Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ցաւօք մեր օրերուն շատեր կը մտածեն, թէ գիրքը դիւրաւ փոխարինելի է պատկերասփիւռով կամ համացանցով: Այսպէս մտածողները կը մոռնան, որ պատկերասփիւռն ու համակարգիչը երբեք չեն փոխանցեր այն զգացումն ու տպաւորութիւնը, զորս կու տայ գիրքը: Շատ շատեր գիրքը իրենց ձեռքերուն մէջ բռնելով ու կարդալով կը տեղափոխուին բոլորովին տարբեր աշխարհ եւ կ՛անջատուին իրենց առօրեայ հոգերէն:
↧