Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Նուիրելը Հաճո՞յք, Թէ՞ Տաղտուկ Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ նուիրելու արարքը աւելի յաճախ կ՛երջանկացնէ մարդիկը, քան` ստանալը: Գիտականօրէն նաեւ հաստատուած է, որ թէ՛ նուիրելու եւ թէ՛ ստանալու հաճոյքը ուղեղին մէջ կը բարձրացնէ տոփամինի (հաճոյքի հորմոնի) տոկոսը:

Կաղանդի նախօրեակին շատերու մղձաւանջն է նուէրներու ընտրութիւնը: Իսկ դո՞ւք, դժուարութիւն կ՛ունենա՞ք նուէրներու ընտրութեան ատեն, ձեզի համար ի՞նչն է առաջնահերթը` նուէրին օգտակար ըլլա՞լը, դաստիարակի՞չ ըլլալը, թէ՞ ստացողին համար անսպասելի ըլլալը: Ձեր պատասխանները կը պատմեն ձեր մասին:

-1-

Ամանորը կը մօտենայ, նուէրներու գծով`

Ա.- Արդէն մեծ մասը գնած էք:
Բ.- Տակաւին շուկայ երթալու առիթ չէք ունեցած:
Գ.- Բոլոր նուէրները գնած ու ծրարած էք:

-2-

Լաւ նուէր մը գնելու համար`

Ա.- Ծանուցումներուն կը հետեւիք:
Բ.- Կը փնտռէք գործնական եւ օգտակար նուէր մը:
Գ.- Խնդրոյ առարկայ անձին կը դիմէք, որպէսզի անոր ճաշակին յարմարող բան մը գնէք:

-3-

Երբ անելի առջեւ գտնուիք`

Ա.- Անուշահոտ կամ խմիչք կը նուիրէք:
Բ.- Գիրք կը նուիրէք:
Գ.- Գումար մը կը նուիրէք:

-4-

Կաղանդին բան մը նուիրելը ձեզի համար`

Ա.- Անխուսափելի պարտականութիւն մըն է:
Բ.- Հաճելի, բայց սպառող արարողութիւն մըն է:
Գ.- Հաճոյք է:

-5-

Դուք շատ պիտի գնահատէք`

Ա.- Թանկարժէք նուէր մը:
Բ.- Անսովոր նուէր մը:
Գ.- Ձեռքով պատրաստուած նուէր մը:

-6-

Ձեր կարծիքով, աններելի սխալ է`

Ա.- Հրահան նուիրել չծխող անձին:
Բ.- Խմիչք նուիրել յղի կնոջ:
Գ.- Տուրմ նուիրել սննդականոնի հետեւող անձին:

-7-

Հարիւր տոլարի նուիրատուութիւն մը կը նախընտրէք ընել`

Ա.- Բարեսիրական հաստատութեան մը:
Բ.- Կրթական հաստատութեան մը:
Գ.- Կարիքաւոր ուսանողի մը:

-8-

Ձեզմէ նուէր ստացողէն կ՛ակնկալէք`

Ա.- Լայն ժպիտ մը:
Բ.- Անսպասելի բացագանչութիւն մը:
Գ.- Սրտանց «շնորհակալութիւն» մը:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Ձեր կէտերը հաշուեցէք հետեւեալ ձեւով.

1 կէտ «Ա» պատասխանին համար, 2 կէտ` «Բ»-էն եւ 3 կէտ` «Գ»-էն: Եւ այսպէս`

Եթէ 10-15 կէտ հաւաքեցիք, նուէր գնելը բաւական ծանր պարտականութիւն է ձեզի համար: Նուէրներու փոխանակումը ձեր սրտին խօսող հաճոյք մը չէ, այլ պարզապէս` պարտադրուած սովորութիւն մը: Այս պատճառով ալ յաճախ կը ձգձգէք այս կարեւոր գործը եւ վերջին պահուն պատահական գնումներ կ՛ընէք: Ժամանակն է, որ փոխէք ձեր ընթացքը:

***

Եթէ 16-24 կէտ հաւաքեցիք, նուէր փնտռելն ու գնելը մեծ հաճոյք են ձեզի համար: Ձեր մօտ ամէն բան ծրագրուած ու նախատեսուած է մեծ սիրով ու գուրգուրանքով: Կը սիրէք խանութէ խանութ թափառիլ, փնտռել, սերտել եւ սիրով ընտրել իւրաքանչիւր նուէր: Ձեր նուէրները միշտ ալ հաճոյք կը պատճառեն ստացողներուն, որովհետեւ պատահականութեան չէք ձգեր:

Կենցաղավարութիւն

 Ընթրիքի Սեղանին Շուրջ

Եթէ Ամանորին կամ Ս. Ծնունդին հիւրեր պիտի ընդունինք եւ ընթրիքի սեղանի շուրջ պիտի նշենք տօնը, կ՛արժէ մտաբերել սեղանի կարգ մը կենցաղավարական կանոններ, որպէսզի մենք մեզի սխալներ թոյլ չտանք, եւ ամէն բան հեզասահ անցնի.

Եւ այսպէս`

– Երբ ճաշի հիւր կ՛ընդունինք, պայման է, որ սեղանին սփռոցը կտորէ ըլլայ: Կարելի չէ թուղթէ կամ մոմլաթէ սփռոց օգտագործել: Անձեռոցիկները նոյնպէս պէտք է ըլլան կտորէ: Աւելորդ է յիշեցնել, որ արտօնուած չէ փլասթիք պնակեղէն եւ գաւաթներ օգտագործելը:

***

– Պատառաքաղը կը զետեղենք պնակի ձախին, ակռաները դէպի վեր, իսկ դանակը պնակին աջին` կտրող շեղբը դէպի պնակը:

***

– Ջուրին բաժակը, որ միւսներէն մեծ կ՛ըլլայ, կը զետեղենք պնակի ձախին, իսկ գինիինը` աջին: Գաւաթները պէտք չէ շրջել:

***

– Ընթրիքի աւարտին պէտք չէ յոգնութիւնը ցոյց տալ, մինչեւ հիւրերը ճամբելը պէտք է մնանք ժպտուն եւ ուշադիր` իւրաքանչիւր հիւրի նկատմամբ: Հիւրերը պէտք է առաջնորդենք մինչեւ դուռ` առանց աճապարանքի, միշտ ժպտերես, անոնցմէ վայրկեան առաջ ձերբազատելու տպաւորութիւնը չձգելու համար:

***

– Ընթրիքի սեղանին շուրջ կարելի չէ մատուցուող կերակուր մը մերժել, նոյնիսկ եթէ չենք սիրեր զայն: Կրնանք պարզապէս շատ փոքր քանակութեամբ վերցնել եւ ուտել:

***

– Պէտք չէ, որ ընթրիքի աւարտին մեր պնակին մէջ ուտելիքներ ձգենք: Նախընտրելի է սկիզբէն փոքր քանակութեամբ բաւարարուիլ` ի հարկին նորոգելու կարելիութեամբ:

***

– Ընթրիքի սեղանին շուրջ պէտք չէ ատամնակրկիտով ակռաները մաքրենք եւ կամ խնջենք:

***

– Երբ ճաշը աւարտենք, դանակն ու պատառաքաղը ժամը 4:00-ը 20 անցի ուղղութեամբ, պատառաքաղին ակռաները դէպի վար զետեղենք պնակին մէջ:

***

– Պէտք չէ հացը դանակով կտրենք: Հացը այն քիչ ուտելիքներէն է, թերեւս` միակը, որ կարելի է ձեռքով ուտել:

***

– Պէտք չէ ընթրիքի սեղանին վրայ բջիջայինը զետեղել եւ աչքը վրան պահել: Բջիջային հեռախօսը անջատենք կամ լուռ վիճակի մէջ պահենք, որպէսզի վայելենք մեզ շրջապատողներուն ներկայութիւնը, մասնակցինք զրոյցներուն, կատակներուն եւ չտարուինք անով:

***

– Սպասենք, որ ընթրիքի սեղանին շուրջ, խօսողը իր խօսքը աւարտէ եւ յետոյ միայն մեր ըսելիքը ըսենք: Կարելի չէ ուրիշին խօսքը ընդհատել:

***

– Ընթրիքի սեղանին շուրջ խուսափինք մեզմէ բաւական հեռու նստած անձին հետ պոռալով խօսելէ: Կարելի է աւելի ուշ տեղերը փոխել եւ մօտենալով անոր հետ զրուցել:

***

– Ընթրիքի աւարտին, եթէ մենք հրաւիրեալն ենք, հաճոյախօսինք հիւրընկալող տանտիկնոջ, գնահատենք անոր պատրաստութիւններն ու հիւրընկալութիւնը, նոյնիսկ եթէ ամէն բան մեր ճաշակին չէր: Ի վերջոյ, ընթրիքին նպատակը համախմբուիլ եւ տօնը նշելն է եւ ոչ թէ` թերութիւններ փնտռելը…

Վերջին Վայրկեանի Դիւրին Եւ Արագ
Իրականացուող Յարդարանքներ

Շուտով Ամանոր է եւ ապա` Ծնունդ… Իսկ դուք զանազան պատճառներով տակաւին չէ՞ք յարդարած ձեր տունը… Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, քանի որ կան ոչ ծախսալից, արագ եւ դիւրին իրականացուող տօնական յարդարանքներ, մանաւանդ եթէ զուսպ,

«մինիմալիսթ» եւ պարզ յարդարանքի կողմնակից էք:

Այս յարդարանքները իրականացնելու համար ձեզի անհրաժեշտ են` նարինջ, ապակեայ շիշեր, մոմ, գինիի շիշի խցաններ, արհեստական փոքրիկ տօնածառ, ժապաւէն, չուան. այլ խօսքով` բաներ, զորս ձեռքի տակ ունիք: Ստորեւ` քանի մը խօսուն տարբերակներ:

Ա.- Լուսաւոր շիշեր,
Բ.- Բուրաւէտ մոմեր,
Գ.- Գինիի շիշերը զարդարող խցաններ
Դ.- Պատի յարդարանք,
Ե.- Ճնշումով շիշի իւրայատուկ յարդարանք,
Զ.- Տուրմով յարդարանք:

Խոհագիր

Տօնական Ձեւաւորումներ

Ստորեւ կը ներկայացնենք պանիրի եւ բանջարեղէններու հետաքրքրական ձեւաւորումներ, որոնք համահունչ են տօնական սեղանին ու մթնոլորտին: Բաղադրիչները շատ պարզ են` պանիրի տեսակներ, կլոր հացեր, ստեպղին, վարունգ, լոլիկ եւ այլն…

Նկարները բաւարար խօսուն են: Թելադրելի է այս ձեւաւորումները պատրաստել սեղան բերուելէ կէս ժամ առաջ, որպէսզի անոնք պահեն իրենց թարմ ու ախորժաբեր տեսքը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աշխարհի բոլոր Ձմեռ պապիները
խաբել են քեզ,
Երկի՛ր,
որովհետեւ նրանք քեզ միշտ
խաղաղութիւն են խոստացել
ու դու երեխայի պէս
հաւատացել ես…
Գիտե՞ս, ես այնքա՜ն էի ուզում
շուտ չմեծանալ,
բայց պատերազմներում
արագ են մեծանում,
պատահում է` մէկ օրուան մէջ:
Հիմա ես իսկապէս մեծ եմ,
բայց երեխաները էլի
շարունակում են շուտ մեծանալ`
էլի մէկ օրուան մէջ…
Սա տխուր Նոր տարի է,
Երկի՛ր,
որովհետեւ ո՛չ ես եմ այն նշելու, ո՛չ դու,
որովհետեւ ես ու դու
մենակ ենք իւրովի.
դա էն մենակութիւնն է,
որ ոչ մի նուէրի մէջ չի տեղաւորուի:
Աշխարհի բոլոր երեխաները
սպասում են Ձմեռ պապին,
իսկ երեսուն հազար երեխայ
միայն քեզ է սպասում,
որովհետեւ նրանց նամակներում
քո հասցէն է,
քո փողոցը,
քո հեռախօսահամարը:
Խաղաղութիւնը մնաց Ձմեռ պապի նամակներում,
ոչ ոք չպատասխանեց դրանց,
հիմա աշխարհի ամենահամարձակ
Ձմեռ պապին որտե՞ղ գտնեմ,
որ կարողանայ նայել
երեխաների աչքերին:
Գրկիր ինձ,
Երկի՛ր,
սա ամենացուրտ ձմեռն է,
Հայրաբար համբուրիր ճակատս,
ասա, որ  սպասում ես,
որովհետեւ ոչ մի հեռացող
քեզ չի ասել, որ յետ չի գալու:
(Հեռացողները դժբախտ մարդիկ են,
երջանիկները երբեք չեն հեռանում)…
Մեծ Քաղաքը
պատրաստւում է նոր տարուան,
տօնածառերը զարդարուել են:
Իմ ներսում ուրիշ քաղաք է,
էնտեղ  տօնածառերը դատարկ են,
2020-ից յետոյ
ոչ ոք չի զարդարել դրանք.
Վառիր իմ ներսի լոյսերը,
Երկի՛ր,
համոզիր ինձ, որ Նոր տարի է…

ՀԵՐՄԻՆԷ

2023 թ. դեկտեմբեր


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>