Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովասանքին Կարեւորութիւնը Եւ Անպատեհութիւնները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շատ կարեւոր է իմանալ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս ճիշդ խրախուսել, գովել երեխան. այս հարցը շատ կարեւոր է, քանի որ գովասանքը կրնայ ունենալ ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական ազդեցութիւն:

Հոգեբաններու կարծիքով, գովասանքը վնասակար է, եթէ`

ա) Երեխան կը գովաբանենք բանի մը համար, որ արդէն ի ծնէ տրուած է իրեն, կամ` բանի մը համար, որ իրմէ ջանք չ՛ենթադրեր: Գովասանքը միայն բնատուր ունակութեան համար երեխային բան չի տար անոր հետագայ կայացման համար, փոխարէնը` կրնայ վնասել յաճախ կրկնուելու պարագային:

Առանց հիմքի գովասանքը թմրադեղերու նման կը գործէ. երեխան կը վարժուի անոր եւ տեւաբար ծնողներէն գովասանք կ՛ակնկալէ:

բ) Աւելի եւս վտանգաւոր է, երբ կը գովաբանենք երեխան բանի մը համար, որ իր մօտ շատ դիւրին կը ստացուի եւ անոր որպէս օրինակ կը ներկայացնենք այն երեխաներուն, որոնց մօտ նոյնը դժուարութեամբ կամ մեծ ջանքերով կը ստացուի:

Ջանքերու ոչ ճիշդ գնահատումը կ՛ազդէ երեխային հոգեկանին վրայ եւ կը նուազեցնէ այդ գործով զբաղելու իր ճիգն ու ցանկութիւնը:

գ) Վնասակար է, երբ երեխան կը գովաբանենք շատ յաճախ, տեղի ու անտեղի: Ասիկա կ՛արժեզրկէ գովասանքը եւ երեխային կը վարժեցնէ դիւրին եւ աժան յաղթանակներու:

Ինչպէ՞ս Ճիշդ Գովաբանել

Երեխան պէտք է գովաբանել անկեղծ, լուրջ, համոզիչ: Գովասանքը անհրաժեշտ է երեխային ինքնավստահութիւն, եռանդ հաղորդելու համար, կեանքի հանդէպ անոր լաւատեսութիւնը լրացնելու համար:

Իւրաքանչիւր գովասանքի որոշակի նպատակաուղղուածութիւն պէտք է ունենայ եւ երբեք պէտք չէ պատահականօրէն հնչէ:

 Ճիշդ Ձեւով Կրենք
Պահպանիչ Դիմակը

Քորոնայի վարակը կը շարունակէ իր նուաճումները: Բոլորս դիմակ կը կրենք, սակայն արդեօք այդ պահպանիչ դիմակը ճիշդ ձեւով կը կրե՞նք: Դիտե՛նք նկարը եւ զանազանենք ճիշդը սխալէն:

Նկարը բաւարար խօսուն է:

Հետաքրքրական

Գրագէտներու Եւ Մտաւորականներու
Կարծիքները` Պատերազմի Մասին

«Միայն սնանկ պետութիւնները կը դիմեն պատերազմի` որպէս վերջին միջոց: Պատերազմը պարտուող եւ յուսահատ խաղամոլի վերջին յաղթաթուղթն է, խաբեբաներու եւ խարդախներու նողկալի շահարկումը»:

Ռ. Ռոլան
Ֆրանսացի թատերագիր, վիպագիր, արուեստաբան

***

«Պատերազմի հաճոյքը զգալը զինուորին համար վաստակ է, սպային համար վտանգաւոր յատկանիշ, իսկ պետական գործիչին համար` անկասկածելի յանցագործութիւն»:

Ճ. Սանտայանա
Սպանական ծագումով ամերիկացի փիլիսոփայ

***

«Պատերազմը արկած եւ քաջագործութիւն չէ: Պատերազմը հիւանդութիւն է: Տիֆի նման»:

Ա. տը Սենթ-Էքզիւփերի
Ֆրանսացի գրագէտ

***

«Եթէ մենք չաւարտենք պատերազմը, պատերազմը կ՛աւարտի մեզ»

Հ. Ուելս
Անգլիացի գրագէտ, հրապարակախօս

***

«Ես կ՛ուզեմ, որ սէրը խաղաղութեան հանդէպ դադրի ժողովուրդներուն համար երկչոտ ձգտում ըլլալէ, այլ դառնայ ազնիւ խիղճի անսասան պահանջ»:

Թոլսթոյ
Ռուս գրագէտ

***

«Միայն նահատակները կը տեսնեն պատերազմին աւարտը»:

Պղատոն
յոյն փիլիսոփայ

***

«Պատերազմը աւարտելու ամենաարագ միջոցը պարտուիլն է»:

Ճ. Օրուել
Անգլիացի վիպագիր, լրագրող

Առողջապահական

6 Ուտելիքներ, Որոնք Կը Վնասեն
Մեր Ակռաներուն

Իւրաքանչիւր ճաշի ժումէ ետք ակռաները խոզանակելը բաւարար չէ առողջ եւ տոկուն ակռաներ ունենալու համար, կարգ մը ուտելիքներ անդարձ վնասներ կրնան պատճառել մեր ակռաներուն, եթէ չարաշահենք անոնց գործածութիւնը:

Ստորեւ` կը ներկայացնենք ուտելիքներ, որոնք կը վնասեն մեր ակռաներուն:

-1-

Թթու Եւ Քաղցր Հիւթերը

Համեղ, քաղցր հիւթերը իրենց մէջ կը պարունակեն թթուներ, որոնք կը վնասեն մեր ակռաներու էմալին: Հետեւաբար պէտք է չափաւորել անոնց սպառումը եւ նոյնիսկ հրաժարիլ անոնցմէ, քանի որ անոնք նաեւ շատ հարուստ են շաքարով ու կը նպաստեն գիրութեան:

Եթէ անկարելի է անոնցմէ հրաժարիլը, հիւթը խմելէ ետք անպայման ցօղուել բերանը եւ կամ` հիւթը խմել ընպեղէգով:

-2-

Լոլիկի Թանձրուկը

Լոլիկի թանձրուկը նոյնպէս թթուներ կը պարունակէ եւ, հետեւաբար, կը վնասէ ակռաներու էմալին, ան ոչ միայն խոցելի կը դարձնէ էմալը, այլեւ կը դեղնեցնէ ակռաները` չափազանց օգտագործման պարագային:

-3-

Թէյը

Բոլորիս սիրելի թէյը թանին կոչուած նիւթին պատճառով հակամէտ է դեղնեցնելու մեր ակռաները: Յաճախակի թէյ խմելու պարագային` թելադրելի է բերանը ցօղուել կամ ակռաները խոզանակել:

Շաքարով կամ մեղրով թէյը նոյնպէս կը վնասէ ակռաներու առողջութեան եւ փտախտ կը պատճառէ. յանձնարարելի է հրաժարիլ անոնցմէ:

-4-

Փոփքորնը

Համեղ, մեծերուն եւ փոքրերուն սիրելի փոփքորնը եւ յատկապէս չպայթած եգիպտացորենի հատիկները ակռային տակ գալով կրնան վնասուածքներ պատճառել, իսկ անոնց մնացորդները ակռաներուն եւ լինտին միջեւ տեղաւորուելով` փտախտի դուռ կը բանան:

-5-

Չիփսը

Չիփսը մշակուած գետնախնձոր է, որ լորձունքին հետ միաւորուելով կը վերածուի ակռաներուն համար վնասակար կլիւքոզի: Քաղցր չուտելով հանդերձ, բերնին մէջ կը գոյանան ակռաները քայքայող ածխաջրածիններ:

-6-

Ալքոհոլային Խմիչքները

Անկախ անկէ, որ ալքոհոլը եւ յատկապէս ճերմակ գինին թթուներ կը պարունակեն, ինչ որ էմալին թիւ մէկ թշնամին է, ալքոհոլային խմիչքները նաեւ կը նուազեցնեն լորձունքի արտադրութիւնը, իսկ ասիկա կը նշանակէ, որ ակռաներուն վրայ կը տեղաւորուին վտանգաւոր մանրէներ: Այս պատճառով ալ ճերմակ գինի խմելէ ետք յանձնարարելի է բաժակ մը ջուր խմել:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Տան Մաքրութեան Համար Քացախի
Օգտագործման Օգտակար Խորհուրդներ

Աւելի աժան եւ նուազ վնասակար, քան` շուկան վաճառուող քիմիական դեղերը, ճերմակ քացախը շատ լաւ միջոց է տան մաքրութեան համար:

Ահա, թէ ի՛նչ բաներ կարելի է մաքրել ճերմակ քացախով:

– Բաղնիքին նստարանը, լոգարանը, լուացարանը կարելի է մաքրել ճերմակ քացախով, որուն քիչ մըն ալ աղ աւելցուցած ըլլաք: Չմոռնաք, որ քացախը լաւ հականեխիչ մըն է:

– Կիր կապած ծորակները, խցուած տուշին ծակտիկները:

– Յատակի սալիկները եւ փարքէն, պայմանաւ որ ջուրի մէջ լուծուած ըլլայ:

– Տան ապակիները եւ հայելիները մաքրելու եւ փայլեցնելու համար: Մէկ լիթր ջուրի մէջ քառորդ գաւաթ ճերմակ քացախ աւելցնել, խառնուրդը լեցնել սփռիչ շիշի մէջ եւ օգտագործել:

– Գորգին կամ մոքեթին արատները մաքրելու համար: Կէս գաւաթ քացախի մէջ 2 ապուրի դգալ աղ լուծել եւ արատները շփել այդ խառնուրդով:

– Ժանգը մաքրելու համար: Ժանգոտ իրը ամբողջ գիշեր մը քացախի մէջ մխրճել:

– Լուացքի մեքենային կիրերը մաքրելու համար ամիսը անգամ մը մեքենան լարեցէք 60 ջերմաստիճանով, կէս լիթր ճերմակ քացախ լեցուցէք տուփիկին մէջ եւ պարապ վիճակով աշխատցուցէք:

– Ծաղկամաններուն ներսի պատերուն վրայ գոյացած կիրը մաքրելու:

– Բանջարեղէնները եւ պտուղները հականեխելու:

– Խոհանոցին սեղանը եւ բանջարեղէն կտրատելու տախտակը մաքրելու համար:

– Սառնարանը մաքրելու համար:

– Մանրալիքը մաքրելու եւ հականեխելու համար:

– Վարագոյրները մաքրելու համար: Եթէ յաճախ զանոնք լուալու առիթը չունիք, երկու գաւաթ տաք ջուրի մէջ 1 ապուրի դգալ ճերմակ քացախ լուծեցէք եւ ստացուած խառնուրդը սփռեցէք վարագոյրին վրայ:

Զգուշացո՛ւմ.

Խիստ հակացուցուած է մարմարեայ իրերն ու մակերեսները քացախով մաքրելը:

Նոյնպէս հակացուցուած է քարերով, ակերով օժտուած զարդեղէնները քացախով մաքրելը:

Որոշ տեսակի նուրբ կերպասներ նոյնպէս կարելի չէ քացախով մաքրել:

ԵՐԲԵ՛Ք քացախ եւ Օ տը ժաւել իրարու չխառնէք, վերջինս թունաւոր շոգի կրնայ արտադրել:

Խոհագիր

 Մածունով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ մածուն
2 գաւաթ շաքար
3 գաւաթ ալիւր
3 հաւկիթ
Կէս գաւաթ բուսական ձէթ
Վանիլա, կիտրոնի տաշուք
1 թէյի դգալ քիմիական թթխմոր

Պատրաստութիւն

Բաղադրիչները խառնել եւ ստացուած խառնուրդը լեցնել կարագով ծեփուած կաղապարի մը մէջ եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 180 ջերմաստիճանով եփել 30-40 վայրկեան:

Փուռէն հանելէ ետք ձգել, որ պաղի եւ ապա շերտել: Բարի՛ ախորժակ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նա կռուի դաշտում իր մահը գտաւ.
Կռուեց ու զոհուեց անխօ՜ս, անանո՜ւն,
Կ՛ուզես նախանձիր,
Ուզում ես` գթա,
Կծկուած քո բախտի տաքո՜ւկ դարանում:
Ի հարկէ՜, իրաւ, դու երկա՜ր կ՛ապրես,
Քո՛նը կը լինեն կեանք, սէր ու ցնորք,
Գինի՜ կը խմես, գրքե՜ր կը տպես,
Աղջիկների հետ կը զբօսնե՛ս անհոգ.
Բայց չե՛ս մոռանայ դու հուր յաւիտեան
Եւ չե՛ս ազատուի խայթից այն յուշի,
Որ ապրել ես դու միշտ… «խնամքի տա՜կ» –
Ուրիշի ջանքի, կամ արեան հաշուին…
Որ այս յաղթութեան չինարին ջահել,
Որի ստուերում նստած ես գինով,
Կանաչ կեանքի՜ց է նրա կեա՛նք առել
Եւ ջրուել նրա կարմի՜ր արիւնով…
Որ, երբ քեզ փնտռող գնդակը եկաւ,
Նա կուրծքը պահեց եւ… նրա՛ առջեւ,
Ու թէեւ ընկաւ, բայց ոչ մի վայրկեան
Ապրելու համար նա չի՛ ամաչել…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>