Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բացի զատկուան տօնածառէն, որ վերջին տարիներուն շատ ընդհանրացաւ, Զատկուան տօնին առիթով կարելի է տունը զարդարել ձեռքի տակ գտնուող սովորական իրերով, զորս կարելի է ձեռք ձգել նաեւ «ուան տալըր»-ի խանութներէն:
Ինչպէս նկարները ցոյց կու տան`
ա.- Կարելի է տան մոմակալները օգտագործել` անոնց վրայ նախշուած հաւկիթներ զետեղելով:
բ.- Կարելի է ապակեայ ծաղկամաններ կամ ոտքով բաժակներու մէջ թարմ խոտ կամ տերեւներ զետեղել եւ անոնց վրայ տեղաւորել նախշուած հաւկիթները:
գ.- Գունաւոր, մետաղեայ դոյլերու մէջ արուեստական խոտ լեցնել եւ երեսը տեղաւորել դոյլերուն գոյներուն հետ ներդաշնակուող գունաւոր հաւկիթներ:
դ.- «Ուան տալըր»-ի խանութները վաճառուող պատրաստ բոյներ գնել եւ մէջերը տուրմէ կամ իսկական հաւկիթներ զետեղել:
ե.- Կարելի է չէօրեկի, տոնացի կամ կլոր կարկանդակի մը կեդրոնը զարդարել նախշուած կամ տուրմէ հաւկիթներով:
զ.- Վերջապէս, կարելի է ապակեայ թափանցիկ ամաններու մէջ գունաւոր քորն ֆլեքս կամ շաքար լեցնել եւ անոնց կեդրոնը տեղաւորել ծաղկած բոյսերով փոքրիկ թաղարներ:
ԵԹԷ…
Եթէ զատկուան հաւկիթները խաշելու ատեն անոնցմէ մէկ քանին ճաթին, մի՛ սրտնեղիք. պարզապէս զանոնք կեղուեցէք, ձեւաւորեցէք եւ ուրախացուցէք ձեր զաւակները ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ մեծերը:
Ինչպէս նկարները ցոյց կու տան, քանի մը հազարի տերեւ, ստեպղինի քանի մը շերտ, սեւ համեմի գնդիկներ, ազատքեղի քանի մը ճիւղ բաւարար են, որ ճաթած հաւկիթները վերածէք մէկական «գլուխ գործոց»-ի…
Ահաւասիկ` քանի մը պատկեր:
Եկէք` Վերադառնանք Մեր
Մեծ Մայրերուն Հնարքին
Ճիշդ է, որ գունաւոր հաւկիթները գեղեցիկ, աչքառու եւ գրաւիչ են երեխաներուն համար, սակայն բնական խոտերով, բանջարեղէններով եւ կեղեւներով նախշուածները նուազ գեղեցիկ չեն, իսկ մեր մեծ մայրերը սխալած չեն, երբ իրենց երեւակայութեան թռիչք տալով` դիմած են հնարամիտ միջոցներու: Եկէք` այս տարի փորձենք սոխի կեղեւով ներկել զատկուան հաւկիթները` անոնց վրայ գեղեցիկ նախշեր ձեւաւորելով:
Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, հաւկիթները նախշուած են սոխի կեղեւներու եփուկով եւ տարբեր կանաչեղէններու տերեւներու օգտագործումով:
Այս միջոցին դիմելու պարագային անհրաժեշտ են.-
– 1 քիլօ կարմիր սոխի կեղեւ
– Ազատքեղի եւ այլ կանաչեղէններու տերեւներ
– Կնոջական մաքուր քոլան գուլպայ
Պատրաստութիւն.-
Հում հաւկիթներուն վրայ զետեղել տերեւ մը, ապա հաւկիթը տեղաւորել քոլան գուլպայի մը մէջ եւ երկու ծայրամասերը ամուր հանգուցել, որպէսզի տերեւը տեղը մնայ ու չշարժի:
Երբ բոլոր հաւկիթները ծրարուած ու պատրաստ են, կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աւելցնել սոխի կեղեւները եւ 10 վայրկեան խաշել, մինչեւ որ մութ գոյն ստացուի: Ջուրը սուզել, ձգել, որ պաղի, ապա սուզուած ջուրը կրկին կաթսային մէջ լեցնել, աւելցնել ծրարուած հաւկիթները եւ թեթեւ կրակի վրայ խաշել շուրջ 10 վայրկեան:
Զատկուան հաւկիթ ներկելու այլ բնական միջոցներ`
– Եթէ կ՛ուզէք կապոյտը ներկել, օգտագործեցէք կարմիր կաղամբի տերեւները:
– Եթէ կ՛ուզէք սրճագոյն ներկել, օգտագործեցէք «զօրաւոր» սուրճը, նեսքաֆէն…
– Եթէ կ՛ուզէք մանիշակագոյն ներկել, օգտագործեցէք կարմիր խաղողի հիւթը:
– Եթէ կ՛ուզէք վարդագոյն ներկել, օգտագործեցէք ճակնդեղի եփուկը:
– Եթէ կ՛ուզէք կարմիր ներկել, օգտագործեցէք նուռի հիւթը:
– Եթէ կ՛ուզէք նարնջագոյն ներկել, օգտագործեցէք բաց գոյնի սոխի կեղեւները:
– Եթէ կ՛ուզէք դեղին ներկել, օգտագործեցէք կիտրոնի կամ նարինջի կեղեւի եփուկը:
Խոհագիր
Տապկուած Ձուկ` Նարինջով
Բաղադրութիւն.
– Միջակ չափի ձուկեր (ըստ փափաքի)
– 2 նարինջի կեղեւի տաշոց
– Կէս գաւաթ ալիւր` համեմուած աղով, սեւ եւ կարմիր պղպեղով
– 4 նարինջ` բարակ շերտուած
– 1 սոխ` օղակաձեւ կտրուած
– 10-20 սեւ ձիթապտուղ` կուտը հանուած
– Կէս բաժակ կիտրոնի հիւթ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– Հազարի տերեւներ
Պատրաստութիւն.
Ձուկերը հոսող ջուրի տակ լուալ, թուղթէ անձեռոցիկի վրայ ցամքեցնել, աղ ցանել, երկու երեսով թեթեւակի ծեփել նարինջի տաշուկի մէջ, յետոյ թաթխել համեմուած ալիւրի մէջ եւ տապկել տաք ձէթի մէջ:
Տապկուած ձուկերը նախ փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ, ապա զանոնք փոխադրել յատակը կտրտուած հազարով ծածկուած ներկայանալի ափսէի մը մէջ, զարդարել ձիթապտուղով եւ օղակաձեւ սոխի շերտերով:
Սեղան բերելէ անմիջապէս առաջ ձուկին չորս կողմը շարել նարինջի շերտերը եւ երեսը հաւասարաչափ տարածել կիտրոնի հիւթը, որուն մէջ աւելցուած ըլլայ ճզմուած սխտորները:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Այգերգ
Սարերուն մէջ կը կոծկոծի այգուն` կոչնակը վանքին,
եղնիկները մըթնշաղին դէպի գետափ կը դիմեն.
աղջիկ մըն է կարծես հովը` գինով մուրտի բուրումէն`
որ ջուրերուն վրայ կը դառնայ սարսուռի պարն հեշտագին:Վանքի քովի արահետէն կարաւանները կ՛անցնի՜ն,
բոժոժներուն երգը լալով գիշերին մէջ տրտմօրէն.
մինչ կը սպասեմ ջինջ լոյսերուն` որոնք ծագիլ կը յամեն.
ու կը լըսեմ շշուկներն` որ կը հծծեն մէջը ցանկին:Կիրճին խորը, ժայռին ծոցն է գիւղանըկարը փռուած,
տարտամօրէն, հսկայական, արծիւի մը ձեւերով,
մագիլները խորասուզած խորշերու մէջ մըթամած:Արբշիռ բոյրէն` զոր կը բերէ ինձի առտուն անխըռով,
ես կ՛երազեմ ծառերուն տակ ու կը սպասեմ խօլաբար,
լոյս պարիկին` որ իղձերըս պըսակելու պիտի գար:ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ