ…
Ճանճին Եւ Մեղուին
Ճանապարհը
Եթէ ճանճին հարցնենք, թէ մօտակայքը ո՞ւր ծաղիկներ կան, ան կը պատասխանէ.
– Ես ոչ մէկ ծաղիկ տեսայ. փոխարէնը` հոս որքա՜ն թրիք ու աղբ կայ:
Իսկ եթէ մեղուին հարցնէք, թէ արդեօք աղտոտութիւններու հանդիպե՞ր է իր ճանապարհին, ան կը զարմանայ.
– Ա՞ղբ, ո՛չ մէկ աղբ տեսայ, փոխարէնը` հոս որքա՜ն ծաղիկներ կան` կակաչ, երիցուկ, մանուշակ…
Ինչի՞ մէջ կը կայանայ մեղուին եւ ճանճին տարբերութիւնը: Անոնք երկուքն ալ պիտանի են բնութեան, երկուքն ալ կը սիրեն քաղցր ուտելիքներ, կ՛ապրին նոյն տարածութեան մէջ, բայց… բոլորովին տարբեր կեանքով:
Նպատակասլաց մեղուն կը թռչի դէպի ծաղիկներ, նեկտար կը հաւաքէ մեղր պատրաստելու համար: Ճանճը նոյնպէս կը թռչի դէպի ծաղիկները, բայց ճանապարհին անընդհատ կը շեղի` տեսնելով կովերուն թրիքը խոտերուն մէջ, կը մօտենայ պարզելու համար, թէ ի՛նչ է այդ եւ այնքան կը խորանայ իր «ուսումնասիրութիւններուն» մէջ, որ ամբողջովին կը մոռնայ, որ ինքը դէպի ծաղիկները կը թռչէր:
Այսպէս է նաեւ մարդոց պարագային: Մեզմէ իւրաքանչիւրը տեղեկատուական դաշտերուն մէջ կ՛ընտրէ ճանճին կամ մեղուին ճանապարհը: Մեղուն աղբանոցին մէջ իսկ ելք կը փնտռէ դէպի ծաղիկները, որպէսզի անոնցմէ նեկտար եւ բեղմնափոշի հաւաքէ, մինչդեռ ճանճը մարգագետնին մէջ իսկ կը շարունակէ աղբ փնտռել:
Ճանճի Մտածողութիւնը Եւ
Մեղրիի Մտածողութիւնը
Ճանճը միշտ կ՛ուզէ հասկնալ` ո՞վ ձգած է այդ կեղտը, ե՞րբ, ինչո՞ւ դրացին բաժնուած է իր կնոջմէ, ինչո՞ւ երկրին մէջ տնտեսական ճգնաժամ է, ո՞վ է յանցաւորը եւ այլն…
Այդպիսի մարդիկ միշտ իրենց շուրջը կը նկատեն բացասականը: Տունէն դուրս կ՛ելլեն եւ շողացող արեւը տեսնելու փոխարէն` կը նկատեն անդին կուտակուած աղբը: Ասիկա ճանճի մտածողութիւն է` գտնել բացասականը եւ փորփրել զայն:
Մինչդեռ մեղուի մտածողութեամբ մարդը գիտէ, որ որ աշխարհի երեսին թէ՛ բարին կայ եւ թէ՛ չարը, ե՛ւ գեղեցիկը, ե՛ւ աղտը, ե՛ւ բարձրը, ե՛ւ ցածը: Ան գիտէ եւ կը հասկնայ, որ դրական կամ բացասական տեղեկութիւններու վրայ կեդրոնանալը իր իսկ ընտրութիւնն է:
Այսպիսի մարդը իր դժուարութիւններով չի զզուեցներ ուրիշները, չի դժգոհիր եւ չի քննադատեր, այլ կը փորձէ ամէն ինչի մէջ գտնել դրականը, ձգտիլ դրական մտածողութեան եւ անտեսելով աղբը` ուղղուիլ դէպի նեկտարը: Մեղուին մտածողութիւնն է` գտնել դրականը եւ երջանկանալ անով:
Մեղո՞ւ, Թէ՞ Ճանճ
Իսկ դուք ո՞վ էք. մեղո՞ւ, թէ՞ ճանճ: Լա՛ւ, մտածեցէք նախքան մեղուի կամ ճանճի աշխահահայեացք ընտրելը: Երբեք ուշ չէ ճիշդ մտածողութիւն որդեգրելու համար:
Քանի Մը Տողով
«Անձրեւանոցների Փողոց»
Գիտէ՞ք, որ Հայաստանի մէջ հովանոցներու փողոց կայ: Ո՛չ, Երեւանի մէջ չէ, այլ` Թալին քաղաքին: Վերջերս Թալինի երիտասարդները աւարտեցին իրենց նորարար «Խենթ փողոց»-ի աշխատանքները: Փողոցը ծածկուած է հարիւրաւոր հովանոցներով եւ օժտուած` գունաւոր նստարաններով ու ծաղկաստանով: Նախաձեռնութեան նպատակն է հաճելի միջավայր մը ստեղծել քաղաքի բոլոր բնակիչներուն, բայց յատկապէս երիտասարդներուն համար:
Նշենք, որ հովանոցներու փողոցներ գոյութիւն ունին նաեւ Իտալիոյ եւ Փորթուգալի մէջ, ուր տարեկան փառատօններ կը կազմակերպուին, եւ փողոցները կը ծածկուին հարիւրաւոր գունաւոր հովանոցներով:
Նշանաւոր Կիներու Նախասիրած
Անուշահոտերը
«Այն կիները, որոնք անուշահոտ չեն գործածեր, ապագայ չունին», ըսած է Գոգօ Շանել: «Անուշահոտը թէեւ անտեսանելի, սակայն պարտադիր աքսեսուար է: Ան կ՛իմացնէ կնոջ մուտքը եւ կը յիշեցնէ անոր մասին, երբ ան արդէն հեռացեր է», աւելցուցած է ան: Իրապէս ալ կիները մեծ կարեւորութիւն կու տան անուշահոտին, զոր ոչ որպէս աքսեսուար, այլ իբրեւ երկրորդ հագուստ կը կրեն զայն:
Եկէք` ծանօթանանք, թէ ինչ անուշահոտ կրած են կամ կը կրեն աշխարհի ամենանշանաւոր կիները:
- Մարիլին Մոնրոն` «Շանել թիւ 5»-ը: Յիշեցնենք համբաւաւոր դերասանուհիին հետեւեալ խօսքը. «Ես գիշերը ոչինչ կը հագնիմ քնանալու համար, կը բաւարարուիմ քանի մը կաթիլ «Շանել 5…»-ով:
- Տայանա իշխանուհին` Հերմէսի «Ֆոպուր 24»-ը:
- Օտրի Հեփպըրնը` Ժիւանշիի «լ՛Էնթերտի»-ն:
- Փենելոփէ Քրուզը` Լանքոմի «Թրեզոր»-ը:
- Նիքոլ Քիտմանը` Թիէրի Մակլերի «Էնճըլ»-ը:
- Քիմ Քարտաշեանը` Քլոէի «Ռոզ»-ը:
- Կրէյս Քելին` Ժան Փաթուի «Ճոյ»-ը:
- Պրիժիթ Պարտոն` Պալմենի «Վան վեր»-ը:
- Քլոտիա Քարտինալը` Նինա Ռիչչիի «Լ՛էր տիւ թան»-ը:
Շան Արձանի Բացում
Անցեալ շաբաթ Երեւանի Մոսկովեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին զետեղուեցաւ հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանը:
Այս արձանը հոլանտահայերու նուէրն է Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին առիթով:
Քանդակի հեղինակն է նկարիչ-քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեանը. ան արձանի տեղադրման արարողութեան առիթով յայտնեց. «Հայկական գամփռին արձանը ստեղծելու գաղափարը ունեցած եմ մանկութեան տարիներէս, երբ հօրս հետ լեռները կը բարձրանայի. հոն տեւաբար կը տեսնէի շուն մը` Չալօ անունով, ան շատ ապահով կը պահէր ոչխարի հօտը: Շատ տարիներ անցած են, բայց մինչեւ վերջերս Չալոյին նուիրուածութիւնը մնացած է մտքիս մէջ: Եւ ահա Հոլանտայի հայութիւնը, Ս. Գրիգոր Նարեկացի հիմնադրամի ճամբով, ինծի առաջարկեց քանդակել գամփռին արձանը»:
Մօտ երկու տարուան աշխատանք խլած արձանին ակնարկելով` քանդակագործը մարդկային կերպար կը տեսնէ անոր դէմքին վրայ եւ փիլիսոփայական հայեացք` աչքերուն մէջ: Ան յոյս ունի, որ քաղաքացիները հոգատարութեամբ եւ սիրով պիտի փայփայեն զայն:
Փորձուած Թելադրանքներ
Ինչպէ՞ս Մաքրել
Ճերմակ Մարզակօշիկները
Վերջերս շատ նորոյթ են սպիտակ մարզակօշիկները, յատկապէս` Սթան Սմիթ տարբերակները. զանոնք կարելի է կրել թէ՛ տաբատի, թէ՛ փէշի եւ թէ՛ հագուստի հետ: Դժբախտաբար այս կօշիկները շուտ աղտոտելու եւ գունաթափուելու համբաւ կը վայելեն: Ահա, թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու անձեր` այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար:
– Եթէ տակաւին նոր գնած էք ձեր ճերմակ մարզակօշիկները, անմիջապէս օգտագործեցէք կաշին անջրաթափանց դարձնող յատուկ սփրէյ մը` ջուրէն պաշտպանելու համար:
– Վերոյիշեալ սփրէյը նաեւ կ՛արգիլէ, որ որոշ տեսակի աղտեր ներթափանցեն կաշիէն ներս:
– Կրնաք նաեւ պարբերաբար ձեր մարզական կօշիկները մաքրել օճառով եւ ջուրով` օգտագործելով սովորական փափուկ սպունգ մը:
– Ճերմակ մարզակօշիկներուն ներբաններուն եզերքը կարելի է մաքրել ակռայի դեղով եւ խոզանակով:
– Հողի, ցեխի հետքերը կարելի է մաքրել ջուրով եւ ճերմակ քացախով: Կաշին չորցնելու համար օգտագործեցէք չոր, մաքուր լաթի կտոր մը:
– Սովորական, մակերեսային բիծեր մաքրելու համար օգտագործեցէք ձեր դպրոցականներուն ռետինները:
– Թաց մարզակօշիկները չորցուցէք բացօթեայ, զանոնք հեռու պահեցէք արեւի ճառագայթներէն, վառարանէն եւ այլն…
Խոհագիր
Հովահարաձեւ,
Ախորժաբեր Սմբուկ
Բաղադրութիւն.
– 2 հատ սմբուկ
– 4 հատ լոլիկ
– 200 կրամ պանիր (ըստ ճաշակի)
– 5-4 պճեղ սխտոր
– Պտղունց մը շաքար
– Ազատքեղի 4-5 ցողուն
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Բուսաիւղ
Պատրաստութիւն.
Սմբուկներ լուալ, երկայնքին շերտել 5 սմ թանձրութեամբ, առանց շերտերը իրարմէ բաժնելու, այսինքն` անոնց հովահարի ձեւ տալով (տեսնել նկարը):
Շերտերը համեմել աղով եւ պղպեղով: Պանիրին մէկ մասը շերտել, մնացեալն ալ քերիչէ անցընել: Շերտել նաեւ լոլիկները:
Սմբուկի շերտերուն միջեւ տեղաւորել 2-3 կտոր լոլիկ, նոյնքան ալ պանիր:
Մնացեալ լոլիկները խորանարդաձեւ մանրել, փոքրիկ կաթսային յատակը 2 ապուրի դգալ բուսաիւղ տաքցնել, աւելցնել մանրուած լոլիկը, ճզմուած սխտորը, պտղունց մը շաքարը, աղը եւ 5-7վայրկեան եփել` տեւաբար խառնելով:
Սմբուկները փոխադրել փուռ գացող ափսէի մէջ, վրան աւելցնել լոլիկի թացանը եւ 20-25 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180 ջերմաստիճանով: Վերջին պահուն աւելցնել տաշուած պանիրը եւ 5 վայրկեան եւս եփել, մինչեւ որ պանիրը հալի եւ ոսկեգոյն դառնայ:
Հրամցնելու պահուն երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ջրի Պէս
Կռիւ տայի անդադար
Ու փրփրէի ջրի պէս:
Թափառէի քարէ-քար,
Քար փշրէի ջրի պէս:
Լուանայի քեզ, աշխարհ,
Ու մաքրէի ջրի պէս:
Քչքչայի սարն ի վար,
Մարգ ջրէի ջրի պէս:
Միայն ջրելու համար
Վիզ ծռէի ջրի պէս:
Շողեր, շողեր հագնէի,
Ցօղ ցրէի ջրի պէս:
Թող գէթ մի օր ապրէի,
Բայց ապրէի ջրի պէս:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ