Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այտա Գույումճեան ծնած է Ֆալլուժա (Իրաք): Երբ դպրոց յաճախելու տարիքին հասած է, ընտանեօք փոխադրուած են Պաղտատ: 1952-ին մէկ տարուան կրթաթոշակ մը շահելով` Այտա մեկնած է Մ. Նահանգներ, ուր յաճախած է Սիէթըլի «Ուաշինկթըն» համալսարանը: Այդ տարիներու Իրաքի խառնակ վիճակը պատճառ դարձած է, որ ան երկարաձգէ իր կեցութիւնը, ապա վերջնականապէս հաստատուած է հոն` ամուսնանալով ամերիկացի ճարտարապետի մը հետ:
1965-ին, հօրը մահէն ետք, Այտա իր մօտ բերած է մայրը` Մաննիկը (որ հետագային պիտի դառնայ իր գիրքին հերոսը), տարի մը վերջ իրենց կը միանայ եղբայրը:
Այտա ամբողջ 30 տարի կը պաշտօնավարէ պետական դպրոցներու մէջ. ան նաեւ մրցանակներու կ՛արժանանայ իր յօդուածներուն եւ գրական փորձերուն համար:
Ներկայիս Այտա Գույումճեան կ՛ապրի Մերսըր Այլընտ (Ուաշինկթըն), ունի երեք մանչ, ութ թոռ եւ երկու ծոռ:
«Երկու Գետերու Միջեւ»
«Պիթուին Տը Թու Ռիվըրզ» (Երկու գետերու միջեւ) գիրքը Այտա Գույումճեանին առաջին գիրքն է, որ լոյս տեսաւ 2010-ին եւ վերահրատարակուեցաւ 2011-ին: Երկրորդ հրատարակութեան մէջ աւելցուած են քարտէս մը եւ լուսանկարներ:
300 էջերէ բաղկացած գործը կը ներկայացուի որպէս «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն մը», ուր կը պատմուին այն տխուր պատմութիւնները, որոնք կը ցոլացնեն այն, ինչ որ հայ ժողովուրդը երբեք չէ կրցած մոռնալ:
Գիրքին հերոսուհին է Մաննիկ (Այտային մայրը): Մաննիկ եւ քոյրը` Ատրինէ, 1915-ի ջարդերէն փրկուած երկու աղջնակներ, ականատես կ՛ըլլան իրենց ծնողներուն սպանութեան: Անբացատրելի զրկանքներէ եւ տառապանքներէ ետք Ատրինէ որպէս սպասուհի կ՛աշխատի արաբ ընտանիքի մը մօտ, իսկ Մաննիկ կը շարունակէ իր թափառական կեանքը, մինչեւ որ բարեգործ պարոն Մարտիրոս երկու աղջիկները որբանոց կը դնէ:
Տարիներ ետք Մաննիկին եւ քրոջ կեանքը ամբողջովին կը փոխուի. անոնք ի վերջոյ ապահովութիւն, երջանկութիւն եւ սէր կը գտնեն, երբ Մաննիկ կ՛ամուսնանայ մեծահարուստ Մարտիրոսին հետ:
Իր գիրքին մասին խօսելով` Այտա կ՛ըսէ, թէ իր պատմութիւնները երեւակայութիւն չեն, այլ` ստոյգ ճշմարտութիւններ: Ինք այդ պատմութիւնները օրական լսած է, նախ` որպէս երգ, երբ մայրը զինք քնացնելու ատեն կ՛երգէր, ապա` որպէս պատմութիւն, երբ ինք եւ քոյրը խելահաս դարձան:
Նշենք, որ 2014-ին թրքական «Փենճերէ» հրատարակչատունը թրքերէնով հրատարակեց այս գիրքը:
«Երկու Գետերէն Անդին»
Առաջին գիրքին գտած մեծ յաջողութենէն ետք շատ շատեր Այտա Գույումճեանէն խնդրած են, որ շարունակէ Մաննիկին պատմութիւնը: «Պիյոնտ տը թու ռիվըրզ»-ը (երկու գետերէն անդին) կը սկսի Պաղտատէն, կը պատմուի 1958-ական թուականներու քաղաքական խառնակ վիճակը, ապա դէպի անցեալ երթալով` կը վերադառնանք 1922 թուական, ուր առաջին գիրքը` «Երկու գետերու միջեւ»-ը կանգ առած էր:
Մաննիկ իր հարուստ ամուսինին հետ քաղաքէ քաղաք կը տեղափոխուի Մարտիրոսին մեծ գործերուն պատճառով եւ ի վերջոյ Պաղտատ կը հաստատուին իրենց երեք զաւակներուն հետ:
Բ. Համաշխարհային պատերազմ, խառնակ վիճակ` նաեւ Իրաքի մէջ, ուր տարբեր ցեղախումբեր դարեր շարունակ համերաշխ ապրելէ ետք կը թշնամանան:
Բարգաւաճ եւ ապա խառնակ Իրաքի մէջ ապրած Մաննիկը գիրքին աւարտին պատմած է իր լաւատեսութիւնը եւ կեանքին հանդէպ սէրը:
Սննդագիտական -Առողջապահական
Վարսակ
Շատ քիչ թիւով ուտելիքներ իրենց սննդական արժէքով կրնան մրցիլ վարսակին հետ:
Գիտական հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ վարսակը օժտուած է բացառիկ բուժիչ յատկութիւններով եւ պէտք է զայն օրական օգտագործել մեր կերակուրներուն մէջ, բայց նաեւ` եփուկի ձեւով:
Վարսակին բուժիչ յատկութիւնները.
1.- Լեարդին ճամբով մարմինը կը մաքրէ բոլոր տեսակի թունաւոր նիւթերէն:
2.- Կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ:
3.- Կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:
4.- Կը բարելաւէ մարսողութիւնը:
5.- Կը պաշտպանէ քաղցկեղէն:
6.- Կը պակսեցնէ ընկճախտը (սթրես):
7.- Կը կանխարգիլէ ոսկրափտութիւնը (օսթէոփորոզը):
8.- Կ՛օգնէ նիհարնալու:
9.- Կը կազդուրէ եւ ուժ կը հայթայթէ:
10.- Կը դարմանէ անքնութիւնը:
11.- Կը թարմացնէ մորթը, կը դարմանէ բշտիկները:
12.- Կը հաւասարակշռէ արեան գերճնշումը:
13.- Միզեցնող է եւ կ՛արգիլէ ջուրի կուտակումը մարմնին մէջ:
Շարքը կրնայ երկարիլ, բաւարարուինք հիմնականով:
***
Վարսակով ջուր` նիհարնալ փափաքողներուն համար:
Այս խմիչքը պատրաստելու համար անհրաժեշտ են`
Գաւաթ մը վարսակի փաթիլ
Կասիայի փայտիկ մը
Երկու լիթր ջուր
Պատրաստութիւն
Հարիչի մէջ դրէք վարսակը եւ բաժակ մը ջուր հարեցէք, մինչեւ որ միատարր նիւթ մը ստանաք, ապա աւելցուցէք մնացեալ ջուրը, կասիան, եւ եթէ քաղցրը սիրող էք, ապուրի դգալ մը մեղր: Ստացուած հեղուկը սառնարանը պահեցէք եւ օրուան ընթացքին խմեցէք:
Օրը սկսէք այս հեղուկէն բաժակ մը խմելով, ապա` ճաշի ժումերէն առաջ. ասիկա իտէալ խմիչք է կուշտ զգալու համար:
***
Ինչպէ՞ս օգտագործել վարսակին թեփերը.
Նախաճաշին ընթացքին, կաթին, մածունին կամ պտուղի հիւթին աւելցնելով` քորնֆլեքսի փոխարէն.
Կրկնեփի պատրաստութեան մէջ:
Ապուրներուն մէջ:
Միլք շէյքի պատրաստութեան մէջ:
Աղցաններու մէջ:
Հացի պատրաստութեան մէջ:
Կսկուծի փոշիի փոխարէն, մսեղէնները կամ ձկնեղէնները աւելի չոր դարձնելու համար:
Գեղեցկագիտական
4 Հնարք` Կախ Այտերը
Պրկելու Համար
Եթէ կը նկատէք, որ ձեր դէմքը յոգնած տեսք ունի, եւ մանաւանդ ձեր այտերը կախ եւ թոյլ են, դիմեցէք այս 4 հնարքներուն եւ շուտով արդիւնքի պիտի յանգիք:
-1-
Դէմքի մարզանք ըրէք
Հայելիին դիմաց կեցէք եւ չափազանցուած ձեւով ժպտացէք, ամէն անգամ ձեր ժպիտը քանի մը երկվայրկեան սառեցնելով: Թեթեւ դադարէ մը ետք վարժութիւնը կրկնեցէք 5 անգամ:
-2-
Աւոքատոյով ծեփուկ գործածեցէք
Քնանալէ առաջ ձեր դէմքը ծեփեցէք հետեւեալ դիմակով. առէք կէս աւոքատոյի միջուկ. 2 ապուրի դգալ մեղր աւելցուցէք, խառնեցէք միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար, ապա անով ծեփեցէք ձեր դէմքը. սպասեցէք քառորդ ժամ, յետոյ ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
-3-
Ալոէ վերայի ծեփուկ գործածեցէք:
Սուրճի գաւաթ մը մածունին մէջ աւելցուցէք 2 ապուրի դգալ ալոէ վերայի ժել. խառնեցէք եւ ստացուած նիւթով ծեփեցէք ձեր դէմքը: Սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
-4-
Լաւ սնանեցէք:
Նիհարցնող սննդականոնները եւ այլ ազդակներ պատճառ կ՛ըլլան, որ ձեր դէմքը յոգնած, թոյլ եւ տժգոյն երեւի: Կարգ մը ուտելիքներ եւ յատկապէս պտուղներ, ինչպէս` նարինջը, կրիֆոնը, ելակը եւ ուրիշներ, մարմինը կը ձերբազատեն թունաւոր նիւթերէն եւ կը բարելաւեն մորթին որակն ու տեսքը: Հետեւաբար մի՛ վարանիք այս պտուղները ուտելու կամ անոնց թարմ հիւթը խմելու:
Խոհագիր
Վարսակով, Բանջարեղէնով Հացիկներ
Բաղադրութիւն 12 հացիկի համար
160 կրամ վարսակի փաթիլ
1 դդում (քերոցէ անցած)
2 հաւկիթ
2 սոխ (մանրուած)
1 պճեղ սխտոր
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Աղ, սեւ պղպեղ
Ձէթ
Պատրաստութիւն
Տապակի մը մէջ, շատ քիչ ձէթի մէջ դարձնել մանրուած սոխը եւ մէկդի ձգել:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել` վարսակի փաթիլները, քերոցէ անցած դդումը, մանրուած ազատքեղը, ճզմուած սխտորը եւ ձէթի մէջ դարձած սոխը:
Ուրիշ փոս ամանի մը մէջ կոտրել հաւկիթները եւ 4 ապուրի դգալ ջուր աւելցնելով` «զարնել»: Այս խառնուրդը աւելցնել նախորդ խառնուրդին, աղ եւ սեւ պղպեղ աւելցնել, խառնել եւ 20 վայրկեան սառնարանը պահել:
20 վայրկեան ետք խառնուրդը ձեւաւորել կլոր-կլոր տափակ հացիկներու տեսքով եւ չկպչող տապակի մը մէջ շատ քիչ ձէթ տաքցնել եւ զանոնք տապկել թեթեւ կրակի վրայ, իւրաքանչիւր երես 5 վայրկեան:
Շաբթուան Բանաստեղթութիւնը
Ապրելուց Քաղցր Է
Մեռնել Քեզ ՀամարԱպրելուց քաղցր է մեռնել քեզ համար,
Զգալ, որ դու կաս եւ լինել հեռու.
Երկրպագել քեզ առանց սիրուելու,
Երազել միշտ քեզ – լինել քեզ օտար…Ստուերըդ փնտռել ամէն տեղ, ուր խենթ
Հոգին կարող է թռիչքով չափել.
Անանց կարօտում անվերջ տառապել
Եւ լինել քեզնից բաժանուած յաւէտ…Ու գերեզմանում սեւ հողերի տակ
Եւ ոչ մի յուշով սիրտըդ չըտանջել,
Զգալ, որ անցար, եւ քեզ չըկանչել,
Ու չըխռովել բերկրանքըդ յստակ…ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ