Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Սեղանի Կենցաղավարական Կանոնները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ճիշդ է որ Էլիզապէթ թագուհիին հետ սեղան նստելու առիթ պիտի չունենանք, բայց եւ այնպէս արդեօք ծանօ՞թ ենք սեղանի կենցաղավարական կանոններուն. եկէք` ստուգենք:

- 1 -

– Ճաշարանը, երբ սպասեակը ուտելիքները կը բերէ, պէտք է «Բարի ախորժակ» մաղթել բոլորին:

ՍԽԱԼ. ո՛չ «բարի ախորժակ» կը մաղթենք, ո՛չ ալ «Հը՜ըմ, ի՛նչ անօթի եմ…» կ՛ըսենք: Պարզապէս կը լռենք:

- 2 -

– Երբ ուտելը աւարտենք, ձեռքերը կը դնենք ծունկերուն վրայ:

ՍԽԱԼ. ձեռքերը ծունկերուն չենք դներ, բայց նաեւ արմուկները սեղանին չենք դներ: Պարզապէս ձեռքերը սեղանին կը դնենք` պնակին երկու կողմերուն:

 – 3 -

– Եթէ ընթրիքի հրաւիրուած ենք, ճիշդ ժամուն պէտք է հասնինք:

ՍԽԱԼ. կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ քառորդ ժամ ուշ հասնինք. իսկ այդ քառորդ ժամը ծանօթ է` որպէս «քաղաքավարութեան քառորդ ժամը»:

12915_dining-etiquette-tips1- 4 -

– Երբ ճաշի սեղանը կը սարքենք, բաժակները կը շարենք մեծէն փոքր, ձախէն դէպի աջ:

ՃԻՇԴ. գինիի, ջուրի, շամփանիայի բաժակները շարելու կանոնը շատ պարզ է, մեծէն փոքր` ձախէն դէպի աջ:

- 5 -

– Սեղանը յարդարելու ատեն կտորէ անձեռոցիկները կը զետեղենք պնակին մէջ:

– Եթէ կէսօրուան ճաշ է, անձեռոցիկը կը զետեղենք պնակին մէջ, իսկ ընթրիքի պարագային` պնակի ձախին:

12915_dining-etiquette-tips- 6 -

– Եթէ տակաւին ճաշը չենք աւարտած, դանակն ու պատառաքաղը զուգահեռ ձեւով կը զետեղենք պնակին մէջ:

ՍԽԱԼ. եթէ ճաշը չենք աւարտած դանակն ու պատառաքաղը պնակին մէջ կը տեղաւորենք «ժամը 4:00-ին քսան մնացած»-ի դիրքով…

- 7 -

– Ճաշը աւարտելէ ետք դանակն ու պատառաքաղը կը տեղաւորենք պնակին երկու ծայրերուն:

ՍԽԱԼ. ճաշը աւարտելէ ետք դանակն ու պատառաքաղը զուգահեռ կը դնենք «ժամը 4:00-ը 20 անց»-ի դիրքով:

- 8 -

– Եթէ տանտիրուհին առաջարկէ երկրորդ անգամ մը հիւրասիրել մեզ, պէտք է սիրով ընդառաջենք:

ՍԽԱԼ. քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ մերժենք եւ երկրորդ առաջարկին սպասենք:

- 9 -

– Հացի կտորը եթէ խոշոր է, դանակով չենք կտրեր:

ՃԻՇԴ. հացը ձեռքով, մատներուն ծայրով կը կտրենք. երբեք դանակ չենք գործածեր:

- 10 -

– Ճաշի սեղանին շուրջ քաղաքականութիւն չենք խօսիր:

ՃԻՇԴ. բացի քաղաքականութենէն` նաեւ պէտք է խուսափինք դրամական եւ կրօնական նիւթերէն:

Նաեւ Յիշե՛նք

– Ճաշի սեղանին շուրջ պէտք է նստիլ ուղիղ, առանց աթոռին կռնակին յենելու:
– Մինչեւ տանտիկինը սեղան չնստի եւ ուտելու չսկսի, հրաւիրեալները ուտելու չեն սկսիր:
– Ճաշի սեղանին շուրջ բջիջայինով չենք զբաղիր:
– Կերակուրին աղ չեն աւելցներ համտեսելէ առաջ:
– Նախքան բաժակը օգտագործելը` անձեռոցիկով բերանը պէտք է մաքրել բաժակին շուրջ անախորժ հետքեր չձգելու համար:
– Դանակը պէտք չէ բերանը տանիլ:
– Հացի կտորը կերակուրին թացանին մէջ թաթխելով պէտք չէ ուտել:
– Սփակեթթին դանակով պէտք չէ կտրտել, այլ` պատառաքաղին շուրջ փաթթելով ուտել:
– Ապուրը փչելով պէտք չէ ուտել, ոչ ալ ամանը տեղէն բարձրացնելով` դէպի բերան տանիլ ու խմել:
– Բերանը լեցուն պէտք չէ խօսիլ:

 

Ձեռային Աշխատանք

Ինչպէ՞ս Ծրարել Խմիչքի Շիշ Մը

il_570xNՏղամարդու մը խմի՞չք պիտի նուիրէք. ահաւասիկ` շիշը ծրարելու իւրայատուկ ձեւ մը:

Առէք հին շապիկի մը թեւին բաժինը, նայած շիշին բարձրութեան` կտրեցէք զայն եւ վարի բաժինը կարեցէք:

Շիշը տեղաւորեցէք թեւին մէջ եւ վրան հաստատեցէք տղամարդու փափիյոն մը:

Ստացողը վստահաբար անտարբեր պիտի չմնայ այս գեղեցիկ ծրարումին հանդէպ:

 

Մեծ Մայրիկի Թելադրանքներ.

Ի՛նչը Ինչո՞վ Դարմանել

- Յոգնած մորթին առողջ տեսք եւ փայլք տալու համար... Մաքուր դէմքին վրայ տարածել 2 ապուրի դգալ մեղր, սպասել 20 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:

– Յոգնած մորթին առողջ տեսք եւ փայլք տալու համար…
Մաքուր դէմքին վրայ տարածել 2 ապուրի դգալ մեղր, սպասել 20 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:

- Չոր մորթը հաւասարակշռելու համար... 25 սանթիլիթր տաք ջուրի մէջ թրջել սեւ թէյի ծրարիկ մը, ձգել, որ պաղի, ապա օրական, առտու եւ իրիկուն, բամպակի մը միջոցով անով օծել դէմքը: 15 օրէն արդիւնքը զգալի կ՛ըլլայ:

– Չոր մորթը հաւասարակշռելու համար…
25 սանթիլիթր տաք ջուրի մէջ թրջել սեւ թէյի ծրարիկ մը, ձգել, որ պաղի, ապա օրական, առտու եւ իրիկուն, բամպակի մը միջոցով անով օծել դէմքը: 15 օրէն արդիւնքը զգալի կ՛ըլլայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

- Չոր եւ կոտրտած մազերը դարմանելու համար... Հասուն աւոքատօ մը հաւկիթի դեղնուցի մը հետ խառնել` միատարր խիւս մը ստանալու համար, ապա անով ծեփել չոր մազերը ու մարձել: Քառորդ ժամ ծեփուկը ձգել մազերուն վրայ, ապա սովորականին պէս լուալ:

– Չոր եւ կոտրտած մազերը դարմանելու համար…
Հասուն աւոքատօ մը հաւկիթի դեղնուցի մը հետ խառնել` միատարր խիւս մը ստանալու համար, ապա անով ծեփել չոր մազերը ու մարձել: Քառորդ ժամ ծեփուկը ձգել մազերուն վրայ, ապա սովորականին պէս լուալ:

- Դէմքին մորթին գոյնը բանալու եւ ընդլայնած ծակտիկները սեղմելու համար... Կէս կիտրոնի հիւթին 2 ապուրի դգալ հանքային ջուր աւելցնել եւ բամպակի մը միջոցով անով օծել դէմքը, 2 վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել...

– Դէմքին մորթին գոյնը բանալու եւ ընդլայնած ծակտիկները սեղմելու համար…
Կէս կիտրոնի հիւթին 2 ապուրի դգալ հանքային ջուր աւելցնել եւ բամպակի մը միջոցով անով օծել դէմքը, 2 վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

- Իւղոտ մորթը հաւասարակշռելու համար... Լոլիկը բարակ շերտել, ապա այդ շերտերը շարել դէմքին վրայ, ձգել 15 վայրկեան:

– Իւղոտ մորթը հաւասարակշռելու համար…
Լոլիկը բարակ շերտել, ապա այդ շերտերը շարել դէմքին վրայ, ձգել 15 վայրկեան:

- Մորթին մեռած բջիջները մաքրելու եւ զայն ողորկ դարձնելու համար... 100 կրամ աղին 3 ապուրի դգալ ձէթ աւելցնել եւ մորթը շփել շրջանաձեւ շարժումներով, ապա առատօրէն ցօղուել:

– Մորթին մեռած բջիջները մաքրելու եւ զայն ողորկ դարձնելու համար…
100 կրամ աղին 3 ապուրի դգալ ձէթ աւելցնել եւ մորթը շփել շրջանաձեւ շարժումներով, ապա առատօրէն ցօղուել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 - Ջրազրկուած մորթը դարմանելու համար... Հարիչէ անցած վարունգին ապուրի դգալ մը հեղուկ կաթ աւելցնել եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը, սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել:

– Ջրազրկուած մորթը դարմանելու համար…
Հարիչէ անցած վարունգին ապուրի դգալ մը հեղուկ կաթ աւելցնել եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը, սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել:

- Ակռաները ճերմկցնելու համար... Կիսուած կիտրոնով մը շփել ակռաները, ապա ակռայի խոզանակին վրայ պիքարպոնաթ տը սուտ ցանել եւ ակռաները խոզանակել, վերջապէս` առատ ջուրով զանոնք ցօղուել: Այս ձեւին դիմել շաբաթը անգամ մը, ոչ աւելի:

– Ակռաները ճերմկցնելու համար…
Կիսուած կիտրոնով մը շփել ակռաները, ապա ակռայի խոզանակին վրայ պիքարպոնաթ տը սուտ ցանել եւ ակռաները խոզանակել, վերջապէս` առատ ջուրով զանոնք ցօղուել: Այս ձեւին դիմել շաբաթը անգամ մը, ոչ աւելի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր.

«Մայամի Պնակ»

12915_-miamiԲաղադրութիւն 5 անձի համար

– Տուփ մը փալմիթօ
– 12 մատիկ քրապ
– 2 աւոքատօ
– 2 վարդագոյն կրիֆոն
– 1 կիտրոն
– 4 ապուրի դգալ մայոնեզ
– 1 ապուրի դգալ քեչափ
– Քանի մը կաթիլ թապասքօ
– Սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ շարել երկայնքին կտրտուած փալմիթոները, կեղուըուած եւ մաշկը հանուած կրիֆոնի շերտերը, կեղուըուած, շերտուած եւ վրան կիտրոն քամուած աւոքատոները եւ վերջապէս` կտրտուած քրապի մատիկները:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել մայոնեզը, քեչափը, թապասքոն եւ սեւ համեմը:

Պնակը զետեղել մեծ պնակին կեդրոնը եւ սեղան բերել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայրենիք

12915_6175Հայրենիքը պաշտօնեայ չէ կաշառակեր
Կամ ոստիկան լկտիացած,
Հայրենիքը պատիւն է մեր
Ու մեր խիղճը սննկացած:
Մեր կոթողնե՛ր պահող հողն է,
Հաց ու ծիրան սնող ցօղն է,
Մաշտոցն է սուրբ, Նարեկացին,
Մայրն է` աչքը մեր տուն դարձին:
Արարատն է մեր դեռ գերի,
Հայերէնը` ջինջ, անթերի`
Նման անմար մի կանթեղի:
Հայրենիքը փեսացու չէ
Կամ հարսնացու հարստացած:
Հայրենիքը մայր է պառաւ,
Հայր` ծերացած:
Հայրենիքը պատիւն է մեր
Ու մեր խիղճը ստրկացած:

ՀԵՆՐԻԿ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>