Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Գիրնալու 8 Պատճառ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1127_Weight-scaleՅաճախ գիրութիւնը կը կապենք շատ ուտելու եւ մարզանք չընելու հետ, սակայն կան այլ պատճառներ, որոնք անսպասելի եւ անհաւատալի են: Ահաւասիկ 8 պատճառ, որոնք թերեւս պատասխանեն «Ինչո՞ւ կը գիրնամ» հարցումին…

1

Սննդարար նիւթերու պակասը:

Եթէ դուք հաւասարակշռուած սնունդ չէք ստանար, կրնաք գիրնալ, նոյնիսկ եթէ քիչ կ՛ուտէք եւ մարզանք կ՛ընէք: Երկաթը, կիրը, մակնեզիոմը եւ Տէ. կենսանիւթը կենսական նիւթեր են, որոնք կարելի է ստանալ բնական աղբիւրներով:

2

Դեղահատերու գործածութիւնը:

Կարգ մը դեղահատեր, ինչպէս` հակաբեղմնաւորիչները, շաքարախտը կամ հոգեկան ընկճուածութիւնը դարմանող դեղերը կրնան գիրութեան պատճառ դառնալ: Նման պարագաներու, դիմեցէք մասնագէտ սննդագէտի, որպէսզի համապատասխան ճաշացուցակ եւ մարզանք թելադրէ:

3

Քունի պակասը:

Նոյնիսկ եթէ ամէն օր 6-7 ժամ կը քնանաք, սակայն ձեր մարմինը անհրաժեշտ չափով չի հանգստանար, դուք ենթակայ էք գիրնալու…

4

Վահանաձեւ գեղձի հարցեր:

Վահանաձեւ գեղձի հետ կապուած խանգարումները կրնան գիրցնել: Եթէ ձեր գիրութեան տրամաբանական պատճառներ չէք գտներ, դիմեցէք մասնագէտի մը, որպէսզի ճիշդ ախտաճանաչում մը կատարէ:

5

Դանդաղ մարսողութիւնը:

Մարսողական համակարգին մէջ «խցանուած» սնունդը նոյնպէս կրնայ գիրութիւն պատճառել: Նման պարագայի աղիքները կրնան դանդաղեցնել մարսողութեան ընթացքը եւ խնդրոյ առարկայ անձին մօտ յաւելեալ քիլոներ կուտակել:

6

Ընկճախտը (սթրես):

Ընկճախտը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ նիւթափոխականութեան վրայ եւ գիրութեան պատճառ կը դառնայ: Եթէ դուք ընկճախտէ կը տառապիք, ինքնաբերաբար ենթակայ էք գիրնալու, քանի որ այս վիճակը ձեզ կը մղէ յաւելեալ ուտելու:

7

Հոգեկան անկումը (տեփրեսիոն)

Եթէ հոգեկան անկումի պատճառով դեղահատեր կը գործածէք, բնականաբար ենթակայ էք գիրնալու, քանի որ այդ դեղահատերը ախորժակը գրգռելու յատկութիւն ունին: Նման կողմնակի ազդեցութիւններէ խուսափելու համար դիմեցէք ձեր բժիշկին, որպէսզի ձեզի առաջարկէ այլընտրանքային տարբերակներ:

8

Հենաշարժիչ համակարգի վիճակը:

Օսթէոարթրիտն ու այլ հիւանդութիւններ, որոնք կ՛ազդեն մկաններուն, ողնայարին եւ յօդերուն վրայ, կրնան նպաստել գիրութեան: Մասնագէտ բժիշկի մը ճիշդ ախտաճանաչումն ու դարմանումը կրնան բարելաւել ձեր առողջական վիճակը:

 

Նորաձեւութիւն

Աշնանային Պայուսակի
Նորաձեւ Տարբերակներ

Պայուսակը անփոխարինելի աքսէսուար է իւրաքանչիւր կնոջ համար, եւ տարուան իւրաքանչիւր եղանակին ձեւագէտները պայուսակի նոր ձեւեր ու ոճեր կը յղանան:

Այս աշնան համար ձեւագէտները կ՛առաջարկեն զանազան ձեւի, չափի եւ գոյնի հետաքրքրական նմուշներ:

1127_Bags1

1127_bags21127_bags3

 

 

 

 

 

 

Ձեռային Աշխատանք

Վիպական Մոմակալներ

1127_CandlesԱռէք պահածոյի ապակեայ շիշեր եւ անոնց շուրջ փակցուցէք աշնանային երփներանգ տերեւներ: Իւրաքանչիւր շիշի բերնին շուրջ ռաֆիայով մէկական հանգոյց կապեցէք եւ ապա իւրաքանչիւր շիշի մէջ վառած մոմ մը զետեղեցէք:

Այս շատ տպաւորիչ մոմակալները անբացատրելի մթնոլորտ մը պիտի ստեղծեն եւ գիշերուան մը համար պիտի ջերմացնեն ձեր հոգիները:

 

Գեղեցկագիտական

Ձէթով Դիմակներ

1127_Extra-Virgin-Olive-OilՁիթապտուղի իւղը` ձէթը հիանալի մաքրող եւ սնուցող է դէմքի եւ պարանոցի մաշկին համար:

Ամէն օր առաւօտեան եւ երեկոյեան մաշկը մաքրեցէք ձէթով:

Դիմակներ

Չոր մաշկի համար պատրաստեցէք հետեւեալ դիմակը. քերիչէ անցուցէք բանջարեղէններ (ստեպղին, դդում, գետնախնձոր, կաղամբ, բողկ…) կամ պտուղներ (պանան, ելակ, ծիրան, խնձոր…) աւելցուցէք ձէթ եւ ստացուած ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին եւ պարանոցին վրայ. սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:

1127_olive-oilՁէթին կարելի է աւելցնել խաղողի կամ քիուիի, նարինջի կամ աւոքատոյի ճզմուած միջուկ եւ խառնուրդը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ: Այս դիմակը հիանալիօրէն կը խոնաւցնէ մաշկը եւ կը թարմացնէ զայն:

Այս դիմակը պատրաստելու համար պէտք է մէկ ճաշի դգալ միջուկին աւելցնել մէկ ճաշի դգալ ձէթ:

Բնական մաշկի համար կարելի է ընտրել հետեւեալ բաղադրատոմսը: Ձէթը պէտք է խառնել ալիւրով (բրինձի, վարսակի, ցորենի): Պատրաստութեան համար 1 ճաշի դգալ ալիւրին աւելցուցէք քիչ մը ձէթ` խիտ զանգուած ստանալու համար:

– Չոր մաշկը փափկացնելու համար վերոյիշեալ խառնուրդին աւելցուցէք հարուած հաւկիթի դեղնուց մը:

– Թորշոմած մաշկի համար աւելցուցէք քիչ մը մեղր:

Ահաւասիկ դիւրին եւ արագ պատրաստուող, բայց` մանաւանդ աժան եւ ազդու դէմքի ծեփուկներ:

 

Խոհագիր

Հաւով Ապուր` Հաւկիթով Եւ Կիտրոնի Հիւթով

1127_Chicken-SoupԱհաւասիկ հայկական խոհանոցի ամէնէն դասական ապուրներէն մէկը, որ աշնանային անձրեւոտ օրերուն ջերմացնող եւ առողջարար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ.

Բաղադրութիւն

– Միջակ չափի խաշած հաւ մը
– 6 բաժակ հաւու արգանակ
– 2 հաւկիթ
– 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ լեցնել 6 բաժակ հաւու արգանակը եւ եռացնել, ապա կրակը թեթեւցնել:

Առանձին ամանի մը մէջ հարել հաւկիթները, մինչեւ որ փրփրին, աստիճանաբար աւելցնել կիտրոնին հիւթը, ապա կէս բաժակ եռացող արգանակէն` շարունակ հարելով: Ստացուած խառնուրդը աւելցնել արգանակին, եփել թեթեւ կրակի վրայ քանի մը վայրկեան, մինչեւ որ քիչ մը թանձրանայ:

Հրամցնելէ առաջ աւելցնել խաշած հաւուն կտորները եւ երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Այս Ծառը Սուրբ

1127_Zareh-KhrakhounyԾառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամէնօրեայ
Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման –
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես – չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի` առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ – ջուրն հանդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր…
Օ՜ տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս…:

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>