Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Երաժշտութիւնը շատ կարեւոր դեր ունի երեխաներու դաստիարակութեան մէջ: Երաժշտութիւնը կ՛օգնէ լիարժէք բացայայտել երեխաներու ընդունակութիւնները, զարգացնել երաժշտական լսողութիւնն ու կշռոյթի զգացողութիւնը»: Ահա այս խօսքերով դերասանուհի Լուիզա Ղամբարեան կը շեշտէ երեխայի մը երաժշտական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը` «Երեւան նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Դերասանուհիին կարծիքով, գիտակից սերունդ ձեւաւորուելու համար անհրաժեշտ պայմաններ պէտք է ստեղծել, իսկ երեխային ընդհանուր ճաշակի ձեւաւորման մէջ ազգային երաժշտութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի: Ղամբարեան կ՛աւելցնէ. «Երեխան մինչեւ որ կարենայ ընկալել եւ սիրել թատրոնը, շարժապատկերի արուեստը եւ արուեստի այլ տեսակները, անոր ընկալողական դաշտին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ երաժշտութիւնը: Շատ կարեւոր է, թէ ի՛նչ կը լսէ երեխան»:
Ապա անձնական փորձառութենէն պատմելով` դերասանուհին կը յայտնէ, թէ իր 10 տարեկան աղջնակը օտար երգերու կողքին առանձնայատուկ կերպով կը սիրէ Սայաթ Նովայի երգերը եւ օրական մեծ հաճոյքով կ՛երգէ զանոնք:
Երեխան Պէտք Չէ Հեռանայ Ազգայինէն
Հայրենի դերասանուհիին կարծիքով, մենք կը թերանանք եղած մշակոյթը փոխանցելու առաքելութեան մէջ: Ամէն ինչ կախեալ է աւագ սերունդէն, թէ ան ինչպէս յաջորդ սերունդին պիտի հրամցնէ ունեցած հսկայական ժառանգութիւնը: Ան կ՛աւելցնէ` երեխան սպունգի նման է, ի՛նչ տաս այդ կ՛ընդունի: Եթէ անոր հրամցնես վատը, ապազգայինը, թրքականը, երեխան այդ կ՛ընդունի եւ իրեն չափանիշ կը դարձնէ: Իւրաքանչիւր ծնող պէտք է ունենայ մէկ նպատակ` ամէն ձեւով երեխան մօտեցնել ազգայինի, կարեւոր է, որ երեխան չհեռանայ ազգայինէն:
Նորաձեւութիւն.
Ձեւագէտ Լիլիթ Մարգարեանի Հաւաքածոն
Նուիրուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Ապրիլ 7-ին Երեւանի Մերիտիըն Էքսփօ Սենթըրին մէջ կայացաւ յայտնի հայ ձեւագիտուհի Լիլիթ Մարգարեանի «Կալըրի 100» հաւաքածոյին ցուցադրութիւնը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, կին անձնաւորութիւններ, լրագրողներ եւ այլն…
Հաւաքածոյին հիմքը հայ կնոջ կերպարն էր եւ անոր ոճին զարգացումը` պատմական եւ տարածքային բազմազան գործօններու ազդեցութեան ընդմէջէն: Ձեւագիտուհին կատարելիութեան հասցուցած էր 1915-ին վերապրած հայ կին-անհատը, որ ոչ միայն կրցաւ պահպանել բարոյական բարձր արժէքները, այլեւ դաստիարակել գեղարուեստի մեծ վարպետներու սերունդ մը:
Հաւաքածոյին հագուստներուն մէկ կարեւոր մասին վրայ պատկերուած էին Սարեանի, Յակոբեանի, Կալենցի, Մինասի եւ այլ մեծանուն նկարիչներու գործերէն բաժիններ: Եւ ամբողջ դարաշրջան մը ներկայացուած էր թափանցիկ շիֆոնի ծփանքներով, ներբերանգ քաշմիրով, կաշի ժանեակներով եւ թիւլով:
Հաւաքածոյին յաւելեալ փայլք եւ կշիռ տուած էին հայ ծանօթ արուեստագէտ Նուռի կողմէ պատրաստուած աքսեսուարները` մանեակներ, բայց մանաւանդ` հոյակապ զարդասեղներ:
Ստորեւ կու տանք «Կալըրի 100» հաւաքածոյին հետաքրքրական նմուշներ:
Բոյսեր, Զորս Կարելի Է Կրկին Ու Կրկին Աճեցնել
Հազարը
Հազարին աւազոտ, կոթի բաժինը կտրեցէք եւ զայն քանի մը օր 1,5 սմ ջուրի մէջ պահեցէք` մինչեւ որ նկատէք, որ նոր տերեւներ կը ծլին: Երբ այդ հանգրուանին հասնի, զայն հողին մէջ փոխադրեցէք եւ շատ չանցած կրկին հազար կ՛ունենաք: Եթէ առաջին քանի մը օրերուն նկատէք, որ ջուրը պակսած է, աւելցուցէք, մինչեւ որ ջուրին բարձրութիւնը միշտ 1,5 սմ ըլլայ:
***
Կարոս
Դժուար է ուզած վայրկեանին կարոս ճարելը, հետեւաբար ձեռքի տակ ունեցէք կարոսի տունկ մը: Սկզբունքը նոյնն է. նախ կոթին բաժինը քանի մը օր ջուրի մէջ պահեցէք, եւ երբ նկատէք, որ նոր տերեւներ կը ծլին, զայն հողին մէջ ցանեցէք:
***
Ռեհան
Ռեհանը նոյնպէս շատ փնտռուած կանաչեղէն մըն է եւ կ՛արժէ զայն ձեռքի տակ ունենալ:
Ռեհանի քանի մը ցօղիկ բաժակ մը ջուրի մէջ դրէք եւ զետեղեցէք արեւոտ անկիւն մը, քանի մը օրէն ցօղունները արմատ կ՛արձակեն. այդ հանգրուանին` զանոնք փոխադրեցէք հողով լեցուն փոքրիկ թաղարի մը մէջ:
Խոհագիր
Պրիւքսէլեան Կաղամբով Եղինձ
Բաղադրութիւն
Պասմաթի բրինձ 1,5 բաժակ
Սունկ 400 կրամ
Պրիւքսէլի կաղամբ 200 կրամ
Սոխ 1 գլուխ
Ստեպղին 1 հատ
Սամիթ փունջ մը
Մշկընկոյզ
Բուսական իւղ
Աղ
Կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Սոխը կիսօղակաձեւ կտրտել, բուսական իւղի մէջ տապկել` մինչեւ թափանցիկ դառնայ, աւելցնել բարակ ձողիկներու վերածուած ստեպղինը եւ թարմ, կտրտուած սունկը: Բոլորը միատեղ 5-6 վայրկեան եփել, ապա աւելցնել բրինձը, համեմել աղ ու պղպեղով: 3 բաժակ տաք ջուր աւելցնել երեսը մշկընկոյզ ցանել, կափարիչը գոցել եւ սպասել որ եռայ: Եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել եւ 15-17 վայրկեան եփել:
Մինչ այդ ուրիշ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, քիչ մը աղ աւելցնել եւ փոքրիկ, թարմ կաղամբները 8 վայրկեան եռացնել, ապա ջուրէն հանել, մէջտեղէն կիսել եւ աւելցնել եղինձին վրայ. զգուշօրէն խառնել, կրակը մարել, կաթսան կափարիչով ծածկել եւ ձգել 10 վայրկեան, որպէսզի հանգչի: Ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ լեցնել եղինձը եւ զարդարել թարմ սամիթով, կամ որեւէ կանաչեղէնով (ըստ ճաշակի):
Որբը
Վազգէն Շուշանեանի
Յուզիչ եւ ամբասիր յիշատակինԿը թափառէր` որբանոցէն խուսափած…
Ըմբոստ մ՛էր ան… Չէր հանդուրժեր որ կրկին
Դառնալէ վերջ ծոցն ազգութեան գրկաբաց,
Խեղճ ու ողորմ ու անթըռիչ տըւայտին…Կը թափառէր… Յանկարծ, շեշտին հիացած,
Հայ մեծատուն մ՛ըսաւ. «Կ՛ըլլա՞ս իմ որդին:
Քեզի ուսում, քեզի պերճ կեանք, սիրոյ գանձ…
Կերպարանքիդ` տես, չի վայլեր ցնցոտին…»:Լռեց տղան` խածած շրթունքը դողդոջ…
Եւ, երբոր ետ վանեց արցունք ու կսկիծ`
«Ոչ… ըսաւ ան… հայրս ալ հարուստ մ՛էր… ոչ,Պիտի մընամ` ես որդեգիրն եմ ազգիս`
Լոկ ըլլալու համար անոր պարտական…»:
Եւ աւելցուց.- «Գիտեմ ես պարտքըս վաղուան…»:ՎԱՀՐԱՄ ԹԱԹՈՒԼ
«Հին ու նոր տաղեր»