Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Լէյլա Սարիբեկեանի Կարծիքով

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

4-09-15_Leila-Saripekian«Եթէ դուն մարդուն անորակ բան կը հրամցնես, անկէ արժէքաւոր արդիւնք չես կրնար ակնկալել»: Անորակ եւ ցած մակարդակի երաժշտութեան մասին իր մտահոգութիւնները յայտնած է երգչուհի Լէյլա Սարիբեկեան, «Երեւան Նիուզ»-ին:

Հայրենի երգչուհիին կարծիքով, երգարուեստի ուժը գիտակցութիւն եւ արժէքներ կը փոխէ: Այսօր բարձրաճաշակ երգարուեստը պէտք եղած ձեւով չէ հրամցուած եւ քաղաքացին զրկուած է ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութենէն: Երգչուհին համոզուած է, որ երիտասարդ սերունդը պէտք է հասկնայ, որ կան ստեղծագործողներ, որոնք կարեւոր գործ կը կատարեն: Եթէ մարդը չի ճանչնար իր արուեստը, չի գիտեր Ռոպերթ Ամիրխանեանի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները, բնականաբար պիտի չկարենայ սիրել զանոնք:

Սարիբեկեանի կարծիքով, արուեստը հասարակական գիտակցութեան ձեւ է, մարդու ստեղծագործական աշխատանքի եւ հոգեւոր մշակոյթի տեսակ, իրականութեան ճանաչման իւրայատուկ եղանակ:

«Ես բաւական մօտ եմ դաստիարակուող սերունդին, քանի որ մանկավարժ եմ: Սերունդ դաստիարակած եմ եւ գիտեմ ատոր արժէքը: Հոգեւոր երաժշտութիւնը երեխաներուն մօտ մտածողութիւն կը փոխէ, նոյնիսկ անոնց կեցուածքը կը փոխէ: Յստակօրէն տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս երեխային վրայ կ՛ազդէ ճիշդ ուսուցիչը: Վերջինիս դերը, ե՛ւ լաւ, ե՛ւ վատ իմաստով, շատ ճակատագրական է երեխային կեանքին մէջ», շեշտած է երգչուհին:

Հարցազրոյցի աւարտին Սարիբեկեան ընդգծած է, թէ առանց սիրոյ ոչ մէկ իրական արժէք եւ վաղուան օր կը ձեւաւորուին. «Մենք պէտք է օգնենք իրարու եւ չխանգարենք զիրար: Կորսնցուցած ենք շատ կարեւոր բան մը` սիրելու կարողութիւնը», եզրափակած է երգչուհին:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

-1-

4-09-15_Repair-Wood-canola-oil-FՈրպէսզի ձեր հինցած եւ գծուած փայտեայ կահոյքը իր նախկին տեսքին վերադառնայ, զանոնք շփեցէք քանոլայի իւղով եւ քացախով: Այսպէս, 3/4 գաւաթ իւղին աւելցուցէք 1/4 գաւաթ ճերմակ կամ խնձորի քացախ. մաքուր լաթով մը խառնուրդէն քիչ-քիչ առէք եւ շփեցէք նախ կահոյքին վնասուած բաժինները, ապա` ամբողջութիւնը: Չոր լաթով մը ցամքեցնելու կարիք չկայ, փայտը ինքնաբերաբար կը ծծէ լուծոյթը:

-2-

4-09-15_wash-fruit-vinegar-FՁեր կերած պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն մեծ մասը աճած է քիմիական միջատասպան դեղերով, հետեւաբար գնելէ եւ տուն բերելէ ետք զանոնք լուացէք ճերմակ քացախով լուծուած ջուրով: Փաստուած է, որ ճերմակ քացախը 98 առ հարիւրով կը սպաննէ մանրէները եւ կը չէզոքացնէ միջատասպան դեղերը:

-3-

4-09-15_astuce-clou-FԵթէ պատին վրայ գամ պիտի գամէք, ձեր մատները մուրճի հարուածէն պաշտպանելու համար գամը հաստատեցէք լաթակալի մը ծայրի եւ ապա լծուեցէք գործի:

– 4 –

4-09-15_perceuseԵթէ ելեկտրական գործիքով պատը պիտի փորէք, որպէսզի փոշին գետին չթափի, պատին վրայ ծալուած «փոսթ իթ» թղթիկ մը հաստատեցէք, ապա անցէք գործի: Փոշին պիտի հաւաքուի երկուքի ծալուած թղթիկին վրայ:

– 5 –

4-09-15_KeysԵթէ ձեր «փորթ քլէ»-ին վրայ նոյնանման բանալիներ շատ կան եւ զանոնք զանազանելու դժուարութիւն ունիք, եղունգի ներկով կրնաք լուծել ձեր դժուարութիւնը: Իւրաքանչիւր բանալի ներկեցէք գոյն մը եւ գոյներով կը զանազանէք իրարմէ:

– 6 –

4-09-15_mesh-bags-FԼաթակալի ցանց-տոպրակները շատ գործնական են սոխ կամ սխտոր պահելու համար: Խոհանոցի պատշգամի պատին վրայ հաստատեցէք զանոնք (նախընտրաբար շուք եւ զով տեղ մը) եւ ապահով պահեցէք ձեր սոխն ու սխտորը:

 

Ձեռային Աշխատանք

Հետաքրքրական Ծաղկամաններ

4-09-15_Balloon-Bud-VasesԳարուն է, բնութիւնը ծաղկած է, եւ դաշտերը լեցուն են երփներանգ ծաղիկներով:

Զատկուան արձակուրդի այս օրերէն մէկը տրամադրեցէք դաշտագնացութեան, ձեր զաւակները թող վայելեն բնութիւնը, քաղեն փունջ մը դաշտային ծաղիկ, եւ յաջորդ օրը անոնց հետ պատրաստեցէք այս շատ հետաքրքրական ծաղկամանները, որոնց պատրաստութեան համար պէտք ունիք գունաւոր փուչիկներու եւ տարբեր ձեւի ու չափի գաւաթներու:

Փուչիկները անցուցէք գաւաթներուն վրայ, անոնց մէջ քիչ մը ջուր լեցուցէք եւ քաղուած ծաղիկները տեղաւորեցէք փոքրիկ, գունաւոր ծաղկամաններուն մէջ:

 

 Նորաձեւութիւն

Ծոպերու Վերադարձը

Նշանաւոր ձեւագէտներու 2015-ի ամառնային հաւաքածոները հարուստ են ծոպաւոր հագուստներով եւ աքսեսուարներով: Եթէ նորաձեւութեան հետ քայլ պահող անձ էք, պայման է, որ ամրան համար նախատեսէք ծոպաւոր թի-շըրթներ, կօշիկ, պայուսակ եւ այլն… Ահաւասիկ քանի մը հետաքրքրական նմուշ` 70-ական թուականները յիշեցնող այս ոճէն:

Untitled-2

Խոհագիր

Միմոզա Հաւկիթներ

4-09-15_Mimosa-EggsՎստահաբար շատ մը տուներու մէջ Զատիկէն մնացած խաշած հաւկիթներ կան: Եթէ զանոնք ժամերով դուրսը պահած չէք եւ անմիջապէս սառնարանը տեղաւորած էք, օգտագործեցէք` միմոզա հաւկիթներ պատրաստելով:

Պատրաստութիւն

Խաշած եւ կեղուըուած հաւկիթները երկայնքին կիսել դեղնուցները հանել եւ քերոցէ անցընել: Ճերմկուցները շարել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ:

Քերոցէ անցած դեղնուցին երկու երրորդը մայոնեզով եւ ճերմակ համեմով խառնել եւ ստացուած խիւսը լեցնել ճերմկուցներուն կեդրոնը: Մնացեալ դեղնուցը ցանել հաւկիթներուն վրայ` միմոզայի տեսք տալու համար: Երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Որբերը

4-09-15_49bԺամուն բակին` եղբայրագի՜ն առընթեր,
Մեծ ու պզտիկ ծալապատի՜կ են նստեր:
Աւազներէն եկածներ են անոնք հոս.
Հիւր են եկեր, ունին վէրքեր ուղխինահոս:
Անոնց այլայլ, գերամռա՜յլ ճակտին վրայ
Դեռ հողմը հին անապատին կը սուրայ…
Կորսուածնե՜ր, կորզուածնե՜ր սեւ Դաւէն,
Աղջիկ ու մանչ` ցեղին կանաչ ապաւէն…
Թշնամին ժիտ անոնց վըճիտ թուշերուն`
Հիւսեր է դրոշմ իր անողորմ փուշերուն:
Բիծեր կապոյտ, վիհեր` անքո՜յթ յաւերժի,
Որոնց վերեւ մէկ-մէկ արեւ վըրէժի…
Չեն բարբառիր, լոկ անյարիր կը նային
Սեւ ու խըռով աչւըներով երկնային:
Ու կը տոկան, ու կը խոկան, կը խոկա՜ն,
Թէ ե՞րբ պիտի լուսափթթի ապագան…

Գ. ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ

1919

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>