Պատրաստեց ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գրող, թատերագիր, հրապարակախօս Դ. Տեմիրճեան ծնած է 1877-ի դեկտեմբերին, Ախալքալաք, մահացած է 1956-ի դեկտեմբերին, Երեւան:
Դ. Տեմիրճեան մեր գրականութեան պարգեւած է «Վարդանանք», «Քաջ Նազար», «Երկիր հայրենի» եւ այլ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ: Ան նաեւ մասնակցած է Յ. Թումանեանի «Վերնատուն» գրական ընկերութեան աշխատանքներուն:
Գրագէտին տուն-թանգարանը հիմնադրուած է 1977-ին, այն բնակարանին մէջ, ուր ապրած է 1929-էն մինչեւ մահը: Նշենք, որ տուն-թանգարանը կը գտնուի Աբովեան 29-ի վրայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք տուն-թանգարանը ցուցադրուած իրեն, որոնք շատ բան կը պատմեն մեծ մտաւորականին մասին:
* * *
Ջութակը
Իտալական «Կրէմոնա» ջութակը 1797-ի արտադրութիւն է: Տեմիրճեան զայն ձեռք բերած էր 1905-ին, Ժընեւի համալսարանը ուսանած տարիներուն: Որպէս ազատ ուսանող` ան հետեւած է Ժընեւի երաժշտանոցի ջութակի դասընթացքներուն:
Սահմանափակ միջոցներով գրագէտը իր սնունդին համար նախատեսուած գումարէն զեղչելով` մեծ դժուարութեամբ ձեռք բերած էր այդ ջութակը, որմէ երբեք չբաժնուեցաւ մինչեւ կեանքին վերջը:
Տեմիրճեան ոչ մէկ անգամ բեմերէ ջութակի ելոյթ չէ ունեցած, սակայն սեղմ շրջանակներու մէջ յաճախ ցոյց տուած է իր տաղանդը:
* * *
«Աւարայրի Ճակատամարտը»
Կտաւը
1943-ին, երբ Դ. Տեմիրճեան կը գրէր «Վարդանանք» վէպին առաջին հատորը, զուգահեռ` կտաւին կը յանձնէր իր պատկերացումները` Աւարայրի ճակատամարտին վերաբերեալ:
Կտաւին վրայ, վերը պատկերուած է յիշեալ ճակատամարտը վարը` 6 այլ տարբեր նկարներ:
Փոքր տարիքէն Տեմիրճեան իր գծագրութիւններով գրաւած է ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը:
* * *
Իսահակեանին Ուղղուած Նամակը
Տուն-թանգարանին մէջ նաեւ ցուցադրուած է Դ. Տեմիրճեանէն Ա. Իսահակեանին ուղղուած նամակը: Նամակին էջերէն մէկուն վրայ մատիտով գծուած է ջրափոսի մէջ չորցած ծառ մը: Նկարին տակ գրուած է «Եթէ Այվազովսկին սաղ է, կարող է գերեզման մտնել, եթէ գերեզմանում է, կարող է շուռ գալ միւս կողմ…»:
* * *
Մօր Զարդատուփը
Տեմիրճեանի ծնողները տարբեր ընկերային խաւերէ էին: Մայրը` Նաթալիան ազնուական ընտանքի զաւակ, զարգացած երիտասարդուհի էր եւ Թիֆլիս կ՛ապրէր, մինչ հայրը` Կարապետը անուս, համեստ ախալքալաքցի էր: Նաթալիային հայրը, որ դէմ էր այդ ամուսնութեան, աղջիկը կը զրկէ օժիտէ, սակայն մայրը ամուսինէն գաղտնի, թանկարժէք զարդեղէններով լեցուն զարդատուփ մը կու տայ իր աղջկան:
Հետագային անոնք այդ զարդերը վաճառելով` կը հոգան իրենց 6 զաւակներուն ուսման ծախսերը:
Դ. Տեմիրճեան մօր իրերը մասունքի նման մեծ գուրգուրանքով կը պահէր:
* * *
Ճեմարանական Պնակը
Գէորգեան ճեմարան ուսանած Դ. Տեմիրճեանն ու Ա. Իսահակեանը օրին մէկը կ՛այցելեն Արմաւիրի մարզ ու կը գիշերեն գիւղացիի մը տունը վերջինս կը փափաքի յատուկ նուէրով պատուել իր հիւրերը եւ իւրաքանչիւրին կը նուիրէ ՃՍԷ (Ճեմարան Սուրբ Էջմիածին) գրութեամբ պնակ մը:
Երկու պնակներն ալ մինչեւ օրս կը ցուցադրուին յիշեալ գրագէտներուն տուն-թանգարաններուն մէջ:
Առողջապահական
Դաջուածքները Կրնան
Վնասել Քրտնագեղձերուն
«Journal of Applied Physiology» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, մարմնի դաջուածքները կրնան վնասել քրտնագեղձերուն:
10 կամաւորներու վրայ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ մորթին դաջուածքներով պատուած հատուածներուն վրայ քրտնարտադրութիւնը յստակօրէն նուազած է, իսկ ատիկա կրնայ լուրջ հարց դառնալ, քանի որ այդ գործընթացը մարմնին կ՛օգնէ ներքին ջերմակարգաւորման վերահսկողութեան:
Խոհանոցի Գաղտնիքներ
Խորհարարական իւրաքանչիւր աշխատանք կը պահանջէ որոշ հմտութիւններ, որոնց տիրապետելով` աւելի եւս կը բարելաւենք մեր խոհարարական ունակութիւնները:
Դդմաճի Պատրաստութիւն
Մեզի կը թուի, որ չկայ աւելի դիւրին բան, քան` դդմաճ պատրաստելը, բայց եւ այնպէս, մեզմէ շատեր չեն տիրապետեր դդմաճը ճիշդ ձեւով խաշելու կանոններուն եւ կը գործեն որոշ անդարձ սխալներ… Ստորեւ կը ներկայացնենք մէկ-երկու խորհուրդ:
ա.- Դդմաճը խաշելու համար պէտք է հրաժարիլ փոքր կաթսաներէն: Մեծ կաթսայի եւ առատ ջուրի մէջ դդմաճը աւելի համաչափ եւ լաւ կ՛եփի. հակառակ պարագային` դդմաճը կը դառնայ կպչուն եւ անհամ:
բ.- Իտալացիները իւրաքանչիւր 100 կրամ դդմաճ խաշելու համար կ՛օգտագործեն մէկ լիթր ջուր, Ջուրին մէջ անպայման աղ կ՛աւելցնեն, այլապէս դդմաճը կը դառնայ կպչուն եւ անհամ:
Խաշի ջուրին մէջ պէտք չէ ձէթ աւելցնել քանի որ աւելի ուշ թացանին հետ խառնելու ատեն իւղը կ՛արգելակէ դդմաճին մէջ թացանի ներծծումը:
գ.- Եթէ եփի ջուրը չէ եռացած, պէտք չէ դդմաճը լեցնել, քանի որ անիկա աւելի ուշ կ՛եփի եւ սպասուած արդիւնքը չի տար:
* * *
«Էօֆ Փոշէ»
«Էօֆ փոշէ»-ն կեղեւազերծուած հաւկիթը եռացող ջուրի մէջ եփելու տարբերակ է: Ֆրանսացիներուն սիրելի «Էօֆ փոշէ»-ն թէ՛ առողջապահական է եւ թէ շատ համեղ ու հիւթեղ: Եփի այս ձեւին տիրապետելու համար պէտք է հետեւիլ հետեւեալ փուլերուն.
ա.- Ընտրել թարմ հաւկիթ, որպէսզի ճերմկուցը չտարածուի այլ շրջապատէ դեղնուցը:
բ.- Եփի ջուրին ապուրի դգալ մը ճերմակ քացախ աւելցնել, որպէսզի ճերմկուցը ամուր եւ պիրկ մնայ:
գ.- Դգալի միջոցով ճերմկուցը դեղնուցին վրայ բերել, որպէսզի վերջինը ամբողջովին ծածկուի:
դ.- Երեք վայրկեանէն շերեփով մը ջուրէն հանել եւ զետեղել ֆրանսական հացի շերտի մը, համեղ աղցանի մը կամ դդմաճի վրայ:
* * *
Խաշած Շագանակ
Համեղ խաշած շագանակներ ստանալու համար զանոնք պէտք է խաշել առատ եռացած ջուրի մէջ:
ա.- Շագանակներուն կեղեւները խաչաձեւ ճեղքել:
բ.- Խոշոր կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել:
գ.- Եփի ջուրին աղ եւ ապուրի դգալ մը ձէթ աւելցնել:
դ.- Ջուրը եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել եւ շագանակները ջուրին մէջ եփել շուրջ կէս ժամ:
Խոհագիր
Ճակընդեղով Եւ
Ֆեթա Պանիրով Աղցան
Բաղադրիչներ
– 4 միջակ խաշած ճակնդեղ
– Ափ մը ընկոյզ
– 200 կր. ֆեթա պանիր
– Թարմ ռեհանի տերեւներ` զարդարանքի համար
– 5 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
– 5 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 թէյի դգալ շաքար կամ մեղր
– 1 թէյի դգալ մանանեխ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ճակնդեղները խաշել, կեղուել եւ խորանարդաձեւ կամ կլոր կտրատել:
Տապակի մը մէջ քանի մը կաթիլ ջուր լեցնել, աւելցնել ընկոյզը, շաքարը եւ պտղունց մը աղ ու խառնել, մինչեւ որ ջուրը շոգիանայ, իսկ ընկոյզները ամբողջութեամբ պատուին շաքարով:
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` խառնելով քացախը, ձէթը, շաքարը, մանանեխը, աղն ու սեւ պղպեղը:
Ուշադիր եւ համաչափ կտրատել ֆեթա պանիրը, նախընտրաբար` խորանարդաձեւ:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել կտրատուած ճակընդեղը, վրան թափել թացանը, երեսը ծածկել ֆեթա պանիրով, զարդարել ընկոյզով եւ ռեհանի տերեւներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Յիշողութիւնս
աչքեր ունի,
որ մնացել են
մեր գիւղի ճամբին
եւ սպասում են
ուշացող վերադարձիս…
Յիշողութիւնս ընկել է
մանկութեանս
գիժ խաղերի յետեւից
եւ վազում,վազո՜ւմ`
չի՜ հասնում նրանց…
Տատիս գոգնոցից
մի քանի չամիչ է ընկել
եւ յիշողութեանս
բերանը քաղցրացել է նորից.
ծամո՜ւմ,ծամո՜ւմ է…
Բակի տանձենուց
պապս ճոճք է կապել
եւ յուշերս կռիւ են տալիս
ճօճուելու համար…
Հին նստարանին
իրար կողք կողքի
նստոտել են կարօտներս
եւ շնչում են բոյրը
տաք թոնրահացի…
Յիշողութիւնս
ձեռքեր ունի,
որով ծամերս էին հիւսուում.
մազերիս մէջ
նորից զգում եմ
փափկութիւնը մօրս մատների…
Մի բուռ երկինք է
հաւաքել յիշողութիւնս
եւ աստղեր է նկարել.
աստղերը խաղալիքներ են,
որ չեմ ունեցել….
…………………
Յիշողութիւնս աչքեր ունի.
աչքերը վկաներ են,
որ ես ներկայ եմ եղել
այնտեղ…
ՀԵՐՄԻՆԷ
«Կորած հասցէներ» անտիպ գիրքէն