Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Կին Դէմքեր. Մարիա Ճեքըպսըն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

3-12-15_Maria-JacobsenՄարիա Ճեքըպսըն, մասնագիտութեամբ բժշկուհի, ծնած է Սիիմ (Դանիա), 1882-ին:

Հայաստանի եւ հայերու մասին առաջին անգամ լսած է 1895-ին, կոտորածներու վերաբերեալ բանախօսութեան մը ընթացքին:

1907-ին Ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերութեան միսիոնարներու հետ մեկնած է Կ. Պոլիս, այնտեղէն ալ` Խարբերդ: Տեսնելով հայերուն տառապանքն ու որբերուն անմխիթար կացութիւնը` Մարիա Ճեքըպսըն այլ միսիոնարներու հետ Խարբերդի, Մալաթիոյ, Այնթապի եւ այլուր հիմնած է որբանոցներ ու հիւանդանոցներ:

1912-1914 թուականներուն բարեգործական առաքելութեամբ մեկնած է Դանիա: 1915 թուականի նախօրէին վերադարձած է Խարբերդ եւ ականատես դարձած է հայերու կոտորածներուն:

«Մամա», «Հայ Մայրիկ»

3-12-15_Maria-Jacobsen2Երբ քեմալական կառավարութիւնը Թուրքիայէն վտարած է եւրոպական եւ ամերիկեան բարեգործական բոլոր կազմակերպութիւնները, Մ. Ճեքըպսըն մեկնած է Լիբանան, ուր զբաղած է որբահաւաքութեամբ: 1922-ին Սայտայի մէջ բացած է «Թռչնոց բոյն» որբանոցը (որբուհիներու համար):

1928-ին որբանոցը փոխադրուած է Պէյրութի մերձակայ Ժիպէյլ աւանը: Ճեքըպսըն փրկելով, խնամելով ու հայեցի կրթութիւն տալով հազարաւոր հայ որբերուն` արժանացած է «Մամա» անուան:

Մ. Ճեքըպսըն թերեւս միակն է աշխարհի երեսին, որ թէեւ զաւակ չունէր, սակայն հազարաւոր հայ երեխաներու մայրիկը համարուած էր:

58 տարի հայ ժողովուրդին ծառայելէ ետք, ան մեռաւ 1960-ին եւ, իր կտակին համաձայն, աճիւնները ամփոփուեցան «Թռչնոց բոյն»-ին բակը:

2010-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը որպէս նուիրատուութիւն ստացաւ Մ. Ճեքըպսընի արխիւին մէկ մասը, անձնական իրեր, չհրապարակուած լուսանկարներ, զեկոյցներ, բացիկներ եւ այլն…

Մարիա Ճեքըպսըն ձգած է «Օրագրութիւն» յուշագրութիւնը, որ կը սկսի 7 սեպտեմբեր 1907-էն եւ կ՛աւարտի 6 օգոստոս 1919-ին:

1979-ին «Օրագրութիւնը» Պէյրութի մէջ հրատարակուած է հայերէնով Ճեքըպսընի արխիւէն վերցուած 80 լուսանկարներով:

Յիշատակի Յաւերժացում

  • 3-12-15_haypost01Ճեքըպսըն առաջին կինն է, որ արժանացած է Դանիոյ թագաւորութեան ոսկի մետալին, 1950-ին:
  • 1954-ին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ան պարգեւատրուած է «Պատուոյ ոսկի շքանշան»-ով:
  • 2011-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Մարիա Ճեքըպսընի գերեզմանոցէն բերուած հողով լեցուն սափորը հանդիսաւոր արարողութեամբ ամփոփուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին մէջ:
  • 2012-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է յոբելենական բացիկ:
  • Ճեքըպսընի անունով կը կոչուի Հայաստանի Իջեւան քաղաքի մանկապարտէզներէն մէկը:

 

  • 2014-ին հրապարակուեցան զոյգ դրոշմաթուղթեր` նուիրուած դանիացի միսիոնարներ եւ մեծ մարդասէրներ Քարեն Եփփէի եւ Մարիա Ճեքըպսընի:

 

Արմինէ Չուքասիզեան
«Յուշեր Եւ Քաղաքներ»

chopin_liszt_concert_by_arminee_h_choukassizian_alec_babahek3-12-15_Memories-and-CitiesՎերջերս լոյս տեսաւ Արմինէ Չուքասիզեանի «Յուշեր եւ քաղաքներ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: 88 էջերէ բաղկացած գրքոյկին մէջ ամփոփուած են մեծ մասամբ անգլերէն, բայց նաեւ` ֆրանսերէն քերթուածներ, որոնք կը շօշափեն համամարդկային նիւթեր` մարդկային յարաբերութիւններ, քաղաքներ, բնութիւն, միջավայր, կեանքի ելեւէջներ, հակադրութիւններ, լաւատեսութիւն, յոռետեսութիւն, երջանկութիւն, ցաւ, հարստութիւն, չքաւորութիւն…

Չուքասիզեանի նախասիրած բանաստեղծներն են` Պոտլերը, Վոլթերը, Ռեմպոն: Ան նաեւ դաշնակի սիրահար է, շատ փոքր տարիքէն մասնակցած է համերգներու: 34 տարի հեռացած է նուագէն, ապա 2000 թուականին կրկին վերադարձած է անոր: «Դաշնակ նուագելը հոպի մը չէ, այլ` սիրոյ արարք մը», կ՛ըսէ Չուքասիզեան: Ան դաշնակի համերգներ տուած է «իր սրտին խօսող» առիթներով, վերջինը` անցեալ դեկտեմբեր 2014-ին, Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի հոլ»-ի մէջ, Ալէք Պապահէքեանի հետ:

 

Գեղեցկագիտական.

Պարզ Միջոցներ` Սեւ Կէտերէն
Ձերբազատելու Համար

3-12-15_blackheadsԴէմքին, բայց յատկապէս քիթին մորթին վրայ գոյացող սեւ կէտերը շատ  անախորժ են: Շատեր մեծ գումարներ կը ծախսեն գեղեցկագիտական հիմնարկներ այցելելով  կամ սուղ սերեր ու օճառներ գնելով: Անշուշտ այդ միջոցներով սեւ կէտերը կը մաքրուին: Մենք մեր կարգին կը ներկայացնենք պարզ եւ բոլորին հասանելի միջոցներ, որոնք նոյն նպատակին կը ծառայեն, բայց մանաւանդ` մեր դրամապանակները չեն պարպեր…

Սուրճին Մրուրը

3-12-15_blackheads2Առտու, երբ լեղի սուրճը խմէք, մրուրը մի՛ թափէք, ձգեցէք որ պաղի. ապա զայն դրէք մաքուր անձեռոցիկի մը վրայ եւ նրբօրէն եւ շրջանաձեւ շարժումներով մարձեցէք ձեր դէմքը, ապա մաքուր ջուրով ցօղուեցէք:

Լայն բերանով փոս ամանի մը մէջ մարգարտածաղիկի եռացած ջուրը լեցուցէք, դէմքը տաք շոգիին վրայ բռնեցէք գլուխն ու ամանը խոշոր սրբիչով մը ծածկելով: Մարգարտածաղիկի գոլորշին կ՛ընդլայնէ մորթին ծակտիկները եւ դուրս կը հանէ մորթին մէջ տեղաւորուած սեւ կէտերը:

Բաժակ մը հանքային ջուրով եւ 4 ապուրի դգալով պեյքինկ սոտայ խառնուրդ մը պատրաստեցէք, ստացուած թանձրուկով ծեփեցէք ձեր դէմքը, ձգեցէք 10 վայրկեան, ապա մաքուր ջուրով ցօղուեցէք: Ծեփուկը աչքերէն հեռու պահեցէք:

 

Առողջապահական

Խաղողի Կուտին Իւղը Աւելի Օգտակար,
Քան Քիմիադարմանումը

3-12-15_xaxox-dzet«Քենսըր լեթըրզ» բժշկական ամսագրին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, Քոլորատոյի «Քենսըր ռիսըրջ» կեդրոնին մէջ վերջերս կատարուած հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ խաղողի կուտին իւղը կը կանխարգիլէ քաղցկեղի  բջիջներու տարածումը եւ կ՛օգնէ անոնց վերացման:

Գիտնականները կը հաւատան, որ այն անձերը, որոնք աղիքային քաղցկեղ ունին, շուտով պիտի հրաժարին քիմիադարմանումէն:

Քոլորատոյի համալսարանի քաղցկեղի կեդրոնի բժիշկ Մոլի Տերրիի կարծիքով, խաղողի կուտի իւղին մէջ առկայ են բաղադրիչներ, որոնք կը համարուին քաղցկեղի բջիջներուն թշնամիները: Ան կ՛աւելցնէ, որ փորձարկումներ ցոյց տուած են, որ վերոյիշեալ իւղը թիրախ ունի հիւանդ բջիջները եւ ոչ մէկ վնաս կը պատճառէ առողջ բջիջներուն:

Գիտնականներու կարծիքով, օրական 150-250 միլլիլիըր խաղողի իւղի օգտագործումը բարերար դեր կ՛ունենայ քաղցկեղի բուժման գործընթացին մէջ:

Կրիփը Դարմանող Դիւրին Միջոցներ

Նոյնիսկ պատուաստուելէ ետք շատեր ազատում չունին կրիփէն: Ահաւասիկ դիւրին միջոցներ` կրիփի եւ հարբուխի դէմ պայքարելու համար:

Կէս կիտրոն կեղուեցէք, ճզմեցէք եւ տաք թէյին մէջ աւելցնելով` խմեցէք: Ասիկա կ՛օգնէ հանգստացնելու բորբոքած կոկորդը:

* * *

Մեղրը կ՛օգնէ մեղմացնելու կոկորդի ցաւը եւ կ՛իջեցնէ ջերմը: Առէք կէս լիթր գաղջ ջուր, մէջը լուծեցէք մէկ թէյի դգալ մեղր եւ կէս ժամը անգամ մը «ողողեցէք» բերանն ու կոկորդը:

* * *

Սխտորը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Երբ կրիփի ազդանշաններ նկատէք, մէկ-երկու պճեղ հում սխտոր կերէք. հիւանդութիւնը աւելի կարճ կը տեւէ:

* * *

Խնձորի քացախը, ինչպէս կիտրոնը, մանրէասպան յատկութիւն ունի: Կոկորդի թեթեւ ցաւը դարմանելու համար օրական  երկու ժամը անգամ մը կոկորդն ու բերանը ողողեցէք մէկ բաժակ ջուրի մէջ մէկ թէյի դգալ խնձորի քացախ աւելցնելով:

* * *

Կոճապղպեղը հարբուխի դէմ պայքարելու կախարդական միջոց է: Անիկա շատ արագ կը վերացնէ առաջին իսկ ախտանշանները:

Կոճապղպեղը բարակ կտրտեցէք, դրէք բաժակի մը մէջ, երկու կտոր կիտրոն աւելցուցէք եւ վրան թէյ լեցուցէք:

Այս բուրումնաւէտ եւ համեղ թէյը պէտք է խմել առտու եւ օրուան ընթացքին: Նախընտրելի է երեկոյեան չխմել` քունի հարց չունենալու համար:

* * *

Քիչ քանակութեամբ ուիսքին կը թեթեւցնէ մսելու ախտանշանները: Սկովտիացիները անցեալին ուիսքիով կը դարմանէին ձմեռնային հիւանդութիւնները: Թէյի մէջ աւելցուցէք քանի մը կաթիլ ուիսքի եւ տաք-տաք խմեցէք:

 

Խոհագիր

Շոմինով Քանելոնի

3-12-15_canneloniԲաղադրութիւն

Տուփ մը քանելոնի
800 կրամ շոմին (թարմ կամ սառած)
250 կրամ ռիքոթա պանիր
50 կրամ տաշուած էմանթալ պանիր
1 սոխ
1 պճեղ սխտոր
2 ապուրի դգալ թանձր սեր
2 ապուրի դգալ ձէթ
Կէս լիթր ճերմակ թացան

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել  200 ջերմաստիճանով:

Տապակին մէջ ձէթը տաքցնել եւ մէջը դարձնել ճզմուած սխտորն ու մանրուած սոխը: Աւելցնել շոմինը եւ եփել 5-7 վայրկեան: Աւելցնել ռիքոթա պանիրն ու սերը եւ խառնել:

Ստացուած խառնուրդը լեցնել քանելոնիի խողովակներուն մէջ եւ շարել փուռի ափսէի մը մէջ, որուն յատակը կարագով ծեփուած ըլլայ:

Երեսը թափել ճերմակ թացանը, ծածկել տաշուած էմանթալ պանիրով եւ եփել 20-25 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կտակ

Դեռ չհասած իմ վաստակիս վախճանին,
Կտակս ահա քեզի ընծայ գերագոյն
Կը ծրարեմ անցեալս ամբողջ այս պահուն
Եւ գալիքին ոսկեղէն յոյսն ալ անգին…

Երբ զայն քակես օր մը ձեռքով դողահար,
Հոն չգտնես գուցէ ինչ որ յուսացիր,
Բայց ես կ՛ուզեմ որ դուն ըլլաս ջահակիր
Հօրենական մեծ աւանդի մը պայծառ:

Ո՛չ գանձ ունիմ, ոչ պարտէզներ ու պալատ,
Ո՛չ իսկ խրճիթ եւ կամ խոպան ափ մը հող,
Այլ կը յանձնեմ քեզի երազ մ՛այգաշող
Եւ փառքն անբիծ Հայ անունին հարազատ…

Կտակս ահա… շա՛տ աւելին դուն ունիս
Քան աշխարհի բոլոր գանձերն անցաւոր.
Հայ դարերու փոթորիկէն ահաւոր
Կը ժառանգես դուն ալեկոծ իմ հոգիս…

Քուկդ է, մանչուկ, շքեղ տեսիլքը մեր մեծ,
Որ ծովերուն դէմ արցունքի եւ արեան
Շողաց իբրեւ նորոգ կեանքի ծիածան,
Որուն յառած` հայրս աչքերն իր փակեց:

Աւարտ մարտի խոնջ պսակին փոխարէն`
Ոգեծփուն ու վառ դրօշ մը քեզի,
Որ զայն պարզես քո՛ւ բազուկով քաջարի
Յաղթանակիդ լերան ազատ կատարէն:

Մեր տառերուն աստղերն ըրած ճակտիդ թագ
Եւ շրթներուդ` աղօթքն անմահ Հայ երգին,
Եղի՛ր միշտ տէր իմ սրբաշունչ կտակին-
Հաւատքի սիւն եւ նոր Ուխտի Տապանակ…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>