Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վերջերս Գերմանիոյ մէջ «Քէօլն պոքսինկ ուորլտ քափ»-ի մրցաշարքին հայաստանցի կռփամարտիկ Անուշ Գրիգորեանը 51 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալին` պարտութեան մատնելով իրլանտացի իր մրցակիցը: Այս մրցաշարքին մասնակցած էին 20 երկիրներէ 160 ներկայացուցիչներ:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին 21 տարեկան Անուշը ըսած է. «Առհասարակ չեմ սիրեր, երբ մարզաձեւերը կիներուն եւ տղամարդոց միջեւ կը բաժնեն: Մարզանքի մէջ կարծրատիպեր պէտք չէ ըլլան, անիկա բոլորին համար է: Ես որոշ չափով ապացուցեցի, որ կարելի է ռինկէն դուրս նուրբ ու գեղեցիկ ըլլալ, իսկ մենամարտի ժամանակ` ուժեղ եւ խելացի: Ես նոյն մարդն եմ, չեմ փոխուիր` անկախ անկէ, թէ բռնցքամարտի՞կ եմ, թէ՞ ոչ:
«Խորքին մէջ կիները աւելի պայքարող են, մայրը ի ծնէ աւելի զօրեղ է եւ իւրայատուկ ուժ ունի»:
Ինչ կը վերաբերի մրցանակաբաշխութեան պահուն, հայ մարզիկը յայտնեց. «Պատուոյ հարթակին, երբ կը լսէի մեր քայլերգը, ինքզինքս կը զսպէի, որպէսզի արցունքներս չհոսին: Ես այդ պահուն կը վայելէի յաղթանակս, որ ինծի դիւրին չտրուեցաւ: Միայն կը մտածէի ինծի սիրելի մարդոց` ծնողներուս, ընտանիքիս անդամներուն եւ ընկերներուս մասին…»:
Ապագայի երազներուն մասին Անուշը յայտնեց. «Նպատակս մարզումներս շարունակել եւ յաղթել է: Որպէս մարզիկ` անշուշտ մեծագոյն փափաքս Ողիմպիական խաղերու մասնակցիլ ու յաղթելն է: Դեռ շատ ժամանակ կայ մինչեւ այդ խաղերը… Հիմա նպատակս նուաճումս պահելն է: Մարզիչս միշտ կ՛ըսէ, որ յաղթելը աւելի դիւրին է, քան` ապացուցելը, որ դո՛ւն ես լաւագոյնը: Միշտ կը լսեմ իր ճիշդ խօսքերը եւ անոնցմով կ՛առաջնորդուիմ»:
Նորաձեւութիւն
Լիբանանահայ Ձեւագէտ
Գրիգոր Ճապոտեան` Մրցանակակիր
Վերջերս Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կայացաւ «Ֆաշըն թրասթ արապիա» մրցոյթը, որուն նպատակն է աջակցիլ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ձեւագէտ-ոճաբաններուն:
Մրցոյթը կայացաւ հինգ անուանակարգերով. «Լաւագոյն երեկոյեան զգեստ» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուեցաւ լիբանանահայ ձեւագէտ Գրիգոր Ճապոտեանը:
Երեկոյին ներկայ գտնուած են` Նաոմի Քեմպըլը, Վիքթորիա Պեքհամը, Քաթարի իշխանին կինը` Շէյխա Մոզա եւ այլ երեւելի անձնաւորութիւններ:
Գրիգոր Ճապոտեանը ծնած է Պէյրութ: Անոր նախնիները Սիսէն են եւ քաղաքին մէջ բարձրակարգ ոսկերիչներու համբաւ ունեցած են: Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուելով` հաստատուած են Լիբանան, ուր շարունակած են ընտանեկան աւանդոյթները:
Գրիգոր, որ մանկութենէն սէր ունէր արուեստի նկատմամբ, իր առաջին քայլերը դէպի համաշխարհային նորաձեւութիւն սկսած է Պէյրութի Արուեստի եւ նորաձեւութեան հմտութիւններու աւագ դպրոցին մէջ` ուսումնասիրելով ձեւի եւ արուեստի հիմունքները: Աւարտելէ ետք երիտասարդ ու տաղանդաւոր մասնագէտին աշխատանքի առաջարկ կ՛ընէ լիբանանցի անուանի ձեւագէտ Էլի Սաապը: Ձեռք բերելով հմտութիւններ` Գրիգոր կը ստեղծէ իր անձնական ապրանքանիշը: Անոր հաւաքածոներուն մէջ տեղ կը գրաւեն յատկապէս նրբաճաշակ երեկոյեան եւ հարսանեկան հագուստները:
Ստորեւ` մրցանակակիր ձեւագէտը եւ իր ստեղծագործութենէն նմուշներ:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ի՞Նչ Գիտէք Զատիկի Մասին
Զատիկը Շարժական Տօն Է:
ՃԻՇԴ. այս տօնը կ՛իյնայ մարտ 1-էն ապրիլ 26-ի միջեւ: Այս տարի Ս. Զատիկը կը նշուի կիրակի, 21 ապրիլին:
***
Կրօնական Իմաստով, Զատիկը 2-րդ Կարեւոր Տօնն Է:
ՍԽԱԼ. կրօնական իմաստով, անիկա ամէնէն կարեւորն է, քանի որ ամբողջ քրիստոնէական հաւատքը խարսխուած է Քրիստոսի յարութեան հաւատքին վրայ: Նոյն այս տօնը մեր նախահայրերուն կողմէ կոչուած է «տօն տօնից»` տօներու տօն:
***
Մեր Նախահայրերը Զատիկին Ուխտագնացութիւն Կը Կազմակերպէին:
ՃԻՇԴ. բացի հաւկթախաղէն` մեր նախահայրերը կը կազմակերպէին ժողովրդային կամ ընտանեկան ուխտագնացութիւններ, յատկապէս` գիւղէն դուրս գտնուող մօտակայ սրբավայրեր: Ուխտաւորները իրենց հետ կը տանէին մատաղաց գառնուկ, գինի, անհամար հաւկիթ, բաղարջ, հաց եւ կաթնեղէն:
***
Զատիկին Պայման Է Կարմիր Հաւկիթ Ներկելը:
ՃԻՇԴ. ներկուած հաւկիթը կը համարուի յարութեան եւ նոր կեանքի խորհրդանիշ: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Յիսուսի արիւնը, որ թափուեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար:
***
Զատկուան Սեղանին Պայման Է Խորոված Ըլլայ:
ՍԽԱԼ. ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի կարծիքով, Ս. Զատկուան սեղանէն անպակաս պէտք է ըլլան` նուիկը (սպիտակ բանջար), կուտապը (սոխով լուբիա), կանաչեղէններ, ձուկ, գաթայ, ջիրով եւ չամիչով եղինձ: Եղինձը կը խորհրդանշէ ժողովուրդը, իսկ չամիչը անոր հաւատքը:
Զատիկը Եւս Ունի Իր Ծիսական Ծառը:
ՃԻՇԴ. Զատկուան ծիսական ծառը կը պատրաստուէր բալենիի ճիւղերէ եւ կը զարդարուէր ձեռագործ հաւկիթներով: Ծառը կը խորհրդանշէ ժողովուրդի անցեալը, ներկան եւ ապագան:
***
Անցեալին Զատիկին Յաջորդող Մեռելոցը Խնճոյքի Օր Էր:
ՃԻՇԴ. Զատիկին յաջորդող երկուշաբթին մեռելոց էր: Անցեալին անիկա ոչ թէ ողբի, այլ ուրախութեան օր էր: Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ մեռելոցի օրը գերեզմանատուներուն մէջ հացկերոյթի սեղաններ կը բացուէին եւ խնճոյքներ ծայր կ՛առնէին իրենց ուրախութեան հաղորդակից դարձնելու համար սիրելի հանգուցեալները:
Ձեռային Աշխատանք
Զատկուան Սեղանի
Յարդարանք
Զատկուան սեղանը գեղեցկացնելու եւ ճոխացնելու համար մտածեցէք պնակներուն մէջ կամ կողքին զետեղուող անձեռոցիկներուն մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու հետաքրքրական տարբերակներ` նապաստակի կերպարով:
Բ.- Ձուաձեւ Մատուցումներ
Եկէ՛ք` այս անգամ ձեր բանջարեղէններն ու պտուղները մատուցեցէք ձուաձեւ ափսէներու մէջ` Զատկուան թեման պահպանելով:
Առաջին ափսէին մէջ խաչի պատկերով համաչափ դասաւորուած են երկու ձեւով կտրտուած վարունգները, մանր լոլիկները եւ ստեպղինները:
Երկրորդ ափսէին մէջ շատ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուած են այլազան պտուղներ:
Երրորդ ափսէն դարձեալ արուեստի գործ է: Բաղադրիչները` մանրուած կաղամբ, լոլիկ, կանաչ թարմ պղպեղ եւ քերոցէ անցած ստեպղին:
Խոհագիր
Զատկուան Աղցան
Այս շատ ներկայանալի աղցանին համար անհրաժեշտ են` ջարդուած հազար, մանր լոլիկներ (թոմաթ սըրիզ), եգիպտացորեն, տաշուած ստեպղին, ոլոռն, մանրուած խաշած հաւկիթ, փարմըզան պանիր, կտրտուած կարմիր պղպեղ եւ, վերջապէս, երեսը զարդարելու համար 6-8 շերտ տապկուած եւ չորցած ու կարծրացած պէյքըն:
Թացանը պատրաստել մայոնեզով եւ կիտրոնով:
Այս աղցանին համար անհրաժեշտ է թափանցիկ, ներկայանալի աղցանի աման մը:
Վերը յիշուած բանջարեղէնի շերտերը դասաւորել ըստ ճաշակի:
Կարելի է կարգ մը բանջարեղէններ զանց ընել եւ փոխարինել ուրիշներով` պրոքոլի, թարմ սունկ, ճակնդեղ եւ այլն…
Թելադրելի է աղցանը պատրաստել օր մը առաջ եւ սառնարանը պահել առնուազն ամբողջ գիշեր մը:
Երեսը զարդարել տապկուած պէյքընով, վերջին պահուն աւելցնել թացանը եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խաչքարերը
Չգիտեմ ինչո՜ւ, դեռ պատանեկիկ,
Համբուրում էի խաչքարերն այնպէ՜ս,
Երբ մայրիկիս հետ ես` ոտաբոբիկ`
Վանքի սարն էի ելնում գառի պէս:
Հիմա էլ սրտանց համբուրում եմ դեռ,
Բայց հիմա գիտեմ, թէ ինչո՛ւ համար.
Ես համբուրում եմ, ո՜վ նախահայրեր,
Քարից լոյս կերտող ձեր ձեռքը ճարտար:
Որ վայրի ու բիրտ ժայռերի վրայ
Ոգու տարերքն է հրաշագործել,
Եւ համբուրելով սուրբ հետքը նըրա`
Անմահութիւնն եմ համբուրում ես ձեր…
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ