Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Նորաձեւութիւն Ուլեանա Սերկէյէնքոյի «Փարաճանովեան» Մոթիֆներով Հաւաքածոն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ռուս ձեւագիտուհի Ուլեանա Սերկէյէնքօ վերջերս Փարիզի մէջ ներկայացուց իր նոր հաւաքածոն, նուիրուած` ընտանիքին եւ Կովկասին:

Սերկէյէնքոյի համար յաճախ ներշնչման աղբիւր կը դառնան զանազան անձնական պատմութիւններ եւ երկիրներ, որոնց հետ ձեւագիտուհին սերտ կապ կը զգայ: Այս անգամ ան դիմած է Վրաստանի եւ Հայաստանի ժառանգութեան, ուր ծնած է իր ամուսինը, եւ ուր ստեղծուեր են նախորդ հարիւրամեակի նկարիչներու լաւագոյն գործերը: Նշենք, որ ձեւագիտուհին ամուսնացած է միլիառատէր Տանիէլ Խաչատուրովի հետ:

Նշենք, որ Տանիէլ Խաչատուրով (35 տարեկան), ծնած է Թիֆլիս, ապահովագրութեան մեծ ընկերութեան մը տէրն է եւ Ռուսիոյ 100 ամէնէն հարուստ անձերու ցանկին վրայ է:

Վերջին հաւաքածոյին ստեղծման ընթացքին Սերկէյէնքոյի ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է Սերգէյ Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնը:

Ստորեւ նմուշներ ձեւագիտուհիին վերջին ստեղծագործութենէն:

Ulyana-Sergeenko_couture-ss2105_17

Ulyana_Sergeenko_Couture_spring_summer_2015_collection7

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Առողջապահական

Ամէն Առտու Բաժակ Մը
Գաղջ Ջուր Խմեցէք

Սննդագէտներ կը յանձնարարեն ամէն առտու բաժակ մը գաղջ ջուր խմել, որուն աւելցուած ըլլայ կէս կիտրոնի հիւթ: Ահա՛ թէ ինչու.

20515_lemon-water-11.- Կիտրոնով ջուրը կ՛օգնէ նիհարնալու:
2.- Կը մաքրէ միզային անցքերը եւ միզեցնող է:
3.- Կ՛աշխուժացնէ լեարդին գործունէութիւնը:
4.- Կը խթանէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:
5.- Կ՛օգնէ վէրքերու արագ սպիացումին:
6.- Մարսողութիւնը կը դիւրացնէ:
7.- Բերնին գէշ, անախորժ հոտը կը չէզոքացնէ:
8.- Կը մաքրէ եւ կը պայծառացնէ  մորթը:
9.- Ջրազրկուած մարմնին ջուր կը հայթայթէ:
10.- Ֆիզիքական սպառումէ ետք կը կազդուրէ:

 

Բոյսերու Խնամք

Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս Ջրել Ներքին Բոյսերը

 

20515_fingersfm050928-108fm090323-065Տան ներքին բոյսերը ջրելու համար պէտք է մատներուն ծայրով դպչիլ հողին. եթէ անիկա խոնաւ է եւ ձեր մատներուն կը փակչի, սպասեցէք որ հողը չորնայ, յետոյ ջրեցէք:

Եթէ նկատէք, որ ձեր բոյսին թաղարը թեթեւցած է եւ մէջի հողը չորնալով` թաղարին պատերէն քաշուած են կծկուած է, պէտք է, որ ջրէք զայն:

Խոշոր տերեւով բոյսերը առհասարակ պէտք է ջրէք ցնցուղով կամ սափորով:

Օրքիտէն եւ սիքլամենը կ՛ախորժին ջուրի լոգանքէն: Անոնց թաղարը մխրճեցէք ջուրով լեցուն երկրորդ ամանի մը մէջ: Երբ զգաք, որ հողին երեսը թրջեցաւ, ջուրէն հանեցէք թաղարը:

Քաքթիւսի ընտանիքի բոյսերը պէտք չէ ջուրով ողողել. անոնք կ՛ախորժին ցամաք միջավայրէն: Նայած ձեր ունեցած տեսակին` զայն ջրեցէք շաբաթական դրութեամբ եւ ջուրի քիչ քանակով:

 

Այլազան

Ձեր Եղունգները «Կը Մատնեն»
Ձեր Նկարագրային Գիծերը

20515_nails- Կարճ, երկար, սրածայր թէ քառակուսի եղունգները «կը մատնեն» տուեալ անձին նկարագրային գիծերը: Այսպէս`

– Կարճ եղունգ պահող անձերը առհասարակ հետաքրքիր եւ աշխարհին բացուած անձեր են: Անոնք նաեւ արկածախնդիր են եւ չափազանց աշխատասէր:

* * *

– Երկար եղունգի տէր անձերը ընդհանրապէս երազկոտ եւ խաղաղասէր անձեր են: Եթէ եղունգները երկար եւ սրածայր են, անոնք նաեւ ուշադրութիւն գրաւել փափաքող եւ դիմացինը տպաւորել ձգտող անձեր են:

* * *

– Տրամաբանող, խելքով գործող եւ իրապաշտ անձերը յաճախ քառակուսի եղունգներ կ՛ունենան:

* * *

– Ինքնամփոփ եւ ամչկոտ խառնուածքի տէր են առհասարակ կլոր եղունգներու տէրեր:

 

Կին Դէմքեր

Քրիսթինա Քորտիւլա

20515_portrait-cristina-cordulaՄարիա Քրիսթինա Քորտիւլա ծնած է Ռիօ տը Ժաներօ: 51 տարեկան ոճաբանը պրազիլցի նախկին մանըքեն մըն է: Ներկայիս ան ֆրանսական պատկերասփիւռի «Թէվա» եւ «Էմ. 6» կայաններէն նորաձեւութեան վերաբերող հետաքրքրական յայտագիրները կը ներկայացնէ եւ ակնդիրներուն գործնական եւ օգտակար խորհուրդներ կու տայ նորաձեւութեան մասին:

Քրիսթինա լրագրութիւն ուսանած է, ան 16 տարեկանին մանըքէնի ասպարէզ նետուած է: Օրին մէկը նշանաւոր վարսայարդար մը իրեն խորհուրդ տուած է մազերը շատ կարճ կտրել: Քրիսթինա հետեւած է վարսայարդարին խորհուրդին եւ այդ օրէն յաջողութեան դռները բացուած են անոր առջեւ:

Բացի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի յայտագիրներէն` Քրիսթինա հեղինակ է 5 գիրքերու:

Քրիսթինային Խորհուրդներէն

 

1
Եթէ գէր էք կամ տարեց, խուսափեցէք անթեւ հագուստներէն:

 

20515_Collants2
Նոյնիսկ եթէ բարեձեւ սրունքներ ունիք, խուսափեցէք մորթի գոյն քոլաններէն, նախապատուութիւնը տուէք օփաք տեսակներուն:

 

3
Եթէ գէր էք, հրաժարեցէք «սլիմ», փակած ճինզերէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն ձեր գիրութիւնը:

 

20515_demi-bottes4
Եթէ հաստ սրունքներ ունիք, խուսափեցէք կարճ մոյկերէն: Նախապատուութիւնը տուէք պզտիկ կրունկով կօշիկներուն:

 

5
Եթէ մեծ կուրծքեր ունիք, հրաժարեցէ՛ք գոց օձիքներէն, կրեցէք քառակուսի կամ կլոր խոշոր տեքոլթէները:

 

6
Եթէ պզտիկ կուրծքեր ունիք, կրեցէք վէ., խորունկ օձիքները:

 

7
Եթէ գէր կամ տարեց էք, հրաժարեցէք շատ կարճ հագուստներէն եւ փէշերէն:

 

8
Եթէ գեղեցիկ սրունքներ ունիք, սեւ, կարճ հագուստ մը շատ պիտի վայելէ ձեզի:

 

20515_prettystuff.tumblr9
Եթէ լեցուն կազմուածք ունիք, խոշոր զարդեղէններ կրեցէք, իսկ եթէ նրբիկ էք, նուրբ զարդեղէններ:

 

10
Ձեր կրած հագուստին գոյներով մի՛ շպարուիք, հաշուի առէք ձեր աչքերուն եւ մորթին գոյնը:

 

Խոհագիր

Շոմինով Ապուր

20515_soup2Բաղադրութիւն

3 խաշած հաւկիթի դեղնուց
3 միջակ չափի գետնախնձոր
1 ստեպղին
1 սոխ
1 կապոց շոմին
Պզտիկ փունջ մը ազատքեղ
Աղ
Սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ստեպղինը, սոխն ու գետնախնձորը խորանարդաձեւ կտրտել: Շոմինը լուալ եւ խոշոր կտրտել:

Կաթսային մէջ ջուրը եռացնել եւ բանջարեղէնները (բացի շոմինէն) խաշել 15-20 վայրկեան: Աւելցնել աղը,   պղպեղը եւ մանրուած ազատքեղը եւ շոմինը եւ 5-7 վայրկեան եւս շարունակել եփել:

Մատուցել ներկայանալի փոս ամաններու մէջ եւ երեսը զարդարել քերիչէ անցած խաշած հաւկիթի դեղնուցով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը.

Լուսնահար Կարօտ

Սկսւում է գիշերն արդէն:

Եւ աստղերը,
Որ ողջ ցերեկ խոր քուն մտան,
Հիմա իրենց ճառագայթէ
Սուր փշերն են ոզնու նման նորից ցցում`
Ընդդէմ մթան:

Եւ անպաշտպան իմ կարօտը,
Որ անցել է խոր ընդյատակ
Ու չի ուզում նորից տրուել շղթաների ու կապանքի,
Իմ կարօտը մատնըւում է քո անունից.
Լրտեսի՛ պէս նա մատնում է տառապանքին:

Մեծ քաղաքը լեթարգիական քուն է մտնում,
Իսկ ես` լուսնո՛տ,
Ես` լուսնահա՜ր,
Շեղ-սայթաքուն կտուրներով
Ու քիւերով ատամնաբաց,
Մինչեւ անգամ շանթարգելով,
Ահա նորից քեզ եմ գալիս`
Կեանքըս կրկին վտանգելով:

Եթէ յանկարծ դու քո հեռուից նկատէիր
Ու ձայն տայիր`
Ճչալու պէս ,ախէ՜ անելով`
Իմ վտանգուած կեանքի համար վախենալով,
Գիտե՜ս` ինչո՛վ կը վերջանար,
Իմ ցանկալի՜ս:

Գիտե՛ս.
Մահո՜վ է վերջանում,
Երբ լուսնոտին ձայն են տալիս:

Բայց ես բնաւ՜ երկիւղ չունեմ,
Թէ կ՛ընկնեմ ցած
Եւ իմ արեամբ հալեցնելով ձիւնը մայթում`
Դռնապանին գէթ կ’ազատեմ ձիւն քերելուց:
Այդ չի՛ լինի,
Որովհետեւ ձայն չե՜ս տայ դու,
Եւ դա- ո՛չ թէ բարութիւնից,
Այլ… պարզապէս չսիրելու՜ց…
. . . . . . . . . . . . . . . . . . .

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

22.III.1959թ. Մոսկուա

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>