Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Շուէտացի միսիոնարուհի Ալմա Եոհանսոն ծնած է Սթոքհոլմ (Շուէտ), 1880-ին: Տակաւին երիտասարդ` նուիրուած էր մարդասիրական կրօնական գործունէութեան: 1901-1915 թուականներուն ծառայած է Արեւմտեան Հայաստան գտնուող գերմանական միսիոնարական հաստատութիւններու եւ որբանոցներու մէջ: 1915 թուականին հարկադրուած է վերադառնալու Շուէտ, իսկ 1920-1922 թուականներուն Կ. Պոլիսի մէջ օգնած է ջարդերէն եւ տարագրութենէ փրկուած հայ որբերուն եւ կարօտեալներուն: 1923 թուականին անցած է Սալոնիկ եւ աշխատած է շուէտական նպաստամատոյց հաստատութիւններու մէջ` օգնելով հայ գաղթականներու:
1941-ին Եոհանսոն վերադարձած է Շուէտ` շարունակելով սերտ յարաբերութիւնները հայերուն հետ. ան տիրապետած է նաեւ հայերէն լեզուին:
Ալմա մեռած է Սթոքհոլմ, 1974-ին:
2011-ի ապրիլ 21-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ գտնուող յուշապատին մէջ ամփոփուեցաւ Ալմա Եոհանսոնի գերեզմանէն բերուած հողով լեցուն սափորը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Շուէտի խորհրդարանի երեսփոխաններ:
«Աքսորեալ Ժողովուրդ»
Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկը 2008-ին հրատարակեց Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Ալմա Եոհանսոնի յուշագրութիւնները` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէնը լեզուներով:
Ալմա Ցեղասպանութեան ականատեսի իր վկայութիւնները հրատարակած էր շուէտերէն երկու գրքոյկներով` «Աքսորեալ ժողովուրդ մը» (1930) եւ «Հայ աքսորականներու կեանքը» (1931) խորագիրներով: Առաջինը հայերէնի թարգմանած ու 1980-ին Սթոքհոլմի մէջ հրատարակած է Պետրոս Զարդարեանը:
Ինչպէս այս գիրքերուն, այնպէս ալ գերմանական եւ ամերիկեան դիւանագէտներուն յղած իր տեղեկագիրներուն մէջ Եոհանսոն որպէս ականատես կը խօսի հայերու տեղահանութեան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ թրքական իշխանութիւններու` հայերու դէմ իրագործած ոճրագործութիւններուն մասին կը նկարագրէ ջարդերէն փրկուած հայ գաղթականներու եւ որբ մանուկներու ծանր վիճակը:
«Երախտիքի Ծառուղի»
Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին առիթով Երեւանի պետական համալսարանի մուտքին մօտ պիտի հիմնադրուի «Երախտիքի ծառուղի», ուր պիտի տեղադրուին հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալած օտարազգի յայտնի գործիչներուն կիսանդրիները:
Թէեւ այդպիսի գործիչներուն թիւը շատ է, սակայն ընտրուած են 12 գործիչներ, որոնց կարգին` Ալմա Եոհանսոնը:
Նորաձեւութիւն
Տոլչէ Է Կապանայի 2015-2016
Աշուն-Ձմեռ Հաւաքածոն
Վերջերս Միլանոյի մէջ կայացաւ յառաջիկայ աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան փառատօնը: Փառատօնին մասնակցեցան նորաձեւութեան տուներ, որոնց կարգին` Տոլչէ է Կապանան: Վերջինիս երկու նշանաւոր ձեւագէտները Տոմենիկօ Տոլչէ եւ Սթեֆանօ Կապանա հաւաքածոն նուիրած էին մայրերուն` «Վիվա Լա Մամմա» թեմայով:
Նոր հաւաքածոյին գլխաւոր խորհրդանիշը կարմիր վարդն էր, այն ծաղիկը, զոր իտալացիները սովորաբար կը նուիրեն իրենց մայրերուն, մարտ 8-ի առիթով:
Սթեֆանօ Կապանա յայտնած է, որ ինք Վարդի բոյրը կը կապէ մանկութեան հետ, քանի որ այդպէս կը բուրէին իր մօր շրթները:
Հետաքրքրական էր նաեւ այն երեւոյթը, որ Տոմենիկօ Տոլչէն ընտրած էր իր փոքրիկ զարմիկներուն եւ զարմուհիներուն գծագրութիւնները եւ զանոնք օգտագործած է որպէս նաշխեր` իր յղացած հագուստներուն համար: Հետեւաբար հագուստները, որոնք կարծէք մանուկներու ձեռքով գծուած ըլլային, իրականութեան մէջ այդպիսին էին:
Առողջապահական
Ուտելիքներ, Որոնք
Կը Պաշտպանեն Քաղցկեղէն
Քաղցկեղի դէմ հետազօտութեան միջազգային ֆոնտին (Fond Mondial de Recherche Contre le Cancer, FMRC) կողմէ հրապարակուած տեղեկագրութեան մը համաձայն, կարգ մը ուտելիքներ մեզ կը պաշտպանեն քաղցկեղէն ընդհանրապէս, բայց մանաւանդ` կուրծքի քաղցկեղէն, ծանօթանանք անոնց.
![-1- Ստեպղինը կը համարուի քաղցկեղի բջիջներուն դէմ պայքարելու լաւ «զէնք» մը: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ այն կիները, որոնք շաբաթը 3 անգամ ստեպղին կերած են, 17 առ հարիւր տոկոսով պաշտպանուած են կուրծքի քաղցկեղէն:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/03/3-5-15_carrots.jpg)
-1-
Ստեպղինը կը համարուի քաղցկեղի բջիջներուն դէմ պայքարելու լաւ «զէնք» մը: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ այն կիները, որոնք շաբաթը 3 անգամ ստեպղին կերած են, 17 առ հարիւր տոկոսով պաշտպանուած են կուրծքի քաղցկեղէն:
![-3- Դեղձը, շնորհիւ իր պարունակած ֆլաւոնոիտներուն, մարմինը կը պաշտպանէ քաղցկեղի յառաջացումէ, նաեւ կը վերացնէ քաղցկեղի բջիջները` առանց առողջներուն վնասելու:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/03/3-5-15_dexdz-320x216.jpg)
-3-
Դեղձը, շնորհիւ իր պարունակած ֆլաւոնոիտներուն, մարմինը կը պաշտպանէ քաղցկեղի յառաջացումէ, նաեւ կը վերացնէ քաղցկեղի բջիջները` առանց առողջներուն վնասելու:
![-2- Պրոքոլիին պարունակած սիւլֆորաֆանը ունի հակաքաղցկեղային յատկութիւններ: Անիկա կրնայ կանխարգիլել քաղցկեղի բջիջներու յառաջացումը, ինչպէս նաեւ` վերացնել անոնց «Բոյնը»:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/03/3-5-15_brocoli.jpg)
-2-
Պրոքոլիին պարունակած սիւլֆորաֆանը ունի հակաքաղցկեղային յատկութիւններ: Անիկա կրնայ կանխարգիլել քաղցկեղի բջիջներու յառաջացումը, ինչպէս նաեւ` վերացնել անոնց «Բոյնը»:
![-5- Ելակը հարուստ է զանազան անթիօքիստաններով որոնք կը պաշտպանեն քաղցկեղէն, բայց նաեւ կը դանդաղեցնեն քաղցկեղային բջիջներուն աճումը:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/03/3-5-15_strawberry.jpg)
-5-
Ելակը հարուստ է զանազան անթիօքիստաններով որոնք կը պաշտպանեն քաղցկեղէն, բայց նաեւ կը դանդաղեցնեն քաղցկեղային բջիջներուն աճումը:
![-4- Լոլիկին պարունակած լիքոփեն կոչուած անթիօքսիտանը կը պաշտպանէ կուրծքի, փրոսթաթի, թոքի քաղցկեղներէն: Լոլիկէն առաւելագոյն չափով օգտուելու համար զայն պէտք է ուտել եփած վիճակով:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/03/3-5-15_tomates.jpg)
-4-
Լոլիկին պարունակած լիքոփեն կոչուած անթիօքսիտանը կը պաշտպանէ կուրծքի, փրոսթաթի, թոքի քաղցկեղներէն: Լոլիկէն առաւելագոյն չափով օգտուելու համար զայն պէտք է ուտել եփած վիճակով:
![-7- Ընկոյզը կը պարունակէ օմեկա 3 ճարպաթթուներ, որոնք ոչ միայն կը կարգաւորեն սրտին աշխատանքը, այլ նաեւ կը դադրեցնեն չարորակ բջիջներու գոյակցութիւններու յառաջացումը:աղցկեղի բջիջները` առանց առողջներուն վնասելու:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/03/3-5-15_noix.jpg)
-7-
Ընկոյզը կը պարունակէ օմեկա 3 ճարպաթթուներ, որոնք ոչ միայն կը կարգաւորեն սրտին աշխատանքը, այլ նաեւ կը դադրեցնեն չարորակ բջիջներու գոյակցութիւններու յառաջացումը:աղցկեղի բջիջները` առանց առողջներուն վնասելու:
![-6- Շոմինը, շնորհիւ իր պարունակած քարոթենոիտներուն հակաքաղցկեղային լաւ «զէնք» մըն է: 490 հազար անձի վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ շոմին ուտող անձերը պաշտպանուած են կոկորդի, բերնի ստամոքսի, ձուարաններու քաղցկեղէ:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/03/3-5-15download-2.jpg)
-6-
Շոմինը, շնորհիւ իր պարունակած քարոթենոիտներուն հակաքաղցկեղային լաւ «զէնք» մըն է: 490 հազար անձի վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ շոմին ուտող անձերը պաշտպանուած են կոկորդի, բերնի ստամոքսի, ձուարաններու քաղցկեղէ:
Խոհագիր
Պրոքոլիով Եղինձ
8 անձի համար անհրաժեշտ են.-
2 ապուրի դգալ կարագ
2 ստեպղին խորանարդաձեւ կտրտուած
1 սոխ, մանրուած
1 թէյի դգալ չոր խնկունի
1,5 գաւաթ բրինձ
2 գաւաթ մսաջուր
1 գաւաթ տաք ջուր
4 գաւաթ պրոքոլի` պզտիկ կտորներու բաժնուած
1.5 գաւաթ տաշուած «կուտա» պանիր
Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել ստեպղինը, սոխը, խնկունին, աղն ու սեւ համեմը: 5 վայրկեան եփել մինչեւ որ սոխը փափուկնայ, ապա աւելցնել բրինձը եւ խառնել, որպէսզի հալած կարագը պատէ բրինձին հատիկները: Աւելցնել մսաջուրը, տաք ջուրը, խառնել եւ սպասել որ եռան: Կրակը թեթեւցնել, կափարիչը գոցել եւ քառորդ ժամ եփել:
Բրինձին աւելցնել պրոքոլին, կրկին կափարիչը գոցել եւ շարունակել եփել, մինչեւ որ բրինձը եփի եւ ջուրը քաշուի: Կաթսան կրակէն հանել, 5 վայրկեան ձգել, որպէսզի բրինձը հանգչի: Աւելցնել տաշուած պանիրին երկու երրորդը, պատառաքաղի մը միջոցով խառնել, որպէսզի պանիրը մէկ տեղ չհաւաքուի:
Խառնուրդը փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, երեսը զարդարել մնացեալ պանիրով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ի՞նչ Իմանաս Ով Կը Լինի
Ի՞նչ իմանաս ո՞վ կը լինի
Հարեւանը… քո շիրիմի:Գուցէ մէկը, ում տենչացել,
Բայց երբեւէ չե՞ս մօտեցել:Գուցէ նաեւ մի անծանօ՞թ,
Որ մի՛շտ պիտի մնայ քեզ մօտ:Գուցէ նաեւ մի աշակերտ –
Յաւե՜րժ դասի նստած քեզ հետ:Գուցէ մէկը, որին դիմել –
Իր մօտ գործի չի՞ ընդունել:Գուցէ նաեւ մի թշնամի՞,
Որ արդէն հաշտ պիտի լինի:Իսկ սիրելիդ ամենամօտ
Գուցէ հանգչի ուրիշի մօտ…Կեանքը կարճ է, մահը երկար,
Իրար նայենք մտերմաբար:Ի՞նչ իմանանք ո՞վ կը լինի
Հարեւանը մեր շիրիմի:ԱՐՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ