Դանիացի միսիոնար եւ ընկերային ծառայող Քարէն Եփփէ ծնած է 1876-ին, Դանիա եւ մեռած է Հալէպ, 1935-ին, 59 տարեկանին:
Մինչեւ մահը նուիրուած է Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներու օգնութեան գործին: Փրկուած հայերէն շատերը պահած է իր տան նկուղին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեկնած է Հալէպ` իրեն հետ տանելով թրքական կոտորածներէն խոյս տուած բազմաթիւ հայեր:
1921 թուականէն սկսեալ զբաղած է 20-30 հազար առեւանգուած հայ կիներ եւ երեխաներ վերադարձնելու գործով: Եփփէ յաջողած է մահմետականներու հարեմներէն ազատել մօտ 2 հազար հայ կիներ:
Նախ Ուրֆայի եւ ապա Հալէպի մէջ հազարաւոր հայերու օգնութեան հասած այս նուիրեալ կինը մեռաւ Հալէպ` մալարիայէն եւ հոն ալ թաղուեցաւ: Եփփէի յուղարկաւորութեան ժամանակ օրուան հոգեւոր առաջնորդը զինք համարած է իր «սիրելի քոյրը, որ սեփական անձը նուիրեց հազարաւոր հայերու:
«Հայերու Մայրը»
1947-ին Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը` դանիացի հայասէր բարերարուհիին անունով:
Հալէպի մէջ զետեղուած է յուշաքար` յաւերժացնելու համար հայասէր միսիոնարին յիշատակը: Յուշաքարին վրայ արձանագրուած է «Հայերու մայրը»:
Ք. Եփփէի գերեզմանէն վերցուած սափոր մը հող փոխադրուած է Հայաստան եւ զետեղուած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յիշատակի պատին մէջ:
Առողջապահական.
Ամիսը Անգամ Մը Մարմինը
Մաքրենք Թոյներէն
Իւրաքանչիւր մարդ, առողջ, թէ հիւանդ, պէտք է առնուազն ամիսը անգամ մը մարմինը մաքրէ թոյներէն: Մարմինը մաքրելու բազմաթիւ ձեւեր կան. կը ներկայացնենք այն մէկը, որ հիմնուած է խնձորի վրայ:
Շատ կարեւոր է մարմինը ներսէն մաքրելը, քանի որ անընդհատ անորակ սնունդ ստանալով` մենք վնասակար մնացորդներ կը հաւաքենք մարսողական անցքերուն մէջ, ուրկէ անոնք կը տարածուին եւ կը վնասեն մարմնին:
Խնձորին մէջ առկայ փեքթինը դրական ազդեցութիւն կը գործէ մարսողական համակարգին վրայ եւ կը մաքրէ վնասակար մասնիկներէն:
Ահա թէ ինչպէ՛ս կարելի է ամիսը անգամ մը մարմինը մաքրել թունաւոր նիւթերէն:
Նախաճաշ
Առաւօտեան մէկ բաժակ խնձորի թարմ հիւթին աւելցնել կէս կիտրոնի հիւթ եւ ումպ-ումպ խմել: Երկու-երեք ժամ ետք երկու խնձոր ուտել` կեղեւով:
Ճաշ
Ճաշի ժամուն խնձորի կեղեւով պատրաստուած թէյ խմել` 2 ճաշի դգալ մեղրով: Մէկ-երկու ժամ ետք 2-4 խնձոր ուտել եւ բաժակ մը հիւթ խմել:
Ընթրիք
Ընթրիքին տաք խիւսին աւելցնել երկու թէյի դգալ մեղր եւ ուտել:
Մարմինը ներսէն մաքրելու օրը պէտք չէ օգտագործել որեւէ այլ տեսակի ուտելիք կամ ըմպելիք` բացի նշուածներէն:
Խնձորը դիւրին մարսուող ուտելիքներէն մէկն է: Եթէ կանոնաւոր կերպով մաքրենք մեր մարմինը այս միջոցով, կը լաւացնենք մեր մարսողական համակարգը: Այս միջոցը թելադրելի է բոլորին, կապ չունի առողջ թէ հիւանդ ըլլալու հետ: Անիկա կը մաքրէ եւ կը կարգաւորէ մարսողութիւնը, արիւնը եւ ներքին գործարանները: Նաեւ օգտակար է յօդացաւէ, արթրիտէ, լեարդի եւ երիկամի հարցերէ տառապողներուն:
Վերջապէս, խնձորի այս մեթոտը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ջղային համակարգին վրայ, կը բարելաւէ նիւթափոխականութիւնը եւ կ՛օգնէ ձերբազատուելու աւելորդ քիլոներէն:
Գեղեցկագիտական
Տունը Պատրաստուող
5 Դէմքի Ծեփուկներ
ՎԱՐՈՒՆԳ-ով ծեփուկ` դէմքը պայծառացնելու եւ կարճ ժամանակի ընթացքին մորթին առողջ տեսք եւ փայլ տալու համար:
Պատրաստութիւն. առէք վարունգ մը, զայն կեղուեցէք եւ սուրճի գաւաթ մը մածունի հետ հարիչէ անցուցէք: Ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք ձեր դէմքը:
***
ՊԱՆԱՆ-ով եւ ԱՒՈՔԱՏՕ-ով ծեփուկ` չոր մորթի համար:
Պատրաստութիւն. հասուն աւոքատոն եւ պանանը հարիչէ անցուցէք, միատարր խառնուրդին աւելցուցէք ապուրի դգալ մը մեղր եւ ստացուած ծեփուկը տարածեցէք դէմքին վրայ: 10 վայրկեան ետք ձեր դէմքը ցօղուեցէք գաղջ ջուրով: Այս ծեփուկը նաեւ օգտակար է ջրազրկուած մորթին:
***
ՄԵՂՐ-ով ծեփուկ` յոգնած եւ «հիւանդ» տեսքով մորթին:
Պատրաստութիւն. հաւկիթի ճերմկուցը զարկէք անոր աւելցուցէք ապուրի դգալ մը մեղր, թէյի դգալ մը կիտրոնի հիւթ եւ ապուրի դգալ մը մածուն: Լաւ խառնեցէք, սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ: Քառորդ ժամ ետք գաղջ ջուրով ցօղուեցէք ձեր մորթը: Մեղրը հարուստ է հանքային աղերով, իսկ կիտրոնը` Սէ. կենսանիւթով, ահա թէ ինչո՛ւ ընկճախտի, անքնութեան կամ յոգնութեան պատճառով վնասուած մորթը շուտով կը վերականգնի:
***
ՀԱՒԿԻԹ-ով ծեփուկ` կնճիռները կանխարգիլելու կամ մեղմացնելու համար:
Պատրաստութիւն. հաւկիթի ճերմկուցը զարկէք ապա աւելցուցէք կէս կիտրոնի հիւթ եւ 2 թէյի դգալ ձէթ: Ստացուած նիւթը տարածեցէք դէմքին վրայ. սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
Հաւկիթին ճերմկուցը հարուստ է բնասպիտով. ան ընդլայնած մորթի ծակտիկները սեղմելու, ինչպէս նաեւ կնճիռները թեթեւցնելու յատկութիւնը ունի:
***
ՏՈՒՐՄ-ով ծեփուկ` մորթը երիտասարդ պահելու համար:
Պատրաստութիւն. երկու ապուրի դգալ ոչ քաղցր քաքաոյին (կամ 2 կտոր սեւ հալած տուրմին) աւելցուցէք 1 թէյի դգալ ձէթ եւ 1 ապուրի դգալ թարմ սեր: Խառնեցէք եւ միատարր խիւսը տարածեցէք դէմքին վրայ: Սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուեցէք գաղջ ջուրով: Քաքաոյին անթիօքսիտան յատկութիւնները մորթը կը պաշտպանեն ապականած օդին վնասակար տարրերէն, զայն կը պահեն առողջ եւ երիտասարդ:
Ձեռային Աշխատանք
Բջիջայինը
Լիցքաւորելու Համար…
Ձեր բջիջայինը լիցքաւորուելու համար դիմեցէք այս ապահով եւ հնարամիտ միջոցին:
Առէք ճինզ տաբատի մը ետեւի գրպանը չորս կողմէն կտրեցէք զայն, ապա բերանին բաժինը պզտիկ կոթ մը կարեցէք: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, բջիջայինը կրնաք ապահով տեղաւորել գրպանին մէջ եւ միաժամանակ լիցքաւորել զայն:
Խոհագիր
Սմբուկով Կրաթեն
Բաղադրութիւն 4 անձի համար.-
500 կրամ սմբուկ
5 լոլիկ
2 գունդ մոցարելլա պանիր
100 կր. տաշուած փարմըզան
2 ապուրի դգալ մանրուած թարմ ռեհան
6 ապուրի դգալ ձէթ
Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցուցէք 180 ջերմաստիճանով:
Սմբուկները կլոր շերտել, աղ ցանել եւ մաքուր լաթի մը վրայ շարել, որպէսզի ջուրը դուրս տայ:
Տապակին մէջ 3 ապուրի դգալ ձէթ տաքցնել եւ սմբուկները երկու երեսով տապկել:
Մոցարելլա պանիրները կլոր շերտել:
Տաշուած փարմըզանը եւ մանրուած ռեհանը խառնել:
Փուռ գացող ափսէի մը մէջ փոխնիփոխ շարել սմբուկի, լոլիկի եւ պանիրի շերտերը, անոնց միջեւ ռեհանի եւ փարմըզանի խառնուրդ տեղաւորելով: Աղել, համեմել:
Մնացեալ փարմըզանը երեսը ցանել եւ ծածկել մնացեալ 3 ապուրի դգալ ձէթով:
30 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ, ի հարկին երեսը քիչ մը կարմրցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ձեռքեր
Դուք` քրտնաթոր, տանջուած ձեռքեր,
Արեգակից խանձուած ձեռքեր,
Ձեռքեր` բքից, շոգից ճաքած,
Դո՛ւք, որ հողից քամում բերքեր,
Ցաւն էք անգամ դարձնում երգեր`
Վհատութեան դուռը փակած:Դու՛ք, որ հանքից քար էք հանում,
Որ ծակծըկւում` կար էք անում,
Տապակւում էք` հալում մետաղ,
Եւ, յոգնատանջ, դառնալով տուն,
Մէկով թոռին, մէկով որդուն
Պինդ գրկելով` ասում «մատա՜ղ»:Դու՛ք, որ երէկ բռնել էք զէնք,
Դո՛ւք, որ այսօր շինում էք շէնք,
Կամուրջ գցում, կապում կամար.
Որ քիչ վերցնում, շատ էք դնում,
Շատ էք տալիս, քիչ ստանում`
Հասկանալով ինչի համար:Դո՛ւք, որ մթնում լոյս էք փռում,
Որ խրախոյս, յոյս էք փռում,
Ձեռքե՛ր, ձեռքե՜ր ժողովրդի,
Դուք` ստեղծո՛ղ, ճարտա՜ր ձեռքեր,
Դուք` չկեղծո՛ղ, արդա՜ր ձեռքեր,
Ձեզ է երգում ձեր խորթ որդին`Ակնածանքո՜վ` ձեռքը սրտին,
Մեծարանքո՜վ` երգը շրթին…ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ