Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 579 articles
Browse latest View live

Առողջապահական. Աւելի Աշխուժ Ուղեղ Մը Ունենալու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ահաւասիկ 10 դիւրին միջոցներ` աւելի աշխուժ եւ արթուն ուղեղ ունենալու համար

-1-

graine-germee-salade

 

 

 

 

 

 

Օրական ծլած հատեղէն կերէք, անոնք չափազանց հարուստ են կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Զանոնք գործածեցէք կերակուրներու, աղցաններու, կարկանդակներու եւ ապուրներու պատրաստութեան մէջ:

 -2-

Խորո՛ւնկ շնչեցէք, թթուածինը ուղեղին 2 գլխաւոր «վառելանիւթերէն» մէկն է: Խուսափեցէք ապականած վայրերէ եւ բնութեան գիրկը ապաստանեցէք հոն մաքուր օդ շնչելու համար:

-3-

Օրական նուազագոյնը 7 ժամ քնացէք. քունը կը հանգստացնէ յոգնած ուղեղը, կը բարելաւէ կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը:

- 4-

Շաքա՛ր կերէք: Այո՛, շաքարէ մի՛ զրկէք ձեր ուղեղը. անիկա կը գործածէ մարմնին կլիւքոզին 60 առ հարիւրը: Անշուշտ պէտք է խուսափիլ շաքարի որոշ տեսակներէն եւ նախընտրութիւնը տալ թարմ պտուղներուն եւ ան ալ` չափաւո՛ր:

-5-

909e5297

 

 

 

 

 

 

Մոցարթ մտիկ ըրէք: Հաստատուած է, որ երաժշտութեան ունկնդրութիւնը կը խթանէ մեր երեւակայութիւնը, յուզումներն ու տրամաբանութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ Մոցարթի գործերը ունկնդրող անձերը աւելի խելացի կ՛ըլլան. եւ ինչո՞ւ չփորձել…

- 6 -

Դուրս եկէք միօրինակ կեանքէն: Միշտ նոր ծրագիրներ մշակեցէ՛ք, ճամբորդեցէ՛ք, մարզաձեւի մը հետեւեցէ՛ք, գծագրութեան կամ ծաղկայարդարանքի դասընթացքներու արձանագրուեցէ՛ք, միութեան մը կամ բարեսիրական կազմակերպութեան մը անդամակցեցէ՛ք:

-7-

manger-du-poisson-ferait-vivre-plus-vieux

 

 

 

 

 

 

Լաւ տեսակի իւղեր սպառեցէք: Լաւ տեսակի ըսելով` կը հասկնանք Օմեկա 3, Օմեկա 6: Առանց վարանումի` կերէք աւոքատօ, ձկնեղէն եւ սպառեցէք ընկոյզի եւ քոլզայի իւղ:

- 8 -

Ամէն առտու հայելիին առջեւ ժպտեցէ՛ք: Արդէն գիտենք խնդուքին բարեգործ ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ: Սակայն, տրուած ըլլալով որ մեր օրերուն մարդիկ շատ ալ խնդալու պատճառ չունին, առնուազն ժպտելու պզտիկ փորձ մը ըրէք ձեր ուղեղին օգտին համար:

-9-

Shopping1_-_Fotolia_36661695_XS

 

 

 

 

 

Սթրես, ապականում, ծխախոտ… այս բոլորը կը նպաստեն ուղեղին կանխահաս ծերութեան: Պաշտպանուելու համար կերէք կենսանիւթերով եւ մասնաւորաբար Սէ. կենսանիւթով հարուստ պտուղներ եւ կանաչեղէններ:

-10-

Հրաժարեցէք ծխախոտէն, խմիչքէն, քնաբեր եւ հանդարտեցուցիչ դեղահատերէն. բոլորն ալ կը վնասեն ուղեղին:

 

 

 

Գեղեցկագիտական

Կիտրոնով Դիմակներ

14618Կիտրոնով պատրաստուած շատ մը դիմակներ կրնան լուծել դէմքի մորթին հետ կապուած հարցեր.

ա.- Մորթին ծակտիկները սեղմելու համար

Հաւկիթի դեղնուցին աւելցուցէք ապուրի դգալ մը մածուն եւ ապուրի դգալ մը ալ կիտրոնի հիւթ, միատեղ խառնեցէք եւ ստացուած միատարր նիւթով ծեփեցէք ձեր դէմքը:

Այս դիմակը կ՛օգնէ մորթին ծակտիկները սեղմելու եւ մանր բշտիկները դարմանելու:

***

Բ.- Մորթը սնուցանելու համար

Կէս կիտրոնի հիւթին աւելցուցէք ապուրի դգալ մը մեղր եւ թէյի դգալ մը ձէթ: Խառնեցէք եւ ստացուած միատարր նիւթով ծեփեցէք ձեր դէմքը:

Այս դիմակը կը սնուցանէ մորթը եւ զայն կը դարձէ աւելի թարմ եւ առողջ:

***

Գ.- Կնճիռները թեթեւցնելու համար

Սուրճի գաւաթ մը խաշած կարմիր լուբիան մաղէ անցուցէք, աւելցուցէք քիչ մը ձէթ եւ կէս կիտրոնի հիւթ, ստացուած խիւսով ծեփեցէք ձեր դէմքը, յատկապէս` կնճռոտ մասերը:

Այս ծեփուկը կը թեթեւցնէ կնճիռները եւ կ՛ուշացնէ նորերուն յայտնութիւնը:

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Ինչպէ՞ս Կտրել
Տարբեր Տեսակի Պանիրները

Երբ պանիրի ափսէն սեղան կը բերուի, կարելի է պանիրները կտրտուած բերել, բայց ինչպէ՞ս կտրտել տարբեր ձեւի, չափի եւ տեսակի պանիրները:

Նախ եւ առաջ պայման է, որ պանիրներու ափսէին կողքին սեղան բերուի յատուկ դանակ կամ դանակներ: Մէկ դանակ բերուելու պարագային նախընտրելի է, որ անոր ծայրամասը երկուքի բաժնուած ըլլայ կտրուած պանիրի կտորը բռնելու եւ պնակին մէջ տեղաւորելու համար:

Կարգ մը պանիրները դիւրին կտրելու համար, պանիրի դանակը տաք ջուրի տակ բռնել, չորցնել եւ ապա գործածել:

Ստորեւ տրուած նկարին վրայ բաւական յստակ կ՛երեւին տարբեր ձեւի պանիրներու կտրուածքները:

 

 

set-couteaux-a-fromage

fromage-decoupe

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Արագ Լուծումներ

Աղի Կերակուր

Եթէ կերակուրի պատրաստութեան ժամանակ սխալմամբ աղի քանակը «փախաւ», մի՛ տագնապիք, առէք միջակ գետնախնձոր մը, կեղուեցէք, լուացէք եւ ապա զայն աւելցուցէք կերակուրին մէջ եւ ձգեցէք, որ հետը եփի: Աւարտին, գետնախնձորը հանեցէք եւ պիտի նկատէք, որ ձեր կերակուրը նախկինին նման աղի չէ:

Եթէ կերակուրի պատրաստութեան ժամանակ սխալմամբ աղի քանակը «փախաւ», մի՛ տագնապիք, առէք միջակ գետնախնձոր մը, կեղուեցէք, լուացէք եւ ապա զայն աւելցուցէք կերակուրին մէջ եւ ձգեցէք, որ հետը եփի: Աւարտին, գետնախնձորը հանեցէք եւ պիտի նկատէք, որ ձեր կերակուրը նախկինին նման աղի չէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Թա՞րմ, Թէ՞

Good-ok-Bad-Egg

Եթէ ժամանակէ մը ի վեր սառնարանը հաւկիթ ունիք եւ կ՛ուզէք ստուգել անոնց թարմութիւնը, խոշոր փոս ամանի մը մէջ ջուր լեցուցէք եւ հաւկիթները մէջը աւելցուցէք: Անոնք, որոնք ամանին յատակը մնացած են, թարմ են: Անոնք, որոնք ջուրին երեսը բարձրացած են, պէտք է անմիջապէս թափել: Անոնք, որոնք ջուրին կէսերուն են, կարելին է առաջին առիթով օգտագործել, սակայն` ո՛չ հում, ո՛չ ալ թերխաշ:

 

 

 

 

 

Այրած Տապակ

dirty-pans

Եթէ ձեր տապակին յատակը այրած է, ճերմակ քացախ եւ պնակեղէն լուալու հեղուկ դեղ դրէք եւ տապակը թեթեւ կրակի վրայ ձգեցէք քանի մը վայրկեան: Տապակը կրակին վրայէն հանեցէք եւ յատուկ սպունգով մը շփելով` մաքրեցէք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Սխտորով Հաց

59456106Բաղադրութիւն

- Ֆրանսական պակեթ հաց կամ որեւէ տարբերակ
- 100 կրամ սենեակի ջերմութեամբ կակուղ կարագ
- Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
- 4 պճեղ ճզմուած սխտոր
- Սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Փուռը նախապէս տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:

Ամանի մը մէջ դնել կակուղ կարագը, ճզմուած սխտորը եւ պատառաքաղով մը ճզմել ու խառնել` միատարր խիւս մը ունենալու համար: Աւելցնել մանրուած ազատքեղը եւ սեւ համեմը ու դարձեալ խառնել:

Շերտուած հացերուն երեսները ծեփել այս խիւսով, ապա իրարու միացնել` հացին սկզբնական ձեւին վերածելով:

Ալիւմինիոմ թուղթի մէջ փաթթել շերտերը եւ տաք փուռին մէջ եփել 5-6 վայրկեան, ապա ալիւմինոմ թուղթը հանել եւ 5 վայրկեան եւս փուռը եփել, որպէսզի հացը քիչ մը կարծրանայ եւ գոյն ստանայ:

Հացի այս շերտերը կը հրամցուին աղցաններու, մսեղէններու եւ ապուրներու կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երկարիր, Ամպրոպ…

p381Երկարի՛ր, ամպրոպ, եւ հնար տուր ինձ,
Որ կարողանամ քո մէջ մխրճուել.
Որ կարողանամ նորից ու նորից
Քեզ հետ տառապել ու քեզ հետ հրճուել:

Ես յոգնած եմ շատ… հոգուս մէջ աղօտ
Ցոլում է միայն լոյսը թախծութեան,
Իսկ դու խաւարիդ ու հրիդ խաղով
Նման ես այնպէս նախաստեղծութեան:

Ամպերիդ տակից մերթ – մերթ շառաչով,
Շողում, դողում են հրեղէն ծառեր,
Թւում է, թէ մէկն իր ահեղ աջով
Ուզում է այդտեղ դրախտ արարել:

Պարզի՛ր կայծակէ քո ձեռքը մաքուր,
Օգնական եղիր, որ քո գիրկը գամ,
Թափառեմ քո մէջ որպէս շանթ ու հուր
Եւ ամպի նման մի կուշտ հեկեկամ:

Մարգարէները` երկրից հալածուած,
Քո մէջ են, գիտեմ, գտել ապաստան,
Ու թող ինձ որպէս կայծակի հարուած,
Իրենց հրեղէն պատգամները տան:
Ես մաքրութեան եմ այնպէս կարօտել,
Ինձ ոտից գլուխ նորիր ու կնքիր,
Տո՛ւր իմ երակին շանթի շէկ մի թել,
Տո՛ւր խորհրդաւոր հուրը երկնքի:

Եւ այդպէս կնքուած, ցած բեր ինձ վերից,
Դի՛ր իմ հայրենի քարափի թեւին,
Որ կարողանամ ապրել ես նորից,
Որ կարողանամ այրուել ոգեւին…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 


Տօներ – Աւանդութիւններ. Խաղողօրհնէք –Աստուածածնի Վերափոխման Օր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

0814GrapesՍ. Աստուածածնի վերափոխման կամ խաղողօրհնէքի տօնը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ կը նշուի ամէն տարի օգոստոս 15-ի ամենամօտ կիրակին:

Աւանդութեան համաձայն, այդ օրը մարդիկ եկեղեցի կը տանին խաղողի առաջին բերքը: Օրհնուած բերքը կը բաժնուի հաւատացեալներուն եւ պարտադիր է, որ խաղողը համտեսուի միայն օրհնուելէն ետք:

Կարգ մը ազգագրագէտներու համաձայն, խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը կու գայ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն եւ կապուած է Նաւասարդի տօնին հետ: Խաղողօրհնէքը անցեալին եղած է պտղաբերութեան եւ մայրութեան աստուածուհի` Անահիտի փառաբանման օրը: Այդ օրը մարդիկ մատաղ կ՛ընէին եւ Անահիտին կը զոհաբերէին իրենց առաջին բերքը:

Խաղողի օրհնութենէն բացի, կը կազմակերպուէին տօնական երգ, պար եւ խաղեր: Ճոխ սեղաններ կը սարքուէին աւանդական պտուղներով եւ ուտեստներով:

Հետագային, քրիստոնէական շրջանին, խաղողօրհնէքի տօնը եկեղեցին միացուց Աստուածածնի վերափոխման տօնին: Եկեղեցին կ՛օրհնէ միայն խաղողը, որովհետեւ անիկա կը համարուի ազնուագոյն պտուղներէն մէկը եւ խաղողէն է, որ կը պատրաստուի պատարագի գինին, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը:

Աստուածածնայ տօնին յաջորդող օրը մեռելոց է: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք հաւատացեալները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները:

Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, Աստուածածնի վերափոխման տօնին տօնելի են` Մարիամ, Մարօ, Մարի, Տիրուհի, Սրբուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Արեգ, Արեւիկ, Աղաւնի, Մարգարիտ, Նազելի, Պերճուհի, Արշալոյս, Գեղանի… անունները:

 

Անահիտ Աստուածուհին

54975603Անահիտ հայերու մայրութեան, զգաստութեան եւ պտղաբերութեան աստուածուհին է: Անահիտը Արտաշատ քաղաքի հովանաւորողն էր, հայերու գերագոյն աստուածուհին: Անիկա նաեւ կոչուած է Մեծ Տիկին, Ոսկեմայր, Ոսկեծղի, Ոսկեմատն: Անահիտի գլխաւոր տաճարը կը գտնուէր Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանը, այդ պատճառով ալ ամբողջ գաւառը կոչուած է Անահտաւան:

Անահիտին նուիրուած մեհեաններ կային նաեւ Արտաշատի, Արմաւիրի, Քաջարանի, Անահտաձորի, Աշտիշատի, Վասպուրականի եւ այլ վայրերու մէջ:

Անահիտի բոլոր տաճարներն ու արձանները անխնայ ոչնչացուած են: 19-րդ դարուն Փոքր Հայքի Սատաղ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է Անահիտի պրոնզաձոյլ դիմաքանդակը, որ ներկայիս կը գտնուի Լոնտոնի թանգարանը: 1968-էն անոր կրկնօրինակը կը գտնուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանը:

Սովորութիւն էր Անահիտի տօնը մեծ շուքով տօնել ապրիլ 6-ին` որպէս մայրութեան օր, եւ օգոստոս 15-ին` որպէս առաջին բերքի զոհաբերութեան օր` խաղողօրհնէքի տօն:

 

Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ

mauvaise-gestion-du-frigoԱշխարհի չորս ծագերուն տարեկան թոներով ուտելիք կը թափուի աղբամաններուն մէջ, այս անընդունելի վատնումին առաջքը կարելի է առնել, եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը աւելի ուշադիր ըլլայ ուտելիքներու պահպանման ձեւին:

 1

- Թելադրելի է սառած ուտելիք մը հալեցնելու համար զայն սառցարանէն ուղղակի դուրս հանել եւ սենեակի ջերմաստիճանով պահել:

ՍԽԱ՛Լ. սառած ուտելիք մը հալեցնելու լաւագոյն ձեւը զայն սառցարանէն սառնարանին վարի բաժինը փոխադրելն է: Հալելու գործընթացը կրնայ տեւել քանի մը ժամ կամ ամբողջ գիշեր մը` նայած ուտելիքին ծաւալին եւ տեսակին: Այլ միջոց մը` մանրալիքը, եթէ կ՛աճապարէք, կրնաք ուտելիքը քանի մը վայրկեանի ընթացքին հալեցնել մանրալիքի միջոցով:

Ի մտի ունեցէք, որ 5 աստիճանէն սկսեալ մանրէներ կը բազմանան ուտելիքներուն մէջ, հետեւաբար սենեակի ջերմաստիճանով ուտելիք դուրս մի՛ ձգէք: Չմոռնաք նաեւ, որ սառած եւ հալած ուտելիք մը կարելի չէ կրկին սառցարանը դնել` ուրիշ առիթով մը ուտելու համար:

2

- Ուտելիքները կարելի է տարիով սառցարանը պահել:

ՍԽԱ՛Լ. ոչ բոլոր ուտելիքները: Միջազգային առողջապահութեան չափանիշներով պտուղներն ու բանջարեղէնները կարելի է 1 տարի սառցարանը պահել: Միսերը, նայած տեսակին, կարելի է պահել 1-10 ամիս: Ձկնեղէններն ու ծովային պտուղները առաւելագոյնը 6 ամիս կարելի է պահել, իսկ լազանիան, թարթերը եւ եփուած կերակուրները` 1-10 ամիս:

3

- Ուտելիքներու աւելցածները սառնարանը կարելի է պահել 2-3 օր:

ՃԻ՛ՇԴ. ուտելիքներու աւելցածները կարելի է սառնարանը ապահով պահել առաւելագոյնը 3 օր: Զանոնք պէտք է տեղաւորել կափարիչով օժտուած ամաններու մէջ եւ զետեղել սառնարանին վերի դարանին վրայ:

4

- Կաթնեղէնները եւս կարելի է սառեցնել:

ՃԻ՛ՇԴ. կաթը, կարագը, սերը, պանիրն ու մածունը կարելի է սառեցնել մինչեւ 6 ամիս: Ասոնցմէ ոմանք` մածունը, սերը հալելէ ետք կրնան կորսնցնել իրենց սահուն, ողորկ կազմուածքը` առանց սակայն վնասակար դառնալու:

5

- Պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն պահպանման տեւողութիւնը կը տարբերի ըստ տեսակի:

ՃԻ՛ՇԴ. կեռասը, ծնեբեկը, սունկն ու խաղողը կարելի է սառնարանը պահել 3-5 օր: Սալորը, լոլիկը, հազարը, վարունգը եւ կանաչ սոխը սառնարանին մէջ կը դիմանան մէկ շաբաթ, ճակնդեղն ու կաղամբը` 2-3 շաբաթ: Խնձորը ամէնէն երկար դիմացող պտուղն է. անիկա սառնարանին մէջ իր թարմութիւնը կը պահէ մինչեւ 6 ամիս:

 

Համոզիչ Պատճառներ Ակռայի
Խոզանակը Չնետելու Համար

Ատամնաբուժները կը թելադրեն ակռայի խոզանակները նորոգել 3 ամիսը անգամ մը, իսկ հինը մի՛ նետէք, կրնաք զայն օգտագործել զանազան բաներու:

Պատերուն վրայէն մատիտի եւ ներկի հետքերը մաքրելու համար:

Պատերուն վրայէն մատիտի եւ ներկի հետքերը մաքրելու համար:

Մազի խոզանակը մաքրելու համար:

Մազի խոզանակը մաքրելու համար:

Կօշիկներուն ներբանը մաքրելու համար:

Կօշիկներուն ներբանը մաքրելու համար

 

 

 

 

 

 

 

 

- Ձեր յօնքերը սանտրելու համար:

- Սալաքարերուն ճեղքերը մաքրելու համար:

- Մազերը ներկելու համար:

- Խոհանոցի կարգ մը ելեկտրական մեքենաներ մաքրելու համար:

- Եղունգները մաքրելու համար:

- Շապիկներուն օձիքները մաքրելու համար:

- Ծորակներուն շուրջը մաքրելու համար:

 

 

 

Խոհագիր

Հաւով Պրոքոլի

SDC15627Բաղադրութիւն

- Միջակ չափի պրոքոլի մը (կանաչ ծաղկակաղամբ)
- 2 հաւու կուրծք
- 2 ապուրի դգալ շուշմայ
- Սոյա թացան ըստ ճաշակի
- 1 թէյի դգալ շուշմայի իւղ

Պատրաստութիւն

Պրոքոլին մասերու բաժնել եւ 2-3 վայրկեան եփել եռացող աղի ջուրի մէջ, ապա` քամոցի մէջ փոխադրել:

Հաւուն կուրծքերը խաշել, բզկտել, եւ չփակչող յատակով տապակի մէջ շուշմայի իւղի մէջ կարմրցնել: Ապա աւելցնել կէս բաժակ ջուր, սոյա թացանը եւ շուշման ու բոլորը միատեղ խառնել: Խառնուրդին աւելցնել պրոքոլին եւ կրկին խառնել ու թեթեւ կրակի վրայ 3 վայրկեան եփել` ի հարկին երբեմն քանի մը կաթիլ ջուր աւելցնելով:

Հրամցնել տաք, նախընտրաբար պասմաթի բրինձով եղինձի կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Չըսի՞

0814mateossՄութը չիջած, իրիկուընէ,
Իրեն ըսի, թէ ինձ համար
Սէրը տժգոյն ծաղիկ մըն է,
Զոր շունչիս տակ չէի կրնար
Ապրեցընել – լուռ, կը խնդար…

Մութը չիջած, իրիկուընէ,
Իրեն ըսի, թէ ինձ համար
Սէրը հիւանդ կարապ մըն է,
Զոր շրթունքներս չէին կրնար
Կեանքի բերել – լուռ, կը խնդար…

Մութը չիջած, իրիկուընէ
Իրեն ըսի, թէ ինձ համար
Սէրը մեռնող նշոյլ մըն է,
Զոր իմ հոգիս ա՛լ չէր կրնար
Բոցավառել – լուռ, կը խնդար…

Ու լուսնին տակ, կէս-գիշերին,
Երբ կ՛իջնէինք բլուրն ի վար`
Կը կշտամբէր զիս հոգեւին.
«Տե՛ս, հիւանդ եմ, ու չե՛ս գթար»,-
Կը մրմնջէր ու լուռ կու լար…

Բայց ես իրեն չըսի՞, չըսի՞,
Իրիկուընէ, մութը չիջած,
Թէ ցուրտ Հովէն եթէ մսի`
Այս հոգիովս, ցաւէն շիջած,
Չէի՛ կրնար հուր տալ, չըսի՞…

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

 

 

 

 

 

Գործնական Գիտելիքներ. Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ Ճանճերէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամրան եղանակին հետ ի յայտ կու գան զզուելի ճանճերը: Այս արագ բազմացող եւ մանրէներու բոյն միջատները առաւելաբար կը նուաճեն մեր խոհանոցները` մերթ թառելով ուտելիքներուն վրայ, մերթ` աղբամանին: Ահաւասիկ կարգ մը գործնական թելադրանքներ` անոնցմէ ձերբազատելու համար:

  • Որքան տունը մաքուր ըլլայ, այնքան ճանճերը հեռու կը մնան մեզմէ: Սակայն ասիկա բաւարար չէ.
բ.- Պատուհաններուն եւ պատշգամներուն եզերքը զետեղեցէք ռեհանի, անանուխի, լաւանտի թաղարներ:

բ.- Պատուհաններուն եւ պատշգամներուն եզերքը զետեղեցէք ռեհանի, անանուխի, լաւանտի թաղարներ:

ա.- Տան դռներն ու պատուհանները օժտեցէք մժեղարգել ցանցերով:

ա.- Տան դռներն ու պատուհանները օժտեցէք մժեղարգել ցանցերով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

դ.- Խոհանոցի դրան կամ պատուհանին մօտ զետեղեցէք սխտորի հիւսք մը:

դ.- Խոհանոցի դրան կամ պատուհանին մօտ զետեղեցէք սխտորի հիւսք մը:

գ.- Տան տարբեր անկիւնները զետեղեցէք նարինջներ, որոնց վրայ հաստատած ըլլաք մեխակի գամեր:

գ.- Տան տարբեր անկիւնները զետեղեցէք նարինջներ, որոնց վրայ հաստատած ըլլաք մեխակի գամեր:

 

 

 

 

 

 

 

 

ե.- Խոհանոցը զետեղեցէք կիսուած սոխ պարունակող պնակ մը:

զ.- Խոհանոցը զետեղեցէք կեղուըուած սխտորի պճեղներ:

  • Երբ սառնարանը բանաք, անմիջապէս առէք ձեր փնտռածը եւ դուռը շուտով փակեցէք, որպէսզի սխալմամբ ճանճ չմտնէ:
  • Աղբամանը թող օժտուած ըլլայ կափարիչով, աղբի կերպընկալ տոպրակները յաճախակի փոխեցէք, իսկ աղբամանը տեւաբար օճառ-ջուրով լուացէք:
  • Անշուշտ կարելի է օգտագործել նաեւ միջատասպան դեղերը, որոնք թէեւ ազդու են, բայց` ոչ առողջապահական:

 

Հետաքրքրական

Տիանա Աբգար
Աշխարհի Առաջին Կին Դեսպանը

13.03_Diana-ApkarԹէեւ աշխարհի առաջին կին դեսպան համարուած է Ալեքսանտրա Քոլոնտան, որ 1923-1952 թուականներուն Խորհրդային Միութեան դեսպանի պաշտօն վարած է յաջորդաբար Նորվեկիոյ, Մեքսիքայի եւ Շուէտի մէջ, սակայն իրականութիւնը տարբեր է: Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Տիանա Աբգարը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան նշանակուած է Ճափոնի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ 1925-ին, այսինքն` Ալեքսանտրա Քոլոնտայէն 3 տարի առաջ:

Ո՞վ Է Տիանա Աբգար

Տիանայի բունը անունը Անահիտ է. անոր նախնիները նորջուղայեցիներ էին: Մայրը եղած է հանրայայտ հնդկահայ վաճառական, գրող, թարգմանիչ: Հետագային անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքը, ուր ան անգլիական կրթութիւն ստացած է:

1890-ին Աբգար ամուսնացած է ծնունդով նորջուղայեցի Միքայէլ Աբգարեանի հետ: Ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է Չինաստան, ուրկէ մեկնած են Ճափոն եւ հոն ալ հաստատուած են: Հոն Միքայէլը մետաքսի վաճառականութեամբ զբաղած է եւ հիմնած` «Կրէյթ Իսթըրն» պանդոկը:

1906-ին ամուսինին անակնկալ մահէն ետք Տիանան իր զաւակներուն հետ տեղափոխուած է Եոքոհամա, ուր բացած է մեծ վաճառատուն եւ առեւտուրը շարունակած` Չինաստանի, Ա. Մ. Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ: Եոքոհամայի մէջ Տիանան նաեւ գնած է շքեղ առանձնատուն մը, որուն դռները միշտ բաց եղած են օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն եւ հայ գաղթականներուն առջեւ:

Հրապարակախօս Եւ Գրագէտ

Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Տիանան ելոյթ ունեցած է հայ ժողովուրդին նուիրուած դասախօսութիւններով, յօդուածներով եւ աշխատակցած է Եոքոհամայի «Տը Ճափան Կազեթ» թերթին:

Տիանա Աբգարի (անգլերէն գրուած) գործերէն են` «Ճշմարտութիւնը հայութեան ջարդերու մասին» (1910) «Հայկական հարցը», «Դաւաճանուած Հայաստան» (1912), «Իր անունով» (1911), «Եւրոպայի խաղաղութիւնը», «Խաղաղութեան հարցը» (1912):

Տիանա ընդառաջելով «Թայմզ», «Ֆիկարօ» եւ այլ թերթերու դիմումներուն` յօդուածներ գրած է Արեւելքի երկիրներու տնտեսութեան մասին:

Բացի հայերէնէն եւ անգլերէնէն` Տիանան տիրապետած էր նաեւ հնդկերէնին, ճափոներէնին եւ չինարէնին:

Լիազօր Դեսպան

1920 յուլիս 2-ին Տիանա Աբգար նշանակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ եւ գլխաւոր հիւպատոս` ծայրագոյն Արեւելքի, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Ճափոնի մէջ:

Պահպանած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանին նամակը` ուղղուած Տիանա Աբգարին: Նամակին մէջ Օհանջանեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աբգարին` նորածին հայրենիքի շահերը պաշտպանելու եւ հայրենակիցներու ծանր վիճակը թեթեւցնելուն համար:

Տիանա մեռաւ 1937-ին, թաղուեցաւ Եոքոհամայի օտար երկրացիներու գերեզմանատունը, ամուսինի կողքին:

2010-ին Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը երեկոյթ մը կազմակերպեց Տիանայի 141-րդ տարեդարձին առիթով: Ներկայ էին անոր թոռն ու ծոռը, որոնք դեսպանութեան նուիրեցին իրենց ընտանիքին պատկանող արխիւային նիւթեր, ինչպէս նաեւ` Տիանային ուղղուած Հ. Օհանջանեանի նամակին լուսապատճէնը:

 

Խոհագիր

Խորոված Բանջարեղէնով
Դդմաճ

farfalle-bresaolaԲաղադրութիւն

500 կրամ ֆարֆալէ խմոր (թիթեռնիկի ձեւով)
4 պճեղ սխտոր` շատ մանր մանրուած
1 սոխ` խորանարդաձեւ մանրուած
1 սմբուկ` կեղուըւած եւ խորանարդաձեւ կտրտուած
3 դդում` խորանարդաձեւ կտրտուած
4 կարմիր պղպեղ` խորանարդաձեւ կտրտուած
1/3 գաւաթ ձէթ
1/3 գաւաթ փեսթօ թացան
1/3 գաւաթ տաշուած փարմըզան
սեւ համեմ, աղ
1/4 գաւաթ խորոված սնոպար

Պատրաստութիւն

Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ խմորը խաշել եւ քամոցի մէջ փոխադրել:

Տապակի մը մէջ ձէթը տաքցնել եւ աւելցնել սխտորը, սոխը, սմբուկը, դդումն ու պղպեղը եւ շուրջ 10 վայրկեան եփել:

Խաշած խմորը աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ, նոյնպէս ալ` փեսթօ թացանը եւ պանիրը: Աղել, համեմել եւ զգուշութեամբ խառնել:

Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ զարդարել սնոպարի հատիկներով:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Արեւին0821misakmedzarenz1Հարաւի մեղմ ու լիաշունչ հովին հետ,

Որ վաղուց երազուած համբոյրի մը պէս,
Իմ սիրակարօտ հոգիս հեշտանքով կը լիացնէ,
Շողա՛, ո՜վ արեւ, շառափներովդ ոսկեծայր,
Մառախլապատ երկունքիս մէջ`
Ուր Մտածումը կը դեգերի ուղեմոլար,
Շողա՛, շողա՛, բարի՜ արեւ, հիւա՛նդ եմ…
Պատուհանիս հեղուկ ծոցին մէջ ինկած խելայեղ,
Միջօրէի հեշտադալար ու բոցակապ երազին գիրկը,
Թեւատարած կը սպասե՜մ.
Պըլլէ՜ զիս բոցեղէն ցանցերուդ մէջ,
Ու օրօրէ՜ ջերմագին,
Ու կիզանուտ համբոյրիդ տակ
Թող հոգւոյս մէջէն անցնին կարգաւ
Մանուկներն ընդարմացած:
Մինչեւ որ
Կանգնիմ նորէն ու անցնի՜մ դարձեալ
Տարփանքիս խանդաղատ ճամբաներէն:
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ շողա՜, շողա՜…
Հոգիս թռչնիկ մըն է,
Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ,
Բայց երգը, որ իր ալուցքէն կը թռչի,
Անտես ու ստուերոտ սանդուխներու վրայ
Կ՛իյնայ շնչահեղձ:
Շողա՛, շողա՛, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…

Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
Դեռ իրիկո՜ւն չեղած
Ու, դեռ տամուկ գիշերին վըհուկը զիս չընդգրկած,
Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
Փարէ՛ հոգւոյս խանդաբորբ ու կաթոգին,
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՛, շողա՜…

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

(Հատուած)

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

10 Դիւրին Հնարքներ` Առանց Ճիգի Ջերմուժ Այրելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

21465274-portrait-d-une-femme-d-affaires-de-parler-sur-le-telephone-portable-dans-la-ville1

Քալեցէք. առտուն գործի կամ շուկայ երթալու համար հրաժարեցէք ինքնաշարժէն եւ քալելով գացէք: Եթէ ձեր երթալիք տեղը հեռու է եւ ստիպուած էք ինքնաշարժով երթալ, ինքնաշարժը շարեցէք քիչ մը հեռու եւ քալելով շարունակեցէք: 30 վայրկեան քալելով` 60 ջերմուժ կը կորսնցնէք:

2

Ջո՛ւր խմեցէք. օրական առնուազն մէկ լիթր ջուր խմելով` մեծ բարիք կը պատճառենք մարմնին: Իսկ գիտէի՞ք, որ պաղ ջուր խմելով` աւելի ջերմուժ կ՛այրէք, քանի որ ձեր մարմինը յաւելեալ ճիգ կը թափէ զայն տաքցնելու…

3

Գնումի՛ գացէք. այո՛, միջին հաշուով 3 ժամ շուկան թափառելով` կրնաք 640 ջերմուժ այրել:

Իսկ օրական հանրախանութ այցելելով եւ գնում կատարելով` կարելի է 400 ջերմուժ այրել:

4

exercices-jambes-escaliersՎերելակէն հրաժարեցէ՛ք եւ աստիճանները ոտքով բարձրացէք: Իւրաքանչիւր 2 յարկին 7 ջերմուժ կը կորսնցնէք:

5

Խնդացէ՛ք. ըսուածը կատակ չէ: Լուրջ ուսումնասիրութիւն մը փաստած է, որ 15 վայրկեան խնդուքը 40 ջերմուժ կ՛այրէ: Անշուշտ ասիկա արմատական միջոց մը չէ նիհարնալու, բայց եւ այնպէս…

6

habillage-femme-de-menage-3-1Տան մաքրութիւնը լաւ միջոց է ջերմուժ այրելու: Այսպէս, 15 վայրկեան ելեկտրական փոշեկուլով գորգերը մաքրելով` 50 ջերմուժ կ՛այրէք, իսկ մէկուկէս ժամ արդուկ ընելով` 200 ջերմուժ:

7

Քնացէ՛ք. որքան ալ զարմանալի թուի, այո՛, քնանալով ջերմուժ կը վատնէք: Մէկ ժամ քունը միջին հաշուով 60 ջերմուժ կ՛այրէ: Չմոռնաք նաեւ, որ քունի պակասը կը գիրցնէ, քանի որ հորմոնային բնազդներ կ՛աւելցնեն անօթութեան զգացումը:

8

comment-jardiner-au-naturelՇարժեցէ՛ք. տան կահոյքն ու յարդարանքը փոխեցէք, բոյսերը խնամեցէք, ասոնք ոչ միայն կ՛օգնեն, որ կէս ժամուան ընթացքին 30 ջերմուժ այրէք, այլ նաեւ կը բարձրացնեն ձեր տրամադրութիւնը:

9

Կարդացէ՛ք, գրեցէ՛ք, մտածեցէ՛ք… 2 ժամ կեդրոնացած աշխատանք մը կատարելով` կրնաք 100 ջերմուժ այրել:

Ջութակ, դաշնակ նուագելու պարագային, 4 ժամուան ընթացքին 200 ջերմուժ կրնաք այրել:

10

Քալեցէ՛ք հեռախօսով խօսելու ժամանակ: Քալելով մէկ ժամ հեռաձայնով խօսիլը կ՛օգնէ,  որ 200 ջերմուժ այրէք: Իսկ քառորդ ժամը` 50 ջերմուժ…

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Անուշահոտը

  • woman_perfume3_01Եթէ բարեկամուհիիս անուշահոտին բոյրը սիրեցի, կ՛երթամ եւ նոյնէն հատ մը կը գնեմ:

ՍԽԱԼ. անուշահոտը չգնէք զայն ձեր մորթին վրայ փորձելէ առաջ: Նոյն անուշահոտը տարբեր ձեւերով կը հակազդէ տարբեր մորթերու վրայ:

Անուշահոտը փորձեցէք ձեր դաստակին վրայ եւ անմիջապէս որոշում մի տաք. առնուազն կէս ժամ անցնելէ ետք կրնաք որոշել, թէ կը սիրէ՞ք, թէ՞ ոչ:

***

  • Օ տը փարֆէօնին բոյրը աւելի մնայուն է, քան` Օ տը թուալեթինը:

ՃԻՇԴ. թելադրելի է տարուան տաք եղանակներուն օ տը թուալեթ գործածել, իսկ օ տը փարֆէօնը վերապահել զով օրերուն եւ գիշերային հաւաքոյթներուն:

***

  • Անուշահոտերը երկար կը դիմանան:

ՃԻՇԴ. անուշահոտերը երկար կը դիմանան,  այնքան ատեն որ սրուակը բացուած չէ: Անոնք 3-5 տարի կրնան դիմանալ, թէեւ անոնց գոյնը կը փոխուի, սակայն բոյրը չ՛ազդուիր:

***

  • Նախընտրելի է պզտիկ սրուակով անուշահոտ գնել:

ՃԻՇԴ. 100 միլլիլիթրնոց սրուակները փոխարինեցէք 50 միլլիլիթրնոցներով. բացուած սրուակի մը բոյրը ժամանակի ընթացքին կը ծանրանայ: Եթէ շատ սիրած էք այդ բոյրը, ի հարկին նոր մը կը գնէք, իսկ եթէ ձանձրացած էք անկէ, արդէն կը մտածէք ուրիշի մը մասին:

***

  • Անուշահոտով օծուելու յարմարագոյն տեղը ականջներուն ետեւն է:

ՃԻՇԴ. սակայն միակը չէ: Քօքօ Շանել յանձնարարած էր` «բոլոր այն տեղերը, ուր կ՛երազենք, որ համբուրեն…»:

Շատեր կը թելադրեն անուշահոտ սփռել դաստակներուն, ծոծրակին, ականջներուն ետեւը, արմուկներուն ներսի ճեղքերուն եւ ծունկերուն ետեւը:

Էսթէ Լոտեր իր կարգին թելադրած է անուշահոտը սփռել օդին մէջ եւ անմիջապէս տակէն անցնիլ:

***

  • Անուշահոտ կարելի է սփռել հագուստներուն վրայ:

ՍԽԱԼ. Բոլոր կտորները նոյն ձեւով չեն հակազդեր: Սենթեթիք կտորները կը փոխեն եւ կը ծանրացնեն անուշահոտին բոյրը. պարագան նոյնը չէ բրդեայ եւ բամպակեայ հագուստեղէններուն:

Չմոռնալ, որ կարգ մը կտորներ շատ նուրբ են եւ անուշահոտէն կրնան վնասուիլ: Անուշահոտ պէտք չէ սփռել կաշիին, մետաքսին եւ մուշտակին վրայ:

Անուշահոտէն կ՛ազդուին նաեւ կարգ մը գոհարեղէններ, յատկապէս` մարգարիտը եւ թանկագին այլ քարեր:

Վերջապէս յիշենք, որ կիզիչ արեւին տակ անուշահոտը մորթին վրայ արատներ կը յառաջացնէ:

 

Ձեռային Աշխատանք

9a40b69e7a81fe77187b55231d1411157cef76b384c8585b04aec83734986ab1Գեղեցիկ Բռնակներ

Եթէ ունիք հին դգալեղէնի նմուշներ, չըլլայ որ զանոնք անգործածելի համարելով` ուրիշին տաք կամ թափէք: Մտածեցէք զանոնք վերածել գեղեցիկ բռնակներու` զարդարելու համար հիւրանոցի դուռը, պիւֆէին փեղկը եւ այլն…

Թելադրելի է, որ զանոնք չփայլեցնէք յատուկ դեղերով, այլ ձգէք իրենց բնական վիճակով:

Գեղեցիկ Մոմակալ

Եթէ ունիք մետաղեայ գեղեցիկ շերեփ մը, մտածեցէք զայն մոմակալի վերածելու մասին: Զայն հաստատեցէք փայտեայ յենակի մը վրայ եւ մէջը զետեղեցէք մոմ մը` ըստ ճաշակի:

 

Խոհագիր

Թոնով Աւոքատօ

avocat-farciԲաղադրութիւն

- 3 հատ աւոքատօ
- 180 կրամ թոն
- 2 լոլիկ
- 2 կիտրոն
- Պճեղ մը սխտոր
- 1 կարմիր սոխ
- 5 կաթիլ թապասքօ թացան
- Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
- Ձէթ
- Աղ, սեւ պղպեղ

0828AvocatՊատրաստութիւն

Թոնը քամոցի մէջ դրէք, ապա պատառաքաղով ճզմեցէք: Կիտրոնները քամեցէք:

Աւոքատոները երկայնքին կիսեցէք եւ կուտերը հանեցէք. կէսերը կիտրոնի հիւթով ծեփեցէք, որպէսզի չսեւնան:

Ամանի մը մէջ խառնեցէք քամոցէ անցած թոնը, մանրուած լոլիկը, ճզմուած սխտորը, մանրուած սոխը, ազատքեղը, թապասքոն, մնացեալ կիտրոնի հիւթը, ձէթն ու համեմները:

Ստացուած խառնուրդը լեցուցէք կիսուած աւոքատոներուն մէջ եւ զարդարեցէք լոլիկով կամ ազատքեղի տերեւներով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ո՞ր Հովէն

mousheghishkhan3Պարտէզին մէջ աճող ծառին դեռատի
Հրաշքին պէս ծլարձակ`
Արեգակին տակ նայուածքիս կը ծաղկի
Հասակդ նո՜ւրբ բարունակ:

Կեա՛նքն է վարար, հզօր աւիշը գարնան,
Որ կը յորդի անդադար
Արեւաբոյր քու մարմինէդ մանկական
Եւ ոստերէն իր տկար:

Ա՛հ, ո՞ր հովէն աչքերս թաց կը սառին
Երբ կը նայիմ ձեր վրան.
Քու քայլերուդ – ինչպէս ստուերը ծառին -
Ես կը զգամ շուքը մահուան:

Ես գիշերուան մռայլ տենդով եմ հիւանդ
Ու կը դողամ այն օրէն,
Երբ կարկաչեց կեանքիդ աղբիւրը զուարթ
Այգաբացին ոսկեղէն…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 

 

Փորձ-Հարցարան. Համարձա՞կ Էք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՒՍԱԳԱԼԵԱՆ

Confiance-en-soi1

Որոշած էք ձեր բնակարանը վերանորոգել:

ա.- Կը բաւարարուիք սահմանափակ փոփոխութիւններով: (1)
բ.- Պատերուն գոյնը կը փոխէք, նոր կահոյք կը բերէք: (5)
գ.- Կը բաւարարուիք խոհանոցը արդիականացնելով: (3)

2

Սեւ գոյնի շրթներկ, կապոյտ եղունգի ներկ, կարմիր մազեր…

ա.- Ասիկա ձեր սիրելի ոճն է: (5)
բ.- Մէկ օրուան համար կը փորձէք: (3)
գ.- Ձեզ ոչ ոք այս ոճով կրնայ տեսնել: (1)

3

Անտեղի մեղադրանքներ` ձեր պատասխանատուին կողմէ:

ա.- Յարմար կը գտնէք չպատասխանել: (1)
բ.- Կը փորձէք արդարանալ: (3)
գ.- Անմիջապէս ինքնապաշտպանութեան կ՛անցնիք: (5)

4

Բարեկամներ ընթրիքի կը հրաւիրէք:

ա.- Կը պատրաստէք սուշիի տեսականի: (3)
բ.- Կը պատրաստէք աղցանի տեսականի: (3)
գ.- Կը պատրաստէք միս, գետնախնձոր եւ բանջարեղէն: (1)

5

Ճամբան կը հանդիպիք ձեր շատ սիրած մէկ երգիչին:

ա.- Կը ժպտիք ու կ՛անցնիք: (1)
բ.- Կը մօտենաք եւ կը խնդրէք, որ հետը լուսանկարուիք: (5)
գ.- Կը մօտենաք` ըսելու, թէ զինք շա՛տ կը սիրէք: (3)

6

Ինչ կը վերաբերի դրամական հարցերու:

ա.- Չէք վարանիր ձեր հարազատներէն դրամ փոխ ուզելու: (3)
բ.- Չէք վարանիր դրամատունէն դրամ փոխ առնելու: (5)
գ.- Դրամական հարցեր չէք ունենար. խնայողասէր էք եւ ուշադիր: (4)

7

Գալով նորաձեւութեան:

ա.- Դուք քայլ առ քայլ կը հետեւիք անոր: (5)
բ.- Կ՛առնէք այն, ինչ որ ձեզի կը յարմարի: (3)
գ.- Նորաձեւութենէն չէք ազդուիր. դուք ձեր ոճը ունիք: (1)

8

Առանձին ճամբորդութիւն…

ա.- Երբեք չէք փորձեր: (1)
բ.- Արդէն փորձուած էք եւ դարձեալ կը փորձէք: (5)
գ.- Կը վախնաք, որ ձանձրանաք: (3)

9

Հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզմէ կը խնդրուի յանպատրաստից խօսք առնել:

ա.- Սիրով կ՛ընդառաջէք: (5)
բ.- Կ՛ընդառաջէք` քանի մը բառ ըսելով: (3)
գ.- Կը մերժէք: (1)

10

Դասախօսութեան մը աւարտին:

ա.- Չէք վարանիր խօսք առնելու եւ լուսաբանութիւններ պահանջելու:
բ.- Լուռ կը մեկնիք: (1)
գ.- Առանձին կը մօտենաք դասախօսին եւ կարծիքներու փոխանակում կ՛ունենաք: (3)

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ 15 միաւորէն պակաս հաւաքեցիք, երբե՛ք համարձակ չէք. ընդհակառա՛կը, երկչոտ եւ ամչկոտ խառնուածքի տէր անձ էք, տեւաբար նկատի կ՛առնէք շրջապատին կարծիքն ու հակազդեցութիւնը եւ հազար կը համրէք խօսելէ կամ գործելէ առաջ:

Եղէք ինքնավստահ եւ յաղթահարեցէք ձեր բարդոյթները:

 ***

Եթէ 15-35 հաւաքեցիք, կարելի է ձեզ համարձակ համարել, բայց ոչ` շուրջինները գայթակղեցնելու աստիճան: Ձեր համարձակութիւնը չափաւոր է եւ տեղին. անիկա պարզապէս կը համեմէ ձեր կեանքը:

***

Եթէ 35-էն աւելի միաւոր հաւաքեցիք, չափազանց համարձակ էք եւ քիչ անգամ ուրիշին հաշիւը կ՛ընէք: Ինքնաբուխ էք եւ անկեղծ, բայց նաեւ կը սիրէք ուշադրութիւն գրաւել:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեխան Գիրկէ Կտրելու Համար…

555b917bՈրքան շուտ անդրադառնաք, որ ձեր երեխան երես կ՛առնէ, այնքան դիւրին կ՛ըլլայ զայն վերադաստիարակելը: Բայց ասիկա կամք եւ հաստատամտութիւն կը պահանջէ: Բայց յիշեցէ՛ք, որ ի վերջոյ չափազանց պահանջկոտութիւնը աւելի կը վնասեն երեխային, քան` ծնողքին:

Երբ երեխան արդէն վարժուեր է գիրկէ գիրկ երթալու, տեւաբար պիտի լայ եւ գրկուիլ պիտի ուզէ:

Հոգեբանը այսպիսի պարագայի կը թելադրէ մեղմ ձայնով, բայց անառարկելիօրէն բացատրէք, որ դուք գործ ունիք, պէտք է աւարտէք, հետեւաբար չէք կրնար գրկել զինք: Անշուշտ ան ձեր բառերը պիտի չհասկնայ, բայց կը զգայ ձեր ձայնի ելեւէջները, եւ դուք զբաղած մարդու տեսքով կը շարունակէք ձեր գործը:

Ամենադժուարը առաջին օրուան ժամերն են. սակայն պէտք չէ տկարանալ ու տեղի տալ:

Կարգ մը երեխաներ կը համակերպին, երբ մայրը իրենց հետ չէ կամ իրենց հետ չի խօսիր եւ առանձին զբաղում մը կը գտնեն: Ուրիշներ աւելի հանգիստ կը զգան, երբ գոնէ կը տեսնեն իրենց մայրը կամ կը լսեն ձայնը, նոյնիսկ եթէ մայրը չի գրկեր զիրենք:

Ժամանակ մը ետք, երբ որոշէք, որ ժամը հասած է ձեր երեխային հետ խաղալու, անոր հետ գետինը նստէք, խօսեցէք, երգեցէք, խաղացէք, արտօնեցէք, որ ձեր վրայ մագլցի, բայց մի՛ գրկէք:

Այսպէս քանի մը օր շարունակեցէք եւ շուտով ձեր երեխան կը համակերպի եւ իրեն յարմար զբաղում մը կը գտնէ:

 

Պանանի Կեղեւին
Բազմազան Բարիքները

Use-Banana-Peels-Step-1Գիտէ՞ք, թէ պանանի հասարակ կեղեւ մը կրնայ շատ մը բաներու ծառայել: Նախքան զայն աղբամանը թափելը` մտածեցէք հետեւեալ կարելիութիւններուն մասին:

1

Պանանի կեղեւին ներսի բաժինով շփեցէք մժեղի խայթուածքը. շատ չանցած` քերուըտուքը պիտի մեղմանայ:

2

Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր կօշիկները, ապա փայլեցուցէք փափուկ լաթով մը:

Banana-Peel-Step-3-650x4873

Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր ակռաները, մինչեւ որ փոթասիոմով հարուստ թանձր նիւթը լաւապէս պատէ զանոնք. սպասեցէք 2 վայրկեան ապա ցօղուեցէք ձեր բերանը:

4

Պանանի կեղեւով եւ քիչ մը ջուրով շփեցէք ձեր արծաթեղէնները, ապա զանոնք փայլեցուցէք մաքուր, փափուկ լաթով մը:

5

Տան բոյսերուն խոշոր տերեւները փայլեցնելու համար զանոնք շփեցէք պանանի կեղեւով:

6

Թռչուններն ու թիթեռնիկները ձեզի բերելու լաւագոյն միջոցը պատուհանին կամ պատշգամին եզերքը պանանի կեղեւ զետեղելն է:

7

Պանան կամ պանանի կեղեւ ուտելով` կը սնուցանէք ձեր մորթը, կը պաշտպանէք աչքը` տարիքի հետ կապուած հիւանդութիւններէն, կը դարմանէք դէմքին բշտիկները:

8

Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր դէմքը, անոր թարմութիւն եւ անհրաժեշտ ջուրը ապահովելու, նաեւ կանխահաս ծերացումէ պաշտպանելու եւ կնճիռները ուշացնելու համար:

9

Պանանի կեղեւները որպէս պարարտացուցիչ օգտագործեցէք ձեր բոյսերուն համար:

10

Շատ մը ասիացի ժողովուրդներ, երբ միս պիտի եփեն, տապակին կամ ափսէին մէջ պանանի կեղեւ մը կը զետեղեն, որպէսզի միսը հիւթեղ մնայ եւ չչորնայ:

 

Խոհագիր

Մոնաքօ

cocktail-monacoՄոնաքօ խմիչքը շատ փնտռուած է Ֆրանսայի մէջ, յատկապէս` հարաւի շրջանը. աւստրալիացիները նոյնպէս կը գնահատեն այս խմիչքը, որ խառնուրդ է գարեջուրի, սեւըն ափ-ի եւ նուռի օշարակի:

Մոնաքոն կը հրամցուի գարեջուրի բաժակի մէջ եւ նախընտրաբար` կակաչաձեւ տեսակը:

Բաղադրութիւն

– Նուռի թանձր օշարակ (1 – 2  սանթիլիթր)
– Պաղ, շէկ գարեջուր (15 սանթիլիթր)
– Սեւըն ափ (5 սանթիլիթր)

Պատրաստութիւն

Խմիչքը կը պատրաստուի ուղղակի բաժակին մէջ:

Նախ լեցնել նուռի օշարակը, աւելցնել շատ պաղ գարեջուրը եւ վերջապէս` պաղ սեւըն ափ-ը:

Կարելի է չափերուն հետ խաղալ` ըստ ճաշակի:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Բառը

RazmigTavoyanՀաւատամքը – Սէր,
Տառապանքը – Սէր…

Ես նստել էի
Բառի մենաւոր քարանձաւի մէջ,
Եւ բառը հազար տխուր աչքերով
Լալիս էր վրաս,-
Ես չգիտէի,
Որ դու մոմերդ կը վառես մի օր`
Բառի խորքերը լուսաւորելու:
Եւ լռութեան մէջ կը թողնես, գնաս:
Ես չգիտէի…
Եւ Բառը հիմա քայլում է յոգնած
Բառերի անծայր կարաւանի մէջ,
Եւ տխուր է նա, ձանձրացած մի քիչ
Եւ աննուաճ, եւ քնքշօրէն խեղճ:

Եւ ինձ թւում է` նրա ստուերը
Բոլոր կողմերից
Քշում են վայրի ուրուրներ հազար.-
Գիշակերների՛, անտաղանդների՛ ստրուկն է Բառը,
Նա Հանճարին է միայն հաւասար:

Եւ քանի դու կաս, ամէն գարնան հետ,
Ինչպէս արեւի շողը բռնելով
Կենդանանում է թրթուրը քնած,
Եւ խլրտում է տաքուկ փոշու մէջ,
Այդպէս կարօտիս ճառագայթի տակ,
Արթնանում Բառը
Եւ տաք խլիրտով
Շարժւում է դէպի յաւիտենութիւն:

ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ

(Հատուած)

 

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք . Ինչպէ՞ս Վարուիլ Զաւակներուն Հետ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

0911_mother-and-2-childrenՄարդ կը սորվի իր սխալներէն, սակայն հնարաւոր եղածին չափ պէտք է խուսափիլ անոնցմէ, իսկ խուսափելու համար պէտք է նախօրօք իմանալ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններու եւ իրավիճակներու առջեւ կարելի է գտնուիլ:

Ահաւասիկ` քանի մը օգտակար թելադրանքներ:

-1-

Երբեք մեղաւոր մի՛ զգաք առաջնեկին հանդէպ, դուք երկու երեխայ ունիք, հաւասարապէս կը սիրէք զանոնք, երկուքին ալ արտայայտուեցէք այդ մասին, գրկեցէք, գուրգուրացէ՛ք, գորովալի խօսքեր ըսէք անոնց:

-2-

Նորածին երեխան խնամելու համար առաջնեկը ուրիշին խնամքին մի՛ յանձնէք, նոյնիսկ եթէ ան ձեր մայրը, քոյրը կամ մտերիմ ընկերուհին է:

-3-

0911_grandir_arrivee2enfant_1Ձեր զաւակները իրարու հետ մի՛ համեմատէք:

Ամէն երեխայ անհատականութիւն է եւ տարբեր մօտեցում կը պահանջէ:

-4-

Յաճախ առաջնեկը կ՛ուզէ հոգ տանիլ եւ կամ գրկել նորածինը. մի՛ բարկանաք եւ մի՛ արգիլէք: Պարզապէս բացատրեցէք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ նորածինին հետ: Առաջնեկը դարձուցէք ձեր վստահելի օգնականը:

-5-

Եղէք զուսպ եւ երեխաներէն մէկը մի՛ յանդիմանէք միւսին ներկայութեան:

-6-

Եթէ ձեր երեխաները տարբեր սեռերու կը պատկանին, անոնց միջեւ տարբերութիւն մի՛ դնէք: Երկուքը սիրեցէք հաւասարապէս եւ նոյնանման վերաբերում ցուցաբերեցէ՛ք:

-7-

Յաճախ ծնողները չեն կողմնորոշուիր` միջամտե՞լ երեխաներու վէճերուն… ասիկա կախեալ է տուեալ պահու իրավիճակէն: Միջամտելու պարագային, երկուքին ալ առիթ տուէք արտայայտուելու եւ համբերութեամբ բացատրեցէք իւրաքանչիւրին սխալը:

 

Գործնական Գիտելիքներ.  

Գէշ Հոտերը Չէզոքացնել
Առանց Քիմիականներու

Զանազան պատճառներով տան մէջ յաճախ անախորժ հոտեր ի յայտ կու գան. զանոնք չէզոքացնելու մեր առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ անուշ հոտ սփռող սփրէյ մը գործածել, քանի որ վայրկենական է եւ դիւրին: Կան սակայն նոյնքան դիւրին եւ մանաւանդ առողջապահական միջոցներ` խոհանոցէն, սառնարանէն, բաղնիքէն գէշ հոտերը վանելու:

0911_clementines-girofle-1-

Տան ապականած օդը մաքրելու համար տարբեր սենեակներու մէջ զետեղեցէք մէկական նարինջ, կիտրոն կամ կրիֆոն, որոնց վրայ մեխակի գամեր հաստատած ըլլաք: Անոնց շուրջ ժապաւէն մը կապելով` կրնաք նաեւ տեղէ մը կախել:

-2-

Սառնարանին մէջի կերակուրի հոտերը չէզոքացնելու համար օգտագործեցէք պիքարպոնաթ տը սուտը: Փոքրիկ, փոս ամանի մը մէջ քիչ մը լեցուցէք եւ զետեղեցէք սառնարանին մէկ անկիւնը:

-3-

Պահարաններուն մէջի ապականած օդն ու հոտը չէզոքացնելու համար թիւլ ծրարիկի մը մէջ կիտրոնի, նարինջի կտրտուած կեղեւներ զետեղեցէք եւ դրէք խոհանոցի կամ հագուստի պահարաններուն մէջ:

-4-

Մանրալիքը հականեխելու եւ գէշ հոտերը չէզոքացնելու համար դռնակը ամբողջ գիշեր մը բաց ձգեցէք, ապա 3 կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք ջուրով լեցուն փոս ամանի մը մէջ եւ գործիքը աշխատցուցէք 3 վայրկեան:

1361253-inline-5-

Աղբամանին գէշ հոտերը չէզոքացնելու համար, նախքան կերպընկալ տոպրակը անցընելը, յատակին քիչ մը պիքարպոնաթ տը սուտ ցանեցէք եւ կամ քանի մը կաթիլ ճերմակ քացախ կաթեցուցէք:

-6-

Ծխախոտին անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար դափնիի չոր տերեւներ այրեցէք: Գաւաթի մը մէջ թարմ  նարինջի հիւթ լեցուցէք, աւելցուցէք նարինջին կեղեւին տաշուքները եւ պտղունց մը կասիա: Գաւաթը զետեղեցէք սենեակին կեդրոնը:

-7-

Ձեր գորգը անուշ չի՞ հոտիր… անոր մակերեսին պիքարպոնաթ տը սուտ ցանեցէք, ամբողջ գիշեր մը ձգեցէք եւ յաջորդ օրը փոշեծծիչով մաքրեցէք:

0911_Combustion-allumette-carbone-8-

Բաղնիքը գէ՞շ կը հոտի, անմիջապէս 1-2 լուցկի վառեցէք եւ հոտը վայրկենական կը չքանայ:

 

 

Խոհագիր                                                                  

Տուրմով Խմորեղէն

0911_-chocolat-feuillete-au-chocolat-lindtԱյսօրուան խոհագիրին պատրաստութիւնը ձեզմէ ընդամէնը կը խլէ 5 վայրկեան. եփի տեւողութիւնն է 10 վայրկեան4 աժան է եւ դիւրին:

Բաղադրութիւն

– 1 ծրար ոլորուած փաթ ֆէօյըթէ խմոր
– Որեւէ տեսակի տուրմ` ըստ ճաշակի
– 1 հաւկիթ
– 50 կրամ հալած կարագ

Պատրաստութիւն

Փուռը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խմորը բանալ եւ ձեւաւորել 4 քառանկիւններ` 11×13սմ.:

Վրձինով մը հալած կարագը ծեփել խմորներուն վրայ, ապա իւրաքանչիւրին երկայնքին տուրմ շարել, ոլորել եւ ծայրամասերը լաւ գոցել` հեղուկ կաթով:

Խմորները շարել իրարմէ հեռու` փուռ գացող ափսէի մը մէջ, երեսը ծեփել հաւկիթով եւ եփել տաք փուռին մէջ շուրջ 10 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լոյսը

VaruzhanԿ՛երթամ աղբի՜ւրը լոյսին…
Ուղին երկար է, սալարկուած է ուղին
Կայծքարերով, ցանկուած` մուրտի փուշերով.
Ուղին շեղ է ճառագայթի մ՛հանգունակ:
Անկէ կ՛ելլեմ յենլով դողդոջ ծունկերուս,
Եւ ծունկերէս, զոր գամեցին եղբայրներս,
Արիւնըս տաք կը բըղխի:
Հեւքն է` կուրծքիս, թարթիչներուս վրայ` փոշին:
Սիրտըս սափորն է դատարկ,
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…

Լոյսը մարմարն է երկնային հանքերուն,
Որով Արուեստն, անմահական երազով,
Կը քանդակէ ձիւնամարմին աստուածներ:
Իր ծոցին մէջ կը ծընին
Մռայլ Տանթէներն ու Հոմերները հըսկայ,
Զոր գիշերուան մէջ խորին
Բանաստեղծները կը խըմեն աստղերէն`
Որ նըւագեն ցերեկուան մէջ` Մարդերուն:
Ան ամէնո՜ւն զինքը կու տայ, ամէնո՜ւն
Կը բաժնըւի, եւ կը մընայ անբաժան
Նըշխարքին պէս.- ան նըշխարքն է` որ կ՛իջնէ
Ամէն առտու, սեղաններուն վըրայ մեր,
Մարդեղութեան արիւնլըւայ խորհուրդին:
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…

 ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

(Հատուած)

 

 

Կին Դէմքեր. Ֆետերիքա Մողերինի

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Federica-MԿը սիրեմ ճամբորդել զանազան վայրեր, յաճախ եւ փոխադրական բոլոր միջոցներով: Կը սիրեմ կարդալ եւ ժամանակ անցընել ընտանիքիս եւ սիրած անձերուս հետ»: Ահա այսպէս կը ներկայացնէ ինքզինք Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ յառաջիկայ նոյեմբեր 1-ին եւ 5 տարուան համար պիտի ստանձնէ եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարի պաշտօնը:

41 տարեկան Մողերինին ծնած է Հռոմ, քաղաքական գիտութիւններ ուսանած է տեղւոյն Սափիենզայի համալսարանին մէջ եւ կը տիրապետէ 4 լեզուներու:

21 տարեկանէն սկսեալ Մողերինին նետուած է քաղաքական ասպարէզ, անդամկացած է զանազան կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու: 35 տարեկանին ընտրուած է երեսփոխան, իսկ փետրուար 2014-ին նշանակուած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար: Ան Էմմա Պոնինոյէն եւ Սուսաննա Ակնելլիէն ետք երրորդ կինն է, որ ստանձնած է այս կարեւոր պաշտօնը:

Մողերինին պիտի յաջորդէ Քեթըրին Աշթընին, բայց արդէն իսկ ամբաստանուած է ռուսամէտ կեցուածքներ ունենալու յանցանքով:  Շատեր ալ զինք շատ երիտասարդ եւ անփորձ կը համարեն նման պաշտօնի մը համար: Կը մնայ, որ երիտասարդ իտալուհին ինքզինք փաստէ, եւ օրերը ցոյց տան, թէ ինք ատա՞կ է այս պատասխանատու պաշտօնը վարելու:

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

octo-dog1Զուարճալի Դդմաճներ

Կ՛արժէ երբեմն երեխաները զուարճացնել` անոնց համար պատրաստելով անսովոր կերակուրներ: Թէեւ երեխաներուն եւ մեծերուն այնքա՛ն սիրելի հաթ տոկը այդքան ալ առողջապահական եւ յանձնարարելի ուտելիք մը չէ, բայց եւ այնպէս քանի մը ամիսը անգամ մը զայն ուտելով` մահացու մեղք չենք գործեր: Ահաւասիկ շատ հետաքրքրական ձեւ մը` դդմաճով հաթ տոկ պատրաստելը: Նկարը ինքնին խօսուն է եւ բացատրութեան չի կարօտիր, կը մնայ, որ հրամցնելու ժամանակ վրան աւելցնէք տաշուած պանիր կամ քեչափ:

119f6dbc-555f-4185-931b-9b1ced7615b4Ներկայանալի Ձեւով Մատուցուած
Տապկուած Հաւկիթ

Որպէս նախաճաշ, ճաշ կամ ընթրիք` շատերուն սիրելի տապկուած հաւկիթը կրնաք այսուհետեւ մատուցել աւելի գեղեցիկ եւ ախորժաբեր տեսքով:

Կրնաք թարմ պղպեղները (դեղին, կանաչ, կարմիր) 2 սմ. թանձրութեամբ օղակաձեւ շերտել, տապակին մէջ շարել եւ հաւկիթները այդ օղակներուն մէջ կոտրելով` տապկել:

  • Կրնաք նոյն ձեւին դիմել թարմ պղպեղները սոխի օղակներով փոխարինելով:

 5f3cfd13-86be-45e7-a727-1fd0a2079c70Ծաղկաձեւ Կիտրոնի Շերտեր

Շատ մը կերակուրներ մատուցելու ժամանակ կ՛օգտագործենք կիտրոնի շերտեր: Այսուհետեւ մեր մատուցման ամանները աւելի գեղեցիկ տեսք կրնան ունենալ, եթէ օգտագործէք այս քերիչ-դանակը, որուն շնորհիւ կիտրոնին կեղեւին վրայ կարելի է փոքր ակօսներ ձեւաւորել եւ զայն շերտելու ժամանակ ծաղկաձեւ շերտեր ստանալ:

 

0889513c-a855-44b6-9175-d16d30289056Համեղ Պաղ Սուրճ

Ամրան եղանակին շատեր կը սիրեն պաղ սուրճի տեսակներ խմել եւ հիւրասիրել: Ոմանք պաղ սուրճին մէջ նոյնիսկ սառոյցի կտորներ կ՛աւելցնեն, բայց այդ պարագային կարճ ժամանակի ընթացքին սուրճը կը կորսնցնէ իր համը եւ կը դառնայ ջրիկ… Ահաւասիկ հետաքրքրական ձեւ մը` սուրճը թէ՛ պաղեցնելու եւ թէ՛ զայն աւելի համեղ դարձնելու համար:

Առէք օրէօ կոչուած բոլորիս ծանօթ կրկնեփները, զանոնք մանրեցէք եւ լեցուցէք սառցամանին բաժանումներուն մէջ, ապա վրան հեղուկ կաթ աւելցուցէք եւ սառցարանը տեղաւորեցէք: Ստացուած սառերը օգտագործեցէք պաղ սուրճին մէջ:

435c2987-85b2-448f-9191-c9fbe1ccdf96Ֆրանսական Համեղ Հաց

Առէք ֆրանսական կլոր կամ ձուաձեւ խոշոր հաց մը եւ անոր լայնքին եւ երկայնքին դանակով ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ճեղքեր բացէք: Ընտրեցէք ձեր քիմքին համապատասխանող դեղին պանիր կամ պանիրներ, կտրտեցէք եւ տեղաւորեցէք վերոյիշեալ ճեղքերուն մէջ, երեսը տարածեցէք մանրուած կանաչ սոխ եւ փուռին մէջ եփեցէք, մինչեւ որ պանիրը հալի:

Ձեր երեւակայութեան քիչ մը զարկ տալով` կրնաք հացի ճեղքերուն մէջ աւելցնել կարագ, սխտոր, տարբեր տեսակի համեմներ, թացաններ եւ այլն…

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

d5681794-ea75-4997-9776-6e1059a024f8Եթէ բացօթեայ հիւրասիրութիւն պիտի կատարէք եւ կը փափաքիք խմիչքի բաժակները պաշտպանել թռչող միջատներէ, փոշիէ եւ այլն, դիմեցէք այս հնարքին. բաժակներուն բերանները ծածկեցէք շուկան վաճառուող քափ քէյքի թուղթէ ամաններով եւ իւրաքանչիւրին կեդրոնը ըմպեղէգ մը զետեղեցէք: Շատեր պիտի գնահատեն ձեր հնարամտութիւնը:

f23d9065-1726-4835-b574-fa34f297d1cc*
*   *

Ձեր մարզանքի կօշիկներուն քաուչուկէ պատրաստուած ճերմակ բաժինը մաքրելու լաւագոյն «դեղը» ակռայի դեղն է: Զայն հին ակռայի խոզանակի մը միջոցով ամուր շփեցէք քաուչուկի ամբողջ տարածքին, ապա ցօղուեցէք առատ ջուրով եւ չորցուցէք:

*
*   *

e1bdf8b8-3480-4494-a780-d84a3941c230Կոտրած ապակեայ բաժակի մը կամ լամբի մը փշրանքները մաքրելու համար օգտագործեցէք հացի շերտ մը: Խօսքը անշուշտ ֆրանսական հացի մասին է, այս միջոցին դիմելով` կը ձերբազատիք ամենափոքրիկ փշրանքէն իսկ:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Պտուղներու Ջերմուժի Ցուցակ

tableau-des-calories-les-fruits_articleՀիւթեղ, համեղ եւ կենսանիւթերով հարուստ պտուղները թէ՛ սննդարար են եւ թէ՛ ախորժակը չափաւորող: Իսկ եթէ սննդականոնի կը հետեւիք, բնականաբար պիտի ընտրէք քիչ ջերմուժ պարունակող տեսակները:

Ահա թէ որքա՛ն ջերմուժ կը պարունակէ իւրաքանչիւր 100 կրամ պտուղ.

– Լոլիկ 16,4
– Ելակ 28,5
– Սեխ 32,1
– Ձմերուկ 34
– Կիտրոն 34,3
– Նեքթարին 42,6
– Նարինջ 46,5
– Մանտարին 48,5
– Ծիրան 49,1
– Տանձ 53
– Խնձոր 53,2
– Դեղձ 54
– Քիուի 57,7
– Սեւ խաղող 62,1
– Մանկա 63,5
– Ճերմակ խաղող 70
– Կեռաս 70,8
– Անանաս 81,9
– Պանան 93,6

 

Խոհագիր

Պրուսքեթթա

Bruschetta-de-légumes-grillé-poulet-et-jambon-de-ParmeՊրուսքեթթան իտալական նախուտեստ մըն է. անիկա համեղ եւ արագ պատրաստուող ուտելիք մըն է` գնահատուած փոքրերուն եւ մեծերուն կողմէ:

Հիմնականին մէջ պրուսքեթթան խորոված հացի կտոր մըն է, զոր պէտք է շփել կիսուած սխտորի կտորով մը` աւելցնելով քանի մը կաթիլ ձէթ: Այս խրթխրթան հացին վրայ ընդհանրապէս կ՛աւելցուին թարմ լոլիկի խորանարդներ, թարմ ռեհան եւ տաշուած փարմըզան պանիր: Ասիկա դասական պրուսքեթթան է, սակայն կարելի է տարբեր բաղադրութիւններով պրուսքեթթաներ պատրաստել` հացին բաղադրութիւնը նոյնը պահելով: Այսօրուան սիւնակով կու տանք խորոված պղպեղներով եւ խոզապուխտով պրուսքեթթայի բաղադրատոմսը:

4 անձի համար անհրաժեշտ է

4 շերտ ֆրանսական հաց
Պճեղ մը սխտոր
Ձէթ
Դեղին եւ կարմիր խորոված պղպեղ
4 շերտ խոզապուխտ (նախընտրաբար` ժամպոն տը փարմ)
4 խորոված ծնեփեկ
4 պզտիկ կտոր խորոված հաւ
Սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռէն ելած խրթխրթան հացի շերտերը շփել կիսուած սխտորի կտորով եւ քանի մը կաթիլ ձէթ աւելցնել: Ապա շարել խորոված պղպեղի երկու կտոր եւ համեմել սեւ պղպեղով, աւելցնել հաւու կտորը, խոզապուխտը եւ ծնեփեկը եւ կրկին սեւ պղպեղ աւելցնել ու անմիջապէս հրամցնել:

Կարելի է հաւը կամ խոզապուխտը զանց առնել եւ բաւարարուիլ մէկ տեսակով, իսկ ծնեփեկը կարելի է փոխարինել թարմ սունկով:

Բարի՛ ախորժակ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

ParuyrSevak«Ամէն ինչ չափի մէջ է գեղեցիկ»
Իսկ ո՞րն է չափը, ո՞վ է սահմանել,
Ո՞վ է այդ չափը չափել ու կտրել…
Ամէն ինչ չափի մէջ է գեղեցիկ…
Իսկ ես ուզում եմ նուիրուել անչափ,
Ուզում եմ տարուել ու սիրուել անչափ,
Եթէ ուրախ եմ ճչալ եմ ուզում,
Տխուր եմ` անզուսպ լացել եմ ուզում…
Չեմ ուզում տրուել չափին գեղեցիկ,
Չափի մէջ ձեւուած կեղծաւոր մարդիկ
Ամէնուրեք են…
Չափով են խօսում, չեն անկեղծանում
Չափով են ժպտում կամ ուրախանում
Ու մտածում են.
– Չէ, շատ ժպտացի, թէ երես կը տամ
Աւելի լաւ է չափաւոր խնդամ,
Չափաւոր սիրեմ, չափաւոր ներեմ…
Յոգնել եմ այդ կեղծ չափից ու ձեւից,
Այդ չափաւոր ու անվերջ չափչփող
Չափուած ու ձեւուած առարկաներից…

Պ. ՍԵՒԱԿ

Կին Դէմքեր. Յասմիկ Պապեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

SHM-hasՀայ ամենանշանաւոր օփերայի երգչուհի, հիասքանչ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան 1991-էն ի վեր հաստատուած է Վիեննա. 1993-էն սկսեալ զինք ճանչցան Եւրոպան, Ամերիկան, Ճափոնը… Ան նուաճեց աշխարհի մեծագոյն երաժշտական բեմերը եւ դարձաւ մեր հայրենիքին մշակութային դեսպանը:

Շուրջ քառորդ դար առաջ ան աւարտեց Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը. անոր ցանկութիւնը ջութակահար դառնալ էր, բայց Տաթեւիկ Սազանդարեանը լսելով զինք` խորհուրդ տուաւ երգեցողութեամբ զբաղիլ: Ատիկա շատ ճիշդ որոշում էր, եւ Յասմիկը դարձաւ միջազգային երգչուհի:

Յասմիկ Պապեան երկու անգամ այցելած է Լիբանան, 2008-ին ելոյթ ունեցած է Պաալպեքի փառատօնին, իսկ 2012-ին` «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ:

Հակառակ իր ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին` Յասմիկ Պապեան տեւաբար կը կրկնէ, թէ ինք Հայաստանէն չէ հեռացած, միշտ կը վերադառնայ հայրենիք` համերգով կամ հարազատներուն այցելելու: Ան ելոյթներ կ՛ունենայ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Արցախի մէջ. «Ես երկարատեւ գործուղման մէջ եմ», կ՛ըսէ ան, բայց այդ գործուղումը հայ երգչուհին բացայայտեց ամբողջ աշխարհին, անոր բացառիկ տաղանդը մեր երկրին շնորհեց ճանաչում եւ փառք:

Ստորեւ կու տանք Յասմիկ Պապեանին հետ կատարուած հարցազրոյցէ մը բաժիններ` քաղուած «Զարուհի» կնոջական հանդէսէն:

«ԶԱՐՈՒՀԻ».- Դուրս գալով բեմ` ի՞նչ կը սպասէք  հանդիսատեսէն:

ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ.- Ազնիւ գնահատական, նոյնիսկ` խստութիւն, ինչպիսին են ֆրանսացիները:

«Զ.».- Որո՞նք են ձեր կեանքի երեք ամենաերջանիկ օրերը:

Յ. Պ.- Երբ որոշեցի երգչուհի դառնալ, առաջին ելոյթս Մեթրոփոլիթընի մէջ, աղջկաս` Սիրանուշի ծնունդը:

«Զ.».- Ո՞րն է ձեր ամենասիրելի դերը:

Յ. Պ.- Շատ են, բայց նշեմ` «Այտան», «Նորման» եւ «Վիոլէթթան»:

«Զ.».- Ո՞րն է ձեր տկար կէտը:

Յ. Պ.- Չեմ կրնար մերժել` յաճախ վնասելով ինքզինքիս:

«Զ.».- Իսկ ձեր ո՞ւժը:

Յ. Պ.- Ինքնազգացողութեան պատրաստ:

«Զ.».- Ո՞րն է ձեր երջանկութեան սկզբունքը:

Յ. Պ.- Բաւարարուիլ այն ինչով, որ տրուած է քեզի: Ես միշտ ճիշդ ընտրութիւն կատարած եմ:

«Զ.».- Որքանո՞վ դո՛ւք որոշեր էք ձեր բախտը:

Յ. Պ.- Անշուշտ կայ յաջողութեան պահը, բայց դուն պէտք է բռնես զայն: Ես ատոր  ատակ եմ. տաղանդին հետ խելք ալ պէտք է:

«Զ.».- Կարելի՞ է յոգնիլ փառքէն, երաժշտութենէն, բեմէն:

Babian2188-1Յ. Պ.- Երաժշտութենէն եւ բեմէն երբեք չեմ յոգնիր: Երաժշտութիւնը կը լսեմ եւ անմիջապէս կերպարին մէջ կը մտնեմ: Շատ կը սիրեմ Վերտի եւ Վակներ:

«Զ.».- Արուեստի մէջ ո՞վ կը դասէք որպէս ամենամեծը:

Յ. Պ.- Շատեր, բայց Փլասիտօ Տոմինկոն կ՛երգէ եւ կը շնչէ քեզի հետ, իսկ Ռիքարտօ Մութթին մեծ արհեստավարժ մըն է:

«Զ.».- Ելոյթ կ՛ունենաք տարբեր երկիրներու մէջ, ո՞ր հանդիսատեսն է ամենալաւը, բարին…

Յ. Պ.- Ամերիկացիներն են, ամենադժուարը Հայաստանի մէջ է:

«Զ.».- Ձեր խճողուած ժամանակացոյցը չի՞ խանգարեր ձեր ընտանեկան կեանքը:

Յ. Պ.- Ամուսինս` Քոնրատը, գերմանացի է, շատ լաւ հայր է եւ մեր դուստրը` Սիրանուշը, որ 12 տարեկան է, ուշադրութեան պակասէ չի գանգատիր: Մայրս յաճախ մեր մօտ է: Աղջիկս հիանալի հայերէն գիտէ, անշուշտ` գերմաներէն ալ: Ազատ ժամերուս ես միշտ իրեն հետ եմ:

«Զ.».- Ձեր ամուսինն ալ հայերէն կը խօսի՞:

Յ. Պ.- Այո՛, նոյնիսկ հայերէնով նամակներ կը գրէ ինծի: Կը հաւատամ, որ ամուսնութիւնը կը կատարուի երկինքին մէջ:

«Զ.».- Ատիկա սիրոյ արտայայտութի՞ւն է:

Յ. Պ.- Դուք ճիշդ հասկցաք: Քոնրատը կ՛ըսէ, որ ճիշդ հասկնալու համար սիրած կնոջ սիրտը` անպայման պէտք է սորվիս անոր հարազատ լեզուն:

«Զ.».- Առանձնութիւնը կը սիրէ՞ք:

Յ. Պ.- Միայն բեմ ելլելէ առաջ:

«Զ.».- Բարի խօսքերը, ծափահարութիւնները կ՛օգնե՞ն:

Յ. Պ.- Անշո՛ւշտ, բայց ամէն բան պէտք է չափաւորուած ըլլայ, որպէսզի գլուխդ չկորսնցնես: Անկասկած որ բարի խօսքերը շատ հաճելի են:

«Զ.».- Ո՞ր դերին մէջ դուք ձեզ կը զգաք այնպէս, ինչպէս` ձուկը ջուրին մէջ:

SHM-hasmigՅ. Պ.- Պելլինիի «Նորմա»-ին մէջ:

«Զ.».- «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը գրած է. «Յասմիկ Պապեանի ձայնը հզօր գործիք է, մաքուր, անսահման հնարաւորութիւններով, զարմանալի կենդանի եւ հսկայական պաշարով…»: Ի՞նչն է աւելի կարեւոր` բնական տաղա՞նդը, թէ՞ աշխատանքը:

Յ. Պ.- Վոքալի մէջ առաջին հերթին` բնական կարողութիւնները, Աստուծոյ տուածը, բայց յաջողութիւնը հսկայական եւ ծանր աշխատանքի արդիւնք է:

«Զ.».- Ո՞րն է ձեր առածը:

Յ. Պ.- «Երբեք ուշ չէ»:

«Զ.».- Կը զգա՞ք, որ դուք աստղ էք:

Յ. Պ.- Բեմի վրայ` այո՛, իսկ կեանքի մէջ` ո՛չ:

«Զ.».- Հայելին կը սիրէ՞ք:

Յ. Պ.- Ո՛չ, չեմ  սիրեր: Կ՛երեւի այն պատճառով, որ շատ կը նստիմ հայելիին առջեւ` գործի բերումով, կ՛ուզեմ ինքզինքս տեսնել ուրիշին աչքերով:

«Զ.».- Ճակատագրին կը հաւատա՞ք:

Յ. Պ.- Կը հաւատամ: Ես ջութակահար էի, ուսանած եմ Ռուբէն Ահարոնեանի մօտ… Իսկ փառքը եկաւ երգեցողութեան մէջ:

«Զ.».- Կ՛ըսեն` մարդը կը սկսի իր մանկութենէն…

Յ. Պ.- Ինծի համար մարդը կը սկսի իր գործէն:

«Զ.».- Քաղաքականութիւնը եւ արուեստի մարդը…

Յ. Պ.- Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, բայց կը հաւատամ, որ քաղաքականութեամբ զբաղող մարդոցմէ կախուած է ժողովուրդին բախտը, եւ շատ կ՛ուզեմ, որ անոնք ըլլան ազնիւ:

«Զ.».- Ի՞նչը չէք կրնար ներել:

Յ. Պ.- Դաւաճանութիւնը:

«Զ.».- Ինչո՞վ կը հանգստանայ ձեր սիրտը:

Յ. Պ.- Հաւատալով, որ աշխարհը հիանալի է:

 

Առողջապահական

Վարժութիւններ Յոգնած
Աչքերու Համար

1

exercices-faciles-contre-la-fatigue-des-yeuxՆկարել բաց աչքերով անսահմանութեան նշանը, աչքերը կկոցելով: 10 անգամ ուղղահայեաց, 10 անգամ հորիզոնական:

2

Խոր շունչ քաշել` աչքերը շատ ուժեղ սեղմած: Շունչը պահել 5 – 7 երկվայրկեան եւ փորձել զգալ գլխու, դէմքի եւ վիզի մկանները: Ապա անմիջապէս արտաշնչել` աչքերը լայն բացած: Կրկնել օրը 3 անգամ:

3

Թեթեւ սեղմել բաժակը մատներուն ծայրով եւ աչքերը կկոցել 15 վայրկեան: Յետոյ հանգստանալ աչքերը փակ վիճակի մէջ: Ասիկա կրկնել 2 – 3 անգամ:

4

Փակել աչքերը, դէմքը թուլացնել, ապա շարժել աչքերը 10 անգամ ձախէն աջ, 10 անգամ` աջէն ձախ: Կատարել  2 – 3 անգամ:

5

Փակել աչքերը, երկու ձեռքերու ցուցամատերը դնել յօնքերուն, իսկ բութամատը` աչքի տակի փոսին մէջ: Յետոյ զգուշ մարձել այդ մասերը 15 – 20 վայրկեան:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

2. Հազարը ամբողջ շաբաթ մը թարմ կը մնայ, եթէ զայն դնէք խորունկ ամանի մը մէջ, երեսը տեղաւորէք թուղթէ թանձր թաշկինակ մը եւ բերանը փակէք կերպընկալ թերթով մը:

2. Հազարը ամբողջ շաբաթ մը թարմ կը մնայ, եթէ զայն դնէք խորունկ ամանի մը մէջ, երեսը տեղաւորէք թուղթէ թանձր թաշկինակ մը եւ բերանը փակէք կերպընկալ թերթով մը:

1. Որպէսզի տարուան բոլոր եղանակներուն կանաչ սոխ ունենաք, լուացուած եւ լաւ ցամքեցուած սոխը մանրեցէք եւ լեցուցէք հանքային ջուրի փոքրիկ շիշերու մէջ եւ սառցարանը պահեցէք:

1. Որպէսզի տարուան բոլոր եղանակներուն կանաչ սոխ ունենաք, լուացուած եւ լաւ ցամքեցուած սոխը մանրեցէք եւ լեցուցէք հանքային ջուրի փոքրիկ շիշերու մէջ եւ սառցարանը պահեցէք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4. Որպէսզի ազատքեղը, գինձը, ռեհանն ու անանուխը երկար դիմանան, զանոնք ջուրով լեցուն բաժակներու մէջ զետեղեցէք, վրան կերպընկալ տոպրակ մը ծածկեցէք եւ սառնարանը պահեցէք:

4. Որպէսզի ազատքեղը, գինձը, ռեհանն ու անանուխը երկար դիմանան, զանոնք ջուրով լեցուն բաժակներու մէջ զետեղեցէք, վրան կերպընկալ տոպրակ մը ծածկեցէք եւ սառնարանը պահեցէք:

 

3. Երբեք նոյն տեղը մի՛ պահէք սոխն ու գետնախնձորը, երկուքն ալ շուտով կը ծլին: Մինչդեռ առանձին պահուած` զով եւ օդասուն տեղ մը, երկուքն ալ երկար կը դիմանան:

3. Երբեք նոյն տեղը մի՛ պահէք սոխն ու գետնախնձորը, երկուքն ալ շուտով կը ծլին: Մինչդեռ առանձին պահուած` զով եւ օդասուն տեղ մը, երկուքն ալ երկար կը դիմանան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6. Կոճապղպեղը սառցարանը պահեցէք. այսպիսով շատ աւելի դիւրին է զայն քերոցէ անցընելը եւ աւելի երկար կը դիմանայ:

6. Կոճապղպեղը սառցարանը պահեցէք. այսպիսով շատ աւելի դիւրին է զայն քերոցէ անցընելը եւ աւելի երկար կը դիմանայ:

5. Հանքային ջուրերու կերպընկալ շիշերուն վերի բաժինները օգտագործեցէք կերպընկալ տոպրակներուն բերանները ապահով փակելու համար:

5. Հանքային ջուրերու կերպընկալ շիշերուն վերի բաժինները օգտագործեցէք կերպընկալ տոպրակներուն բերանները ապահով փակելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Միսով «Բոյներ»

10390327_512177908910558_7246211177188739666Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք միսով լեցուած թակլիաթել դդմաճի բոյներու դիւրին եւ հետաքրքրական բաղադրատոմսը:

Անհրաժեշտ են

– 1 տուփ թակլիաթել դդմաճ
– 500 կրամ կովու յօշած միս
– 1 ստեպղին
– Նեխուր (վայրի կարոս) 2 ցօղուն
– Սոխ 2 գլուխ
– Սխտոր 2 պճեղ
– Պանիր 400 կրամ
– Բուսաիւղ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութեան եղանակը

Մանրուած սոխը բուսաիւղով տապկել` մինչեւ թափանցիկ դառնալը, աւելցնել քերոցէ անցած ստեպղինը, մանր կտրտուած նեխուրի ցօղունները եւ 2 վայրկեան տապկել, ապա աւելցնել մանրուած միսը, շարունակել տապկել, մինչեւ որ միսին հիւթը քաշուի:

Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ թակլիաթելի կծիկները մէկէն մէկուկէս վայրկեան իջեցնել մէջը. ջուրէն զգուշօրէն հանել, որպէսզի ձեւը պահպանուի, եւ տեղափոխել իւղուած ափսէի մը մէջ:

Տապկուած միսին մանր կտրտուած սխտոր, աղ եւ պղպեղ աւելցնել, խառնել: Այս խառնուրդով լեցնել «բոյները»: Ափսէին մէջ դդմաճի եփաջուր լեցնել այնքան մը, որ մէկ երրորդով ծածկէ «բոյները»: Ափսէին երեսը ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել եւ նախապէս 200 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռին մէջ եփել 25 վայրկեան: Յետոյ հանել ալիւմինիոմ թուղթ, «բոյներուն» վրայ քերած պանիր աւելցնել եւ 10 վայրկեան եւս եփել, մինչեւ որ պանիրը հալի եւ շէկ գոյն ստանայ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նոյնն Է Ճամբան

d5abd5b7d5add5a1d5b6Դուք, որ մեռաք հինգ դար առաջ,
Դուք, որ այսօր կը մահանաք,
Նոյն ծառին ծիլն էիք կանաչ
Եւ դարձաք նոյն հողին ճարակ…

Հինգ դար առաջ, հինգ դար յետոյ,
Նոյն անցորդն էք անվերադարձ.
Կ՛իջնէ անյոյս մութ երեկոյ
Ձեր աչքերուն վրայ սառած…

Ծառին համար եւ այս հողին
Նոյնն էր երէկ, նոյնն է այսօր
Նոյն ծաղկումն է գարնանային
Եւ աշնան նոյն տերեւը չոր:

Դուք, որ յաճախ արտասուեցիք
Եւ դուք, որ շատ զուարճացաք,
Դուք, որ տուիք փուշ ու ծաղիկ`
Նոյն խաւարին դարձաք բանակ…

Նոյնն է հիմա դար ու վայրկեան,
Երբ որ չկայ երթ ու գալիք.
Համայնական նոյնն է ճամբան,
Երբ որ չկայ կեանքի ալիք…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ


Կին Դէմքեր. Լիլիթ Մարգարեան

$
0
0
«Լաւագոյն կին գործարար»

«Լաւագոյն կին գործարար»

43 տարեկան նկարիչ-ձեւագիտուհի Լիլիթ Մարգարեան մասնագիտացած է Մոսկուայի մէջ, իսկ 2000-ին իր նորաձեւութեան տունը հիմնած է Երեւան: 2013-ին ան արժանացած է «Լաւագոյն կին գործարար»-ի մրցանակին:

Հայ կնոջ արժանիքներուն անդրադառնալով` ձեւագիտուհին կը շեշտէ հայ կնոջ խնամուած եւ կոկիկ ըլլալը: «Մենք երբեք չենք տեսներ, որ հայ կինը կամ աղջիկը թափթփած տեսքով փողոց իջնէ: Հայ կինը ամենագեղեցիկն է: Առաջ յաճախ կը հանդիպէինք սարսափեցնող հագուածքով կիներ, հիմա նկատելիօրէն նուազած է այդ թիւը, ինչ որ գնահատելի է»:

Լիլիթ խօսքը ուղղելով հայ աղջիկներուն` անոնց ուշադրութեան կը յանձնէ, որ տղամարդիկ կը սիրեն խնամուած եւ բնական կիները, բնական մազերով, բնական յօնքերով, բնական թարթիչներով եւ շրթներով, հետեւաբար պէտք է հեռու մնալ արհեստականէն եւ շրջապատը ընդօրինակելէ:

հարսանեկան հագուստ

հարսանեկան հագուստ

Ինչ կը վերաբերի հարսանեկան հագուստներուն, ինչպէս նկարը կը հաստատէ, Լիլիթ Մարգարեանի յղացումները իւրայատուկ են եւ անկրկնելի. «Չեմ կրնար հանդուրժել կիսամերկ հարսերը, որոնք այդ տեսքով ոտք կը դնեն Աստուծոյ տաճարը: Այդ օրը պէտք է աւելի եւս զուսպ եւ համեստ եւ մանաւանդ մօտիկ ըլլալ Աստուածամօր կերպարին: Չէ՞ որ ան կ՛երթայ դէպի մայրութիւն, հնազանդութիւն… Կիսամերկ հագուստներ հագնելու առիթներ շատ կ՛ըլլան»:

Հայ ձեւագիտուհին ցաւով կը հաստատէ, որ հայերուս մօտ օտար ձեւագէտները աւելի գնահատուած են, քան հայերը, եւ եթէ օտար ձեւագէտի մը հագուստին պատրաստ են վճարել 1000 տոլար, հայ ձեւագէտին 300 տոլարը շատ կը համարեն… Ան աւելցուց, որ «Անուշ» օփերայի վերջին բեմադրութեան զգեստները ձեւաւորեր է ֆրանսացի ձեւագէտ մը: Լիլիթ Մարգարեան կ՛առաջարկէ, որ միջազգային մրցոյթներէ կամ միջոցառումներէ առաջ, երբ Հայաստան պէտք է ներկայանայ պատշաճ մակարդակով, համահայկական մրցոյթ յայտարարուի, որուն մասնակցին նաեւ սփիւռքի հայ ձեւագէտներ որմէ ետք ընտրուի լաւագոյնը: «Հայաստանի մէջ կան կիներ, ինչպէս նաեւ` մեր կեդրոնին մէջ, որոնք ոսկի ձեռքեր ունին եւ կրնան հիասքանչ զգեստներ կարել»:

Երկու զաւակներու մայր Լիլիթ Մարգարեանը կ՛ըսէ, որ միշտ զգացած է ընտանիքին աջակցութիւնը, ամուսինը միշտ կեցած է իր կողքին, շատ կ՛օգնէ կազմակերպչական հարցերուն` երաժշտութեան ընտրութիւն, նկարահանումներու կազմակերպում եւ այլն…

 

Նորաձեւութիւն

7 Բաներ, Որոնք Մի՛շտ Նորաձեւ Են

Փարիզի, Միլանոյի եւ Նիւ Եորքի մէջ արդէն իսկ կը ցուցադրուին 2015-ի Գարուն-ամառ նորաձեւութեան հաւաքածոները:

Ի՛նչ ալ ըլլան ձեւագէտներուն առաջարկները, նորաձեւութեան հետ քայլ պահելը դժուար է եւ ծախսալի, բայց եթէ դուք ձեր զգեստապահարանին մէջ ունենաք այն 7 իրերը, որոնք միշտ նորաձեւ են, մեծ դժուարութիւններ չէք ունենար, կը մնաք վայելուչ եւ ուշագրաւ:

Սեւ հագուստը կացութիւն փրկող է անիկա նոյնքան վայելուչ է գործնական ճաշի կամ պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ, եթէ համադրենք գեղեցիկ աքսեսուարներու հետ: Ոճաբանները կը թելադրեն զգեստապահարանին մէջ ունենալ առնուազն երկու սեւ զգեստներ:

Սեւ հագուստը կացութիւն փրկող է անիկա նոյնքան վայելուչ է գործնական ճաշի կամ պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ, եթէ համադրենք գեղեցիկ աքսեսուարներու հետ: Ոճաբանները կը թելադրեն զգեստապահարանին մէջ ունենալ առնուազն երկու սեւ զգեստներ:

Նեղ փէշը, որ կ՛ընդգծէ կանացի մարմինը, նախընտրելի է, որ ըլլայ չէզոք գոյնի` լազուարթ, սեւ, կասիայի գոյն, պեժ... Այսպիսի փէշեր կարելի է դիւրաւ համադրել շապիկի եւ կօշիկի հետ:

Նեղ փէշը, որ կ՛ընդգծէ կանացի մարմինը, նախընտրելի է, որ ըլլայ չէզոք գոյնի` լազուարթ, սեւ, կասիայի գոյն, պեժ… Այսպիսի փէշեր կարելի է դիւրաւ համադրել շապիկի եւ կօշիկի հ

 

Մութ լազուարթ ճինզը: Իսկական դասական է. կարեւոր է, որ ան որակաւոր ըլլայ եւ լաւ հանգչի մարմնին:

Մութ լազուարթ ճինզը: Իսկական դասական է. կարեւոր է, որ ան որակաւոր ըլլայ եւ լաւ հանգչի մարմնին:

 

 

 

Ուղղանկիւն սեւ պայուսակը դիւրին կը համադրուի հագուստի, ճինզի թէ փէշի հետ: Յատկապէս որակաւոր տեսակը երկար տարիներ կը ծառայէ:

Ուղղանկիւն սեւ պայուսակը դիւրին կը համադրուի հագուստի, ճինզի թէ փէշի հետ: Յատկապէս որակաւոր տեսակը երկար տարիներ կը ծառայէ:

Սեւ կամ պեժ միջին բարձրութեամբ կօշիկներ, որոնք կը յարմարին թէ՛ հագուստներու, թէ՛ փէշերու եւ թէ՛ տաբատներու հետ:

Սեւ կամ պեժ միջին բարձրութեամբ կօշիկներ, որոնք կը յարմարին թէ՛ հագուստներու, թէ՛ փէշերու եւ թէ՛ տաբատներու հետ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

-6- Չէզոք գոյնի (լազուարթ, պեժ, սրճագոյն, մոխրագոյն, սեւ...) բաճկոն մը կրնայ տարիներ ծառայել, եթէ այլազանենք աքսեսուարները եւ, ինչո՞ւ չէ, փոխենք կոճակները...

Չէզոք գոյնի (լազուարթ, պեժ, սրճագոյն, մոխրագոյն, սեւ…) բաճկոն մը կրնայ տարիներ ծառայել, եթէ այլազանենք աքսեսուարները եւ, ինչո՞ւ չէ, փոխենք կոճակները…

Ճերմակ շապիկը անփոխարինելի իր է պահարանին մէջ. անիկա պէտք է ըլլայ որակաւոր, դասական եւ նուրբ կարուածքով: Անիկա կարելի է կրել տարիներ շարունակ. նորաձեւ աքսեսուարներու հետ նորի պէս կը յայտնուի:

Ճերմակ շապիկը անփոխարինելի իր է պահարանին մէջ. անիկա պէտք է ըլլայ որակաւոր, դասական եւ նուրբ կարուածքով: Անիկա կարելի է կրել տարիներ շարունակ. նորաձեւ աքսեսուարներու հետ նորի պէս կը յայտնուի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գեղեցկագիտական

Դափնիի Տերեւին Բարիքները

1002_lavrovyi-listԴարեր առաջ դափնիի տերեւներով պատրաստուած պսակներով կը զարդարէին ողիմպիականներուն յաղթող մարզիկներուն գլուխը: Աւելի ուշ դափնիին տերեւները մտան խոհանոց եւ մինչեւ օրս կ՛օգտագործուին յատկապէս մսեղէններու պատրաստութեան ընթացքին:

Հիմա, արդէն նոյն այս տերեւները կ՛օգտագործուին գեղեցկագիտական արտադրութիւններու մէջ` զանազան դիմակներ եւ ծեփուկներ պատրաստելու համար: Դիմակներ, որոնք փայլք պիտի տան մեր մազերուն եւ երիտասարդացնեն մեր մորթը:

Ահաւասիկ արագ պատրաստուող եւ դիւրին օծանելիք մը` մորթը նուրբ եւ երիտասարդ պահելու համար:

Առէք 200 կրամ դափնիի տերեւ եւ 100 կրամ ջուրի մէջ 3 վայրկեան եռացուցէք եւ մէկ ժամ սպասեցէք: Յետոյ քամոցէ անցուցէք եւ ստացուած հեղուկով շփեցէք ձեր դէմքն ու պարանոցը:

Շաբաթ մը չանցած` ձեր մորթը կը դառնայ նուրբ եւ առաձգական:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Որպէսզի ծաղկամանին ծաղիկները երկար դիմանան, ջուրին մէջ քանի մը կաթիլ վոտկա եւ թէյի դգալ մը շաքար աւելցուցէք:

Որպէսզի ծաղկամանին ծաղիկները երկար դիմանան, ջուրին մէջ քանի մը կաթիլ վոտկա եւ թէյի դգալ մը շաքար աւելցուցէք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3 Եթէ ձէթով լեցուն կաթսան բռնկի, անմիջապէս պէյքին սոտա թափեցէք վրան:

Եթէ ձէթով լեցուն կաթսան բռնկի, անմիջապէս պէյքին սոտա թափեցէք վրան:

Լուցկիով մոմ վառելը յաճախ դժուար է եւ ձեռք կ՛այրէ, կարելի է սփակեթթիի ձողիկներ օգտագործել եւ խուսափիլ այդ անպատեհութենէն:

Լուցկիով մոմ վառելը յաճախ դժուար է եւ ձեռք կ՛այրէ, կարելի է սփակեթթիի ձողիկներ օգտագործել եւ խուսափիլ այդ անպատեհութենէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Կաղամբով Լազանիա

300xNxkaxambov-lazaniyaԻտալական խոհանոցի ամէնէն յայտնի ուտեստներէն մէկն է լազանիան: Այս ուտեստին մէջ կ՛օգտագործուին խմորաշերտեր որոնք կարելի է փոխարինել կաղամբի տերեւներով, ինչ որ աւելի առողջապահական կը դարձնէ զայն:

Բաղադրութիւն.-

– Կաղամբ մը
– Մէկ բաժակ լոլիկի թացան
– Երկու գլուխ սոխ
– Երեք պճեղ սխտոր
– 300 կրամ կովու յօշած միս
– 50 կրամ ընկոյզ
– Կէս փունջ ազատքեղ
– Երկու հաւկիթ
– 200 մլ. կաթ
– 50 կրամ պանիր
– Աղ
– Սեւ պղպեղ
– Մշկընկոյզ
– Ձէթ

Պատրաստութիւն

Կաղամբին կոթը կտրել, հանել, իջեցնել եռացող ջուրով լեցուն կաթսայի մէջ, փափկած տերեւները դնել քամոցի մէջ:

Սոխը մանրել եւ ձէթի մէջ տապկել, աւելցնել յօշած միսը եւ շարունակել տապկել: Լոլիկին թացանը աւելցնել միսին վրայ, ապա` խոշոր կտրտուած ընկոյզը, սխտորը եւ մանրուած ազատքեղը: 5 վայրկեան եփել:

Փուռ գացող ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփել, կաղամբի շերտերով ծածկել, աւելցնել միսով խառնուրդը եւ գործողութիւնը քանի մը անգամ կրկնել ու վերջացնել կաղամբի շերտերով:

Փոս ամանի մը մէջ հաւկիթներն ու կաթը հարել, համեմել աղով, պղպեղով եւ մշկընկոյզով եւ թափել լազանիային վրայ, ծածկել տաշուած պանիրով եւ 25-30 վայրկեան եփել, 180 ջերմաստիճանով:

 

Քո Ձեռքերը

pers138667624473Ես սիրո՜ւմ եմ քո ձեռքերը
Որոնք, արդէն քանի՜ տարի,
Ինձ ամէնի՛ց ամուր գրկում,
Սակայն երբեք չե՛ն… բանտարկում.
Ինձ աշխարհի տէ՛րը անում,
Սակայն երբեք չեն տիրանում.
Օղակի պէս շուրջս պրկւում,
Բայց չե՜ն խեղդում,
Այլ` լոկ փրկո՜ւմ,
Ինչպէս փրկում են խեղդուողի՛ն…
Քո ձեռքե՛րը, –
Նո՜ւրբ,
Ասողի՜կ,
Ու երգեցի՜կ,
Որոնց ափում,
Ես` չո՜ր խեցի,
Մարգարի՜տ եմ քիչ-քիչ դառնում…
Ես սիրում եմ քո ձեռքերը…
«Մարգարի՛տ եմ քիչ-քիչ դառնում…» –
Իսկ Մարգարիտն այս աշխարհում
Ինչքան էլ թա՜նկ լինի, անգի՛ն,
Ինչքան չքնա՜ղ ու եզակի՜, –
Երբեք պիտի չխնայե՜ս
Եւ… միշտ… կրծք՛իդ վրա՛յ պահես, –
Թէ չէ, քո ջե՜րմ կրծքից հեռու,
(Քո սիրո՛ւց ու կրծքից հեռո՛ւ),
Իսկոյն խամրո՜ւմ է, դալկանո՜ւմ, –
Կրկին դարձած… նոյն չոր խեցի՜ն…
Իմ սիրելի՜,
Իմ ասողի՜կ,
Իմ գեղեցի՜կ…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Փորձ Հարցարան Ծածկամի՞տ Էք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

SHM_jeune-femme-nerveruse-1-

Ձեր բարեկամները գիտե՞ն, թէ որքան աշխատավարձ կը ստանաք եւ որքան կ՛արժէ ձեր ինքնաշարժը.

ա.- ինձմէ աւելի լաւ 2
բ.- մասամբ 1
գ.- երբեք 0

-2-

Երբ ընկճուած էք, դէմքի արտայայտութենէն ձեր այդ հոգեվիճակը «կը կարդայ»

ա.- ամէն ոք 2
բ.- միայն մտերիմները 1
գ. ոչ ոք 0

-3-

Անծանօթ մը կրնա՞յ պատկերացում կազմել ձեր մասին` ուսումնասիրելով ձեր աշխատատեղը

ա.- թերեւս 1
բ.- Ոչ 0
գ.- անշուշտ 2

-4-

Եթէ դուք վարագոյր ըլլայիք, անպայման կ՛ըլլայիք

ա.- թեթեւ ու թափանցիկ 2
բ.- վառ ու երփներանգ 1
գ.- ծանր ու մութ գոյնի 0

-5-

Ոեւէ մէկուն գաղտնիք մը ըսելու ատեն գաղտնապահութեան երդում կը պահանջէ՞ք անկէ.

ա.- երբեմն 1
բ.- երբեք 2
գ.- միշտ 0

-6-

Ձեր ընկերը ի՞նչ գիտէ ձեր նախկին ընկերոջ մասին.

ա.- ամէն ինչ 2
բ.- միայն անունը, տարիքն ու մասնագիտութիւնը 0
գ.- անոր հետ կապուած զուարճալի դրուագ մը 1

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ընդամէնը 10 եւ աւելի միաւոր հաւաքեցիք, դուք բաց գիրքի մը կը նմանիք: Անշուշտ որ մարդիկ հաճոյքով կը մտերմանան ձեզի հետ, քանի որ սրտբաց ու անմիջական էք: Այսուհանդերձ, կ՛արժէ երբեմն զգուշանալ օտար անձերու առջեւ անկեղծանալէ:

***

Եթէ 5-9 միաւոր հաւաքեցիք, բաւական ճկուն ու զուսպ մարդ էք, կրնաք ձեր սիրտը բանալ ուրիշին առջեւ, բայց նաեւ ընդունակ էք լսելու հրապարակման ոչ ենթակայ բաներու մասին: Անշուշտ կը վստահիք մարդոց եւ կարեւոր կը նկատէք ոչ միայն դիմացինին գաղտնապահ ըլլալու ունակութիւնը, այլեւ` ձեզ լսելու անոնց պատրաստակամութիւնը:

***

Եթէ առաւելագոյնը 4 միաւոր հաւաքեցիք, հաւանաբար անցեալին գէշ փորձառութիւն մը ունեցած էք անկեղծանալու պատճառով: Բայց հիմա ալ ինկած էք միւս ծայրայեղութեան մէջ, կամ ալ ձեզի կը թուի, թէ մարդոց չեն հետաքրքրեր ձեր գաղտնիքները: Թերեւս ծածկամտութեան շնորհիւ կը պահէք ձեր կարգ մը թերութիւնները, սակայն ատիկա ինքնամեկուսացման ամէնէն կարճ ճանապարհն է:

 

Այլազան

Չորս Ամէնէն Աւելի Վնասակար
Զգացումները

Աւստրալիացի հոգեբանները հինգ տարի շարունակ կատարած են հետազօտութիւններ` ուսումնասիրելով 2000 կամաւորներու վարքն ու առողջութիւնը եւ անոնց արդիւնքներուն հիման վրայ առանձնացուցած են մարդկային չորս զգացում, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ:

Նախանձ

Հոգեբաններու եզրակացութիւնները կը վկայեն` հարազատներուն կամ անծանօթներուն մշտապէս նախանձողները աւելի ենթակայ են սրտային հիւանդութիւններու: Հիւանդանալու հաւանականութիւնը 2,5 անգամ աւելի է` համեմատած անոնց, որոնք շրջապատին նկատմամբ ունին չէզոք կամ աւելի բարեացակամ վերաբերմունք:

Ինքնաքննադատութիւն

Երբ մարդ յաճախ ինքզինք կը մեղադրէ, ակամայ կ՛աւելցնէ քաղցկեղով հիւանդանալու վտանգը: Գիտնականները նաեւ նշած են, որ ինքնաքննադատաբար տրամադրուած մարդիկ աւելի յաճախ կը վարակուին տարբեր հիւանդութիւններէ:

Խղճահարութիւն

Սեփական անձի նկատմամբ տեւական խղճահարութիւնը լեարդին համար շատ վտանգաւոր է: Եթէ մարդիկ անընդհատ իրենք զիրենք զոհի կարգավիճակին մէջ կը զգան, անոնց մարմնին մէջ կը բարձրանայ ասեթիլքոլին նիւթին քանակը, այս նիւթը ծանօթ է որպէս «թուլութեան հորմոն», իսկ անոր բարձրացումը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկում կը պատճառէ:

Ագահութիւն

Մարսողական դրութեան խանգարումները աւելի յաճախակի են այն անձերուն մօտ, որոնք անընդհատ նիւթական եկամուտ ստանալու մղումով կ՛առաջնորդուին: Այսպիսի մարդիկ յաճախ կը հիւանդանան պուլիմիայով կամ անորեքսիայով:

 

 Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Եթէ կ՛ուզէք ապակեայ շիշի մը վրայէն թուղթէ պիտակը հանել` շիշը կրկին գործածելու համար, բայց խէժի հետքերը կը յամառին մնալ, փորձեցէք հետեւեալ դիւրին հնարքը: Առէք հաւասար քանակութեամբ պէյքինկ սոտա եւ բուսական իւղ, խառնեցէք եւ ապա ստացուած նիւթը տարածեցէք խէժին վրայ: Սպասեցէք շուրջ 15 վայրկեան, ապա լաթով մը փորձեցէք շիշը մաքրել. պիտի նկատէք, որ խէժին հետքն անգամ չկայ...

Եթէ կ՛ուզէք ապակեայ շիշի մը վրայէն թուղթէ պիտակը հանել` շիշը կրկին գործածելու համար, բայց խէժի հետքերը կը յամառին մնալ, փորձեցէք հետեւեալ դիւրին հնարքը:
Առէք հաւասար քանակութեամբ պէյքինկ սոտա եւ բուսական իւղ, խառնեցէք եւ ապա ստացուած նիւթը տարածեցէք խէժին վրայ: Սպասեցէք շուրջ 15 վայրկեան, ապա լաթով մը փորձեցէք շիշը մաքրել. պիտի նկատէք, որ խէժին հետքն անգամ չկայ…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Փայտեայ սեղանները գեղեցիկ են, բայց անոնց մակերեսը շուտով կը վնասուի: Որպէսզի սեղանին նախկին փայլքն ու գոյնը վերադարձնէք, փորձեցէք հետեւեալ հնարքը: Փոս ամանի մը մէջ լեցուցէք կէս գաւաթ ճերմակ քացախ եւ կէս գաւաթ ձէթ: Չոր, մաքուր լաթով մը զայն տարածեցէք վնասուած մակերեսին վրայ եւ շփեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

Փայտեայ սեղանները գեղեցիկ են, բայց անոնց մակերեսը շուտով կը վնասուի: Որպէսզի սեղանին նախկին փայլքն ու գոյնը վերադարձնէք, փորձեցէք հետեւեալ հնարքը:
Փոս ամանի մը մէջ լեցուցէք կէս գաւաթ ճերմակ քացախ եւ կէս գաւաթ ձէթ: Չոր, մաքուր լաթով մը զայն տարածեցէք վնասուած մակերեսին վրայ եւ շփեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

Պանիրը քերոցէ անցընելէ ետք, քերոցը մաքրելը այդքան ալ դիւրին չէ, քանի որ կակուղ պանիրը կը խցէ ծակտիկները, եւ սովորական սպունգը չի մաքրեր զանոնք: Այս դժուարութիւնը հարթելու համար կրնաք օգտագործել փոքրիկ խոզանակ մը եւ կամ... նոյն քերոցէն անցուցէք հում գետնախնձոր մը:

Պանիրը քերոցէ անցընելէ ետք, քերոցը մաքրելը այդքան ալ դիւրին չէ, քանի որ կակուղ պանիրը կը խցէ ծակտիկները, եւ սովորական սպունգը չի մաքրեր զանոնք:
Այս դժուարութիւնը հարթելու համար կրնաք օգտագործել փոքրիկ խոզանակ մը եւ կամ… նոյն քերոցէն անցուցէք հում գետնախնձոր մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ձեր բազկաթոռին թեւը պաշտպանելու եւ մաքուր պահելու համար ատաղձագործին դիմեցէք անոր չափով տուփիկ մը շինել տալով: Թեւին վրայ հանգչած տուփիկը պիտի ծառայէ որպէս սեղան, յատկապէս երբ պատկերասփիւռին դիմաց նստած` բաժակ մը խմիչք, գաւաթ մը թէյ կամ պնակ մը պիստակեղէն պիտի դնէք:

Ձեր բազկաթոռին թեւը պաշտպանելու եւ մաքուր պահելու համար ատաղձագործին դիմեցէք անոր չափով տուփիկ մը շինել տալով:
Թեւին վրայ հանգչած տուփիկը պիտի ծառայէ որպէս սեղան, յատկապէս երբ պատկերասփիւռին դիմաց նստած` բաժակ մը խմիչք, գաւաթ մը թէյ կամ պնակ մը պիստակեղէն պիտի դնէք:

Փոքրիկները յաճախ պէտք է զարմացնել, յատկապէս` դժուարահաճերը: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր փոքրիկը այլազան ուտէ եւ ամէն բան համտեսէ, դիմեցէք այս միջոցին. Առէք պարապ սառնաման մը, բաժանումներուն մէջ լեցուցէք պտուղներու տեսականի եւ հրամցուցէք, անկասկած որ խանդավառուած պիտի փորձէ անոնցմէ մէկ քանին:

Փոքրիկները յաճախ պէտք է զարմացնել, յատկապէս` դժուարահաճերը: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր փոքրիկը այլազան ուտէ եւ ամէն բան համտեսէ, դիմեցէք այս միջոցին.
Առէք պարապ սառնաման մը, բաժանումներուն մէջ լեցուցէք պտուղներու տեսականի եւ հրամցուցէք, անկասկած որ խանդավառուած պիտի փորձէ անոնցմէ մէկ քանին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գեղեցկագիտական

Ձեռքի Ծեփուկ` Խնձորով

SHM_faites-vous-meme-vos-masquesՄեր ձեռքերը մշտական խնամքի կարիքը ունին: Ջուրի եւ քիմիական դեղերու հետ շփուելով` անոնց մորթը մեծապէս կը տուժէ: Խնամքը կարեւոր է նաեւ ցուրտ եղանակին, երբ ձեռքերուն վրայ կ՛ազդեն ցուրտը, քամին…

Ահաւասիկ` ձեռքերու խնամքի յատուկ ծեփուկ մը, որ կարելի է տունը պատրաստել եւ շաբաթական դրութեամբ օգտագործել:

Անհրաժեշտ են.-

– 1 խնձոր
– 2 ճաշի դգալ շէկ շաքար
– 1 ճաշի դգալ ձէթ

Գործածութեան եղանակ.-

Խնձորը քերոցէ անցընել, աւելցնել շաքարն ու ձէթը եւ խառնել:

Ստացուած ծեփուկով նրբօրէն մարձել ձեռքերը, 5 վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

Վերջաւորութեան ձեռքերը օծել սնուցող սերով մը:

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Խմորով Շրջանակներ

 

Յաճախ առիթ կ՛ունենանք փուռին մէջ խմորով ուտեստներ պատրաստելու. որպէսզի այդ ուտեստները եւ յատկապէս թարթերը գեղեցիկ տեսք ունենան, կարելի է անոնց շուրջ գեղեցիկ նախշեր ձեւաւորել:

Ստորեւ կու տանք 6 տարբեր նախշերու ձեւաւորումներ, ոմանք դիւրին, ուրիշներ` քիչ մը աւելի բարդ. ձեզի կը մնայ ընտրել յարմարագոյնը եւ ի գործ դնել յառաջիկային:

 

10687088_275872945946503_8339049383952895289_n

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Խաշած Եգիպտացորեն`
Ազատքեղով

10-corn-cob-herb-butter-2Անհրաժեշտ են.-

6 հատ եգիպտացորեն
Կարագ` 4 ապուրի դգալ
Խոշոր աղ` կէս թէյի դգալ
Սեւ փոշի պղպեղ` կէս թէյի դգալ

Պատրաստութեան եղանակը.-

Մեծ կաթսայի մէջ եռացնել ջուրը: Եգիպտացորենները բաժնել երկուքի եւ խաշել, մինչեւ որ հատիկները փափկանան:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել տաք եգիպտացորենները, իւրաքանչիւրին վրայ դնել կտոր մը կարագ, ցանել աղն ու պղպեղը եւ զարդարել մանրուած թարմ ազատքեղով:

 

Պապը

HamoSahyan_AR_2013Feb24_191315Իմ պապը տնկել է
մեր գիւղի շիւերը,
իմ պապը պայտել է
մեր գիւղի ձիերը:
իմ պապը մեր գիւղի
պատերը շարել է
եւ բոլոր կամերը
մեն-մենակ քարել է:
ջրել է իր այգին,
ու մարգը բահել է,
եւ արդար քրտինքով
իր տունը պահել է:
իմ պապը վարել է,
իմ պապը ցանել է,
իսկ հնձի ժամանակ
ձեռքի մէջ մանգաղի
դաստակը ցաւել է:
իմ պապը հողի հետ
խորհել ու խօսել է,
ամպի հետ արտասուել,
ջրի հետ հոսել է…
մի օր էլ, երբ յանկարծ
ծալուել են ծնկները,
զարմանքից քարացել,
ամօթից շիկնել է:
թողել է նա մաճը
եւ շունչը պահել է,
եւ յետոյ քրտինքը
ճակատին պաղել է:
եւ պապը ակօսում
պառկել ու քնել է,
խառնուել այն հողին,
որ իրեն սնել է:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

Կին Դէմքեր. Հայթէ Ռիքն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1016GinTemker«Հիացած եմ եւ յուզուած». այս էր Հայաստանի մասին գերմանացի գրագիտուհի Հայթէ Ռիքնի առաջին տպաւորութիւնը:

«Փանորամա տոթ Էյ. Էմ.»-ի հետ կատարած հարցազրոյցին ընթացքին Ռիքն կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին անգամ իմացած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչ զգացած է Թուրքիոյ մէջ, եւ ինչ կը ծրագրէ Գերմանիոյ մէջ` գերմանացիները աւելի մօտէն ծանօթացնելու հայերուն եւ հայկական մշակոյթին հետ:

Ստորեւ կու տանք «Փանորամա»-ի հարցազրոյցը, որ կատարուած է օգոստոսին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ որոշեցիք Հայաստան այցելել:

Հ. Ռ.- Շատ կարդացած եմ Հայաստանի մասին: Շատ կը հաւնիմ ձեր երկիրը: Կը փափաքէի անձամբ այս երկրին հոտը առնել, ճաշակել այս երկրին համը: Արդէն երկու տարիէ ի վեր կ՛երազեմ Հայաստանի առնչուած նախաձեռնութեան մը մասին: Փափաքս է Հայաստանը կարելի եղածին չափ շատ ներկայացնել գերմանացիներուն:

Կը բնակիմ Պոխում, հոն կը գործէ 1860-ին հիմնադրուած Հայ ակադեմական միութիւնը: Դիմեցի ղեկավարին` Ազատ Օրդուխանեանին, յայտնելով հայ գրականութեան եւ բանաստեղծութեան թարգմանութեամբ զբաղելու ցանկութիւնս: Ծանօթացայ Գերմանիա բնակող հայ գրող Ագապի Մկրտչեանին: Միասին թարգմանած ենք Պ. Սեւակի քանի մը բանաստեղծութիւններ: Ներկայիս, հրատարակչատուն մը ինծի պատուիրած է թարգմանել Հայաստան բնակող, արդի հայ գրողներու բանաստեղծութիւնները: Կրկին պիտի աշխատիմ Ագապիին հետ: Այս այցելութեան ընթացքին նաեւ այս ուղղութեամբ կ՛աշխատիմ:

Հ.- Հայաստանի ո՞ր շրջանները այցելած էք:

Հ. Ռ.- Այցելեցի Գառնի, Գեղարդ… երբ մտայ Գեղարդի վանքը, անսահման ուժ եւ զօրութիւն զգացի: Այցելեցի նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, Մատենադարանը, Փարաճանովի թանգարանը: Տպաւորուած եմ ամէն ինչով, թանգարաններուն ճոխութեամբ: Այցելեցի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, թէեւ վերանորոգման մէջ էր:

Ինչ կը վերաբերի մարդոց, կրնամ ըսել, որ հայերը շատ հիւրասէր, բաց սիրտ եւ բարեհամբոյր են: Շատ ոգեւորուած եմ Հայաստանով եւ հայկական մշակոյթով: Վերադառնալով Գերմանիա` տպաւորութիւններս անմիջապէս թուղթին պիտի յանձնեմ:

Ինծի կը թուի, թէ ուրիշ ազգեր կը նախանձին հայերուն` անոնց բարձր մշակոյթին համար: Հրաշալի երկիր է: Մայրս միշտ գոված է Հայաստանի ճարտարապետութիւնը, ան կ՛ըսէր. «Հայերը լաւ ճարտարապետներ են, իւրօրինակ ազգ են»: Մայրս զարգացած կին էր, դերասանուհի էր:

Հ.- Առաջին անգամ ե՞րբ լսեցիք Հայոց ցեղասպանութեան մասին. արդեօք այս մասին որեւէ բան կը ծրագրէ՞ք գրել:

Ռ. Հ.- 1989-ին ուսուցիչներու խումբի մը հետ այցելած եմ Թուրքիա, գտնուած եմ Պոլիս, Տրապիզոն, Էրզրում, Կարս, Ուրֆա, եղած եմ նաեւ Արարատի ստորոտին: Գործընկերներէս մէկը պատմեց Մուսա լերան 40 օրերուն մասին: Մեզի ընկերակցող թուրք զբօսավարը նոյնպէս կը խօսէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այդ բոլորը իմանալէ ետք տարօրինակ զգացում մը ունեցայ` ի՞նչ պատահած է հայ ազգին եւ ես ո՛ւր կը գտնուիմ: Ներքուստ համրացայ: Երկար ժամանակ չկրցայ խօսիլ, արտայայտուիլ, այնքան որ ազդուած էի այդ ցաւով:

Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով բանաստեղծութիւն մը գրած եմ «Իմ հիւրանոցը աստղ չունի» խորագրով:

Գերմանիա դիտած եմ թատերական ներկայացում, որուն հեղինակը թուրք էր: Թատերախաղին անունը «Մօր լռութիւնը»-ն էր. ան կը պատմէր ծագումով թուրք աղջկայ մը մասին, որուն մօր մահանալէն ետք միայն ինք կը նկատէ, որ անոր վիզէն խաչ կախուած էր: Կը պարզուի, որ ան ծագումով հայ եղած է: Թատերախաղը վրաս մեծ ազդեցութիւն գործեց:

Հ.- Բացի գրելէ, ներկայիս ի՞նչով կը զբաղիք Գերմանիոյ մէջ:

Ռ. Հ.- «Հայ մշակութային աշուն» վերնագիրով նախաձեռնութեան մը կը ծրագրեմ: Գերմանիա ապրող հայ գիտնականներ պիտի հրաւիրեմ: Իսկ գարնան արդէն կ՛ունենանք «Հայ մշակութային գարուն» խորագիրով ձեռնարկը: Կը փափաքիմ Հայաստանէն արուեստագէտներ հրաւիրել եւ կազմակերպել գրական երեկոներ:

 

Առողջապահական

Մեծ Պողոտաներու Մօտ Ապրող Կիները
Կը Տառապին…

«Տէյլի մէյլ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն մեծ պողոտաներէն մինչեւ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ ապրող կիներ 22 տոկոսով աւելի ենթակայ են արեան գերճնշումի, քան` աւելի հեռու ապրողները:

Արդարեւ, ամերիկացի գիտնականները առայժմ պատասխան չունին այն հարցումին, թէ պողոտային մօտ ըլլալով, յատկապէս ի՞նչն է, որ վտանգաւոր է, արդեօք ապականած օ՞դը, աղմո՞ւկը, թէ՞ երկուքը միասին:

Տուրմին Վերագրուող
10
Յատկութիւն

1

5239_choclatՏուրմը օգտակար է սրտին: Անոնք, որոնք պարբերաբար տուրմ կ՛ուտեն 37 առ հարիւրով կը կրճատեն սրտանօթային հիւանդութիւնները:

2

Տուրմը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:

3

10 տարի շարունակ, օրական 63 կր. տուրմ ուտող տղամարդիկ 17 առ հարիւրով կը կրճատեն սրտի կաթուածի հաւանականութիւնը:

4

Իտալացի գիտնականներ փաստած են, որ այն մարդիկ, որոնք շատ տուրմ կ՛ուտեն, ծերութեան հազուադէպօրէն կը տառապին սակաւամտութենէ:

5

Տուրմը կը չափաւորէ անօթութեան զգացումը: Բաւարար է 10 կր. սեւ տուրմ ուտել, որպէսզի անօթութիւնը անցնի:

6

Նոյնիսկ քիչ քանակութեամբ տուրմ ուտելով մարդիկ աւելի դիւրին կը լուծեն թուաբանական խնդիրներ. ասիկա ապացուցած են բրիտանացի գիտնականներ:

7

Մէկ բաժակ տաք տուրմ խմելով կը հանգստացնենք կոկորդը եւ կը չէզոքացնենք հազի ռեֆլեքսը:

8

Այն երկիրները, ուր շատ տուրմ կը սպառի` աւելի շատ նոպէլեան մրցանակակիրներ կան:

9

Տուրմը կը նպաստէ երկարակեցութեան: Տուրմի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ աւելցնել կեանքի տարիները:

10

Սեւ տուրմը կը դանդաղեցնէ մորթին ծերութիւնը:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Ճաթռտած կրունկները դարմանելու համար պատրաստեցէք հետեւեալ խառնուրդը, ապա ձեր վնասուած կրունկները 10-էն 15 վայրկեան մէջը թրջեցէք եւ վերջապէս մաքուր լաթով մը զանոնք շփելով ցամքեցուցէք: 1/4 գաւաթ լիսթերին 1/4 գաւաթ քացախ 1/2 գաւաթ տաք կամ գաղջ ջուր

Ճաթռտած կրունկները դարմանելու համար պատրաստեցէք հետեւեալ խառնուրդը, ապա ձեր վնասուած կրունկները 10-էն 15 վայրկեան մէջը թրջեցէք եւ վերջապէս մաքուր լաթով մը զանոնք շփելով ցամքեցուցէք:
1/4 գաւաթ լիսթերին
1/4 գաւաթ քացախ
1/2 գաւաթ տաք կամ գաղջ ջուր

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Շպարի վրձինները մաքրելու համար նախ զանոնք ցօղուեցէք առատ ջուրով, ապա փոս ամանի մը մէջ սուրճի գաւաթ մը գաղջ ջուր լեցուցէք, վրձինները մէջը դրէք եւ անոնց վրայ քանի մը կաթիլ երեխաներու շամբուեն աւելցուցէք: Մատներուն ծայրամասով զգուշօրէն շփեցէք վրձիններուն ծայրամասերը, կրկին ցօղուեցէք առատ ջուրով եւ զանոնք շարեցէք չոր անձեռոցիկի մը վրայ, որպէսզի ցամքին:

Շպարի վրձինները մաքրելու համար նախ զանոնք ցօղուեցէք առատ ջուրով, ապա փոս ամանի մը մէջ սուրճի գաւաթ մը գաղջ ջուր լեցուցէք, վրձինները մէջը դրէք եւ անոնց վրայ քանի մը կաթիլ երեխաներու շամբուեն աւելցուցէք: Մատներուն ծայրամասով զգուշօրէն շփեցէք վրձիններուն ծայրամասերը, կրկին ցօղուեցէք առատ ջուրով եւ զանոնք շարեցէք չոր անձեռոցիկի մը վրայ, որպէսզի ցամքին:

Եթէ չինական կերակուր պիտի ուտէք եւ չոփսթիքները կառավարելը դժուար է ձեզի համար ահաւասիկ դիւրին եւ արագ միջոց մը` լուացքի լաթակալի մը երկաթը հանեցէք եւ նոյն սկզբունքով անցուցէք ցպիկներուն վրայ եւ հարցը լուծուած է...

Եթէ չինական կերակուր պիտի ուտէք եւ չոփսթիքները կառավարելը դժուար է ձեզի համար ահաւասիկ դիւրին եւ արագ միջոց մը` լուացքի լաթակալի մը երկաթը հանեցէք եւ նոյն սկզբունքով անցուցէք ցպիկներուն վրայ եւ հարցը լուծուած է…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Եթէ սափորով ջուր պիտի բերէք սեղան փոխանակ զայն սառոյցի կտորներով պաղեցնելու, կրնաք ջուրին աւելցնել սառած կիտրոնի շերտեր` նախապէս քափքէյքի կաղապարներու մէջ սառցարանին մէջ սառեցուած:

Եթէ սափորով ջուր պիտի բերէք սեղան փոխանակ զայն սառոյցի կտորներով պաղեցնելու, կրնաք ջուրին աւելցնել սառած կիտրոնի շերտեր` նախապէս քափքէյքի կաղապարներու մէջ սառցարանին մէջ սառեցուած:

Որպէսզի քարացած մեղրը ինքզինք վերագտնէ, շիշով միասին զայն քանի մը վայրկեան եռացուցէք ջուրով լեցուն քասրոլի մը մէջ:

Որպէսզի քարացած մեղրը ինքզինք վերագտնէ, շիշով միասին զայն քանի մը վայրկեան եռացուցէք ջուրով լեցուն քասրոլի մը մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Գետնախնձորով Կրաթէն

gratin-dauphinoisԲաղադրութիւն 6 անձի համար.

1 քիլօ գետնախնձոր
Կէս իւղոտ հեղուկ կաթ` 90 սլ.
Հեղուկ սեր` 10 սլ.
2 պճեղ սխտոր
Թարմ ծոթրինի ճիւղ մը
Դափնիի տերեւ մը
Աղ
Սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները լուալ, ապա մանտոլին գործիքով 3 մմ. թանձրութեամբ շերտերու վերածել եւ մէկ կողմ ձգել (ոչ ջուրի մէջ):

Սխտորի պճեղները կիսել եւ անով շփել փուռ գացող ափսէէին յատակն ու պատերը:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ եռացնել կաթը եւ սերը, աւելցնել ծոթրինն ու դափնիի տերեւը, աղն ու սեւ պղպեղը: Գետնախնձորի շերտերը աւելցնել այս խառնուրդին եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ 20 վայրկեան (գետնախնձորները քիչ մը ամուր պէտք է մնան):

Գետնախնձորի շերտերը հանել եւ շարել ափսէին մէջ, ապա դափնիի տերեւն ու ծոթրինի ճիւղը հանել կաթով թացանին մէջէն եւ թացանը թափել գետնախնձորներուն վրայ:

Ափսէն փուռ փոխադրել եւ եփել 30-էն 40 վայրկեան:

Փուռէն հանելէ ետք ձգել, որ կէս ժամ հանգչի, ապա հրամցնել:

Այս կրաթէնը, որ ծանօթ է կրաթէն տոֆինուա անունով շատ լաւ կը յարմարի մսեղէններու կողքին հրամցնելու համար:

 

Գազել Երեւանին

1016KevokEminԵս սիրու՜մ եմ քեզ, Երեւա՛ն,
Եւ չգիտե՜մ ինչի համար.
Սիրուն ի՜նչ դատ ու ի՜նչ դիւան,
Որ իմանամ ինչի՛ համար:

Քարերը՛ քո հին բերդերի
Նոր սիւների ու զարդերի,
Ոսկեփոշի՜ն քո մայթերի-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Սիրու՜մ եմ քո ջահելներին,
Սիրուց այրուած, սիրուն գերի,
Որ սիրահա՜ր են մայթերի-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Համբոյրը քո աղջիկների,
Պաղ ջուրը՛ քո աղբիւրների,
Քո բուլվարի ծերուկների՜ն-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Կ՛ուզեմ լինեմ Նորքի նման,
Ծաղկեմ ամէն եկող գարնան.
Փաթաթուե՜մ քեզ ու հիանամ-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Կամ լինեմ այս քամին լօթի
Եւ, հարբած քո անուշ հոտից,
Քեզ զո՛վ անեմ ամրան տօթին
Ու… չիմանա՜մ ինչի համար:

Քեզ զո՜վ անեմ, դու զովանա՛ս,
Դալա՜ր մնաս ու զօրանա՛ս,
Ես քամու պէս գնամ-կորչե՜մ
Ու… չիմանա՜մ ինչի համար:

Գնա՛մ, պատմեմ նոր ու նորից,
Որ աշխարհի քաղաքներից,
Քե՜զ եմ սիրում ամէնից ջերմ-
Ու… չգիտե՜մ ինչի համար…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

Կին Դէմքեր. Անահիտ Մովսիսեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

payt3Անահիտ Մովսիսեանը փայտագործութեամբ կը զբաղի: Ան ոչ միայն փայտեայ իրեր եւ զարդեր կը ստեղծագործէ, այլեւ փայտագործութիւն կը դասաւանդէ երկու դպրոցներու մէջ: «Զարուհի» հանդէսը հարցազրոյց մը ունեցած է հայ երիտասարդ արուեստագիտուհիին հետ, այսօրուան սիւնակով կու տանք բաժիններ այդ հարցազրոյցէն:

ԶԱՐՈՒՀԻ.- Ուրկէ՞ ծագեցաւ սէրը դէպի փայտագործութիւն:

ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Մեծ հայրս եկած է Պարսկաստանէն: Ան եղած է պալատական երգիչ, նաեւ իր 5 եղբայրերուն հետ զբաղած է կահուքագործութեամբ: Յետոյ այս արհեստը անցած է հօրս, հօրմէս ալ` ինծի: Մանկութենէս մուրճն ու մնացեալ գործիքները գրաւեր էին զիս:

ԶԱՐՈՒՀԻՆ.- Միշտ փոքր տարիքին աղջիկներն ու տղաքը հետաքրքրական երազներ կ՛ունենան: Ձեր երազը փայտագործութիւ՞նն էր:

payt4ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Որպէս երազ` միշտ փափաքեր եմ ուսուցչուհի դառնալ եւ դարձեր եմ: Ներկայիս կը դասաւանդեմ Երեւանի երկու տարբեր դպրոցներու մէջ, տղաքը շատ հետաքրքրուած են փայտագործութեամբ: Անոնք աւելի եւս կ՛ոգեւորուին, երբ կը տեսնեն, որ ես ալ իրենց հետ կ՛աշխատիմ: Այսպիսով, անոնք կը տեսնեն աշխատանքի ընթացքն ու աւարտը: Բան մը, որ շատ կարեւոր է, քանի որ տակաւին նոր կը սկսին աշխատիլ, յաճախ կը փճացնեն, կը կոտրեն, կը յուսահատին, իսկ երբ կը տեսնեն լաւ աշխատանքը, կը մտածեն, որ պէտք է իրենք ալ հասնին այդ վարպետութեան:

ԶԱՐՈՒՀԻ.-  Աշխատանք դպրոցին մէջ, յետոյ արհեստանոցին… փաստօրէն հանգստեան օրեր չկան: Այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կը հասնիք կարգաւորելու ձեր անձնական կեանքը:

ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Ինծի շատ օգնեցին ծնողներս, ամէն ինչի հասեր եմ շնորհիւ անոնց: Եթէ իրենք չօգնէին, բնականաբար պիտի չկարենայի մասնակցիլ մրցոյթներու, ցուցահանդէսներու եւ այսքան ստեղծագործել: Մայրս կը զբաղի իմ զաւակներովս, իսկ հայրս կ՛օգնէ ինծի ստեղծագործ աշխատանքիս մէջ: Այնպէս որ, իրենց դերը շատ մեծ է. մինակ պիտի չկարենայի գլուխ հանել: Տեղ մը բան մը պիտի տուժէր` կա՛մ աշխատանքը, կա՛մ ընտանիքը: Իսկ հիմա կը համադրեմ երկուքն ալ եւ կը կարծես` յաջողած եմ:

ԶԱՐՈՒՀԻ.- Այս պահուն շուրջս կը նայիմ եւ ակամայ կը յիշեմ Փինոքիոյի մասին ժապաւէնը, ուր փայտագործը կեանք կու տայ կտոր մը տախտակի:

ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Կը կարծեմ, որ փայտը անշունչ չէ: Փայտին մէջ, իրօք կեանք կայ, ուղղակի պէտք է զգալ ատիկա: Փայտը կը վերցնէ ե՛ւ քու բնաւորութիւնդ եւ այդ պահին քու հոգեվիճակդ: Ես միշտ աշակերտներուս կ՛ըսեմ, «Նայեցէ՛ք, ասիկա կտոր մը տախտակ է, որ կրնաք ե՛ւ մէկ կողմ նետել, ե՛ւ վառել, բայց քանի մը օր վրան աշխատելէ ետք անիկա կրնայ դառնալ արուեստի նմուշ, որ կ՛ուրախացնէ ձեր ընտանիքները»: Չէ՞ որ փայտը նիւթ է, որմէ կարելի է ստանալ այն, ինչ որ այդ պահուն մարդուն մտքին մէջ կայ: Իսկ փայտը բնաւ մահացած չէ:

 

Սննդագիտական-Առողջապահական

Աշնան Եղանակի Լաւագոյն Մթերքները

1030fruitsՍննդագէտներու կարծիքով, շատ կարեւոր է աշնան եղանակին ճիշդ ձեւով սնանիլը: Արդարեւ, «մետիքֆորում»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածով սննդագէտներ կը թելադրեն աշնան ուտել հետեւեալ մթերքները.

Խնձոր, հապալաս (պլուպըրի), հաց, կարմիր եւ նարնջագոյն պտուղներ եւ բանջարեղէններ, գետնախնձոր, պանան, ընկոյզ, տուրմ: Ասոնք եղանակային թարմ սննդամթերքներ են, որոնք կ՛ապահովեն մեր մարմնին անհրաժեշտ կենսանիւթերու եւ միքրոտարրերու պահանջը:

Այս մթերքները նաեւ կ՛օգնեն սերոթոնինի արտադրութեան, ինչ որ կը հաւասարակշռէ մեր ախորժակը, տրամադրութիւնը եւ հակասթրեսային յատկութիւն ունի:

Հաւկիթը Կը Բարելաւէ Յիշողութիւնը

how-should-you-celebrate-Եթէ յիշողութեան հարցեր ունիք, անհրաժեշտ է, որ ձեր ճաշացուցակին մէջ ներառէք հաւկիթը:

Ամերիկացի գիտնականներ կը պնդեն, որ հաւկիթի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ կանխել յիշողութեան կորուստի գործընթացը:

Կատարուած է հետազօտութիւն, որուն ընթացքին կամաւորներու կէսին օրական հաւկիթ մը պարտադրուած է ուտել: Միւս կէսէն պահանջուած է բացառել հաւկիթը: Յետոյ բոլոր մասնակիցները յիշողութեան քննութիւն անցուցած են եւ պարզուեր է, որ անոնք, որոնք հաւկիթ չեն կերած շատ տկար արդիւնքներ ձեռք բերած են, մինչդեռ հաւկիթ ուտողներուն մօտ արդիւնքները եղած են գոհացուցիչ:

Գիտնականները հաւկիթի օգտագործման դրական անդրադարձը ուղեղին վրայ բացատրած են անով, որ հաւկիթը կը պարունակէ երկու տեսակի անթիօքսիտաններ:

Այլ հետազօտութիւններ ապացուցած էին, որ հաւկիթը դրական անդրադարձ կ՛ունենայ մարդու մտաւոր կարողութիւններուն վրայ:

Ընկերութիւնը Կ՛օգնէ Մեր Առողջութեան

1030friendshipԸնկերները մեծ դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Ընկերութիւնը կը բարելաւէ մարդոց ոչ միայն հոգեբանական, այլեւ ֆիզիքական առողջութիւնը:

Այսպէս, ամերիկացի գիտնականներ փաստած են, որ այն մարդիկը, որոնք յաճախ ընկերական յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց շրջապատին հետ, աւելի երջանիկ են եւ հոգեպէս` աւելի հանգիստ, քան անոնք, որոնք ընկերներ չունին կամ քիչ ունին:

Հետազօտութիւններու արդիւնքը հաստատած է, որ ընկերութիւնը`

Կը կանխարգիլէ սրտի զարկերու խանգարումը
Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը
Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը
Կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը
Կը նպաստէ ուրախութիւն պատճառող հորմոններու արտադրութեան

Նշենք, որ 2011-ին ՄԱԿ-ը յուլիս 30-ը հռչակած է Ընկերութեան միջազգային օր:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Պանիրներու Ջերմուժի Ցուցակը

Դժուար է փորձութեան չմատնուիլ պանիրներու ճոխ տեսականիի մը դիմաց. այսուհանդերձ, կարելի է ուտել համեմատաբար քիչ ջերմուժ պարունակող տեսակները եւ մասամբ մեղմել «յանցանքը»: Ներկայացուած ջերմուժի ցուցակը նկատի ունի իւրաքանչիւր 100 կրամը:

- Ռիքոթա 160 - Էմանթալ 370
- Մոցարելլա 259 - Քանթալ 371
- Ֆեթա 264 - Ռոքֆոր 374
- Քամամպեր 270 - Չետըր 403
- Այծի պանիր 339 - Կրիւյէր 414
- Պրի 339 - Փարմըզան 441
- Կուտա 363 - Քոնթէ 447

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Հագուստի Պահարանը
Կազմակերպելու Համար…

 

Ձմեռնային մոյկերը կանոնաւոր շարելու համար օգտագործեցէք տափատի յատուկ կախիչներ, որոնք օժտուած են զոյգ բռնակներով: Մոյկերը լաւ պահպանելու երկրորդ միջոց մըն է անոնց մէջ հանքային ջուրի պարապ շիշեր տեղաւորելը:

Ձմեռնային մոյկերը կանոնաւոր շարելու համար օգտագործեցէք տափատի յատուկ կախիչներ, որոնք օժտուած են զոյգ բռնակներով:
Մոյկերը լաւ պահպանելու երկրորդ միջոց մըն է անոնց մէջ հանքային ջուրի պարապ շիշեր տեղաւորելը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Վզկապերը կանոնաւոր շարելու եւ զանոնք դիւրին գտնելու համար պարզապէս նկարին վրայ նշուած ձեւով հաստատեցէք հագուստի կախիչի մը վրայ:

Վզկապերը կանոնաւոր շարելու եւ զանոնք դիւրին գտնելու համար պարզապէս նկարին վրայ նշուած ձեւով հաստատեցէք հագուստի կախիչի մը վրայ:

Մուճակները պահարանին մէջ դասաւորելու համար օգտագործեցէք մետաղեայ հագուստի կախիչները` անոնց ծայրամասերը դէպի վեր ծալելով:

Մուճակները պահարանին մէջ դասաւորելու համար օգտագործեցէք մետաղեայ հագուստի կախիչները` անոնց ծայրամասերը դէպի վեր ծալելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Նուռով Աղցան

156363_443831782411838_2054218130_nԱյսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք հետաքրքրական աղցանի մը բաղադրատոմսը, որուն հեղնակն է յայտնի խոհարար Մկրտիչ Սարգսեանը: Ան «Քարից փափուկ» հաղորդաշարի խոհարարն է:

Բաղադրութիւն

Նուռի հատիկ` 3-4 ապուրի դգալ
Ոլոռն` 1 միջակ տուփ
Կանաչ խնձոր մը
Վարունգ մը
Թթուաշ վարունգ մը
Կանաչ սոխ`3-4 ցօղուն
Ձէթ` 2 ապուրի դգալ
Պալսամիք քացախ` 1 թէյի դգալ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խնձորը մաքրել եւ մահիկաձեւ, բարակ շերտերու վերածել, փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ, ապա աւելցնել նոյնպէս բարակ շերտուած վարունգը, թթուաշ վարունգը եւ սոխը: Ոլոռնը քամոցէ անցընել, ցօղուել եւ աւելցնել խառնուրդին, նոյնպէս ալ` նուռի հատիկները:

Թացանը պատրաստելու համար փոս ամանի մը մէջ խառնել քացախն ու ձէթը, աւելցնել համեմները եւ ստացուած միատարր խառնուրդը թափել աղցանին վրայ եւ զգուշօրէն խառնել ու մատուցել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Որդուս

BarouyrSevag5Դու սիրոյ հետ միշտ հաշտ ապրիր, բայց խոյս մի՛ տա տառապանքից.
Նա սրբում է աչքը փոշուց, նա մաքրում է հոգին ժանգից:
Տառապանքից չեն մեռնում, չէ՛, այլ աւելի են պնդանում:
Ապաքինուած սիրտը յետոյ գալիք ցաւը հեշտ է տանում:
Ա՜խ մի՛ նուա: Հայրդ երբեք չի հանդուրժում նուացողին…
Շատ աւելի լաւ է, տղա՛ս, դառն արցունքով աչքդ ցողիր
Ու քո ճամբան շարունակիր: Թո՛ղ որ լինի նա քարքարոտ,
Բայց քո հոգում եթէ լինի բարո՛ւ, լաւի՛, սիրո՛յ կարօտ,
Դու չե՜ս յոգնի, դու կը քայլես. կը բարձրանաս դու սարն ի վեր:
Դրա համար ոգի է պէտք, դրա համար պէտք չեն թեւեր:

Ազնի՛ւ եղիր ամէն ինչում-ո՞վ է կեանքում սովից մեռել:
Ճշդի համար աքսոր չկայ-սրտի հանդէպ ինչու լռել:
Իսկ մեր շուրջը դեռ կան մարդիկ, որ երբ պէտք է մէջք են ծռում,
Երբ որ պէտք է, հռհռում են, պէ՞տք է` ժպտամ, պէ՞տք է լռում,
Պէ՞տք է` իրենց մութն են տնկում… Դու մի՛ եղիր կեանքը տհաս`
Դու հասկացի՛ր հէնց այս գլխից, մի՛ մոռացիր երբեք, տղաս,-
Ազնըւութիւնն այն է միայն, որ չի փոխւում` ոնց էլ խուռ տաս,-
Նա մի ճերմակ երես ունի, ոչ թէ եօթ-ութ գունեղ աստառ…

Պ. ՍԵՒԱԿ

(Հատուած)

 

 

 

 

Կին Դէմքեր. Գենիա Մուրատեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
10151528_615307371881781_143208369_n1967-ին Ժոզեֆ Ստալինի արձանը փոխարինուեցաւ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի 22 մեթրնոց պղնձեայ «Մայր Հայաստան» արձանով:

Սակայն քիչեր գիտեն, թէ հերոսութեան խորհրդանիշ կինը երեւանաբնակ Գենիա Մուրատեանն է:

Գենիա լաւ կը յիշէ, թէ ինչպէս Արա Յարութիւնեան «գեղեցկադէմ օրիորդ»-ին առաջարկեց դառնալ բնորդուհի` իր արձանին համար:

«Ես 17 տարեկան էի, շարքի կեցած էի տոմս գնելու համար, ան դէմս կեցած կը քննէր, կ՛ուսումնասիրէր… եկաւ մօրս ըսաւ, թէ պետական պատուէր ստացած է «Մայր Հայաստան» արձանը քանդակելու եւ խնդրեց մայրիկէս, որ ես ըլլամ բնորդուհին: Մայրիկս մերժեց, բայց ինք իր հեռաձայնի թիւը ձգեց եւ յայտնեց, որ արուեստանոցը կը գտնուի Քիեւեանի վրայ: Կարճ ժամանակ մը ետք, եղբայրս  զիս տարաւ Յարութիւնեանի արուեստանոցը:

28-01-12-9267Մայր-Հայաստան«4-5 անգամ գացինք անոր մօտ, ան քանդակեց արձանին դէմքը, որ շատ կը նմանէր իմ դէմքիս, բացի յօնքերէն. քանդակին յօնքերը միացած էին իրարու: Ան բացատրեց, որ ատիկա վեհ կնոջ, ուժեղ կնոջ իմաստ ունի, եւ թէ հայ կինը եղած է ուժեղ, յաղթանակող, կռուող, ազգը, հայրենիքը պաշտպանող, այդ պատճառով յօնքերը միացած են», հպարտութեամբ կը պատմէ Գենիա Մուրատեանը:

Մուրատեան, որ մասնագիտութեամբ մանկավարժ է, կը խոստովանի, որ այդ հետաքրքրական դրուագը փոխեց իր ներաշխարհը, դարձաւ աւելի ուժեղ, հայրենասէր, ազգանուէր:

«Մայր Հայաստան»-ի բնորդուհին իր հայրենիքին համար շատ աւելի լաւ ապագայ կը պատկերացնէր, ան կ՛ափսոսայ, որ իր կերպարին միջոցով որեւէ բան փոխելու անզօր է, բայց լաւատես է հայրենիքի ապագային հանդէպ. «Կ՛ուզեմ, որ մայր հայրենիքը փոխուի, ժողովուրդը լաւ ապրի, կարիքաւոր մարդ չըլլայ, երիտասարդութիւնը աշխատանք ունենայ, ոչ ոք մեկնի հայրենիքէն, ժողովուրդը միասնակամ եւ միաձուլուած ըլլայ»:

 

Առողջապահական

Դիւրին Միջոցներ` Լեարդը
Առողջ Պահելու Համար

 

1106aknaԼեարդը զտիչ օրկան մըն է: Անիկա կը մաքրէ արիւնը վնասակար բաղադրիչներէ եւ կ՛օգնէ, որ սնունդը մարսուի: Լաւ աշխատող լեարդը «կ՛այրէ» մարմնին իւղը: Անիկա սնունդը կը փոխակերպէ արեան համար օգտակար բաղադրիչներու` պահելով կենսանիւթերն ու հանքայինները: Լեարդը կ՛օգնէ օրկանիզմին` պայքարելու վարակներու դէմ:

Լեարդին հետ կապուած հարցերը կրնան ըլլալ ժառանգական կամ կապուած ժահրերու հետ: Վատառողջ լեարդը զանազան անհանգստութիւններու դուռ կրնայ բանալ: Լեարդը առողջ պահելու համար պէտք է խուսափիլ ոգելից ըմպելիներէն, ծխախոտէն, պէտք է հեղուկ խմել եւ մարզանք ընել:

«Սիվիլնէթ»-էն քաղուած յօդուածի մը համաձայն, շարք մը սննդամթերքներ օգտակար են լեարդին առողջ գործունէութեան համար:

 

  • Սխտորին բաղադրիչները կ՛օգնեն լեարդին դուրս մղելու թունաւոր նիւթերը եւ մաքրելու զայն:
  • Կրիֆոն ուտելը կամ կրիֆոնի հիւթ խմելը եւս կ՛օգնէ լեարդին` ձերբազատուելու վնասակար նիւթերէն:
  • Բազուկը նոյնպէս կ՛օգնէ լեարդին, որպէսզի մնայ առողջ եւ լաւ կատարէ իր դերը:

1106beets1

 

 

  • Կանաչ տերեւները (շոմին, հազար…) մետաղները, քիմիական տարրերը, միջատասպան դեղերը չէզոքացնելու կարողութիւնը ունին եւ լեարդի պաշտպաններն են:
  • Աւոքատոն մարմնին մէջ հակաօքսիտաններ արտադրելու կը նպաստէ, ինչ որ անհրաժեշտ է լեարդին` վնասակար նիւթերը հեռացնելու համար:
  • Կոճապղպեղը, երիցուկի եփուկը, տանձն ու խնձորը նոյնպէս բարեգործ ազդեցութիւն ունին լեարդին վրայ:

1106running

 

 

 

  • Քալելը եւ քնանալը դիւրին եւ անհրաժեշտ միջոցներ են լեարդը առողջ պահելու:

 

 Տաք Խմիչքներուն Բարիքները

Ձմրան ցուրտ օրերուն, վառարանին մօտ, թէ գրասենեակը` գործի ընթացքին, չկայ աւելի հաճելի եւ հանգստացնող բան, քան գաւաթ մը տաք խմիչքը:

Ձմեռնային տաք խմիչքները` իրենց բաղադրութեան համաձայն, կրնան ունենալ զանազան յատկութիւններ` մանրէասպան, ճնշուածութեան դէմ, մարսողական…

Ստորեւ կու տանք տաք խմիչքի երեք տարբերակ` մեղրով, նարինջով, գինիով, տուրմով, թէյով… ձեզի կը մնայ ընտրել ձեր քիմքին յարմարողը:

Այս առիթով եկէք վերյիշենք վերոյիշեալ բաղադրութիւններուն բարիքները.

  • Մեղր` մանրէասպան, մարմնին դիմադրականութիւնը զօրացնող, կոկորդին ցաւը մեղմացնող, անքնութիւնը չքացնող, վէրքերը սպիացնող…
  • Նարինջ` Սէ. կենսանիւթով հարուստ, հարբուխը եւ կոկորդի ցաւը դարմանող:
  • Գինի` յոգնութիւնը չքացնող, կրիփը, պրոնշիթը եւ հարբուխը դարմանող, մարսողութիւնը բարելաւող, ախորժակը գրգռող…
  • Տուրմ` ճնշուածութեան դէմ պայքարող, լաւ եւ գէշ քոլեսթերոլը հաւասարակշռող, արեան գերճնշումը նուազեցնող…
  • Թէյ` շաքարախտը կանխարգիլող, մարսողական գործունէութիւնը բարելաւող, կոկորդի ցաւը մեղմացնող…

Նարինջով Եւ Գինիով Խմիչք

4755_narinj=Անհրաժեշտ են

– Կարմիր չոր գինի` 750 մլ.
– Նարինջի հիւթ` 500 մլ.
– Կասիայի ձողիկ` 2 հատ
– Շէկ շաքար` 125 կր.
– Նարինջ` 1 հատ

Պատրաստութիւն

Նարինջը լուալ եւ շերտերու վերածել:

Կաթսայի մը մէջ լեցնել նարինջի հիւթը, վրան աւելցնել գինին, շաքարը, կասիայի ձողիկները եւ նարինջի շերտերը:

Կաթսան դնել մեղմ կրակի վրայ եւ խառնել այնքան, որ շաքարը հալի:

Ձգել կրակին վրայ 10 վայրկեան, յետոյ կաթսան կրակին վրայէն հանել, որպէսզի բաղադրութիւնը չեռայ: Լեցնել բաժակներու մէջ եւ հրամցնել:

 

Մեղրով Եւ Խնձորով Թէյ

3372_xndzor3Բաղադրութիւն

– 1 բաժակ ջուր
– 1 թէյի դգալ սեւ թէյ
– Կէս խնձոր
– Կէս թէյի դգալ մեղր

Պատրաստութիւն

Թէյամանին մէջ լեցնել թէյը, կտրտուած խնձորը եւ եռացած ջուրը: Կափարիչը գոցել եւ ձգել 5-10 վայրկեան: Վերջաւորութեան քամոցէ անցընել, աւելցնել մեղրը եւ խմել:

Այս տաք խմիչքը յանձնարարելի է ձմեռնային հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու համար:

 

Շոքոլա Շօ` Չիլի Պղպեղով

1995_222448Բաղադրութիւն

– 2 բաժակ կաթ
– 50 կր. սեւ տուրմ
– Չիլի պղպեղ` 1 հատ
– Մեղր` 1 ճաշի դգալ
– Փոշի կասիա` 1 պտղունց

Պատրաստութիւն

Պղպեղը կիսել, մաքրել կուտերը: Տուրմը հալեցնել մանրալիքի մէջ կամ եռացած ջուրով լեցուն կաթսայի վրայ:

Կաթը լեցնել կաթսայի մէջ, աւելցնել պղպեղը եւ տաքցնել` առանց եռացման աստիճանի հասնելու: Պղպեղը հանել կաթսայէն եւ կաթին աւելցնել հալած տուրմը եւ կրակին վրայ խառնելով մէկտեղ եռացնել քանի մը վայրկեան:

Հրամցնելու ատեն բաժակին երեսը շատ քիչ փոշի կասիա աւելցնել:

 

Քարամէլացուած Նարինջ

1337617357_1Աշնան անձրեւոտ եղանակին, բայց նաեւ ձմրան հաճելի է վայելել քարամէլացուած նարինջի շերտեր, մասնաւորաբար ձմեռնային տաք խմիչքներուն կողքին:

Ստորեւ` դիւրին եւ արագ պատրաստուող տարբերակ մը.

Անհրաժեշտ են.-

– 1 քիլօ նարինջ
– 400 կր. շէկ շաքար
– 100 մլ. ջուր

Պատրաստման եղանակը.

Նախընտրելի է ընտրել միջին չափի նարինջներ: Լուալ եւ 0.5 սմ. հաստութեամբ  կլոր շերտել:

Խորունկ քասրոլի մը յատակը ծածկել շաքարով, վրան շարել նարինջի շերտերը, կրկին` շաքար, եւ այսպէս շարունակել մինչեւ որ շաքարն ու նարինջը սպառին: Վերջացնել շաքարի խաւով մը:

Քասրոլը դնել թեթեւ կրակի վրայ, աւելցնել ջուրը եւ երկու ժամ եփել: Անհրաժեշտութեան պարագային կրկին ջուր աւելցնել:

Կարելի է նոյնը պատրաստել այլ միրգերով: Շաքարը կարելի է փոխարինել մեղրով, իսկ քարամէլացուած նարինջները կարելի է կիսով թաթխել հալած տուրմի մէջ եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աբովեան Փողոց

1106SilvaGaboudikianՄի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց –
Շուրթին անունը մեր Աբովեանի,
Զգւում է, փռւում – ծառով, ծիծաղով
Կանաչ սրտի մէջ մեր Երեւանի:

Բացուել են ուրիշ շքեղ փողոցներ,
Ու սերունդներ են եկել ու անցել,
Բայց նա ինչպէս հին ու առաջին սէր
Նորից ամէնից թանկն է մնացել:

Տխրում է հոգին – իր գիրկն ենք գնում,
Երբ ուրախ ենք մենք այնտեղ ենք կրկին
Երբ մտերմի է սիրտը որոնում
Այնտեղ է գտնում իր որոնածին:

Ու յերբ մթնում է մեր միտքը բարի
Հայոց հինաւուրց բախտի մռայլով
Մեզ սփոփում է նրա մայթերի
Կենդանութիւնը, աշխոյժը խռով:

Ասես երակն է աշխարհի հայոց
Որ բաբախում է յաւէրժ կենդանի
Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց
Շուրթին – անունը մեր Աբովեանի…:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

1946

 

 

 

 

 

Այլազան. Նաումի Քեմպըլի Բարեսիրական Խանութը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1415356182510_wps_11_NET_A_PORTER_NAOMI_F03_04Յայտնի մանըքեն Նաումի Քեմպըլ մտադիր է բարեսիրական խանութ բանալ, ուր պիտի վաճառուին իր եւ իր ընկերներուն հագուստները: Վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Էպոլա համաճարակի տարածման մասին իրազեկման արշաւին:

Ֆեշըն ֆոր ռիլիֆ կարգախօսքով խանութը պիտի բացուի Լոնտոնի Ուեսթֆիլտ առեւտուրի կեդրոնին մէջ. այցելուները ընդամէնը մէկ շաբաթ ունին (նոյեմբեր 28-էն դեկտեմբեր 4) իրենց գնումները կատարելու:

Ասիկա մանըքենին առաջին խանութը չէ: 2011-ին ան նոյն կեդրոնին մէջ եւ դարձեալ բարեսիրական նպատակով խանութ բացած էր եւ մէկ շաբթուան ընթացքին հաւաքած էր 20,000 սթերլին:

 

2014-2015 Աշուն Ձմեռ Մազի
Սանտրուածքները

Նշանաւոր վարսայարդարներ եւ ձեւագէտներ արդէն իսկ վճռած են յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակի սանտրուածքները, որոնք կարելի է ամփոփել գլխաւոր 5 կէտերու մէջ:

Կարճ, միջին հասակով կամ աչքերը գրեթէ ծածկող ֆրանժները կրկին նորաձեւ են յառաջիկայ եղանակներուն:

Կարճ, միջին հասակով կամ աչքերը գրեթէ ծածկող ֆրանժները կրկին նորաձեւ են յառաջիկայ եղանակներուն:

 

 

 

 

 

Շատ կարճ մազերը, տեկրատէ ֆրանժներով, կը մնան գործնական, նորաձեւ եւ ոճային:

Շատ կարճ մազերը, տեկրատէ ֆրանժներով, կը մնան գործնական, նորաձեւ եւ ոճային:

Մաքարոն կոչուած փոքրիկ մազի կծիկները ցերեկային թէ գիշերային սանտրուածքներուն մէջ կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն այս տարի:

Մաքարոն կոչուած փոքրիկ մազի կծիկները ցերեկային թէ գիշերային սանտրուածքներուն մէջ կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն այս տարի

 

 

 

Ուան շոլտըր (մէկ ուսին վրայ հաւաքուած) սանտրուածքը եւս կը մնայ 2014-2015 եղանակի նորաձեւ յարդարանքներէն մէկը:

Քէօ տը շըվալները իրենց բոլոր ձեւերով կը վայելեն երկար վիզ եւ գեղեցիկ ճակատ ունեցողներուն:

Քէօ տը շըվալները իրենց բոլոր ձեւերով կը վայելեն երկար վիզ եւ գեղեցիկ ճակատ ունեցողներու

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հոտերը ճանչնալու յատկութիւնը…

1113_sense of smellԳիտնականներ պարզած են, որ երբ ոմանց մօտ ուտելիքը արդէն ախորժաբեր չի բուրեր եւ օծանելիքին բոյրը զզուելի է, այս ազդանշանները կը վկայեն լուրջ հիւանդութեան մը զարգացման մասին:

Գիտնականներուն կարծիքով, հոտերը ճանչնալու յատկութիւնը կորսնցուցած մարդիկ յաջորդ 5 տարիներուն 6 անգամ աւելի յաճախ մահացած են:

Հոտառութեան խանգարումը ինքնին մահուան սպառնալիքը չ՛աւելցներ, սակայն անիկա կը վկայէ լուրջ հիւանդութիւններու մասին: Երբ մարդ չի ճանչնար վարդին, ձուկին, կաշիին, նարինջին, մանանեխին հոտերը, մտահոգուելու լուրջ առիթ է:

 

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Ծանօ՞թ Էք Յիշողութեան
Թշնամիներուն

Արդեօք ծանօ՞թ էք մեր յիշողութիւնը բարելաւող կամ նուազեցնող ազդակներուն. իմանալու համար կարդացէք յօդուածը:

1

Խաչբառ լուծելը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:

Սխալ.- Գիտնականներ փաստած են, որ խաչափառ լուծելը կամ ոտանաւորներ գոց սորվիլը ոչ մէկ ձեւով յիշողութիւնը կը զօրացնեն. բայց եւ այնպէս, ընթերցումը եւ մտաւորական որոշ աշխատանքները թոյլ չեն տար, որ ուղեղը ծուլանայ:

2

Ոգելից ըմպելիները կը վնասեն յիշողութեան:

Ճիշդ.- Ոգելից ըմպելիներու չափազանցութիւնը տարիներու վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր յիշողութեան վրայ:

3

Ձուկ ուտելը կ՛օգնէ յիշողութեան:

Սխալ.- Այս շատ ընդհանրացած համոզումը գիտականօրէն փաստուած չէ: Միւս կողմէ, սակայն, ինչ որ օգտակար է մեր մարմնին, օգտակար է նաեւ ուղեղին: Հետեւաբար առողջ եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը նաեւ  օգտակար է ուղեղին:

4

Սթրեսը մոռացութիւն կը պատճառէ:

Ճիշդ.- Ծանր սթրեսը (ընկճախտ) կրնայ վնասել յիշողութեան: Կարճատեւ, թեթեւ ընկճախտը յիշողութիւնը կը պակսեցնէ կարճ ժամանակի վրայ եւ, հետեւաբար, անցողակի կ՛ըլլայ:

5

Հանգիստ, խոր քունը անհրաժեշտ է յիշողութիւնը պահպանելու համար:

Ճիշդ.- Ուղեղը քունի ընթացքին է, որ կը զտէ եւ կը դասէ օրուան դէպքերը: Անկանոն եւ ընդհատուած քունը արգելք կը դառնայ, որ յուշերը ամրապնդուին:

6

Օդանաւով ճամբորդութիւնը կրնայ…

Ճիշդ.- Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օդանաւային ընկերութիւններու անձնակազմերը աւելի ենթակայ են յիշողութեան տկարութեան, քան ուրիշներ, սակայն ասիկա կրնայ պարզապէս կապուած ըլլալ անքնութեան հետ:

7

Յիշողութիւնը կը նուազի 20 տարեկանէն սկսեալ:

Ճիշդ.- Ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, յիշողութիւնը նուազելու կը սկսի պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, միւս կողմէ` բառապաշարը եւ պերճախօսութիւնը կ՛աւելնան 70 տարեկանէն սկսեալ:

8

Կարգ մը դեղեր կրնան վնասել յիշողութեան:

Ճիշդ.- Յատկապէս` անթիտեփրեսէօր կոչուած տեսակները, որոնք հոգեկան անկումները դարմանելու կը ծառայեն, կրնան տկարացնել յիշողութիւնը, սակայն անգամ մը որ դարմանումը դադրեցուի, ամէն բան ընթացքի մէջ կը մտնէ:

9

Սոյայի կաթը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:

Սխալ.- Հրաշք դեղ մը գոյութիւն չունի ուղեղին համար: Ուղեղը պէտք ունի 13 տեսակ կենսանիւթի, 15 հանքայինի եւ Օլիկօ Էլեմանի, 8 ասիտ ամինէի եւ 4 ճարպաթթուի: Այլ խօսքով, միայն այլազան եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը կրնայ ապահովել ուղեղին կատարել գործունէութիւնը:

10

Առտուները աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք եւ կը յիշենք:

Ճիշդ.- Առտուն լաւագոյն ժամանակն է սորվելու, մինչդեռ յիտմիջօրէին մեր ուշադրութիւնը նուազած կ՛ըլլայ:

 

 

Առողջապահական

Ի՞նչ Ուտել Օսթէոփորոզէն
Պաշտպանուելու Համար

Իրենց զօրութիւնն ու տոկունութիւնը պահպանելու համար մեր ոսկորները պէտք ունին կիրի, բայց նաեւ` հանքայիններու, կենսանիւթերու եւ այլն…

Ոսկորները տարիներու ընթացքին կը դառնան դիւրաբեկ, քանի որ կը կորսնցնեն իրենց խտութիւնը: Այս պատճառով ճաթռտուքներ կը պատահին, իսկ դարմանումը երկարատեւ է եւ` ոչ արմատական: Ոսկորներու մաշումն ու պարպումը ծանօթ է օսթէոփորոզ անունով: Կիները 4 անգամ աւելի ենթակայ են օսթէոփորոզ ունենալու, քան տղամարդիկ:

Ոսկորներու պարպումի գործընթացը կարելի չէ կասեցնել, սակայն դեղերու, ուտելիքներու եւ մարզանքի ճամբով կարելի է դանդաղեցնել:

110326bikan-hamil

1113_Milk1113_fruits-vegetables

Ի՞նչ ուտել.-

  • Կաթնեղէն
  • Պտուղներ, բանջարեղէններ, ընդեղէններ եւ ընկոյզ:
  • Մութ կանաչ գոյնի բանջարեղէններ եւ խոտեր:
  • Սոյա, ձկնեղէն, հաւ:
  • Սեւ թէյ:

Ի՞նչ բաներէ խուսափիլ.-

  • Աղի ուտելիքներէն
  • Չափազանցուած քանակութեամբ ոգելից ըմպելիներէն:
  • Քաֆէյինէն:
  • Պահածոյացուած պտուղներէն եւ բանջարեղէններէն:

 

Խոհագիր

206a94aa-7094-4b63-8442-845721aed6f9Դդումով Ապուր

Քանակ` 4 անձի համար

Պատրաստութիւն` 10 վայրկեան
Եփ` 15 վայրկեան
Ծախս` չնչին
Աշխատանք` դիւրին

Բաղադրութիւն

1 քիլօ դդում
6 հատ լա վաշ քի ռի պանիր
1  լիթր ջուր
Աղ

Պատրաստութիւն

Դդումները լուալ կոթերը կտրել, ապա խորանարդաձեւ կտրտել եւ 1 լիթր աղի, եռացած ջուրի մէջ եփել:

Խաշած դդումները, եփի ջուրը եւ պանիրները հարիչէ անցընել եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

f52e8b9698adde_52e8b9698b5abԽեղդուելու Չափ
Պէտք Ունեմ Ես

Խեղդուելու չափ պէտք ունեմ ես
Լաւ ընկերոջ ու լաւ մարդկանց.
Ոչ մի թաւիշ շող ու շքեղ ,
Ոչ մի գունեղ մետաղ ու գանձ .
Ոչ մի թռիչք ` երկինք հասնող,
Փառքի կատար ամենախանձ,
Ու պարտադիր սուտ սէրերի,
Ոչ մի կպչուն սոսինձ ու սանձ:
Մաքուր, մաքուր ու լուսնատես,
Լուսաբացի ցուրտ օդի պէս.
Ես յոգնել եմ, յոգնել եմ ես
Ձեւացնելով ու ձգելով,
Չեղած լաւը սուտ փքելով,
Յոյս տալով ինձ, սպասելով,
Ու մեղաներ ինձ ասելով:
Տարիները եկել դիզուել`
Ծանրացել են թռիչք ու թափ,
Լաւ սրտերի պէտք ունեմ ես
Խեղդուելու չափ,
Խեղդուելու չափ:

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

Փորձ Հարցարան. Լա՞ւ Տնտեսուհի Էք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1120_test1Թերեւս այս մասին երբեք չէք մտածած… Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 16 հարցումներուն` «այո» կամ «ոչ»-ով: Իւրաքանչիւր դրական պատասխանի համար արձանագրեցէք 1 կէտ, իսկ իւրաքանչիւր ժխտականի` 2 կէտ:

1.- Կ՛արձանագրէ՞ք ձեր եկամուտները:

2.- Կրնա՞ք արագօրէն թեթեւ ընթրիք մը պատրաստել, անակնկալ հիւրերու համար (անշուշտ տունը գտնուող մթերքներով):

3.- Կրնա՞ք պատրաստել տասը «արագ» ճաշատեսակ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին պատրաստութիւնը կէս ժամէն աւելի չի խլեր:

4.- Յաճախ կը պատահի՞, որ ձեր ամսականը չբաւէ մինչեւ ամսավերջ:

5.- Յաճախ կը պատահի՞, որ աղբամանը թափէք մթերք մը, որ երկար ժամանակ սառնարանը մնացած ու հինցած է:

6.- Արդեօք միշտ տեղեա՞կ էք, թէ տունը ինչ մթերք կը պակսի, օրինակ` շաքարաւազ, աղ, հաց եւ այլն…

7.- Պահածոներ կը պատրաստէ՞ք:

8.- Մեծ գումարով գնումներ կ՛ընէք, հակառակ ձեր սահմանափակ պիւտճէին:

9.- Ձեր ամուսինէն գաղտնի կը պահէ՞ք, եթէ պզտիկ խնայողութիւն մը մէկ կողմ դրած ըլլաք:

10.- Օրակա՞ն կը մաքրէք ձեր տունը, թէ՞ որոշակի օրերու:

11.- Երկար ժամանակ չօգտագործուած իր մը գիտէ՞ք ուր, որ պայուսակին մէջ կամ որ դարանին վրայ տեղաւորած էք:

12.- Ձեզ կ՛անհանգստացնէ՞ չլուացուած ամանեղէնի կոյտը:

13.- Ձեր ամուսինը կամ զաւակները ձեռք կ՛երկարե՞ն տան մաքրութեան:

14.- Առտուները կրնա՞ք 20 վայրկեան յատկացնել ձեզի համար, որպէսզի հանգիստ նախաճաշէք եւ զբաղիք ձեր արտաքինով:

15.- Կը սիրէ՞ք երկար ժամանակ տրամադրել ձեր արտաքինին, շպարին եւ այլն…

16.- Կը պատահի՞ որ կէսօրուան կերակուր պատրաստած չըլլաք եւ դուրսէն ապսպրանք ընէք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ 10-16 կէտ հաւաքած էք, դուք օրինակելի տնտեսուհի էք, ձեր մէջ խտացուած են բազմաթիւ շնորհքներ: Կամ այն է, որ աննման կազմակերպիչ էք: Ունիք ժամանակ եւ համբերութիւն

***

Եթէ 6-9 կէտ հաւաքած էք, դուք խելացի տնտեսուհի էք, բայց քիչ մը խստապահանջ: Տան  կարգուկանոնը կարեւոր գործ է, բայց ոչ միակը: Պէտք է ժամանակ տրամադրէք դուք ձեզի եւ ձեր հաճոյքին:

***

Եթէ 0-5 կէտ հաւաքած էք, տնային տնտեսութիւնը ձեր երազանքը չէ: Դուք ուրիշ առաջնահերթութիւններ ունիք: Մի՛ նեղանաք, տնտեսավարութեան արուեստը սորվելու համար երբեք ուշ չէ, կարելի է այսօրուընէ իսկ սկսիլ:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեկոյեան Խաղեր, Որոնք Կ՛օգնեն…

1120_Baby-Child-BathingԵրեկոյեան ծնողները անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ իրենց հրաշք մանուկը հանգիստ պիտի պառկի, աչքերը պիտի փակէ եւ անմիջապէս քունի անցնի: Սակայն կ՛անցնին ժամեր, իսկ երեխան տակաւին կը թռչկոտէ:

Որպէսզի երեխան քնացնելը տանջանքի չվերածուի, կարելի է կազմակերպել երեկոյեան խաղեր, որոնք կ՛օգնեն քնանալու առանց աւելորդ չափազանցութիւններու:

Թուղթ պատռելու խաղ

Երեխաները շատ կը սիրեն թուղթ պատռել եւ լսել պատռուող թուղթի ձայնը: Այս խաղը կը հանգստացնէ եւ կը մեղմացնէ անոնց լարուածութիւնը:

Օգտագործեցէք անպէտք օրաթերթերը, ամսաթերթերը, պատռեցէք ոչ կոպիտ եւ յարձակողական ձեւով, այլ հանգիստ, ապա քալեցէք կամ ցատկռտեցէք պատռուած թուղթերու կոյտին վրայ:

Գոց աչքերով խաղալիքները հաւաքել

Երեկոյեան թելադրելի է կազմակերպել խաղեր, ուր մրցակցութիւն չկայ: Օրինակ` գետին թափած խաղալիքները գոց աչքերով լեցնել խոշոր զամբիւղին մէջ: Երեխան թող ասիկա կատարէ առանց աճապարելու, ձեր ցուցմունքներով:

Ջուրով խաղ

Ջուրով խաղալը կ՛օգնէ ձերբազատելու աւելորդ լարուածութենէ եւ կը հանդարտեցնէ ջիղերը: Այսպէս, երեխային առջեւ դրէք ջուրով լեցուն դոյլ մը, սպունգ մը եւ պարապ դոյլ մը: Թող երեխան սպունգին միջոցաւ լեցուն դոյլէն ջուրը փոխադրէ պարապին մէջ:

Բացի այս խաղերէն, ծնողները ուշադիր պէտք է ըլլան հետեւեալ կէտերուն.

ա.- Երեկոյեան անջատել պատկերասփիւռը: Պաստառէն արձակուած ելեկտրամագնիսական ալիքները կը գրգռեն ուղեղը, ինչ որ կը վնասէ քունին:

բ.- Երեխային գիրք կարդալու պարագային, նիւթը պէտք է ըլլայ բարի եւ դրական:

գ.- Ժպտերես եւ սիրալիր մայրը աւելի արագ կը քնացնէ իր փոքրիկը, քան ջղային եւ կամակոր մայրը…

Այս բոլորին հետեւիլը այդքան ալ դժուար չէ: Այս խորհուրդները օգտագործելու պարագային, ձեր փոքրիկին քունը տանջալի չ՛ըլլար թէ՛ ձեզի, եւ թէ անոր համար:

 

Գեղեցկագիտական. Առողջապահական

Առողջ Մազերու Գաղտնիքը

Մազերը ուղղակիօրէն կ՛արտացոլեն մեր առողջութիւնը: Առողջ, ամուր ու գեղեցիկ մազեր ունենալու համար ձեր սննդակարգին մէջ ներառէք հետեւեալ կենսանիւթերն ու հանքայինները:

Սպիտակուց Մազերը կազմուած են սպիտակուցէ, ուստի սնունդին մէջ անոր պակասը կրնայ յանգեցնել չոր, տկար եւ ճիւղաւորուած մազերու, իսկ ծանր պակասի պարագային` հերաթափութիւն: Սննդառութեան մէջ անպայման ներառէք թռչնամիս, ձուկ, կաթնամթերք եւ հաւկիթ: Բուսակերներու պարագային սպիտակուցի աղբիւր են ընկուզեղէնն ու ընդեղէնը:

Սպիտակուց
Մազերը կազմուած են սպիտակուցէ, ուստի սնունդին մէջ անոր պակասը կրնայ յանգեցնել չոր, տկար եւ ճիւղաւորուած մազերու, իսկ ծանր պակասի պարագային` հերաթափութիւն: Սննդառութեան մէջ անպայման ներառէք թռչնամիս, ձուկ, կաթնամթերք եւ հաւկիթ: Բուսակերներու պարագային սպիտակուցի աղբիւր են ընկուզեղէնն ու ընդեղէնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սէ. կենսանիւթ Սէ. կենսանիւթը կ՛օգնէ երկաթով հարուստ սնունդի մարսման, ուստի այս կենսանիւթով հարուստ սնունդը պէտք է համատեղել երկաթով հարուստ սնունդի հետ: Լաւագոյն աղբիւրներն են սեւ հաղարջը, քիուին, նարինջը, ելակը, պրոքոլին եւ այլն...

Սէ. կենսանիւթ
Սէ. կենսանիւթը կ՛օգնէ երկաթով հարուստ սնունդի մարսման, ուստի այս կենսանիւթով հարուստ սնունդը պէտք է համատեղել երկաթով հարուստ սնունդի հետ: Լաւագոյն աղբիւրներն են սեւ հաղարջը, քիուին, նարինջը, ելակը, պրոքոլին եւ այլն…

Երկաթ Երկաթը անհրաժեշտ է յատկապէս մազերուն համար, քանի որ սննդանիւթերով հարուստ արիւնն է, որ կը սնանէ մազարմատը: Երբ արեան մէջ երկաթը կը նուազի` սակաւարիւնութիւն կը յառաջանայ, եւ մազերու մակարդակին սննդանիւթերու հաւասարակշռութիւնը կը խախտի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ հերաթափութեան: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք կարմիր միսն ու ձուկը, ոսպը, շոմինը, պրոքոլին եւ այլն...

Երկաթ
Երկաթը անհրաժեշտ է յատկապէս մազերուն համար, քանի որ սննդանիւթերով հարուստ արիւնն է, որ կը սնանէ մազարմատը: Երբ արեան մէջ երկաթը կը նուազի` սակաւարիւնութիւն կը յառաջանայ, եւ մազերու մակարդակին սննդանիւթերու հաւասարակշռութիւնը կը խախտի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ հերաթափութեան: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք կարմիր միսն ու ձուկը, ոսպը, շոմինը, պրոքոլին եւ այլն…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ա. կենսանիւթ Այս կենսանիւթին պակասը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մազերը չորնան եւ ճիւղաւորուին: Ձեր սնունդին մէջ ներառէք կենդանական ծագումով ուտելիք, նարնջագոյն միրգեր եւ բանջարեղէններ, որոնք հարուստ են պէթաքարոթէնով, օրինակ` ստեպղին, դդում, քաղցր գետնախնձոր, գունաւոր թարմ պղպեղներ:

Ա. կենսանիւթ
Այս կենսանիւթին պակասը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մազերը չորնան եւ ճիւղաւորուին: Ձեր սնունդին մէջ ներառէք կենդանական ծագումով ուտելիք, նարնջագոյն միրգեր եւ բանջարեղէններ, որոնք հարուստ են պէթաքարոթէնով, օրինակ` ստեպղին, դդում, քաղցր գետնախնձոր, գունաւոր թարմ պղպեղներ:

Օմեկա -3 ճարպաթթուներ Այս ճարպաթթուները անհրաժեշտ են, քանի որ մեր մարմինը չի կրնար զանոնք արտադրել: Այս ճարպաթթուները կը գտնուին գանկամաշկին տակ եւ կը սնանեն մաշկն ու մազարմատները: Օմեկա-3-ով հարուստ են իւղոտ ձկնատեսակները, աւոքատոն, ընկոյզը եւ այլն...

Օմեկա -3 ճարպաթթուներ
Այս ճարպաթթուները անհրաժեշտ են, քանի որ մեր մարմինը չի կրնար զանոնք արտադրել: Այս ճարպաթթուները կը գտնուին գանկամաշկին տակ եւ կը սնանեն մաշկն ու մազարմատները: Օմեկա-3-ով հարուստ են իւղոտ ձկնատեսակները, աւոքատոն, ընկոյզը եւ այլն..

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԷՕ. կենսանիւթ Արեւին ճառագայթները կը վնասեն ո՛չ միայն մեր մորթին, այլ նաեւ մազերուն. վերջիններուն առողջութիւնը եւ փայլուն տեսքը կ՛ապահովեն ընկուզեղէնը` նուշ, ընկոյզ, հնդկընկոյզ, կաղին, նուշ, եւ այլն...

ԷՕ. կենսանիւթ
Արեւին ճառագայթները կը վնասեն ո՛չ միայն մեր մորթին, այլ նաեւ մազերուն. վերջիններուն առողջութիւնը եւ փայլուն տեսքը կ՛ապահովեն ընկուզեղէնը` նուշ, ընկոյզ, հնդկընկոյզ, կաղին, նուշ, եւ այլն…

Զինկ եւ սելենիոմ Թեփն ու հերաթափութիւնը անմիջականօրէն կապուած են այս հանքանիւթերու պակասին հետ: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք հնդկացորենը, ընկուզեղէնը, ծովամթերքը, կովու միսն ու հաւկիթը:

Զինկ եւ սելենիոմ
Թեփն ու հերաթափութիւնը անմիջականօրէն կապուած են այս հանքանիւթերու պակասին հետ: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք հնդկացորենը, ընկուզեղէնը, ծովամթերքը, կովու միսն ու հաւկիթը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Բալի Չիրով Եւ Նուշով Բրինձ

1120_brindsԲաղադրութիւն

3 թէյի բաժակ ջուր
1 գլուխ սոխ
100 կր. կարագ
150 կր. կեղւըուած նուշ
1 թէյի դգալ կասիա
1 թէյի դգալ շաքարաւազ
Կէս թէյի բաժակ բրինձ
150 կր. բալի չիր
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ջուրը եռացնել: Առանձին կաթսայի մէջ հալեցնել կարագը, տապկել մանրուած սոխը, աւելցնել աղը, պղպեղը, շաքարաւազը, կասիան, նուշը եւ խառնել, ապա աւելցնել բալի չիրը, երկու վայրկեան եւս տապկել: Աւելցնել եռացած ջուրը եւ բրինձը: Կափարիչը գոցել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել սովորական բրինձով` եղինձին պէս:

Հրամցնել մսեղէնի մը կողքին:

 

Խաչքար

Հրաշքին թեւով եկար ու հասար,
Քսաներորդ դար:
Բայց այս քանի՞ դար
Ձեռքեր անարդար,
Քեզ թեւատեցին
Հայրենի իմ տան հարազատ խաչքար…

* * *

Մատներու միտքեր,
Շնորհքի շողեր
Շղարշեցին քեզ:
Իսկ երբ անխնայ ուզեցին ջնջել
Գիծերդ հայածին,
Դուն խոնարհեցար, փարեցար հողին,
Որ օր մը արեւ,
Քեզ դուրս բերենք մենք
Քու գերեզմանէն:
Յարութեան շունչով ներ կեանք տանք կրկին,
Քու մայր երակին…

* * *

Լեռներու ծերպին, ժայռերու ուսին,
Գամուած մեծ խաչեալ,
Լուռ լացող խաչքար,
Ահա՛ քեզ համար, իմ սէրը վարար:
Բայց ի՞նչ խօսք կամ բառ
Ձօնեմ քեզ յարմար,
Ու արժանաբար,
Ցոյց տամ մարդերուն, համայն աշխարհին,
Թէ լոկ մեր երկրի,
Տաղանդներն արի,
Գիտցած են հիւսել քարը թել առ թել,
Ու զայն վերածել,
Շղարշ ժանեակի,
Ու անոր սիրոյն թափած են արիւն
Ծակած, ծակծկած
Եղունգ, միս ու մատ,
Ուխտով ծոմապահ
Ու սրտերուն` ահ,
Գեղեցկին խանդով քանդակած են հոն,
Հաւատք ու հոգի,
Մասունք աղօթքի,
Նշխար ու Նարեկ,
Երազներ բեկ-բեկ,
Խնկաբոյր խորան,
Տիրամայր վրան:
Դեռ` Աւետարան,
Քանդակ առ քանդակ
Մաշտոցէն մինչեւ Պարոյրը Սեւակ
Ա՜խ, այս ի՜նչ հմայք…

* * *

Քու դէմքին վրայ Միւռոն կը շողայ,
Արեւ կը տեղայ, թել-թել ճառագայթ,
Հուր ցոլքերու ցայտք,
Սիրտեր կ’ողողես քու լոյսով արդար,
Իմ հայրենի տան նրբահիւս խաչքար:
Կիսափուլ վանքի, մրոտ մատուռի,
Դրան դուն կանգուն
Պահապան արթուն:
Պատճենն ես նաշխուն մեր տաճարներուն,
Լոյս Էջմիածին,
Հաւատք Հաղարծին,
Զնգուն Զուարթնոց,
Սուրբ Առաքելոց,
Հեթանոս Գառնի,
Ժայռամուխ Այրի,
Գանձատուն Գեղարդ,
Շէկլիկ Կարմրաւոր,
Հրաշք Հռիփսիմէ,
Շէնշող Շողակաթ,
Շրջուն Պատարագ,
Քեզ կը տանինք մենք շալակ առ շալակ,
Գողգոթաներէ մինչեւ յաղթանակ
Մինչեւ ատենը Ազգերու Համակ,
Զերթ քարէ նամակ…

* * *

Մեր մեծ գոյութեան չստող վկան,
Մեր լինելիութեան անբեկ դատաստան:
Մեր չքանդուող հաւատքի ամրոց,
Որուն շուրջն եթէ նոյնիսկ սողայ օձ,
Իժի սուր խայթողն իսկ պիտ’ չկրնայ,
Իր դեղնած թոյնով
Փոխել գոյնդ նոր,
Դուն մեր մեծազօր,
Դուն մեր անառիկ
Հաւատքի երդիք,
Հոգիի Մասիս,
Մեր պանդուխտ կեանքի
Կանաչ ովասիս…

* * *

Ձուլումին դիմաց սուր ու սաղաւարտ,
Մեր վահանն ես յաղթ:
Անէծքներ վանող լուսեղէն հրաշք,
Դեռ չարխափան աչք,
Օրհնութիւն ցանող ձեռք ու ափ առատ,
Մեր անցեալին մեծ, ներկային յամառ
Լեզուն անբարբառ,
Մեր շրջուն կամար,
Ա՜խ, խաչուած խաչքար…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

 

 

 

 


Գիրնալու 8 Պատճառ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1127_Weight-scaleՅաճախ գիրութիւնը կը կապենք շատ ուտելու եւ մարզանք չընելու հետ, սակայն կան այլ պատճառներ, որոնք անսպասելի եւ անհաւատալի են: Ահաւասիկ 8 պատճառ, որոնք թերեւս պատասխանեն «Ինչո՞ւ կը գիրնամ» հարցումին…

1

Սննդարար նիւթերու պակասը:

Եթէ դուք հաւասարակշռուած սնունդ չէք ստանար, կրնաք գիրնալ, նոյնիսկ եթէ քիչ կ՛ուտէք եւ մարզանք կ՛ընէք: Երկաթը, կիրը, մակնեզիոմը եւ Տէ. կենսանիւթը կենսական նիւթեր են, որոնք կարելի է ստանալ բնական աղբիւրներով:

2

Դեղահատերու գործածութիւնը:

Կարգ մը դեղահատեր, ինչպէս` հակաբեղմնաւորիչները, շաքարախտը կամ հոգեկան ընկճուածութիւնը դարմանող դեղերը կրնան գիրութեան պատճառ դառնալ: Նման պարագաներու, դիմեցէք մասնագէտ սննդագէտի, որպէսզի համապատասխան ճաշացուցակ եւ մարզանք թելադրէ:

3

Քունի պակասը:

Նոյնիսկ եթէ ամէն օր 6-7 ժամ կը քնանաք, սակայն ձեր մարմինը անհրաժեշտ չափով չի հանգստանար, դուք ենթակայ էք գիրնալու…

4

Վահանաձեւ գեղձի հարցեր:

Վահանաձեւ գեղձի հետ կապուած խանգարումները կրնան գիրցնել: Եթէ ձեր գիրութեան տրամաբանական պատճառներ չէք գտներ, դիմեցէք մասնագէտի մը, որպէսզի ճիշդ ախտաճանաչում մը կատարէ:

5

Դանդաղ մարսողութիւնը:

Մարսողական համակարգին մէջ «խցանուած» սնունդը նոյնպէս կրնայ գիրութիւն պատճառել: Նման պարագայի աղիքները կրնան դանդաղեցնել մարսողութեան ընթացքը եւ խնդրոյ առարկայ անձին մօտ յաւելեալ քիլոներ կուտակել:

6

Ընկճախտը (սթրես):

Ընկճախտը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ նիւթափոխականութեան վրայ եւ գիրութեան պատճառ կը դառնայ: Եթէ դուք ընկճախտէ կը տառապիք, ինքնաբերաբար ենթակայ էք գիրնալու, քանի որ այս վիճակը ձեզ կը մղէ յաւելեալ ուտելու:

7

Հոգեկան անկումը (տեփրեսիոն)

Եթէ հոգեկան անկումի պատճառով դեղահատեր կը գործածէք, բնականաբար ենթակայ էք գիրնալու, քանի որ այդ դեղահատերը ախորժակը գրգռելու յատկութիւն ունին: Նման կողմնակի ազդեցութիւններէ խուսափելու համար դիմեցէք ձեր բժիշկին, որպէսզի ձեզի առաջարկէ այլընտրանքային տարբերակներ:

8

Հենաշարժիչ համակարգի վիճակը:

Օսթէոարթրիտն ու այլ հիւանդութիւններ, որոնք կ՛ազդեն մկաններուն, ողնայարին եւ յօդերուն վրայ, կրնան նպաստել գիրութեան: Մասնագէտ բժիշկի մը ճիշդ ախտաճանաչումն ու դարմանումը կրնան բարելաւել ձեր առողջական վիճակը:

 

Նորաձեւութիւն

Աշնանային Պայուսակի
Նորաձեւ Տարբերակներ

Պայուսակը անփոխարինելի աքսէսուար է իւրաքանչիւր կնոջ համար, եւ տարուան իւրաքանչիւր եղանակին ձեւագէտները պայուսակի նոր ձեւեր ու ոճեր կը յղանան:

Այս աշնան համար ձեւագէտները կ՛առաջարկեն զանազան ձեւի, չափի եւ գոյնի հետաքրքրական նմուշներ:

1127_Bags1

1127_bags21127_bags3

 

 

 

 

 

 

Ձեռային Աշխատանք

Վիպական Մոմակալներ

1127_CandlesԱռէք պահածոյի ապակեայ շիշեր եւ անոնց շուրջ փակցուցէք աշնանային երփներանգ տերեւներ: Իւրաքանչիւր շիշի բերնին շուրջ ռաֆիայով մէկական հանգոյց կապեցէք եւ ապա իւրաքանչիւր շիշի մէջ վառած մոմ մը զետեղեցէք:

Այս շատ տպաւորիչ մոմակալները անբացատրելի մթնոլորտ մը պիտի ստեղծեն եւ գիշերուան մը համար պիտի ջերմացնեն ձեր հոգիները:

 

Գեղեցկագիտական

Ձէթով Դիմակներ

1127_Extra-Virgin-Olive-OilՁիթապտուղի իւղը` ձէթը հիանալի մաքրող եւ սնուցող է դէմքի եւ պարանոցի մաշկին համար:

Ամէն օր առաւօտեան եւ երեկոյեան մաշկը մաքրեցէք ձէթով:

Դիմակներ

Չոր մաշկի համար պատրաստեցէք հետեւեալ դիմակը. քերիչէ անցուցէք բանջարեղէններ (ստեպղին, դդում, գետնախնձոր, կաղամբ, բողկ…) կամ պտուղներ (պանան, ելակ, ծիրան, խնձոր…) աւելցուցէք ձէթ եւ ստացուած ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին եւ պարանոցին վրայ. սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:

1127_olive-oilՁէթին կարելի է աւելցնել խաղողի կամ քիուիի, նարինջի կամ աւոքատոյի ճզմուած միջուկ եւ խառնուրդը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ: Այս դիմակը հիանալիօրէն կը խոնաւցնէ մաշկը եւ կը թարմացնէ զայն:

Այս դիմակը պատրաստելու համար պէտք է մէկ ճաշի դգալ միջուկին աւելցնել մէկ ճաշի դգալ ձէթ:

Բնական մաշկի համար կարելի է ընտրել հետեւեալ բաղադրատոմսը: Ձէթը պէտք է խառնել ալիւրով (բրինձի, վարսակի, ցորենի): Պատրաստութեան համար 1 ճաշի դգալ ալիւրին աւելցուցէք քիչ մը ձէթ` խիտ զանգուած ստանալու համար:

– Չոր մաշկը փափկացնելու համար վերոյիշեալ խառնուրդին աւելցուցէք հարուած հաւկիթի դեղնուց մը:

– Թորշոմած մաշկի համար աւելցուցէք քիչ մը մեղր:

Ահաւասիկ դիւրին եւ արագ պատրաստուող, բայց` մանաւանդ աժան եւ ազդու դէմքի ծեփուկներ:

 

Խոհագիր

Հաւով Ապուր` Հաւկիթով Եւ Կիտրոնի Հիւթով

1127_Chicken-SoupԱհաւասիկ հայկական խոհանոցի ամէնէն դասական ապուրներէն մէկը, որ աշնանային անձրեւոտ օրերուն ջերմացնող եւ առողջարար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ.

Բաղադրութիւն

– Միջակ չափի խաշած հաւ մը
– 6 բաժակ հաւու արգանակ
– 2 հաւկիթ
– 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ լեցնել 6 բաժակ հաւու արգանակը եւ եռացնել, ապա կրակը թեթեւցնել:

Առանձին ամանի մը մէջ հարել հաւկիթները, մինչեւ որ փրփրին, աստիճանաբար աւելցնել կիտրոնին հիւթը, ապա կէս բաժակ եռացող արգանակէն` շարունակ հարելով: Ստացուած խառնուրդը աւելցնել արգանակին, եփել թեթեւ կրակի վրայ քանի մը վայրկեան, մինչեւ որ քիչ մը թանձրանայ:

Հրամցնելէ առաջ աւելցնել խաշած հաւուն կտորները եւ երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Այս Ծառը Սուրբ

1127_Zareh-KhrakhounyԾառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամէնօրեայ
Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման –
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես – չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի` առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ – ջուրն հանդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր…
Օ՜ տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս…:

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ատրպատական

Հանդիպում Հայաստանի Մէջ
Իրանի Դեսպան Ռէյիսիի Հետ

1113_aderbadaganՆոյեմբեր 13-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ` Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Երեւանի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ  Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Ռէյիսիի հետ:

Առաջնորդական իր ընտրութենէն ետք առաջնորդ սրբազանին առաջին այցելութիւնն էր: Խօսուեցաւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու սերտացման եւ մասնաւորապէս Ատրպատականի մէջ հայ ժողովուրդի ներկայութեան մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպատականի հայոց թեմի մշակութային ժառանգութեան` վանքերուն ու բազմաթիւ եկեղեցիներուն, որոնք որպէս քրիստոնէական հաւատքի կեդրոններ` երկու կրօններու միջեւ երկխօսութեան լուռ պատգամ հանդիսացած են դարեր շարունակ:

Դեսպան Ռէյիսի, որ յայտնի է արդէն իր հայասէր նկարագրով, դրուատիքով անդրադարձաւ իրանահայ համայնքին դրական ներկայութեան երկրին եւ յատկապէս Ատրպատականի մէջ:

 

Յունաստան

Հայոց Պետականութեան Կերտիչ Արամ
Մանուկեանի Ծննդեան 135-Ամեակի Նշում

1123_hounasdan1123_Mihran-Kurdoghlian23 նոյեմբերի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց պետականութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 135-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Հանդիսաւոր եւ բազմամարդ տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի եւ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի համագործակցութեամբ:

Ձեռնարկին նախագահեց Օննիկ Խաչիկեանը, որ  շնորհակալութեան եւ հպարտութեան զգացումներով անդրադարձաւ Արամ Մանուկեանի կենսագրական գիծերուն, իր հարուստ գործունէութեան, շեշտելով Արամ Մանուկեանի դերը հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադրութեան մէջ:

Յաջորդաբար խօսքը փոխանցուեցաւ օրուան բանախօս Միհրան Քիւրտօղլեանին, որ ներկայացուց արդի ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչ` Արամ Մանուկեանի ինքնուրոյն տիպարը` կեդրոնանալով անոր նկարագրային ու գաղափարապաշտ յատկութիւններուն վրայ:  Թէեւ կարճ էր կեանքը անզուգական Արամին, բայց այնքան բեղուն եղան իր տարիները, որ յաջողեցաւ ազգային ղեկավարի դերը ստանձնել ու ժողովուրդը առաջնորդել Հայաստանի անկախութեան կերտման, հաստատեց ան:

Մթնոլորտը խանդավառեց եւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ հանդէս եկաւ երգիչ Կարօ Պարտաքճեան: Հանդէս եկան նաեւ երեք խոստմնալից պարմանուհիներ` Սուլա Պարտաքճեան, Անի Մանուկեան եւ Մարիաննա:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ վաւերագրական ժապաւէն մը` «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստութեամբ:

Յունաստանի Համազգայինի
19-
րդ Շրջանային Ժողովը

1109ATHENSՅունաստանի Համազգայինի 19-րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ կիրակի, 9 նոյեմբերին: Նիստը բացուած յայտարարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովսէփ Պարազեան, Աթէնքի, Քոքինիոյ եւ Սերեսի պատգամաւորներու, պարի միաւորի, թատերախումբի պատասխանատուներու եւ հրաւիրեալներու 19 իրաւասու եւ յաւելեալ խորհրդակցական ձայնով մասնակիցներու ներկայութեան:

Ժողովէն կը բացակայէին Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Քերոբ Էքիզեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան կողմէ Արա Մանկոյեան, ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ Նորա Քիւրտօղլեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ Խաչիկ Մինասեան, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Ռազմիկ Էրջենեան եւ Մարալ Գույումճեան ու «Ազատ օր»-ի խմբագիրը:

Ժողովական ընթացիկ դասաւորումներէ ետք կարդացուեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան տեղեկագիրը:

Օրակարգերու քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ կազմակերպական ուժեղացման եւ մշակոյթի տարածման ծրագիրներով առաջնորդուելու հրամայականը:

Ժողովը աւարտեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմի ընտրութեամբ: Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալները` Յովսէփ Պարազեան, Յովիկ Պապօղլեան, Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան, Էտկար Էկեան, Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Վազգէն Յարութիւնեան (հեռանիստ), Նուարդ Ղալիլէա (հեռանիստ):

 

Ֆրանսա

Քրիստսփոր Միքայէլեանի Մասին
Արա Գրիգորեանի Գիրքին Ներկայացումը
Շաւիլի Մէջ

1107_FranceՈւրբաթ, նոյեմբեր 7-ին, Փարիզի մերձակայ Շաւիլ շրջանի եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբը եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ կ՛ընդունէր Հայ դատի նուիրեալ Արա Գրիգորեանը, իր վերջին աշխատասիրութեան` Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին եւ գործին նուիրուած գիրքին լոյս ընծայման առթիւ: Գիրքը կը բաղկանայ երկու հատորներէ. առաջինը յատկացուած է յեղափոխական գործիչ, ՀՅԴ-ի հիմնադիր Քրիստափորի կենսագրութեան, իսկ երկրորդը տեսակ մը «բառարան» է` առաջինին մէջ նշուած շուրջ 500 անուններու կենսագրականներով:

Երեկոյթին բացումը կատարեցին Կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Ժաք Փանոսեան եւ մշակութային պատասխանատուն Հրայր Հրաչեան, որոնք երկուքն ալ յիշատակներ պատմեցին հեղինակին հետ իրենց ունեցած բարեկամութենէն: Ապա Արա Գրիգորեան մանրամասնօրէն պատմեց, թէ ինչպէ՛ս վեց տարիներ առաջ առիթ մը ունեցած էր աւելի մօտէն ծանօթանալու իր իսկ կուսակցութեան հիմնադիրին պայծառ դէմքին եւ որոշած է անոր նուիրել ուսումնասիրութիւն մը: Ատիկա պահանջած է շուրջ 50,000 էջերու ընթերցում ֆրանսերէն, հայերէն` նաեւ դժուարին խորհրդային ուղղագրութեամբ: Եւ արդիւնքը այսօրուան այս երկու հատորներն են իրենց 500 էջերով (320 եւ180), որոնց ընդմէջէն կը յայտնուին դաշնակցական այս գործիչին լայն մտասեւեռումները եւ լայնախոհութիւնը, որոնք անոր ապահոված են մեծ յարգանք, նոյնիսկ` քաղաքական իր հակառակորդներէն:

Քրիստափոր Միքայէլեան ծնած է Ագուլիս, Նախիջեւանի Գողթն գաւառին մէջ, 1859-ին: Կանուխէն որբացած` ան խորապէս պիտի ազդուէր 1885-ին Ալեքսանտր Գ. ցարին կողմէ Կովկասի հայկական բոլոր դպրոցները փակելու որոշումէն: Այնուհետեւ, ան իր կեանքը պիտի նուիրէր իր ազգի ազատագրումի պայքարին` զայն փրկելու համար ցարական ճնշումներէն եւ օսմանեան լուծէն. 1890-ին Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) եւ Սիմոն Զաւարեանի հետ պիտի հիմնէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Այս արդար դատը Եւրոպայի մէջ լսելի դարձնելու համար Ֆրանսայի մէջ ալ պիտի ստեղծուէր «Փրօ Արմենիա» շարժումը, որուն նախագահութիւնը պիտի ստանձնէր իր բարեկամը` Փիեռ Քիյարը, ապա պիտի հիմնուէր «Դրօշակ» թերթը` տարածելու համար կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը:

1904-ին, կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովին կ՛որոշուի պատժել Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, որ 1896 եւ 1897-ին 300,000 հայերու սպանութեան պատասխանատուն էր: Այդ մահափորձի պատրաստութիւններուն ընթացքին է, որ Քրիստափոր կը նահատակուի 1905 մարտ 5-ին` որպէս հետեւանք իր պատրաստած ռումբին արկածով պայթումին: Իր շիրիմը կը գտնուի Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի հանրային գերեզմանատան մէջ:

Տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք այս գործէն կը յայտնաբերենք իսկապէս եզակի անձնաւորութիւն մը, որ ինչպէս եզրակացուց Արա Գրիգորեան, «եթէ այսօր ապրէր, պիտի կարենար կարգել հուրն ու ջուրը»:

Երեկոյթը վերջ գտաւ քանի մը հարցումներով, ապա զրոյցները շարունակուեցան բարեկամական բաժակներու շուրջ, մինչ հեղինակը կը մակագրէր իր գիրքը:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Ասպարէզ-ի 106-րդ Տարեդարձի Նշում

1120asbarez1711120asbarez231Հինգշաբթի, 13 նոյեմբերին, «Ասպարէզ»-ի 250 բարեկամներ հաւաքուած էին «Ֆինիշիա» ճաշարանը` միասնաբար նշելու թերթի 106-րդ տարեդարձը:

Մթնոլորտը մտերմիկ էր` շնորհիւ ճաշարանին շնորհած պայմաններուն, ոչ պաշտօնական յայտագիրին, Վահէ Պէրպէրեանի ասպարէզեան կեանքէն առնուած անմիջական ու անկաշկանդ կատակախօսութեան (ինչպէս միշտ), Արա Տապանճեանի ու ընկերներուն մատուցած երաժշտութեան:

Թերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու խմբագիրները խօսեցան իրենց նոր ծրագիրներուն մասին, որոնց սատար կանգնողները, այսինքն` ներկաներն ու այդ օրը «Ասպարէզ»-ի ընտանիքին հետ ըլլալու ցանկութիւն ունեցող բազմահարիւր այլ հայրենակիցներ, ոչ թէ կ՛աջակցին թերթին, այլ, ինչպէս բնութագրեց անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան` «ներդրում կը կատարեն» մեր համայնքի ապագային ի խնդիր:

Հայերէն բաժինի խմբագիր Աբօ Պողիկեան կարդաց թերթի տարեդարձին առիթով նուիրատուութիւններ կատարողներու անուանացանկը: Երեկոյին ընթացքին եղան յաւելեալ նուիրատուութիւններ` օրուան հասոյթը հասցնելով 65,000 տոլարի:

Աւարտին հատուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը:

Հայ Արուեստագէտներու Աշխատանքներու
Ցուցադրութիւն

1114_exhibitionՆախաձեռնութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան,  14-16 նոյեմբերին Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ հայ գեղանկարչութեան ու կերպարուեստի դասական ու ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէս: Ձեռնարկին  պատկերասրահի հիմնադիր, նկարիչ Յովիկ Քոչինեան ներկայացուցած էր իր հաւաքածոյէն մօտ յիսուն հայ նկարիչներու գործեր: Յովիկ Քոչինեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները միայն կտաւներ կամ գծանկարներ չեն, այլ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մասնիկն է անհատականութեան հոգեւոր աշխարհի մը:

Անդրադառնալով ցուցահանդէսի նպատակին` Համազգայինի  Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան յայտնեց, որ նման ձեռնարկներու միջոցով կ՛ուզեն ներկայացնել ու աջակցիլ նաեւ հայ ժամանակակից գեղանկարիչներուն:  Ան նաեւ յայտնեց, որ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կեդրոնը շուտով պիտի վերածուի արուեստի ակադեմիայի, ուր պիտի դասաւանդուին նկարչութեան,  քանդակագործութեան, բրուտագործութեան դասընթացներ բոլոր տարիքներու համար:

Ֆեթհիէ Չեթինի Այցելութիւնները

1114_prelacyՑեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման մարմինին հրաւէրով, Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին 14 նոյեմբերին այցելեց Ազգային առաջնորդարան:

Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ողջոյնի խօսք արտասանեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմինին մօտ Ազգ. առաջնորդարանի ներկայացուցիչ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Ան յայտնեց, որ առաջնորդ սրբազանը այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցող Եպիսկոպոսաց ժողովին մասնակցելու համար, իսկ այդ ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն էին Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումն ու հայութեան պահանջատիրութեան հետապնդումը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հրանդ Տինքի եւ մարդկային իրաւունքներուն վերաբերեալ դատերու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթինի աշխատանքին մասին եւ առաջնորդ սրբազանին կողմէ մակագրուած գիրքեր, իբրեւ յուշանուէր, յանձնեց անոր:

Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան իր խօսքին մէջ նկատեց, որ անձի մը ու անոր աշխատանքին մասին երկարօրէն լսելէ ետք, անոր հետ ուղղակի հանդիպում ունենալը տարբեր հանգամանք կը ստանայ եւ առիթ է խօսակցելու մարդկային ու հասարակական հարցերու մասին: Ան հաստատեց, որ երբ հայութիւնը կը պատրաստուի յիշատակելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, այդ յիշատակումը նաեւ ընդհանուր արդարութեան հետամտութիւն է:

Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի` աւելցնելով, որ Ֆ. Չեթին արդարատենչութեան հարցերը իրաւական գետնի վրայ հետապնդող առաջիններէն է, եւ որ ինք անձամբ ծանօթ է հիւր իրաւաբանին մօտիկ շրջանակի մարդոց, որոնք Թուրքիոյ մէջ քաջաբար առաջ կը տանին արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Եագուպեան գնահատանք արձանագրեց Չեթինի յանդուգն ու վտանգներ յանձն առնող աշխատանքներուն համար:

Ապա խօսք առաւ Ֆեթհիէ Չեթին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ու անկէ բխող հարցերուն` ան հաստատեց, որ անոնք իրաւական հարցեր են, եւ ինք կ՛աշխատի անոնց լուծման ի խնդիր: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք այս ծիրին մէջ կը դիմեն իրեն: Ակնարկելով Էրտողանի կողմէ հայութենէն ներողութիւն խնդրելու արտայայտութեան` ան նկատել տուաւ, որ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ, ո՛չ ալ պէտք է այս հարցը քաղաքական գործիքի վերածել, այլ անհրաժեշտ է, որ յանցաւորը ընդունի իր յանցանքը, ունենայ ամօթի զգացում, Թուրքիոյ դասագիրքերուն մէջ ցարդ արձանագրուած սխալ տեղեկութիւնները ճշդուին ու ճշմարտութիւնը տեղ գտնէ հոն, եւ վերջապէս, Ցեղասպանութեան զոհերու զաւակները, թոռներն ու ծոռները արդար հատուցում ստանան ստացուածքի եւ այլ կորուստներու դիմաց:

Չեթին ըսաւ, որ այս առաջադրանքներու իրականացման համար ինք կարելին պիտի ընէ. պէտք է իրականացնել այն, ինչ կարելի է ու հասանելի:

1114_shamlian* Նոյն օրը Չեթին այցելեց Շամլեան ազգային վարժարան, ուր մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ:

 

Հայոց Նոր Տարին. Նոր Տարուան Ջուրը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Անցեալին հայերը Ամանորի կէս գիշերուան հոսող ջուրին յատուկ զօրութիւն կը վերագրէին: Որոշ տեղեր համոզուած էին, որ ճիշդ կէս գիշերին, երբ հին տարին իր տեղը կը զիջի նորին, գետերու ջուրերը պահ մը ոսկի կը հոսին:

Ընթրիքէն ետք, կէս գիշերին երիտասարդները կ՛երթան նոր, թարմ ջուր բերելու: Այսպէս, եօթը անգամ կ՛երթային եւ մէկական կուժ ջուր կը բերէին եւ կուժերը քով-քովի կը շարէին:

Ջաւախքի մէջ երիտասարդ տղաքը ձիեր հեծած` կ՛արշաւէին դէպի գետ, անոր մէջ ցորեն եւ գարի կը թափէին եւ սրբազան ջուրը տուն կը բերէին: Ժողովուրդը նաեւ կը շրջապատէր աղբիւրները, կ՛աղօթէր եւ ջուրը կը թափէր նոր տարուան բնորոշ խմորեղէնի կտորներ, գարիի, ցորենի հատիկներ` ըսելով.

– Քեզի կու տամ ցորեն, գարի,
Դուն ալ ինձ տուր բարի,
Շնորհաւոր Նոր Տարի

Առ քեզի գարի,
Տուր մեզի բարի,
Առ քեզի քէօմուր (ածուխ)
Տուր մեզի էօմիւր (կեանք):

Ուշագրաւ է, որ ջուրի հետ առնչուող սովորութիւններուն մէջ ակնյայտօրէն կը զգացուի կիներու եւ տղամարդոց որոշ տարբերութիւններ:

Ջուրը շնորհաւորելու` «ջուրը կաղնդելու» սովորութիւնը վերապահուած էր տարեց կիներուն, անոնք ջուրին մէջ հատիկներ, հացի ու խմորեղէնի կտորներ կը նետէին եւ հմայական, շնորհաւորական խօսքեր կ՛ըսէին: Կէս գիշերին ջուրը կուժերուն մէջ կը լեցնէին եւ խոտի խուրձերը ջուրի տակ կը թրջէին տղամարդիկը:

Որոշ շրջաններու մէջ Նոր տարուան գիշերը ջուրի մէջ թրջած հացի քանի մը կտոր ամբարի մէջ կը պահէին մինչեւ տարեվերջ, որպէսզի հացը առատ ըլլայ:

Գիշերը թրջուած խոտը, ինչպէս նաեւ անասուններու եւ երկրագործական գործիքներու պատկերներով թխուած հացիկները ջուրի մէջ թրջելէ ետք, առաւօտեան կը կերցնէին անասուններուն: Կերակրելու այդ պահուն բարեմաղթանքներ կը կատարուէին:

Օրինակ, Շապին Գարահիսարի մէջ հաւերուն Նոր տարուան առաջին կերը տալու ժամանակ կ՛երգէին.

– Ճու, ճու, ճու, ձագուկներ, իմ սիրելի վառեակներ,

Մօտ եկէք տամ ձեզ հատիկ, որ տաք ինծի շատ հաւկիթ…

Նոյն ձեւով, գոմին մէջ անասունները կերակրելու պահուն.

– Եկէք սիրուն բուչիկներ (հորթեր), սիրամ ու կարմիր գոյներով,

Ձեզի ալ տամ հատիկ, կեր, որ կաղնդչէք եմ բերեր:

Դուք ալ ապրիք տարիներ, ձեր սիրական զաւակով,

Համբուրեմ ձեր ճակատներ, սիւսլի՛ւ պուռմա կոտոշներ:

Կէսգիշերային ջուրի զօրութեան մասին այնքան մեծ հաւատք կար, որ ոմանք վստահ էին, որ այդ պահուն հոսող ջուրը կրնայ բուժել շատ մը հիւանդութիւններ: Ձմեռուան այդ սառնամանիքին հիւանդներ կը մերկանային եւ ակնթարթ մը մտնէին հոսող ջուրի տակ, ապա վազելով կ՛երթային եւ կը նստէին թթենիի մը տակ:

Այսքանով կը բաւարարուինք «Նոր տարուան ջուր»-ին մասին. մեր յաջորդ թիւով կարդանք «Նոր տարուան կրակ»-ին մասին:

 

Աւետիք Իսահակեանի
Ամանորի Խօսքը

1204_Avedik-Isahakian«Նոր տարուան առիթով ցանկանում եմ, որ մեր զոհուած մարտիկների եւ կենդանի մնացածների արդար փափաքները` թշնամու ոչնչացումը, արագ կատարուի:

Ցանկանում եմ մեր քաջարի զինուորների աննկուն հաւատ եւ համոզմունք` վերջնական յաղթանակի հանդէպ:

Բարեմաղթում եմ աւելի տոկունութիւն, կորով եւ խիզախութիւն:

Համոզուած ենք, որ շուտով մեր հերոսական եղբայրների արիւնով ազատագրուած հողերի վրայ նորից կը ծաւալուի ընդհատուած խաղաղ եւ ստեղծագործ աշխատանքը»:

1942 թ. յունուար 1, Երեւան

Ձեռային Աշխատանք

Ամանորեայ Պսակներ

 

Ամանորեայ պսակները Կաղանդի կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն են: Մուտքի դրան վրայ կախուած` արդէն իսկ կը ստեղծեն հիւրընկալ եւ ջերմ մթնոլորտ: Եթէ ձանձրացած էք ձեր հին պսակէն եւ պատրաստ էք զայն փոխարինելու նորով մը, ահաւասիկ` հետաքրքրական նմուշներ, զորս անձամբ կրնաք պատրաստել:

Այս պսակներու պատրաստութեան համար պէտք ունիք մետաղեայ հագուստի կախիչի, ձեռնափայտի ձեւով գունաւոր շաքարներու (թիւով 22), լաթակալի, նկարի խոշոր շրջանակի, ժապաւէնի, գինիի շիշի խցանի:

Յաջողութիւն:

1204_Christmas-Wreath

Խոհագիր

Անուշապուր

1204_AnoushabourԱնուշապուրը հայկական քաղցրաւենի է: Անիկա հայկական ամանորի սեղանի 7 պարտադիր ուտեստներէն մէկը կը համարուի: Ստորեւ` բացատրութիւնը.

Բաղադրութիւն

Կէս քիլօ ձաւար (կամ կորկոտ, կամ ցորեն)
Կէս գաւաթ չիրեր (չամիչ, ծիրան, սալոր, տանձ, խնձոր…)
Մէկ գաւաթ ընկոյզ, կաղին, նուշ
Կէս գաւաթ մեղր
Մէկ թէյի դգալ փոշի կասիա
Ջուր` եփելու համար
Նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Ձաւարը խաշել կէս ժամ: Աւելցնել չիրերն ու ընկոյզը: Եփել թեթեւ կրակի վրայ: Կրակը անջատելէ ետք, գաղջ խառնուրդին աւելցնել մեղրն ու կասիան:

Հրամցնելու ատեն երեսը զարդարել չիրերով, միւսներով եւ նուռի հատիկներով:

 

Անուշապուր

Կաղանդ Պապա մը գար
Նուէրներ բերէր
Տար տար չհատնէր

Ծառ մը բարձրանար
Թիզ թիզ – օրէ օր –
Երկինք չհասնէր

Ինչ որ կեանք կ՛ըսենք
Անուշապուր մը ըլլար ուտէինք
Կեր կեր – չհատնէր

ԶԱՀՐԱՏ

 

Նոր Տարուան Սովորութիւններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1211_raisins-de-reveillonՍպանիոյ մէջ 31 դեկտեմբերի կէս գիշերին սպանացիները խաղողի 12 հատիկ կ՛ուտեն: Հատիկները կը խորհրդանշեն յառաջիկայ տարուան երջանկութիւնը եւ բախտը: Այս սովորութիւնը ո՛չ կրօնական եւ ոչ ալ մշակութային բնոյթ ունի, այլ պարզապէս` տնտեսական ծագում…

1909-ին այգեգործները այս «աւանդութիւնը» հնարած են իրենց խաղողի պահեստը սպառելու համար:

Եթէ պատահի, որ Նոր տարիի մը Մատրիտ գտնուիք, կ՛արժէ 31 դեկտեմբերի գիշերը Փուէրթա տել Սոլ երթալ եւ հազարաւոր սպանացիներու հետ բաժնել այս «աւանդութիւնը»:

***

1211_new-year-glitter-ball-kissԱնգլիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ 31 դեկտեմբերի կէս գիշերուան 12 զարկերուն հետ ժողովուրդը մեծ հրապարակներու վրայ կը հաւաքուի, եւ զոյգեր երկարատեւ համբոյրներ կը փոխանակեն` ամբողջ տարին սիրալիր եւ համերաշխ ապրելու յոյսով:

***

1211_FireworksՍիտնիի մէջ 31 դեկտեմբերի կէս գիշերին տեղի կ՛ունենան աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ եւ տպաւորիչ հրավառութիւնները: Ամէն տարի աւելի քան 1.2 միլիոն մասնակից, որոնց 300 հազարը` զբօսաշրջիկ, կը դիտեն Հարպըր Պրիճի հրաշագեղ հրավառութիւնները:ալ եւ հազարաւոր սպանացիներու հետ բաժնել այս «աւանդութիւնը»:

 

Հայոց Նոր Տարի

Նոր Տարուան Կրակը

1211_New-Year-fireՔսաներորդ դարու սկիզբը հայերուս մօտ օճախն էր, որ կը տաքցնէր տունը, օճախին վրայ էր, որ կ՛եփուէր կերակուրը: Օճախը առհասարակ տան սրբազան անկիւններէն մէկն էր, եւ անոր հետ կապուած բազմաթիւ աւանդական սովորութիւններ կ՛ապահովէին օճախին բարոյական եւ առարկայական անձեռնմխելիութիւնը:

Հայերուն Նոր տարուան օճախը առանձնայատուկ էր: Շատ մը շրջաններու մէջ խոշոր կոճղ մը կը դնէին օճախին մէջ` աստիճանաբար առաջ մղելու պայմանով, այնպէս, որ մինչեւ Ս. Ծնունդ կրակը անմար մնար: Ծնունդի երեկոյեան կոճղէն մնացած ածուխն ու մոխիրը կը տանէին եւ կը թաղէին հանքերը, որպէսզի բերքը առատ ըլլայ եւ կարկուտը չզարնէ բերքը: Տնեցիներէն ան, որ տուն մտնէր, անպայման հետը փայտի կտոր մը կը բերէր եւ օճախին մէջ կը նետէր` տօնը շնորհաւորելով:

Միայն տան մեծին բերած փայտի կտորը քիչ մը վառելէ ետք կը մարէին եւ մոխիրին մէջ կը թաղէին մինչեւ ջրօրհնէք, ապա կը տանէին ու կը թաղէին արտին ծայրը, որպէսզի հունձքը առատ կ՛ըլլայ: Այդ օրերուն օճախի կրակին պայծառութիւնը կ՛ապահովէր ընտանեկան կեանքի պայծառութիւնն ու ջերմութիւնը տարուան ընթացքին

Նոր Տարուան Հացը

1211Amanor22«Տարի»-ն կը խորհրդանշէր Նոր տարին: Անիկա կլոր եւ տափակ հաց էր, որուն երեսին կ՛երեւէին գիծեր, ճիւղաւորումներ, որոնք թիւով 12 կ՛ըլլային եւ կը ներկայացնէին տարուան 12 ամիսները:

Հին ժամանակ սովորութիւն էր ընկոյզով եւ չամիչով զարդարել «Տարի»-ին երեսը, կարգ մը շրջաններու մէջ անոր երեսին կը գրէին տարեթիւը:

«Տարի»-ին մէջ կը դրուէր արծաթ դրամ մը` ճշդելու համար տարուան բախտաւոր անձը: Զայն կը կտրէին ընտանիքի անդամներուն թիւով եւ հրամցնէին Կաղանդի գիշերը կամ երկրորդ օրը, կամ` Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին եւ կամ յունուար 6-ին, տնօրհնէքէն ետք:

 

Նոր Տարուան Յարդարանք

Պնակը Զարդարող Անձեռոցիկներ

Նոր տարուան սեղանի յարդարանքը ամբողջական չ՛ըլլար` առանց անհատական անձեռոցիկներուն: Որքան ալ պարզութիւնը սիրող անձ ըլլաք, կ՛արժէ, որ Ամանորի սեղանի անձեռոցիկները քիչ մը զարդարուն եւ ճոխ տեսք ունենան սեղանին աւելի հիւրընկալ տեսք տալու համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք դիւրին իրագործելի անձեռոցիկներու նմուշներ` գոյներու եւ ձեւերու ընտրութիւնը ձգելով ձեր ճաշակին:

BER1920

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

1211_pliage-serviette-anneau-dore

1211_serviette--sapin

 

 

 

 

 

 

 

 

 

1211_serviette-pliee-noel

1211_pliage_de_serviette_sapin_de_noel_012

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Գառնուկի Միս` Ծիրանաչիրով

1211_Fragrant-Lamb-and-Apricot-Stew_30_1.1Բաղադրիչներ

2 ապուրի դգալ կարագ
1 գլուխ մանրուած սոխ
1 պճեղ մանրուած սխտոր
կէս քիլօ գառնուկի միս, 3 սմ խորանարդաձեւ կտրտուած
2 բաժակ ջուր
2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
Կէս թէյի դգալ սեւ համեմ
1 գաւաթ չոր ծիրան (կարելի է կտրատել)
2 ապուրի դգալ մանրուած ընկոյզ
Կէս ապուրի դգալ շաքար (ըստ ճաշակի)

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ կարագը հալեցնել թեթեւ կրակի վրայ: Աւելցնել սոխն ու սխտորը, ապա կտրտուած միսը եւ տապկել մինչեւ որ չորս կողմէն կարմրի: Յետոյ աւելցնել ջուրը, կիտրոնի հիւթը, համեմը, աղը: Կափարիչը գոցել եւ մարմանդ կրակի վրայ եփել մէկ ժամ: Վերջապէս աւելցնել ծիրանը, ընկոյզը եւ շաքարը, 15 վայրկեան եւս եփել մինչեւ որ ծիրանն ու ընկոյզը քիչ մը փափկանան:

Հրամցնել բրինձով եղինձի կողքին:

Հայկական այս բաղադրատոմսը կարելի է արձանագրել Նոր Տարուան ճաշացուցակին վրայ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նոր Տարուայ Խօսք Հայաստանին

PBKCAbNmtyKty5frcWDLo1PnxiԻնչպէս մի երգ` սիրուած եւ հին, շշնջում եմ անգիր.
Շնորհաւոր Նոր տարին, իմ Հայաստա՛ն երկիր,
Կանաչ մնաս եղեւնուդ պէս, ապրես կեանքով երկար.
Եւ ինչքան Նոր տարի տեսնես դու նորանաս այնքան,
Ամէն տարի բացես սեղան եւ ամէն Նոր տարի.
Սուրբ աղաւնին խաղաղութեան քու թամադան լինի:

Ես ուզում եմ, իմ Հայաստա՛ն, հզօրանաս այնքան,
Որ յոյսերդ իմ նոր լոյս տան տիեզերքին,
Անգամ ու թէ մի օր խիզախ մարդ գնա Մարսին այցի,
Ես կ՛ուզէի, որ խիզախն այդ լինէր հայաստանցի,
Փոխուես տեսքով դու այնպիսին, աճես այնպէս շռայլ,
Որ հայրն ուրիշ աշխարհ տեսնի, որդին` ուրիշ աշխարհ:

Շատ ես տեսել վիշտ ու արիւն, էլ չտեսնես երբեք
Եւ ինչ իղձեր ունես կեանքում թող կատարուեն մէկ-մէկ,
Աչքս փառքի քո կատարին` շշնջում եմ անգիր.
Շնորհաւոր քո Նոր տարին, իմ Հայաստան երկիր:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երազանք Պահելու Սովորութիւն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1218_NewYearEveՆոր տարուան գիշերը բոլորս ալ հակամէտ ենք հեքիաթներու հաւատալ, իսկ երազանք պահելու սովորութիւնը, ինքնախաբէութիւն համարենք թէ անցողաի ցնորք, գոյութիւն ունի շատերու մօտ: Եթէ դուք ալ կը փափաքիք երազանք պահել, պէտք է կատարէք ճիշդ կէսգիշերին, երբ կը հեռանայ հին տարին, որպէսզի ան «լսէ» ձեր ցանկութիւնը եւ այդ մասին «շշնջայ» Նոր տարուան ականջին:

Ահաւասիկ` երազանք պահելու զարմանազան ձեւեր.

Երազանքը գրել թղթիկի մը վրայ, թղթիկը ծալել չորս հաւասար մասերու եւ ճիշդ կէսգիշերին զայն այրել մոմի բոցով եւ պարպել փրփրագինիի բաժակին մէջ ու խմել…

***

Տօնածառին տակ դնել տուփիկ մը, ուր ընտանիքին անդամները կը զետեղեն իրենց երազանքի թղթիկները: Կէսգիշերէն 5 վայրկեան առաջ ձախ ձեռքով բռնել տուփիկը, աջով թղթիկները թափել պատուհանէն դուրս` մաղթելով, որ երազանքը իրականութիւն դառնայ:

***

Պատրաստել ընտանիքի անդամներուն թիւով թուղթէ փաթիլներ, անոնց վրայ գրել իւրաքանչիւրին երազանքը եւ ճիշդ ժամը 12:00-ին փաթիլները պատուհանէն կամ պատշգամէն դուրս թափել:

***

Ցանկութիւնը գծագրութեամբ մը պատկերել եւ զայն պահել անհասանելի տեղ մը:

***

Ծիծաղեցա՞ք, անկասկած, բայց հաւատացէ՛ք, հրաշքներ միշտ ալ կը պատահին:

 

Ամանորեայ Յարդարանքներ

HartarankԱմանորեայ Բաղադրատոմս

 

Գարեջուրով Հաւ

1218_Roasted_ChickenԳարեջուրով հաւը պիտի գոհացնէ բոլորին ճաշակը:

Գարեջուրը հաւուն ոչ միայն հիանալի համ պիտի տայ, նաեւ զայն շատ փափուկ պիտի պահէ ներսէն եւ լաւ կարմրած ու խրթխրթան` դուրսէն:

Բաղադրութիւն

– 2,5 քիլէ կշռող հաւ մը
– Կէս լիթր գարեջուր
– 4 հատ թթու խնձոր
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
– Այլ համեմներ` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Հաւը ներսէն եւ դուրսէն համեմել աղով եւ սեւ պղպեղով: Մաքրուած եւ չորսի կիսուած խնձորները տեղաւորել հաւուն փորին մէջ եւ ատամնակրկիտով հաստատել, որպէսզի եփի ընթացքին խնձորները դուրս չելլեն:

Լեցուած հաւը փորով դէպի վեր դնել փուռ գացող խորունկ ամանի մէջ, աւելցնել գարեջուրը եւ 180 ջերմաստիճանով 1 ժամ եփել: Յետոյ հաւուն դիրքը փոխել եւ կէս ժամ եւս եփել, մինչեւ որ հաւը ամէն կողմէ հաւասար չափով կարմրի:

Սեղան բերելու ատեն հաւը փոխադրել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ, շուրջը զարդարել բանջարեղէնով, գետնախնձորով, շագանակով, նարինջի շերտերով կամ նուռի հատիկներով:

 

Խօսք Նոր Տարուայ

1218_Kevork-EminՄեզանից է կախուած, որ այս եկող տարին իսկապէս նոր լինի` նա նոր է լինում մեր նոր գործերով ու խոհերով, ծրագրերով ու երազներով: Մեզանից է կախուած, որ նա լաւ լինի, նա լաւ է լինում մեր լաւ ձգտումներով ու արարքներով:

Շնորհաւոր ձեր Նոր տարին, թէեւ աւա՜ղ, այն նո՛յնպէս պանդխտութեան տարի է լինելու ձեզանից շատերի համար:

Ցանկանք, որ այս տարի իրար գտնեն հին եղեռնով ու երէկուայ պատերազմով իրարից զատուած հարազատները, որոնց «Փնտռում եմ հօրս, մօրս, քրոջս, եղբօրս…» համր ճիչերը լսւում են հայոց լրագրերի էջերից:

Որ ինչքան կարելի է պակասեն իրենց կոչման սկզբում օտար որոշիչ ունեցող հայերը` թրքահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ, արաբահայ եւ ինչքան կարելի է շատանան պարզապէս հայերը, իրենց հայրենիքում ապրող հայերը:

Որ հայերը ո՛չ միայն նայեն նոյն աստղերին, եւ Վահագն աստծոյ նո՜յն Յարդագողի ճանապարհին, այլեւ կանգնած լինեն նո՛յն լեռների վրայ, նո՛յն դաշտերում, իրենց քրտինքը թափեն նո՛յն հողի վրայ…

Որ այսքան դարերի ու այսքան արհաւիրքների միջով անցած մեր պահպանիչը` մեր մայրենի լեզուն, տափաստանի վտակի պէս չկորչի ուծացման ամուլ աւազներում, այլ բոլոր գաղութներից գետերի պէս հոսելով ու կարկաչելով, գայ լցուի մեր մայրենի լեզուի Սեւանը…

Որ… բայց շատ չէ՞ այսքան գործ մի տարուայ համար, որն ընդամէնը 365 օր ունի…

Ուրեմն նորի՛ց լցնենք գաւաթները եւ հեռուից հեռու, մեր ձեռքերն իրար մեկնած, խփենք գաւաթի եւ հայկական կոնեակով ու վիսկիով, ջինով ու սուլթան արաղով խմենք մեր բոլորի կենացը, այս Նո՜ր տարուայ կենացը…

Ցանկանք, որ այ տարի ով բաժան է` միանայ, ով անսէր է` սիրահարուի, ով հիւանդ է` առողջանայ, առողջները երջանի՜կ լինեն եւ ով ինչ նուիրական իղձ ունի` կատարուի՜…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաղանդի Ծառ

Որպէսզի Կաղանդ տօնենք տեւական
ուր որ գացինք
ուր որ գաղթեցինք
մեզի հետ
մեր ծառն ալ տարինք

Թէ մարեցաւ մոմերէն մին
տեղը չորս մոս վառեցինք
Թէ խաղալիկ մը կոտրեցաւ
կամ ժապաւէն մը փրթաւ
տեղը միշտ նորը դրինք

Բայց չգիտցանք
արմատները ե՞րբ չորցան
Ոստերուն մէջ
ԱՒԻՇԸ ե՞րբ ցամքեցաւ.

Եւ հիմա – ԾԱՌԸ աւելի շքեղ
թէպէտ շողշողուն
սակայն ՄԵՐԸ չէ

ԶԱՀՐԱՏ

Viewing all 579 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>