Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Տան Յարդարանք. Սովորական Աղիւսներով Ինչե՜ր Կարելի Է Շինել

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

ՏԻՎԱՆ Սովորական աղիւսները քով-քովի շարելով` կարելի է շինել գեղեցիկ տիվան մը: Տիվան կառուցելու համար պէտք ունիք աղիւսներու, գունաւոր, թանձր ներքնակի եւ ներքնակին հետ ներդաշնակուող բարձերու: Այս տիվանին առաւելութիւնը այն է, որ աղիւսներուն բացուածքներուն մէջ կարելի է կօշիկները դասաւորել:

ՏԻՎԱՆ
Սովորական աղիւսները քով-քովի շարելով` կարելի է շինել գեղեցիկ տիվան մը:
Տիվան կառուցելու համար պէտք ունիք աղիւսներու, գունաւոր, թանձր ներքնակի եւ ներքնակին հետ ներդաշնակուող բարձերու:
Այս տիվանին առաւելութիւնը այն է, որ աղիւսներուն բացուածքներուն մէջ կարելի է կօշիկները դասաւորել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՆՍՏԱՐԱՆ Աղիւսներով կրնաք նաեւ պարտէզին մէջ կամ պատշգամը հաճելի անկիւն մը ստեղծել` նստարան մը շինելով: Աղիւսները շարել ստորեւ տրուած նկարին հետեւողութեամբ, անոնց բացուածքներէն անցընել փայտեայ գերաններ եւ ահա կ՛ունենաք հաստատուն նստարան մը, որուն վրայ կրնաք նստիլ, կարդալ, սուրճ խմել կամ բնութիւնը վայելել:

ՆՍՏԱՐԱՆ
Աղիւսներով կրնաք նաեւ պարտէզին մէջ կամ պատշգամը հաճելի անկիւն մը ստեղծել` նստարան մը շինելով:
Աղիւսները շարել ստորեւ տրուած նկարին հետեւողութեամբ, անոնց բացուածքներէն անցընել փայտեայ գերաններ եւ ահա կ՛ունենաք հաստատուն նստարան մը, որուն վրայ կրնաք նստիլ, կարդալ, սուրճ խմել կամ բնութիւնը վայելել:

ԹԱՂԱՐ Դարձեալ աղիւսներով, այս անգամ կրնաք կառուցել թաղարներ: Պատշգամին կամ պարտէզին մէկ պատը օգտագործելով` աղիւսները շարեցէք ըստ ճաշակի եւ անոնց բացուածքներուն մէջ ցանեցէք զանազան տեսակի բոյսեր: Անկասկած որ շատեր պիտի սիրեն ձեր ստեղծած այս անկիւնը:

ԹԱՂԱՐ
Դարձեալ աղիւսներով, այս անգամ կրնաք կառուցել թաղարներ:
Պատշգամին կամ պարտէզին մէկ պատը օգտագործելով` աղիւսները շարեցէք ըստ ճաշակի եւ անոնց բացուածքներուն մէջ ցանեցէք զանազան տեսակի բոյսեր:
Անկասկած որ շատեր պիտի սիրեն ձեր ստեղծած այս անկիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հետաքրքրական

Գոգօ Շանելի Խօսքերէն

12215_cocoՆորաձեւութեան մասին բոլոր պատկերացումները յեղաշրջած առասպելական ոճաբան Գոգօ Շանել, որ աշխարհին կտակեց հանրայայտ «փոքրիկ սեւ զգեստ»-ը, «Շանել 5» օծանելիքը եւ թուիտ թայէօրները, ունի նաեւ կնոջ եւ նորաձեւութեան վերաբերող հաստատումներ, խօսքեր. ահաւասիկ` այդ խօսքերու ծաղկաքաղը:

– Եթէ դուք կ՛ուզէք ունենալ այն, ինչ երբեք չէք ունեցած, ուրեմն պէտք է պատրաստ ըլլաք ընելու այն, ինչ երբեք չէք ըրած:

***

12215_Coco2- Մարդիկ շքեղութիւնը չքաւորութեան հակառակը կը համարեն: Ո՛չ, շքեղութիւն գռեհկութեան հակառակն է:

***

– Գեղեցիկ պէտք է ըլլալ հոգիով եւ սիրտով, այլապէս ոչ մէկ շպար կ՛օգնէ:

***

– Շքեղութիւնը պէտք է յարմարաւէտ ըլլայ, այլապէս անիկա շքեղութիւն չէ:

***

– Ամէն ինչ մեր ձեռքն է, այս պատճառով ալ պէտք չէ թեւաթափ ըլլալ:

***

– Անճաշակութիւնը սահմաններ ունի, անսահման է միայն լաւ ճաշակը:

***

– 20 տարեկանին դուք ունիք այն դէմքը, որ բնութիւնը ձեզի տուեր է, 30 տարեկանին ձեր դէմքը կեանքի «նուէրն» է, իսկ 50-ին` դուք ունիք այն դէմքը, որուն արժանի էք:

***

– Կ՛ըսեն, թէ կիները կը հագուին կիներուն համար` մղուած մրցակցութեան ոգիէն: Ատիկա ճիշդ է, բայց եթէ աշխարհի վրայ տղամարդ չմնար, անոնք կը դադրէին հագուելէ:

***

– Եթէ դուք չէք յիշեր, թէ ի՛նչ հագեր էր իր գեղեցկութեամբ ձեզ գերած կինը, ուրեմն ան անթերի հագած էր:

***

– Կնոջ պարագային տարիքը կարեւոր չէ: Կրնայ հիասքանչ ըլլալ 20 տարեկանին, 40-ին եւ մնալ անդիմադրելի` մինչեւ կեանքին վերջը:

***

– Եթէ դուք ծներ էք առանց «թեւերու», մի՛ խանգարէք, որ անոնք աճին:

***

– Գեղեցկութիւնը պէտք է մեզի, որպէսզի մեզ սիրեն տղամարդիկ, իսկ յիմարութիւնը, որպէսզի մենք սիրենք զանոնք:

***

– Անփոխարինելի ըլլալու համար պէտք է անընդհատ փոխուիլ:

***

– Ծերութիւնը չի պաշտպաներ սէրէն, բայց սէրը կը պաշտպանէ ծերութենէ:

***

– Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ կիները կը պահանջեն այն ամէնը, որ ունին տղամարդիկ: Չէ՞ որ կիները, ամէն ինչէ բացի, ունին տղամարդիկը…

***

– Նորաձեւութիւնը կ՛անցնի, իսկ ոճը կը մնայ:

***

– Գեղեցիկ աչքեր ունին միայն անոնք, որոնք ձեզի քնքշութեամբ կը նային:

***

– Օծանելիքը անտեսանելի, սակայն անմոռանալի եւ չգերազանցուած աքսեսուար է: Անիկա կը տեղակացնէ կնոջ գալստեան մասին եւ կը շարունակէ յիշեցնել անոր մասին` վերջինիս մեկնումէն ետք:

***

– Կինը պէտք է հագուի այնպէս, որ զայն մերկացնելը հաճելի ըլլայ:

***

– Դուք առաջին տպաւորութիւնը ձգելու երկրորդ հնարաւորութիւնը չէք ունենար:

***

– Այն կինը, որ շատ շպար չ՛օգտագործեր, շատ մեծ կարծիք ունի իր մասին:

***

– Իմ հագուելու ոճս շատերուն քմծիծաղ կը պատճառէր, բայց ճիշդ հոն էր իմ յաջողութեանս գաղտնիքը: Ես բոլորէն կը տարբերէի:

***

– Բոլոր կիները գեղեցիկ չեն ծնիր, բայց եթէ 30 տարեկանին կինը տակաւին գեղեցիկ չէ, ուրեմն ան պարզապէս յիմար է:

***

– Չկան տգեղ կիներ, կան ծոյլեր:

***

– Թքած ունիմ, թէ դուք ի՛նչ կը մտածէք իմ մասիս. ես ձեր մասին ընդհանրապէս չեմ մտածեր:

 

Ցուրտ Օդը Կը Ջրազրկէ Մորթը

12215_creme-corps-cbc5dՄորթը կը կազմէ մարմնի զանգուածին 20 տոկոսը: Անիկա որպէս պատնեշ կը պաշտպանէ մեզ արտաքին միջավայրի անբարենպաստ գործօններէն: Բացի պաշտպանելէ` անիկա նաեւ ջերմակարգաւորող է, դիմադրականութիւնը զօրացնող եւ այլն…

Մորթի բնական վիճակի պահպանումը անհրաժեշտ է ոչ միայն մեր մարմնին բնականոն կենսագործունէութեան համար, այլ նաեւ մեծ նշանակութիւն ունի անհատի հոգեբանական բնական վիճակին համար:

Ձմրան եղանակին մորթը յաւելեալ խնամքի կարիք ունի, ցուրտը, քամին, տուներուն մէջի չոր օդը կը վնասեն մորթին պաշտպանիչ խաւին: Առաջին հերթին խօսքը դէմքի եւ ձեռքի մորթին մասին է: Ձմրան մորթը հակամէտ է կարմրելու եւ թեփոտելու. այս երեւոյթներուն պատճառը կը դառնան ցուրտը, խոնաւ օդը, ինչպէս նաեւ` ջերմաստիճանի կտրուկ տատանումները:

Ահաւասիկ 6 խորհուրդ` ձմրան եղանակին մորթը պաշտպանելու համար:

12215_hat-1-

Մորթին չորացումը կանխարգիլելու համար ձմրան ամիսներուն պէտք է գործածել գիշերային եւ ցերեկային հիտրաթանթ սերեր:

Պայման է որ անոնք ըլլան որակաւոր եւ օգտագործուին հետեւողական ձեւով:

-2-

Լոգանքէն ետք անպայման մարմինը օծել հիտրաթանթ սերով: Կարգ մը օճառներ եւ շամփուէններ կը նպաստեն մորթի չորացման:

-3-

Բուսական ձէթով շփել մարմնին այդ մասերը, ուր մորթը չորցած եւ կարծրացած է ինչպէս կրունկները, արմուկները եւ այլն…

Նոյն ձեւով կարելի է մարձել աչքերուն շուրջը եւ շուրթերը:

-4-

Տան գործերը, օդի փոփոխութիւնը կը վնասեն ձեռքերուն եւ ժամանակէն առաջ կը ծերացնեն մորթը. ահա թէ ինչո՛ւ յատկապէս ձմրան եղանակին պէտք է օրուան ընթացքին քանի մը անգամ զանոնք օծել ձեռքի յատուկ սերերով: Ձեռնոցի գործածութիւնը եւս անհրաժեշտ է վերոյիշեալ անպատեհութեանց առաջքը առնելու համար:

-5-

Շուրթերը եւս շատ զգայուն են ցուրտին եւ առաջին առիթով կը չորնան, կը ճաթռտին ու կ՛արիւնին: Կլիսերինով կամ ալ ծեփուկներով պաշտպանեցէք զանոնք, մանաւանդ եթէ օրուան ընթացքին տունէն դուրս պիտի գտնուիք:

-6-

Լոգանքի ժամանակ հրաժարեցէք շատ տաք ջուրէն: Նաեւ լաւ ցամքեցուցէք ձեր մարմինը առանց ամուր շփելու: Զարմանալիօրէն թաց մորթը աւելի հակամէտ է չորնալու:

 

Խոհագիր

Խոշոր Դդումի Ապուր

12215_duckduckgoԲաղադրութիւն

1քիլօ խոշոր դդում
1 սոխ
2 գետնախնձոր
2 պճեղ սխտոր
2 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ կարագ
2 ապուրի դգալ թարմ սեր
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Մանրուած սոխն ու սխտորը աղին եւ սեւ համեմին հետ 10 վայրկեան դարձնել ձէթին եւ կարագին մէջ:

Աւելցնել 2 բաժակ ջուր, մանրուած դդումն ու գետնախնձորը, եփել կէս ժամ:

Կաթսան կրակին վրայէն հանել եւ հարիչէ անցընել:

Աւելցնել թարմ սերը եւ տաք-տաք հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես ծնուել եմ ձորերում`
Եղեռնի սեւ օրերում:
Մայրս կրծքին` օրօրել`
Իմ օրոցքն էլ է կորել:
Աչքս բացի` սով տեսայ,
Աստուած ասաց` «Զոհ է սա»:
Դեռ փայտէ ձի չհեծած`
Բախտի ձիուց ընկայ ցած:
Որբ մնացի ու անուս,
Ես դեռ մանկուց ընկայ դուրս:
Վշտի վիհից, գահեր վէս,
հրաշք է, որ հասայ քեզ:
Քիչ էր մնում` եղեռնի
Թաթն իմ կոկորդն էլ բռնի:
Բիւրերին է նա հորել`
Ինչպէ՞ս է, որ չեմ կորել:
Չեմ պղտորուել, վշտից մեծ
Սոխակս օձի չփոխուեց:
Հոգիս` արցունք ու ոսկի`
Խտացուածքն եմ իմ ազգի:
Այժմ ազգին իմ անչար
Պարտք են Աստուած ու աշխարհ:
Հատուցումը եղեռնի`
Երբ էլ լինի` կը յառնի:
Իրար գրկեն պիտի ողջ
Այս ազգերն էլ մահագոչ:
Աշխարհ, դու ինձ մի նայիր,
Իմ ողջ ազգին փայփայիր:
Վախենում եմ, թէ նրան
Դու պարտք մնաս… յաւիտեան:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>