Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի, հանրապետական եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասախօս Քրիստինէ Սահակեանը անհերքելի արժէք է. եկէք` աւելի մօտէն ծանօթանանք անոր, «Լէյտի Նիուզ» կայքէջի կողմէ հրապարակուած հարցազրոյցի մը միջոցով:
«ԼԷՅՏԻ ՆԻՈՒԶ».- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կատարեր էք ձեր առաջին քայլերը դէպի երաժշտական ասպարէզ:
ՔՐԻՍՏԻՆԷ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- 7-8 տարեկանիս յաճախած եմ երաժշտական դպրոց: Յաջողութիւններս այնքան լաւ էին, որ պարտադիր պէտք էր մասնակցէի ամավերջի համերգներուն: Դաշնամուրի ուսուցչուհիս կը պնդէր, որ դաշնակահարուհի դառնամ, ձայնամարզումի ուսուցչուհիս` երգչուհի, իսկ բեմադրութեան դասատուս` բեմադրիչ…
«Լ. Ն.».- Իսկ որո՞նք էին ձեր երազանքները այդ շրջանին:
Ք. Ս.- Երբ դեր կը խաղայի, կը սիրէի բեմը, բեմի վրայ ապրած զգացումներս: Բայց յատուկ երազանք մը չեմ ունեցած, ձգեր եմ, որ օրուան պահանջը ճշդէ գալիքը:
Երբ մանուկ էի, կը մտածէի, որ պէտք է բժշկուհի դառնամ, դպրոցական տարիներուս շատ կը սիրէի քիմիագիտութիւնն ու կենսաբանութիւնը: Բայց այնպէս պատահեցաւ, որ երգարուեստը ընտրեմ:
«Լ. Ն.».- Կա՞ն հաճոյքներ, որոնցմէ դուք ձեզ կը զրկէք յանուն երգեցողութեան:
Ք. Ա.- Այո՛, անշուշտ: Կան եղանակային պտուղներ, որոնք ձայնալարերուն վրայ բացասական ազդեցութիւն կը գործեն, օրինակ` ելակը, թութը: Դասատուս խորհուրդ կու տար հրաժարիլ անոնցմէ, տրուած ըլլալով, որ այս պտուղները ունին փոքր աղուամազիկներ, որոնք «կը նստին» ձայնալարերուն վրայ եւ կը ծանրացնեն ձայնը ու կը դժուարացնեն երգելը:
«Լ. Ն.».- Ձեզի համար ի՞նչ է երջանկութիւնը:
Ք. Ս.- Երջանկութիւնը պահի մը զգացողութիւնն է: Այն պահը, որ քեզի մեծ լիցքեր կը բերէ, ատրենալին կը հաղորդէ, եւ դուն թեթեւութիւն կը զգաս: Օրինակ` երջանիկ ես երեխայի ծնունդով, յաջող ելոյթի յաջող աւարտով, երբ կը լսես հանդիսատեսներուն ծափահարութիւնները եւ գոհունակութեան խօսքերը: Երջանկութիւնը իրավիճակ է, բայց անընդհատ երջանիկ ըլլալը անհնար է:
«Լ. Ն.».- Ի՞նչ կը կարծէք, ընտանիքին մէջ տղամարդն ու կինը կրնա՞ն հաւասար իրաւունքներ ունենալ:
Ք. Ս.- Ես կը կարծեմ, որ ընտանիքին մէջ իւրաքանչիւրը ունի իր տեղն ու դերը: Երբեք կինը չի կրնար կատարել այն գործերը, ստանձնել այն պարտականութիւնները, զորս տղամարդը կը կատարէ, եւ` հակառակը: Ցանկալի է, որ կինը զգայ` իր կողքին տղամարդ կայ, որուն վրայ կրնայ յոյս դնել, յենիլ, եւ շատ մը հարցերու պարագային քեզի օգնական է, եւ անշուշտ, որուն խօսքը պէտք է դեր ունենայ ընտանիքին մէջ, եւ դուն առաջնորդուիս անով:
«Լ. Ն.».- Ի՞նչ բանէ շատ կը վախնաք:
Ք. Ս.- Հարազատներու կորուստէն եւ պատահական աղէտներէն:
«Լ. Ն.».- Ձեր կեանքի ամենամեծ նուէրը ո՞րն է:
Ք. Ս.- Բնականաբար` երեխաներուս ծնունդը, որ շատ մեծ նուէր կը համարեմ: Իւրաքանչիւր կին կ՛երազէ երեխայ ունենալ եւ մայր դառնալ:
«Լ. Ն.».- Ձեր խաղացած դերերէն ո՞րն է ամենասիրելին ձեզի համար:
Ք. Ս.- Խաղացած դերերէս ոչ մէկը կ՛ուզեմ առանձնացնել, որովհետեւ բոլորն ալ հաւասարապէս կը սիրեմ: Երբ դեր կը ստանձնեմ, արդէն սիրով կը կատարեմ անիկա: Թէ՛ Փառանձեմը կը սիրեմ, թէ՛ «Այտա»-ի Ամներիսը, թէ՛ «Թրուպատուր»-ի Ազուչեան եւ թէ՛ Ալմաստը:
Ցաւօք, մեր օփերային թատրոնի երգացանկը այսօր սահմանափակ է, եւ շատ դերեր կան, որ կը փափաքէի կատարել, սակայն առիթը չկայ:
«Լ. Ն.».- Հայաստանէն դուրս ո՞ր երկիրը ձեզ ամենաջերմ կերպով ընդունած է:
Ք. Ս.- Իւրաքանչիւր երկիր տարբեր է, նոյնպէս ալ` հանդիսատեսը: Սակայն անկեղծօրէն ամենաջերմ եւ ամենախիստ հանդիսատեսը գերմանացիներն են: Անոնք երաժշտութիւնը իւրայատուկ կ՛ընկալեն:
«Լ. Ն.».- Ինչպէ՞ս կը յաղթահարէք ներկայացած արգելքները:
Ք. Ս.- Գիտէք` ես արգելք չեմ տեսներ: Կը տեսնեմ խնդիրը եւ կը գտնեմ անոր լուծումը: Պէտք է համբերատար ըլլալ եւ տրուած ժամանակահատուածը արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործել: Եթէ պէտք է օրուան մէջ 5 ժամ տրամադրել, կը տրամադրես, իսկ եթէ 1 ժամ տրամադրելով կրնաս լուծումի յանգիլ, շա՛տ աւելի լաւ: Պէտք է դուն անձնապէս գտնես խնդիրին լուծումը:
«Լ. Ն.».- Եթէ ամէն բան սկիզբէն սկսելու հնարաւորութիւնը ըլլար, բան մը կը փափաքէի՞ք փոխել:
Ք. Ս.- Ըստ երեւոյթին ո՛չ:
Ձմրան Եղանակի Խմիչքներէն
Թէյը
Կանաչ, սեւ, ճերմակ թէ կարմիր թէյի բոլոր տեսակներն ալ այլազան յատկութիւններ ունին, բայց մանաւանդ` բուժիչ յատկութիւններ:
Ահաւասիկ 5 համոզիչ պատճառներ` թէյ խմելու համար:
1
Կ՛օգնէ, որ նիհար մնանք:
Թէյը կը պարունակէ քաթեշին եւ թեֆլաւին նիւթերը, որոնք ազդու ճարպ այրողներ են: Թէյի բոլոր տեսակներէն կանաչ թէյն է, որ ամէնէն ազդուն է: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է օրական մէկ-երկու բաժակ թէյ խմել:
2
Թէյը հարուստ է անթիօքսիտաններով:
Ծանօթ է, որ անթիօքսիտանները օգտակար են սրտին, մորթին եւ երակներուն: Անոնք նաեւ կ՛օգնեն պայքարելու որոշ հիւանդութիւններու եւ ծերութեան դէմ:
Մասնագէտներու կարծիքով, թէյին կաթ կամ շաքար պէտք չէ աւելցնել անոր դրական ազդեցութիւնները չէզոքացնելու համար: Նախընտրելի է բաւարարուիլ քիչ մը մեղրով:
3
Թէյը կազդուրող է:
Շնորհիւ քաֆէյինին եւ թէինին` անիկա ազդու կազդուրիչ մըն է, սակայն` ոչ սուրճին չափ:
4
Կնճիռները կը կանխարգիլէ:
Ճերմակ թէյը կը կանխարգիլէ մորթին ծերացումը եւ կնճիռներու յայտնութիւնը:
5
Թէյը կը պաշտպանէ քաղցկեղէն:
Յատկապէս կանաչ թէյը ունի հակաքաղցկեղային յատկութիւններ` շնորհիւ քաթեշին կոչուած նիւթին:
Ինչպէ՞ս Խմել
Մասնագէտներ կը յանձնարարեն առաւօտեան բաժակ մը սեւ թէյ խմել` արթննալու համար: Օրուան ընթացքին կանաչ, իսկ երեկոյեան` առանց քաֆէիինի տեսակ մը:
Մեխակով Եւ Կասիայով Թէյ
Բաղադրիչներ
4 բաժակ ջուր
1 փայտիկ կասիա
4-5 հատիկ մեխակի գամ
1 ապուրի դգալ թէյ
Մեղր` ըստ ճաշակի
Նուշ կամ ընկոյզ` խոշոր կտրտուած
Պատրաստութիւն
Թէյամանին մէջ լեցնել ջուրը, աւելցնել մեխակն ու կասիան: Զօրաւոր կրակի վրայ եռացնել, ապա կրակը տկարացնել եւ 5 վայրկեան եւս եռացնել:
Կրակը մարել, աւելցնել թէյը, սպասել 3 վայրկեան: Խառնել, քամոցէ անցընել: Հրամցնելէ առաջ աւելցնել մեղրը եւ մանրուած նուշը կամ ընկոյզը:
Սէ. կենսանիւթ ստանալու համար կարելի է նաեւ աւեցնել նարինջի կամ կիտրոնի շերտեր:
Սննդագիտական-Առողջապահական
Ծիրանին 11 Զարմանահրաշ Յատկութիւնները
Ծիրանը կը մաքրէ մարսողական համակարգը:
Ճաշելէ առաջ մէկ-երկու ծիրան կերէք ձեր մարսողութիւնը խթանելու համար: Ծիրանին պարունակած ալքալիները կը չէզոքացնեն թթուները, իսկ իր լուծողական յատկութեան շնորհիւ` անիկա աղիքներէն կը մաքրէ պատերուն փակած անցանկալի մնացորդները:
Ծիրանը կը պայքարի սակաւարիւնութեան դէմ:
Այս համեղ պտուղը երկաթի հարուստ աղբիւր է, ինչ որ կ՛օգնէ պայքարելու սակաւարիւնութեան դէմ:
Ծիրանը լուծողական է:
Փորկապութեան պարագային, թարմ կամ չոր ծիրան կերէք, եւ շատ արագ կը լուծուի ձեր պնդութեան հարցը: Կարելի է չոր ծիրանը կտրտել, թրջել եւ հիւթը խմել:
Ծիրանը ջերմը կ՛իջեցնէ:
Չոր ծիրանը թրջեցէք գաղջ ջուրի մէջ, դգալ մը մեղր աւելցուցէք, լուծեցէք ու խմեցէք:
Ծիրանը մորթը առողջ կը պահէ:
Շնորհիւ իր պարունակած կենսանիւթերուն եւ հանքայիններուն ծիրանի յաճախակի օգտագործումը մորթը կը պահէ առողջ, ողորկ եւ փայլուն:
Ծիրանը կ՛օգնէ յղի կիներուն:
Թելադրելի է, որ յղի կիները եւ կաթ տուող մայրերը տուրմն ու քաղցրաւենիները փոխարինեն ծիրանով, քանի որ անիկա աւելի սննդարար է եւ առողջապահական: Սակայն պէտք չէ չարաշահել:
Ծիրանը կը կարգաւորէ սրտին աշխատանքը:
Դարձեալ շնորհիւ իր հարուստ բաղադրիչներուն` օրական քանի մը թարմ կամ չոր ծիրան ուտելը կը նպաստէ սրտանօթային համակարգի լաւ գործունէութեան:
Ծիրանը կը պահպանէ տեսողութիւնը:
Ա. կենսանիւթով հարուստ ծիրանը կը պահպանէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ քաթարաքթէ եւ այլ հիւանդութիւններէ: Ա. կեսանիւթը ոչ միայն տեսողութեան համար ամէնէն անհրաժեշտ կենսանիւթերէն է, այլ նաեւ հզօր անթիօքսիտան է:
Ծիրանը կը կանոնաւորէ արեան գերճնշումը:
Ծիրանը կը պարունակէ 3 անգամ աւելի փոթասիում եւ շատ աւելի քիչ աղ, քան` պանանը եւ կ՛օգնէ արեան ճնշման կայունացման:
Ծիրանը կ՛ամրացնէ մկանային հիւսուածքները:
Այս զարմանահրաշ պտուղը յանձնարարելի է յատկապէս մարզիկներուն եւ մարզասրահ յաճախողներուն, քանի որ երկար մարզումներէ ետք, մկանային հիւսուածքներուն մէջ յառաջացուցած միքրօճաքերը սնուցման կարիք ունին:
Ծիրանը կ՛օգնէ արեան արագ լերդացման:
Ծիրանին մէջ պարունակուող ՔԱ. կենսանիւթը կ՛օգնէ բաց վնասուածքներու կամ առատ արիւնահոսութեան պարագային արեան արագ լերդացման: Օրական 5-6 ծիրան բաւական է 4 միքրոկրամ ՔԱ. կենսանիւթ ստանալու համար:
Տօնական այս օրերուն բոլորիս սեղաններէն անպակաս է չոր ծիրանը. ինչո՞ւ չօգտուինք անոր բարիքներէն: Անով փոխարինենք տուրմը եւ, ինչո՞ւ չէ, պատրաստենք համեղ եղինձներ:
Նորաձեւութիւն
2015 Տարուան Գլխաւոր Գոյնը
«Փանթոն քալըր ինսթիթութ» հետազօտական հիմնարկը հրապարակած է 2015-ի պաշտօնական գոյնը` մարսալան:
Մարսալան Սիկիլիոյ մէջ շատ յայտնի սեղանի գինի է: Անոր մութ կարմիր երանգը ընտրուած է ոչ պատահական: Անիկա կը խորհրդանշէ վստահութիւն եւ կայունութիւն, ինչ որ համընդհանուր տնտեսական լարուածութեան պարագային այնքան կարեւոր է ամբողջ աշխարհին:
Մարսալա գոյնը պիտի որդեգրուի ոչ միայն հագուստներու, այլեւ աքսեսուարներու, շրթներկերու եւ տան յարդարանքի աքսեսուարներու (վարագոյր, սաւանեղէն, սեղանի սպաս եւ այլն…) պարագաներուն:
Խոհագիր
Պրոքոլիով Եւ Ընկոյզով Ապուր
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
600 կրամ պրոքոլի
3 միջակ գետնախնձոր
1 պճեղ սխտոր
Ափ մը մանրուած ընկոյզ
1 ապուրի դգալ ձէթ
1 սուրճի դգալ մշկընկոյզ
Հեղուկ սեր (250 կ)
Աղ, սեւ պղպեղ (ըստ ճաշակի)
Պատրաստութիւն
Պրոքոլին լուալ եւ պզտիկ կտորներու բաժնել:
Գետնախնձորները լուալ, կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրտել:
Կաթսայի մը մէջ ձէթը տաքցնել եւ գետնախնձորն ու սխտորին պճեղը հետը դարձնել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
Աղել պրոքոլիի կտորները, քանի մը վայրկեան եւս ձէթին մէջ դարձնել եւ ապա բանջարեղէնները ծածկելու չափ տաք ջուր աւելցնել եւ սպասել, որ եռայ: Կրակին տակը թեթեւցնել եւ եփել, մինչեւ որ բանջարեղէնները փափկանան:
Կաթսան կրակին վրայէն հանել աւելցնել մանրուած ընկոյզը, մշկընկոյզն ու սեւ պղպեղը, ինչպէս նաեւ` հեղուկ սերը:
Խառնուրդը հարիչէ անցընել եւ կրկին կրակին վրայ փոխադրել ու 2-3 վայրկեան եփել:
Հրամցնել փոս ամաններու մէջ` երեսը ընկոյզով զարդարելով:
ՀՈ՜ՎԵՐ
Դուք ո՞ր երկրէն կու գաք, հո՛վեր,
այսքան քնքուշ ու մեղմ այսքան.
ո՞ր լեռներէն կու գաք, հո՛վեր,
համբոյրի պէս քրոջական:
Այնքան մեղմ էք, հեռուի հովեր,
կարծես շունչն էք քնած մանկան:Մեր լեռներէն, հեռուի հովեր,
համբո՛յր տարէք ձեր լեռներուն,
վարդերու բոյր տարէք, հովեր,
մեր դաշտերէն` ձեր դաշտերուն:
Բայց թէ մէկ օր, հեռուի հովեր,
հողմեր բերէք մեր լեռներուն`
մեր ամպերը, մեր սարերէն`
շա՛նթ կը բերեն ձեր լեռներուն:Շա՛նթ կը բերեն մեր լեռներէն,
մա՛հ կը սփռեն ձեր դաշտերուն,
ձեր դաշտերուն, ձեր լեռներուն,
ձեր աշխարհին, ձեր արեւին…Մեր լեռներէն, հեռուի հովեր,
համբո՛յր տարէք ձեր լեռներուն.
համբոյր տարէք,
գարուն տարէք,
արե՜ւ տարէք աշխարհներուն:ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ