Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեան ծնած է Չմշկածագ, 1901-ին: Ան բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակն էր: Հայրը կը զբաղէր գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ: Ցեղասպանութեան ժամանակ Արշալոյսը ականատես կը դառնայ իր ծնողներուն սպանութեան, կը կորսնցնէ քոյրերն ու եղբայրները եւ տեսակաւոր չարչարանքներու կ՛ենթարկուի: 14 տարեկան աղջնակը կը վաճառուի գերիներու շուկան եւ կը ստիպուի որոշ ժամանակ մը մնալ թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ: Սակայն Արշալոյսը հրաշքով կը փրկուի. անոր կ՛օգնէ հայ հովիւ մը: Արշալոյսը լեռնային ճամբաներով կը հասնի Էրզրում, որ այդ օրերուն կը գտնուէր ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ: Այնուհետեւ Արշալոյս կը յաջողի հասնիլ Միացեալ Նահանգներ:
«Յօշոտուած Հայաստան»
Եւ «Հոգիներու Աճուրդը»
1917-ին Մ. Նահանգներու մէջ հօրեղբայրը գտնելու նպատակով Արշալոյս Մարտիկանեան յայտարարութիւն կը դնէ «Նիւ Եորք» թերթին մէջ. այդ յայտարարութիւնը կը գրաւէ հանրութեան ուշադրութիւնը:
Արշալոյսին պատմութիւնը կը հետաքրքրէ ամերիկացի բեմագիր Հարվի Կէյցը. ան իր հովանաւորութեան տակ կ՛առնէ Արշալոյսը եւ կը փափաքի գրի առնել անոր պատմութիւնը: Գիրքը լոյս կը տեսնէ անգլերէն լեզուով` «Յօշոտուած Հայաստան» անունին տակ:
«Յօշոտուած Հայաստան»-ը կը վերածուի ժապաւէնի` «Հոգիներու աճուրդը», եւ առաջին անգամ կը սփռուի 1919-ին: Ժապաւէնը կազմուած էր 20 վայրկեաննոց 8 բաժիններէ եւ 531 տեսարաններէ, որոնք կը ցուցադրէին բարբարոսութիւնները, որոնց ենթարկուած էր հայ ժողովուրդը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս առաջին գեղարուեստական ժապաւէնին գլխաւոր դերը կատարեց ինք` Արշալոյս: Օրին ժապաւէնը մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ. 30 միլիոն տոլարի հասոյթը կը տրամադրուի Մերձաւոր Արեւելքի 60 հազար հայ որբերու կենսապահովման:
Ներկայիս ժապաւէնէն մնացած է ընդամէնը մէկ տասներորդ մասը, իսկ մնացեալը անհետացած է: Այդ հատուածը այսօր պահպանուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ուր ցուցասրահներէն մէկը նուիրուած է Արշալոյս Մարտիկանեանին:
«Հայ Ժան Տ՛Արքը»
Մեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուած հայերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Արշալոյս Մարտիկանեանը: Այս արիասիրտ հայուհին` «Հայ Ժան տ՛Արքը», ինչպէս զայն կոչեր են ամերիկացիները, ճակատագրի բերումով հարկադրուեր է կրկին ու կրկին ապրիլ հայոց գողգոթան` անգամ մը զայն ապրելով, երկրորդ անգամ մը զայն պատմելով եւ երրորդ անգամ` որպէս դերասանուհի իր կեանքը պատմող ժապաւէնին մէջ առաջին հերոսուհիի դերը խաղալով:
Արշալոյս Մարտիկանեան մեռաւ Լոս Անճելըս: 1994-ին:
Նշենք, որ «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը թարգմանուած է ռուսերէնի, իսկ գիրքին թրքերէն տարբերակը լոյս տեսաւ անցեալ տարի, «Փենճերէ» հրատարակչատան կողմէ:
Վերջապէս, նկարին վրայ կը տեսնենք Արշալոյս Մարտիկանեանին նուիրուած դրոշմաթուղթը, որ տպուեցաւ Հայաստան, 24 սեպտեմբեր 2013-ին:
Ցեղասպանութենէն Վերապրած
Արշալոյս Մարտիկանեանի Յուշերուն
Հիման Վրայ Ժապաւէն Կը Պատրաստուի
Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած Արշալոյս Մարտիկանեանի (Օրորա) յուշերուն վրայ հիմնուած եւ 1918-ին Հոլիվուտի մէջ նկարահանուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին շարժապատկերին վերաբերող վաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստուի Հայաստանի մէջ: Նոր շարժապատկերին հեղինակն ու արտադրողը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն է: Շարժապատկերը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ:
Արշալոյսը Մարտիկանեաններու բազմանդամ ընտանիքի երրորդ զաւակն էր: Անհոգ մանկութիւն, անխռով ընտանեկան կեանք, ջութակահար դառնալու մանկական երազանք, սակայն…
Ցեղասպանութենէն վերապրած Օրորան դարձաւ հանրաճանաչ, սակայն ան աստղ դառնալու պատրաստ չէր: Արշալոյս-Օրորայի պատմութիւնն ու ժապաւէնը մնացին լուսարձակներէ հեռու, մոռցուեցան, մոռցուեցաւ նաեւ Օրորան: Ան մահացաւ մենութեան մէջ` մերժուած բոլորին կողմէ:
Բայց ան պիտի յայտնուի նոր առաքելութեամբ ու նոր պատգամով:
Ժապաւէնին ամփոփ ներկայացումը կարելի է տեսնել այս կայքէջին միջոցով. https://www.youtube.com/watch?v=sa4X1Mwj3LU
Կրիֆոնին Բարիքները
Թէեւ կրիֆոնին թթու-լեղի համը շատերու քիմքին համար անհաճոյ է, բայց եւ այնպէս այս պտուղը սննդական մեծ արժէք կը ներկայացնէ: 88 առ հարիւր ջուրէ բաղկացած այս պտուղը կը պարունակէ Սէ., Ա., Պէ.3, Էօ. եւ Քա. կենսանիւթերը, փոթասիոմ եւ քալսիոմ հանքայինները եւ կարեւոր քանակութեամբ բնաթել: Ահա թէ ինչո՛ւ այս պտուղը յանձնարարելի է գրեթէ բոլորին:
– Կրիֆոնը քիչ քանակութեամբ շաքար կը պարունակէ:
– Անիկա զերծ է իւղերէ:
– Մարսողական յատկութիւններ ունի:
– Կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլը:
– Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
– Կը կանխարգիլէ քաղցկեղը: Հիւանդութիւնը չի բուժեր, բայց կրնայ կասեցնել անոր յառաջխաղացքը:
Կրիֆոն ուտելէ կամ անոր հիւթը խմելէ պէտք է զգուշանան բոլոր անոնք, որոնք միզային բորբոքումներ կամ մէզը զսպելու դժուարութիւն ունին: Այս անձերը պէտք է դիմեն իրենց բժիշկին խորհուրդին:
Հաստատուած է նաեւ, որ կրիֆոնը կրնայ նուազեցնել կամ աւելցնել կարգ մը դեղահատերու ազդեցութիւնը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի քոլեսթերոլը դարմանող դեղահատերուն:
Տեսողութիւնը Բարելաւող Ուտելիքներ
Ակնաբուժներու կարծիքով, կան 6 տեսակի ուտելիքներ, որոնք զգալիօրէն կը բարելաւեն տեսողութիւնը:
1.- Հաւկիթին դեղնուցը
Հաւկիթին դեղնուցին մէջ գտնուող լիւթէին կոչուած անթիօքսիտանը զգալիօրէն կը նուազեցնէ 65 տարեկանը թեւակոխած անձերուն մօտ յայտնուող տեսողական հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:
***
2.- Շոմինը
Շոմինը եւ մութ գոյնի շատ մը կանաչեղէններ, շնորհիւ իրենց պարունակած քարոթենոյիտին, աչքերը կը պաշտպանեն տեսողութեան հետ կապ ունեցող հիւանդութիւններէն, որոնց կարգին` քաթարաքթէն:
***
3.- Իւղոտ ձուկը
Իւղոտ ձուկերը, որոնք մեծ քանակութեամբ Օմեկա 3 կը պարունակեն, մեծապէս կը նպաստեն տեսողութեան պահպանման եւ բարելաւման:
***
4.- Հատապտուղները
Հատապտուղները մեր աչքերուն ամէնէն օգտակար ուտելիքները կը համարուին` շնորհիւ իրենց պարունակած Ա., Սէ., Էօ. կենսանիւթերուն եւ զինկին: Սէ. կենսանիւթը աչքի ճնշման բարձրացման դէմ է: Ա. կենսանիւթը որպէս հակաօքսիտան` կը կանխարգիլէ աչքերու բորբոքումը, իսկ Էօ. կենսանիւթը կրնայ կանխարգիլել քաթարաքթի յառաջացումը:
***
5.- Ստեպղինը
Որքան ալ զարմանալի թուի, յաճախակի ստեպղին ուտելով` կարելի է բարելաւել գիշերային (մութի մէջ) տեսողութիւնը եւ ընդհանրապէս պահպանել տեսողութիւնը:
***
6.- Նուշը
Վերը յիշուած օգտակարութիւնները հաւասարապէս կը վերաբերին նաեւ նուշին, որ նոյնպէս հարուստ է Ա., Սէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով:
Խոհագիր
Ճակնդեղով Եւ Կրիֆոնով Աղցան
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
– 4 – 5 հատ միջակ չափի ճակնդեղ
– 2 վարդագոյն կրիֆոն
– 2 ապուրի դգալ կարմիր քացախ
– 1 ապուրի դգալ կծու մանանեխ
– 2 թէյի դգալ մեղր
– Աղ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– Թարմ անանուխ
Պատրաստութիւն
Ճակնդեղները խաշել եւ սպասել, որ քիչ մը պաղին, ապա կեղուել եւ կլոր շերտել:
Կրիֆոնները կեղուել, նաեւ` մաքրել պտուղը պատող ճերմակ խաւը եւ դարձեալ կլոր շերտել:
Ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը, աւելցնել շերտուած ճակնդեղներն ու կրիֆոնները, զգուշօրէն խառնել եւ փոխադրել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ:
Հրամցնել գաղջ կամ սենեակի ջերմաստիճանով: Երեսը զարդարել թարմ անանուխի տերեւներով եւ կամ` մանրուած ազատքեղով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ձիւն, Մի՛ Իջիր
Ձիւ՛ն, մի՛ իջիր իմ վարսերին,
Ա՜խ, ես այնքան ջահել եմ դեռ,
Մինչեւ հիմա կեանքի վերից
Երազներով սահել եմ դեռ:Երէկ էր լոկ, որ ես ճերմակ
Զոյգ ժապաւէն էի կապում.
Իսկ դու այսօր պաղ ու ճերմակ
Սառոյցներ ես դէմս կապում:Եւ ինչո՞ւ ես դու շտապում,
Փաթիլներըդ վրաս թափում,
Մի տես որքան կայծ ու կրակ,
Կանաչ, կարմիր երազանքներ,
Մի տես որքան կարօտ ու սէր,
Հոգուս խորքում պահել եմ դեռ:ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ