Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Տիոր» նորաձեւութեան տունը թողարկած է նոր օծանելիք մը` «Ժ՛ատոր Լ՛օր»-ը, որ բուրագործ (parfumeur) Ֆրանսիս Քիւրքճեանի յղացումն է:
«Ժ՛ատոր Լ՛օր»-ը նուրբ համադրումն է նարինջի ծաղիկի, յասմիկի, նուշի, մանկայի, պանանի բոյրերուն: Անիկա մրգային եւ ծաղկային բոյրերու անզուգական միախառնումն է` յագեցած «սենթիֆոլիա ռոզ»-ի հզօր բուրմունքով:
Նշենք, որ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան ունի իր անունը կրող օծանելիքի տունը, զոր հիմնած է 2009-ին, իր գործընկերոջ Մարք Չայայի հետ:
Ան հանրածանօթ դարձաւ, երբ 1995-ին «Ժան Փօլ Կօթիէ»-ի համար ստեղծեց «Լը Մալ» (Le Male) արական բոյրը: Ան աւելի եւս հանրայայտ դարձաւ, երբ ստեղծեց իր անունը կրող «Պաքարա» օծանելիքը:
Քիւրքճեան նաեւ գործակցած է Էլի Սաապ, Պըրպըրի, Նինա Ռիչի, Էլիզապէթ Արտըն եւ այլ հանրայայտ նորաձեւութեան տուներու հետ:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
– Որպէսզի լոլիկի խիւսը երկար դիմանայ ու անոր մակերեսը բորբոս չկապէ, անգամ մը որ շիշին կափարիչը բանաք, կափարիչին ներսի կողմը թեթեւակի մանանեխ քսեցէք ու կափարիչը կրկին փակեցէք: Այսպիսով լոլիկի խիւսը երկար ժամանակ թարմ կը մնայ շնորհիւ մանանեխին, որ հիանալի միջոց է բորբոսի, սունկերու եւ մանրէներու դէմ:
* * *
– Որպէսզի ձեր զգեստի պահարանը նեխէ, խոնաւութենէ եւ ցեցերէ պաշտպանէք, դարաններուն վրայ դափնիի տերեւներ զետեղեցէք: Տերեւները նախընտրաբար դրէք կտորէ ծրարիկներու մէջ եւ կախեցէք հագուստի կախիչներէն: Կրնաք նաեւ առանց ծրարիկներու ուղղակիօրէն զետեղել դարաններուն վրայ:
* * *
– Ձեր չոր ու ճաքած կրունկները փափկացնելու համար օգտագործեցէք պանանն ու կիտրոնը. անոնք ոչ միայն կը խոնաւցնեն մորթը, այլեւ կը պաշտպանեն սունկերէն:
Ձեզի անհրաժեշտ է մէկ հասուն պանան եւ կէս կիտրոնի հիւթ: Ստացուած խիւսով ծեփեցէք ձեր կրունկները, սպասեցէք կէս ժամ, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք զանոնք: Այս միջոցին դիմեցէք 3 յաջորդական օրեր եւ պիտի ապշիք արդիւնքէն:
* * *
– Տան մաքրութեան հետ կապուած ընթացիկ գործերը, քիմիական դեղերու հետ շփումը, անհաւասարակշռուած սննդականոնը պատճառ կը դառնան, որ ձեր եղունգները դիւրաբեկ դառնան ու կոտրտին: Տեւաբար առողջ եւ նաեւ մաքուր եղունգներ ունենալու համար, օրուան աւարտին առէք կիսուած կիտրոն մը եւ ձեր եղունգներով ճանկռտեցէք զայն ու շատ չանցած պիտի քաղէք արդիւնքը:
* * *
– Այրած քիմքին եւ լեզուին արագ դարման գտնելու համար փորձեցէք հետեւեալներէն մէկը.
Ա – Սառոյցի կտոր մը ծծեցէք:
Բ – Մածուն կերէք, բերնին մէջ քիչ-քիչ պահելով:
Գ – Լեզուին վրայ փոշի շաքար ցանեցէք:
Դ – Աղի ջուրով ձեր բերանը ողողեցէք:
Առողջապահական
Հրաժարեցէ՛ք Այս 6
Ընդհանրացած Սխալներէն
Բժիշկներու կարծիքով, դեղերը սպասուած արդիւնքը չեն տար սխալ սովորութիւններու պատճառով: Ստորեւ` 6 սխալ սովորութիւններ, որոնցմէ ժամանակ առաջ պէտք է հրաժարիլ, դեղերէն առաւելագոյն արդիւնք քաղելու եւ արագ ապաքինելու համար:
– Դեղահատը սխալ հեղուկով խմելը. այո՛, կան հեղուկներ, որոնք կը նուազեցնեն տուեալ դեղահատի մը ազդեցութիւնը. անոնց շարքին են` սուրճը, թէյը, կազաւորուած խմիչքները, կաթը եւ այլն… Նախընտրութիւնը տալ մի՛շտ ջուրին:
– Ժամկէտը անցած դեղահատ օգտագործելը. այո՛, առանց դեղագործին կարծիքը առնելու մի՛ շարունակէք օգտագործել ժամկէտը անցած դեղահատը: Անիկա ոչ միայն օգուտ չի տար, այլ նաեւ կրնայ վնասել ձեր առողջութեան:
– Սխալ սնունդ օգտագործելը եւս կրնայ ազդել… եթէ դեղահատը թելադրուած է կլլել ճաշի ընթացքին, ուշադրութիւն պէտք է դարձնել կերակուրին` տրուած ըլլալով, որ մանրաթելերով հարուստ տեսակները մարմնէն դուրս կը բերեն օգտակար բաղադրիչներու մէկ մասը: Այդ ուտելիքներէն թուենք` վարսակի փաթիլները, կաղամբը, սունկը, հատապտուղները, դդումը եւ այլն…
– Ժամերու խախտումը, յատկապէս անթիպիոթիքներու պարագային, կրնայ վճռական դառնալ: Բոլոր դեղերը առանց բացառութեան պէտք է կլլել ճշդուած ժամերուն: Դեղ մը մոռնալու պարագային, պէտք է անմիջապէս դիմել բժիշկին կամ դեղագործին կարծիքին:
– Քանի մը դեղահատ միասին կլլելը կրնայ կողմնակի ազդեցութիւններ պատճառել: Եթէ բժիշկը քանի մը դեղ նշանակած է, թելադրելի է զանոնք կլլել ընդմիջումներով` իւրաքանչիւրին միջեւ 10 վայրկեանի բաց մը ձգելով:
– Բուժումը կիսատ ձգելը եւս ընդհանրացած սխալ մըն է: Շատեր բուժումը կիսատ կը ձգեն, երբ արդէն որոշ բարելաւում կը զգան: Դեղերը պէտք է շարունակել բժիշկին ճշդած ժամկէտով: Չէ՞ որ բուժման իմաստը միայն դրսեւորուող նշաններէն ձերբազատիլը չէ, այլ` արդիւնքը պահպանելը:
Սննդագէտին Կարծիքով
Գիտէ՞ք, Թէ…
Սմբուկի թաթխանը (պապա ղաննուժը) նուազ ջերմուժ կը պարունակէ, քան սիսեռի թաթխանը (հըմմոսը): Այսպէս 2 ապուրի դգալ սմբուկի թաթխանը համազօր է 35 ջերմուժի, իսկ սիսեռինը` 60:
* * *
Սեխը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան ձմերուկը: Իւրաքանչիւր 100 կր. սեխը համազօր է 36 ջերմուժի, իսկ նոյն քանակութեամբ ձմերուկը` 30 ջերմուժ:
* * *
Եւ ըսել, որ հացը կը գիրցնէ… Գիտէ՞ք, թէ պզտիկ չափի արաբական հացի մէկ երեսը 80 ջերմուժ կը պարունակէ, 5 ընկոյզը` 130, երկու քառակուսի սեւ տուրմը` 107, բաժակ մը գինին` 125 եւ վերջապէս միջակ չափի աւոքատօ մը` 240:
* * *
Միջակ չափի եգիպտացորեն մը (150 կր.) 141 ջերմուժ կը պարունակէ: Եգիպտացորենը հարուստ է բնաթելով, Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, հանքայիններով (մակնեզիոմ եւ փոթասիոմ), անթիօքսիտաններով, լիւթէինով, եւ այլ… եգիպտացորենը կը պահպանէ աչքին առողջութիւնը:
* * *
Ֆրանսական թոսթ հացին վրայ քսուած 2 ապուրի Նիւթելլան համազօր է 229 ջերմուժի, 2 ապուրի դգալ անուշը` 220 ջերմուժի, 2 ապուրի դգալ աւոքատոյի խիւսը` 115 ջերմուժի եւ վերջապէս 2 ապուրի դգալ «փինաթ պաթըր»-ը 255 ջերմուժի…
Խոհագիր
Աւոքատոյով Թաթխան
Սիսեռով, սմբուկով եւ ոսպով թաթխաններէն ետք, եկէք այսօր պատրաստենք աւոքատոյով թաթխան: Նրբահամ այս թաթխանին հետ կարելի է մատուցել չիփս, խորոված հաց կամ ձողիկներ:
Բաղադրիչներ
– 2 հատ կեղւուած աւոքատօ
– 2 պճեղ սխտոր
– Քառորդ գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– Քառորդ գաւաթ թահին
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Հարիչին մէջ դնել վերոյիշեալ բոլոր բաղադրիչները եւ շատ կարճ ժամանակով հարել: Ստացուած թանձրուկը փոխադրել կէս փոս ամանի մը մէջ եւ զարդարել թոմաթ սըրիզով, թթուաշով կամ ձեռքի տակ գտնուող որեւէ տերեւով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Դու վախենո՜ւմ ես ինձ սիրել, անգին.
Դու նախատում ես, թէ սիրտս մերկ է,-
Ասում ես` սիրոյդ գաղտնիքն անմէկին
Կ՛ասի աշխարհին իմ գրած երգը.
Մեր սիրոյ աստղը կը խամրի՜ լոյսից,
Ոճի՜ր կը դառնայ քո վսեմ մեղքը,
Ուրիշ սիրահար սրտե՛ր կը յուզի,
Սին փառքի փոխած սիրոյ վայելքը…
Օ՜, դու չգիտե՜ս բախտը պոէտի,
Չգիտես նրան մորմոքող վէրքը.-
Ի՜նչ ցաւ էլ նրա սիրտը կտրատի`
Աշխարհի համար դա միայն… ե՜րգ է:
Այդպէ՜ս է եղել դարերում բոլոր-
Մարդիկ չե՜ն տեսնում ամէնից մերկը…
Ոչ ոք չի զգայ քո գաղտնիքը խոր`
Չէ՞ որ ուրիշի համար նա… ե՛րգ է:
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ