Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՒՍԱԳԱԼԵԱՆ Կակազելը յաճախակի երեւոյթ է երկու տարեկան երեխաներուն մօտ: Կակազելու պատճառները ամբողջութեամբ յայտնի չեն: Յաճախ կակազելը ժառանգական թերութիւն է եւ մանչերուն քով աւելի յաճախակի է, քան` աղջիկներուն: Երբեմն կակազութիւնը ի յայտ կու գայ, երբ կը փորձենք ձախլիկ երեխայ մը աջլիկ դարձնել: Ուղեղին այն մասը, որ կը կառավարէ ձեռքի շարժումը, սերտօրէն կապուած է խօսքը
↧