Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ձեռքերով խօսիլը, մազերուն հետ խաղալը, շուրթերը սեղմելը… այս փոքրիկ ժեսթերը, որոնք մենք անգիտակցաբար կ՛ընենք, երբեմն շատ բան կը բացայայտեն մեր մտադրութիւններուն եւ յոյզերուն մասին:
Զրոյցի Ժամանակ Քիթը Շփելը
Image may be NSFW.
Clik here to view.ԷՖ. Պի. ԱՅ.-ի նախկին գործակալ եւ հարցաքննութեան ժամանակ մարմնի լեզուն կարդալու փորձագէտ Ճօ Նաւարոյի կարծիքով, կասկածեալը, որ կը շփէ քիթը կամ վերին շրթունքը, անհանգստութիւն եւ ընկճախտ կը զգայ: Մէկ այլ մասնագէտի` Ֆիլիփ Թիւրշէի խօսքով, «քիթին տակ գտնուող տարածքը կապուած է ստելու հետ», հետեւաբար դիմացինին հետ զրոյցի ժամանակ, երբ մեր խօսակիցը յաճախ կը շփէ իր քիթը կամ վերին շրթունքը, պէտք է որոշ վերապահութեամբ ընկալել անոր խօսքերը:
Ձեռքերով Խօսիլը
Image may be NSFW.
Clik here to view.Խօսակցութեան ժամանակ ձեռքերու օգտագործումը շատ բնական է, սակայն ձեռքերու դիրքն ու կողմնորոշումը շատ բան կը պատմեն մեր հոգեվիճակին մասին:
Եթէ մեր ձեռքերը երկարած են դէպի մեր զրուցակիցը, ափերը դէպի անոր, մենք կը փորձենք հեռու մնալ անկէ, կամ համաձայն չենք անոր խօսքերուն:
Եթէ մեր ձեռքերուն ափերը մեզի ուղղուած են, ընդհակառակը, հանգիստ երկխօսութեան նշան է:
Հոգեբան Ճոզեֆ Մեսինճըր իր «Ձեզ դաւաճանող ժեսթեր» գիրքին մէջ կ՛ըսէ. «Ելոյթի ժամանակ ձեռքերը գրպաններուն մէջ դնելը համազօր է ինքզինք ուրիշներէն պաշտպանելու: Ինքզինք հանգստացնելու մտադրութեան»:
Շուրթերը Սեղմելը
Image may be NSFW.
Clik here to view.Մենք այս ժեսթը կ՛ընենք, երբ մեր կամքին հակառակ բան պատահած է, եւ մենք դժգոհ ենք, կ՛ըսէ Ճօ Նաւարօ, այսպիսով, մենք կը փորձենք թոյլ չտալ, որ բառը կամ ուժեղ յոյզը մեր մարմնէն դուրս գայ:
Շրթներու ծակծկոցը բոլորովին այլ իմաստ ունի` ենթական համաձայն չէ ըսուածին:
Մազերուն Հետ Խաղալը
Image may be NSFW.
Clik here to view.Ընդհանուր առմամբ, մազերուն հետ խաղալը ինքզինք հանգստացնելու միջոց է: Զրոյցի ժամանակ զանոնք հարթեցնելը, ոճաւորելը, բարձրացնելը, ոլորելը նաեւ ունին դիմացինը հմայելու, լարուած վիճակէն դուրս գալու մտադրութիւններ:
Այսպէս, եթէ դուք սանտրի պէս ձեր մատները կ՛անցընէք մազերուն մէջ, ասիկա յաճախ բարդ իրավիճակէ դուրս գալու փորձ է:
Մազերը տեւաբար ականջներուն ետեւ տանելով` դուք կը փորձէք ձեր վերահսկողութեան տակ պահել բարդ իրավիճակը:
Իսկ մարզերուն ծաւալ տալը, ոճաւորելը, կամ մատներուն միջեւ մազի փունջ մը սահեցնելով դէպի խօսակիցը ուղելը գայթակղութեան, դիմացինին ուշադրութիւնը գրաւելու մտադրութիւն ունի:
Ժողովի Ժամանակ Գրիչի, Մատանիի, Ակնոցի Հետ Զբաղիլը
Image may be NSFW.
Clik here to view.Այս ժեսթերը յաճախ մեքենական են: Մենք կը բռնենք որեւէ մօտակայ առարկայ (մատանի, գրիչ, ակնոց…) եւ կը սահեցնենք մեր մատներուն միջեւ. «Ասիկա կրնայ կեդրոնանալու միջոց ըլլալ. ան կ՛օգնէ մեզի մտածելու, կեդրոնանալու, երբ ստիպուած ենք նստած եւ անշարԺ մնալ», կ՛ըսէ մարմնի լեզուի վերծանող Ֆիլիփ Թիւրշէ: Անոր կարծիքով, եթէ իրը դէպի բերան կը տանինք, դրական նշան է. կը նշանակէ, որ հանգիստ ենք, հետաքրքրուած եւ յառաջդիմելու փափաք ունինք: Բայց եթէ ժողովի ընթացքին մեր ձեռքին տակ գտնուող իրը մեզմէ հեռու կը մղենք` դէպի սեղանին անկիւնը, նշան է, որ կ՛ուզենք հեռանալ քննարկուող նիւթէն:
Ինչ կը վերաբերի ակնոցին, երբ մատի ծայրով դէպի վեր, դէպի քիթը կը հրենք, այս ժեսթով կը փորձենք մեր միտքը թաքցնել կամ ետքայլ ընել: Իսկ եթէ ակնոցը կը պահենք մեր բութամատի եւ ցուցամատի միջեւ, զրուցակիցին հետ յարմարաւէտ եւ հանգիստ զգալու նշան է:
Հոգեբանին Կարծիքով…
Ի՞նչ Ընել, Որ Երեխան Երջանիկ Ու Պայծառ
Յիշողութիւններ Ունենայ Իր Մանկութենէն
Սէր` Առանց Նախապայմաններու
Ձեր երեխան կրնայ բարկացնել ձեզ, բայց անոր հանդէպ ձեր սէրը պէտք չէ որ փոխուի: Հետեւաբար կարելի չէ անոր ակնարկել, թէ «զինք կը սիրէք, եթէ…»: Երեխան պէտք է վստահ ըլլայ, որ ինք ձեր սէրը կը վայելէ անկախ ամէն ինչէ:
Երեխային Ժամանակ Տրամադրել
Image may be NSFW.
Clik here to view.Առհասարակ ծնողները մէկ-երկու ժամ կ՛ուրախանան երեխային խաղով, շարժումներով, թոթովանքով, իսկ յետոյ կ՛անցնին «աւելի կարեւոր» գործերու` պատկերասփիւռ դիտել, բջիջայինով տարուիլ, եւ այլն… Փոքրիկին կողքին նստիլը յատկապէս հայրերը կը համարեն զուտ ժամանակի կորուստ: Բայց իրականութեան մէջ երեխային հետ անցուցած իւրաքանչիւր ժամը կը լրացնէ անոր ուրախ մանկութեան յիշողութիւններու շտեմարանը: Այնպէս որ, երեխային կողքին յաճախ եղէք, միասին զրուցեցէք, խաղացէք եւ սորվեցուցէք անոր կեանքի հմտութիւնները:
Արգիլեցէք Միայն Այն, Ինչը Կը Սպառնայ Անոր Անվտանգութեան
Եթէ անդադար երեխային արգելքներ սահմանէք եւ «կարելի չէ»-ներու շարք մը ներկայացնէք, այդ պարագային մանկութենէն երեխային կը մնան ընդամէնը «բանտային» յիշողութիւններ: Արգիլեցէք միայն այն, ինչ որ կը սպառնայ անոր կեանքին կամ անվտանգութեան: Այլապէս ձգեցէք, որ իր չարաճճիութիւններով կազմաւորէ իր անհատականութիւնը:
Փորձեցէք Հասկնալ Եւ Ընդունիլ Երեխային Արժեհամակարգը
Որպէս ծնողք` պէտք է ընդունիք, որ երեխաները կ՛ապրին ուրիշ աշխարհի մէջ` կրնան իրենք իրենց հետ խօսիլ, կրնան խածնել, ցեխաջուրին մէջ ցատկելու, սանդուխները հակառակ ուղղութեամբ բարձրանալ… Որքան ալ տարօրինակ եւ անհեթեթ թուին անոնց ցանկութիւնները, փորձեցէք հասկնալ ու ընդունիլ զիրենք:
Յարգեցէք Երեխային Անհատականութիւնը
Ձեր երեխային հետ լուրջ վարուեցէք: Անոր մէջ յաճախ խորհրդակցեցէք, կարծիքը առէք: Տպաւորութիւնը, որ ան կը մասնակցի որոշումներու կայացման, որ` իր կարծիքը հաշուի կ՛առնուի, կը բարձրացնէ անոր ինքնագնահատականը եւ նաեւ յարգանքը` ձեզի հանդէպ:
Մի՛ Վախնաք Շատ Սէր Տալէ
Image may be NSFW.
Clik here to view.Ինչպէս մեծերը, երեխաները առաւել եւս սիրոյ եւ հոգատարութեան կարիք ունին: Յաճախ գրկախառնուեցէք, ամէն առիթով շոյեցէք ու քաղցր խօսքեր ըսէք: Սիրուած ըլլալու զգացումը որոշ ապահովութիւն եւ քաղցր յիշատակներ կը դրոշմէ անոր մէջ:
Մի՛ Քննադատէք Երեխան Իր Կամ Ուրիշներու Ներկայութեան
Երեխային սխալները քննարկեցէք առանձին եւ ոչ թէ ուրիշներու ներկայութեան: Այլապէս, բացառաբար կ՛ազդէք անոր ինքնագնահատականին վրայ: Այսպիսով, կը խաթարէք անոր մանկութեան յիշողութիւնները:
Բացատրեցէ՛ք
Ամենավատ պատասխանը, որ ծնողքը կու տայ երեխային, «դուն դեռ փոքր ես, չես հասկնար»-ն է: Փորձեցէք կարելի եղածին չափ հասկնալի ձեւով երեխային հարցումին պատասխանել: Նոյնիսկ եթէ չհասկնայ ան կը գնահատէ ձեր վերաբերմունքը:
Կեանքի Նպատակը
Բոլորը Գոհացնել Չէ
Image may be NSFW.
Clik here to view.57 տարեկան ամերիկացի անուանի դերասանուհի Ճուլիա Ռոպըրթց առիթով մը ըսած է.
«Կեանքի նպատակը բոլորը գոհացնել չէ: Ատիկա կը նշանակէ քաջութիւն ունենալ` ըլալու այն, որ ինչ որ ենք, նոյնիսկ եթէ պիտի հակադրուինք ուրիշներու ակնկալիքներուն:
«Ներողութիւն մի՛ խնդրէք ձեր ընտրութիւններուն համար, արդարացումներ ալ մի՛ գտնէք: Մարդիկ, որոնք իսկապէս կը սիրեն ձեզ, կը հասկնան ու կ՛ընդունին ձեզ: Իսկ անոնք, որոնք չեն հասկնար, նշանակութիւն չունին եւ ձեզի արժանի չեն:
«Ես հասկցեր եմ, որ պէտք չէ կառչիս անձի մը, որ քեզի չ՛աջակցիր: Կեանքը շատ կարճ է յարաբերելու համար մարդոց հետ, որոնք աւելի կը վերցնեն, քան կու տան:
«Բարի գտնուեցէք ձեր անձին հանդէպ եւ միշտ ընտրեցէք այն, ինչ կ՛երջանկացնէ ձեզ: Ի վերջոյ ձեր երջանկութիւնը ձեր պատասխանատուութիւնն է»:
Ծերութիւը Թոյլերուն Համար Չէ
Image may be NSFW.
Clik here to view.75 տարեկան ամերիկացի հռչակաւոր դերասանուհի Մերիլ Սթրիփ առիթով մը ըսած է.
«Ծերութիւնը թոյլերուն համար չէ: Օր մը կ՛արթննաս եւ կը հասկնաս, որ երիտասարդութիւնը ետիդ է, անոր հետ մէկտեղ անապահովութիւնը, շտապողականութիւնը եւ հաճոյանալու կարիքը նոյնպէս անհետացեր են:
«Կը քալես աւելի դանդաղ, բայց` աւելի ինքնավստահ: Դուն կը սորվիս հրաժեշտ տալ առանց վախի եւ սիրել մնացողները:
«Ծերանալ նաեւ կը նշանակէ ընդունիլ եւ հասկնալ, որ գեղեցկութիւնը երբեք մորթին մէջ չէ, այլ` պատմութեան, զոր կը կրենք մեր մէջ:
«Պէտք է ընդունիլ ծերանալը: Կեանքը թանկ է, եւ երբ դուն շատեր կորսնցուցեր ես, կը հասկնաս, որ իւրաքանչիւր օրը նուէր է»:
Խոհագիր
Ոսպով Ապուր`
Լոլիկով Եւ Ստեպղինով
Image may be NSFW.
Clik here to view.Բաղադրիչներ
– 3 ստեպղին կլոր կտրատուած
– 1 մանրուած սոխ
– 2/3 գաւաթ կանաչ ոսպ` խաշած եւ քամոցէ անցած
– 2 գաւաթ կեղուըւած եւ խիւսի վերածուած լոլիկ
– 4,5 գաւաթ արգանակ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1,5 թէյի դգալ սխտորի փոշի (կարելի է թարմը օգտագործել)
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Արգանակը կաթսային մէջ լեցնել, աւելցնել ոսպը, սոխն ու ստեպղինը:
Երբ եռալու սկսի, կրակը թեթեւցնել, կաթսային կափարիչը փակել ու եփել շուրջ 25 վայրկեան, մինչեւ որ բաղադրիչները փափկանան:
Աւելցնել` լոլիկի խիւսը, սխտորը, ազատքեղը, աղն ու սեւ պղպեղը. խառնել եւ 10 վայրկեան եւս եփել:
Ապուրը մատուցել տաք, երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով եւ լոլիկի շերտերով: Կարելի է օգտագործել նաեւ չոր լոլիկի շերտեր:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Ոսպը յագեցնելու յատկութիւնը ունի եւ յանձնարարելի է բոլոր անոնց, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին:
– Ոսպը հարուստ է սպիտակուցներով, որոնք անհրաժեշտ են մկաններու ճիշդ աշխատանքին եւ վերականգնման համար:
– Ոսպը հարուստ է երկաթով: Թէեւ անիկա բուսական երկաթ է եւ, հետեւաբար, աւելի քիչ կ՛իւրացուի մարմնին կողմէ, քան` միսէն ստացուած երկաթը, բայց եւ այնպէս, անիկա յանձնարարելի է արեան տկարութենէ տառապողներուն:
– Ոսպը կը պարունակէ լուծուող մանրաթելեր, որոնք կը պակսեցնեն սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:
– Հետազօտութիւններ հաստատած են, որ ոսպի կանոնաւոր օգտագործումը 32 առ հարիւրով կը նուազեցնէ հաստ աղիքի, կրծկագեղձի կամ շագանակագեղձի քաղցկեղի յառաջացման վտանգը:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
… Որքա՜ն քաղցր ու գօտեպնդող է, ամէն տարի, Վարդանանցի օրը, ազգովին համախմբուիլ մեր մեծ նախահօր յիշատակին շուրջ եւ զգալ, թէ դարեր առաջ մեր ժողովուրդի ճակատագիրը ազատութեան ի խնդիր թափուած արիւնով գրող Վարդաններ ունեցած ենք, որոնք չեն վարանած իրենց կեանքը զոհելու սերունդներու փրկութեան գործին: Մեր կրօնը, լեզուն, գիրը եւ մշակոյթը մեծագոյն անձնազոհութեամբ եւ անխորտակելի վճռականութեամբ պահպանող մարտիկներ:
… Վարդանանց օրը տօնել` կը նշանակէ հաղորդուիլ անոնց ոգիին եւ այդ ոգիով անվհատ պայքար մղել ամէն կարգի բռնատիրութեանց դէմ, որոնք կը փորձեն ժողովուրդի մը ազգային իրաւունքները խլել եւ խղճի, մտքի ու հոգիի ազատութիւնը խեղդել:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ