Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Ձեռային Աշխատանք. Դգալներու Կոթերով Պատրաստուած Զարդեղէններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տեսէ՛ք, թէ ինչեր պատրաստած են ստեղծագործ մարդիկ սովորական դգալ-պատառաքաղի կոթերով:

Ճիշդ է, որ զարդեղէններուն մէկ կարեւոր մասը կարելի չէ տունը իրագործել, սակայն ճարտար բարեկամի մը օգնութեամբ առնուազն մէկ-երկու գաղափար կարելի է իրագործել:

Բ.- Երկրորդ նկարին վրայ կը տեսնենք կախիչի վերածուած դգալ-պատառաքաղներ, որոնցմէ կարելի է բանալիի տրցակները կախել:

Բ.- Երկրորդ նկարին վրայ կը տեսնենք կախիչի վերածուած դգալ-պատառաքաղներ, որոնցմէ կարելի է բանալիի տրցակները կախել:

11515_Accessories_spoon-art-fork

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Դ.- Վերջապէս, չորրորդ նկարին վրայ կը տեսնեն գեղեցիկ պատառաքաղներ, որոնց վրայ կարելի է հաստատել հեռախօսի թիւի քարտեր, ժամադրութիւններ յուշող թղթիկներ եւ այլն...

Դ.- Վերջապէս, չորրորդ նկարին վրայ կը տեսնենք գեղեցիկ պատառաքաղներ, որոնց վրայ կարելի է հաստատել հեռախօսի թիւի քարտեր, ժամադրութիւններ յուշող թղթիկներ եւ այլն…

 

Գ.- Երրորդ նկարը դարձեալ զարդեղէն մըն է: Այս անգամ երկու զարդարուն կոթերու միացումով պատրաստուած է իւրայատուկ ապարանջան մը:

Գ.- Երրորդ նկարը դարձեալ զարդեղէն մըն է: Այս անգամ երկու զարդարուն կոթերու միացումով պատրաստուած է իւրայատուկ ապարանջան մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն.

Ուտելիքներ, Որոնք Սառնարանը
Պէտք Չէ Պահել

Ճիշդ է, որ սառնարանին մէջ շատ մը ուտելիքներ աւելի երկար եւ թարմ կը մնան, սակայն կան ուրիշներ, որոնք սառնարանին մէջ կը կորսնցնեն իրենց սննդական արժէքը կամ որոշ յատկութիւններ: Ահաւասիկ ցանկը.

11515_Hot-sauce-1

Կծու թացանները պաղ միջավայրի մէջ կը կորսնցնեն իրենց կարգ մը յատկանիշները: Նախընտրելի է զանոնք պահել սենեակի ջերմաստիճանով, լոյսէ եւ խոնաւութենէ հեռու:

 

2

Թելադրելի է գետնախնձորը պահել թուղթէ տոպրակի մէջ, լոյսէ եւ խոնաւութենէ հեռու: Սառնարանին մէջ կամ կերպընկալ տոպրակի մէջ անիկա կը ծլի եւ կը փճանայ:

 

11515_bread3

Հացը մեծաքանակ մի՛ գնէք եւ սառնարանը երկար մի՛ պահէք: Հացին իսկական համն ու բոյրը վայելելու համար զայն պահեցէք սենեակի ջերմութեամբ:

4

Սոխը նոյնպէս պէտք է պահել չոր եւ մութ տեղ մը, նախընտրաբար` թուղթէ տոպրակի մէջ: Թելադրելի է սոխն ու գետնախնձորը միասին չպահել, քանի որ երկուքն ալ կը փտին:

 

5

Բոլորս ալ լոլիկը սառնարանը կը պահենք: Եթէ կ՛ուզէք անոր իսկական բոյրն ու համը վայելել, պէտք է զայն պահէք սենեակի ջերմաստիճանով կամ թուղթէ տոպրակի մէջ, որպէսզի բնական ձեւով հասուննայ եւ համը պահպանէ:

 

6

Աւոքատոն սառնարանը կարելի է պահել, երբ ամբողջովին հասունցած է: Մէկ շաբաթէն աւելի երկար մի՛ պահէք եւ մանաւանդ շերտուած մի՛ պահէք, որպէսզի չսեւնայ:

 

11515_garlic7

Սխտորի գլուխները սառնարանը մի՛ պահէք, անոնք լոյսէ եւ խոնաւութենէ հեռու ամիսներ կը դիմանան: Մինչդեռ կեղւըուած եւ ապակեայ շիշերու մէջ դրուած սխտորի պճեղները կարելի է ամիս մը, նոյնիսկ աւելի` սառնարանը պահել:

 

8

Սուրճը իր համը կը փոխէ սառնարանը պահուելու պարագային: Զայն պահեցէք սենեակի ջերմաստիճանով, ապահով կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մէջ:

 

11515_melons-200x2009

Յանձնարարելի է ձմերուկն ու սեխը, ինչպէս նաեւ դեղձը պահել սառնարանէն դուրս, այլապէս կը կորսնցնեն իրենց համը եւ մանաւանդ` բոյրը:

 

10

Ձէթը պէտք է պահել ապակեայ շիշի մէջ. զայն զետեղեցէք լոյսէ եւ խոնաւութենէ հեռու տեղ մը:

 

Գեղեցկագիտական

Ծեփուկներ` Շուրթերու Համար

11515_LipsՇուրթերը պէտք է պաշտպանել ցուրտէն, բայց նաեւ` շրթներկներու բացասական ազդեցութենէն:

Ահաւասիկ դիւրին ծեփուկներ` շուրթերը փափուկ եւ գեղեցիկ պահելու համար:

Ա.- Ստեպղինով Ծեփուկ

Ապակեայ մաքուր ամանի մը մէջ 5 կաթիլ ստեպղինի հիւթին աւելցնել քառորդ թէյի դգալ մեղր եւ նոյնքան ալ թարմ սեր: Խառնել եւ ստացուած խիւսը ծեփել շուրթերուն, սպասել 20 վայրկեան, ապա մաքրել մաքուր, խոնաւ լաթով մը:

Բ.- Վարունգով Ծեփուկ

5 կաթիլ վարունգի հիւթին աւելցնել քառորդ թէյի դգալ մեղր եւ նոյնքան ալ թարմ սեր: Խառնուրդը քսել շուրթերուն, սպասել քառորդ ժամ, ապա մաքրել խոնաւ լաթով մը:

Գ.- Ելակով Ծեփուկ

Երկու հասուն ելակ ճզմել եւ խիւսը քսել շուրթերուն, սպասել 20 վայրկեան, ապա լուալ պաղ ջուրով եւ շուրթերը մարձել փոքրիկ խոզանակով մը:

Ի՞Նչ Բաներ Կնոջ Մը Տարիքը
Աւելի Մեծ Ցոյց Կու Տան

Ահաւասիկ` 10 ազդակներ, որոնք կնոջ տարիքը կը մեծցնեն.

1.- Ժամանակէն առաջ ճերմկած մազերը:
2.- Թորշոմած, կախուած պարանոցը:
3.- Չխնամուած ձեռքերը:
4.- Տարիքին անհամապատասխան հագուածքը:
5.- Վառ եւ չափազանցուած դիմայարդարումը:
6.- Ծանր օծանելիքները:
7.- Կանխահաս կնճիռները:
8.- Թոյլ մարմինի կառոյցը:
9.- Չափազանցուած պղնձագոյն մորթը (արեւի լոգանքի կամ արուեստական ճառագայթներու միջոցով):
10.- Յոգնած եւ խամրած աչքերն ու նայուածքը:

Այս անպատեհութիւններուն մեծ մասը կարելի է կանխարգիլել մարզանքով, առողջ սննդառութեամբ, պատշաճ հագուածքով եւ շպարով եւ այլն…

 

Խոհագիր

Դդումով Եւ
Լա Վաշ Քի Ռիով Ապուր

11515_CourgettesԲաղադրութիւն

6 դդում
2 գետնախնձոր
1 սոխ
2 լա վաշ քի ռի պանիր
Աղ

Պատրաստութիւն

Դդումը, գետնախնձորն ու սոխը եփել եռացած ջուրի մէջ, շուրջ 15 վայրկեան:

Հարիչին մէջ փոխադրել եփած բանջարեղէնները եւ 2 կտոր պանիրը եւ հարել, մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստացուի:

Փոխադրել ներկայանալի փոս ամաններու մէջ եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

«Մոռացիր մի կերպ անմոռանալին,
Ուրացիր մի կերպ անուրանալին,
Եւ յաղթիր դու քեզ:
Յաղթիր ամէնը,
Ինչ որ անհիմն է ու անհնարին:
Միեւնոյն է, դու
Ինչ էլ ստանաս,
Այդպէս էլ կարօտ,
Այդպէս էլ կորած,
Հող ու ծուխ դառած
Պէտք է որ գնաս:
Եւ միեւնոյն է չկայ ոչ մի տեղ,
Ինչ փնտռում ես դու
Կէս դար անընդմէջ:
Քո հնարածով ինքդ տարուելով,
Չգտնելով ու խելագարուելով,
Չկայ կորուստիդ դուռն ու բանալին,
Ուրացիր մի կերպ անուրանալին»:

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>