Ս. Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար` օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով: Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է: Ս. Սարգիս պատմական անձը ապրած է 4-րդ դարուն, ան Կեսարիոյ հռոմէացի զօրավար էր, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր հալածանքներէն` իր տղուն` Մարտիրոսին հետ ապաստանած է Հայաստան, ապա անցնելով Պարսկաստան` զինուորական
↧