Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Կին Դէմքեր Աննա Հետվիկ Պուլ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

4-29-15_Hedwig-bullԱննա Պուլ ծնած է Էսթոնիա, 1887-ին: Ան 8 երեխաներէ բաղկացած ընտանիքի մը 6-րդ զաւակն էր: Մինչեւ 15 տարեկան յաճախած է տեղական պետական դպրոցը, իսկ աւելի ուշ Գերմանիոյ մէջ ստացած է միսիոնարական կրթութիւն: Աննա կը տիրապետէր` էսթոներէնին, ռուսերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին եւ գերմաներէնին: Աւելի ուշ, Կիլիկիոյ միսիոնարական առաքելութեան ընթացքին սորված է թրքերէն եւ հայերէն:

Միսիոնարական Առաքելութիւն.-

1909 թուականին, եւրոպական մամուլէն տեղեկանալով Ատանայի հայկական կոտորածներուն մասին, Աննա Պուլ կ՛որոշէ մեկնիլ Կիլիկիա կոտորածի պատճառով որբացած քրիստոնեայ երեխաներու փրկութեան գործին մասնակցելու համար:

1911-ին կը ժամանէ Կիլիկիա եւ Մարաշի մէջ հիմնուած որբանոցին մէջ կ՛աշխատի որպէս ուսուցչուհի: 1915-էն ան ականատես կ՛ըլլայ հայկական կոտորածներուն: 1916-1919 թուականներուն Հետվիկ Պուլ կը ծառայէ Մարաշի հարաւը գտնուող գերմանական որբանոցին մէջ: 1918 թուականին երիտասարդ միսիոնարուհին իր գործադրած գերմարդկային ջանքերուն շնորհիւ ստոյգ վտանգէ կը փրկէ որբանոցի սաները:

1922-ին Պուլ կը մեկնի Հալէպ` «Քրիստոնէական առաքելութիւն արեւելքի մէջ» աւետարանական մարդասիրական կազմակերպութեան հետ. այդ ժամանակ Սուրիոյ մէջ կային աւելի քան 160 հազար գաղթականներ, որոնք ապաստանած էին Սուլէյմանիէի եւ Ռամատանիէ արուարձաններուն մէջ կառուցուած գաղթակայաններու մէջ, ուր տարածուած էին վարակիչ հիւանդութիւններ, որոնք օրական հարիւրաւոր կեանքեր կը խլէին: Աննա Պուլի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի մէջ կը բացուի հիւանդանոց, ուր կ՛աշխատին Սուրիոյ նշանաւոր հայ բժիշկներ: Հայ գաղթականներուն վիճակը թեթեւցնելու համար Պուլ Մարաշի իր ծանօթներուն օգնութեամբ կը հիմնէ ջուլհականոց եւ ձեռագործի արհեստանոց: Աշխատանքի կը լծուին շուրջ 500 հայ կիներ եւ աղջիկներ, որոնց գործած կարպետներն ու ձեռագործները կը վաճառուէին եւրոպական երկիրներու մէջ, իսկ ստացուած հասոյթը կը տրուի հայ կիներուն` իբրեւ աշխատավարձ:

Պուլի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի տարբեր դպրոցներ յաճախող աւելի քան 250 հայ երեխաներուն համար կը սահմանուին կրթաթոշակներ: Իր կատարած բազմաթիւ հայանպաստ աշխատանքներուն համար Պուլ այնքան սիրուած էր Հալէպի հայ համայնքին կողմէ, որ արժանացած էր «Պուլ Մայրիկ» կոչման:

1965 թուականին Պուլ կը ժամանէ Սուրիա, ապա Լիբանան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Կեանքին վերջին տարիները Պուլը կ՛անցընէ գերմանական ծերանոցի մը մէջ: 90-ը անց միսիոնարուհին մահուան մահիճին մէջ պառկած` մոռցած էր այն 6 լեզուները, որոնց կը տիրապետէր եւ ծերանոցի աշխատակիցներուն հետ կը հաղորդակցէր միայն իրեն հարազատ դարձած հայերէնով:

Յիշատակի Յաւերժացում

4-29-15_Hedwig_bull_memorial4-29-15_Khachqar_in_Haapsalu_1– 1989-ի ապրիլ 29-ին, Պուլի ապրած փողոցին վրայ հաստատուած է ցուցատախտակ, որուն վրայ արձանագրուած է ««Էսթոնացի միսիոնար, որ իր կեանքը նուիրաբերեց Մերձաւոր Արեւեքի երկիրներուն մէջ թրքական եղեռնէն հայերը փրկելու գործին»:

– 2003 թուականին Աննա Հետվիկ Պուլի գերեզմանէն բերուած հողը ամփոփուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի յուշապատին մէջ:

– 2014 թուականի սեպտեմբեր 22-էն Էսթոնիոյ Հաապսալու քաղաքին մէջ հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս էսթոնացի միսիոնարուհի Աննա Պուլի յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւն կատարուեցաւ:

 

Այլազան.

Հոնկ Քոնկի Կիները
Ամէնէն Երկարակեացներն Են

4-29-15_japonaise-matureՎերջին վիճակագրութիւններուն համաձայն, Հոնկ Քոնկի բնակչուհիները աշխարհի ամէնէն երկարակեաց կիներն են. անոնք միջին հաշուով կ՛ապրին մինչեւ 87 տարեկան:

Շուրջ քառորդ դար ճափոնուհիները ոչ ոքի կը զիջէին այս մրցանիշը. մասնագէտներու կարծիքով, այս նահանջին պատճառը վերջին աւերիչ երկրաշարժն ու ցունամին են, որոնք խլեցին աւելի քան 20 հազար զոհ: Կարեւոր ազդակ մըն է նաեւ երիտասարդ կիներու անձնասպանութեան թիւի աղէտալի աճը:

 

Նադեժդա Սարգսեանի Կարծիքով…

Nadejda_Sargsyan_5_ts1323259556«Շրջագայելով եւ տեսնելով օտարազգի երեխաներու ազգային դաստիարակութիւնը` հասկցայ, թէ որքան թերացած ենք մենք այդ գծով: Մեր երեխաները գրեթէ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ ըսել է ազգային արժէք եւ մշակոյթ: Շատ կը փափաքիմ, որ դպրոցներուն մէջ լրջօրէն դրուի այս հարցը», ըսաւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, երգչուհի Նադեժդա Սարգսեանը «Երեւան Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Երգչուհիին կարծիքով, համերգներուն ընթացքին խայտառակ երգ եւ երաժշտութիւն կը մատուցուի: Ազգային երաժշտութիւն մատուցողներուն միայն 20 տոկոսը միջին որակի է, իսկ մնացեալ 80 տոկոսը…

Սարգսեան ցաւով կը հաստատէ, որ երեխաներուն մեծ սիրով կը հրամցուին օտար երգերը, մինչդեռ անոնց փոխարէն պէտք է մատուցուին ազգային արժէքները. «Սկիզբը երեխան կը լսէ եւ յետոյ միայն կը սիրէ, բայց սկիզբը պէտք է առիթ տալ անոր, որպէսզի լսէ»,  եզրափակեց երգչուհին:

 

Եօթը Առողջարար Սովորութիւն

Գարուն է` ծաղկունքի եւ գեղեցկութեան եղանակ: Գարունը առիթ է նոր շունչ առնելու եւ նոր կեանք սկսելու: Երբեմն կեանքը փոխելու համար բաւարար է պզտիկ փոփոխութիւններ մտցնել առօրեայ կշռոյթին մէջ: Ահաւասիկ` 7 առողջարար սովորութիւն, որոնք կ՛օգնեն բարելաւել կեանքի ընթացքը:

1.- Առողջ ձեւով սնանիլ. հրաժարիլ ֆասթ ֆուտէն եւ տեւաբար ճաշարանները ուտելէ: Կերակուրները տունը պատրաստել եւ քիչ անգամ դուրսէն ուտել: Առողջ եւ թարմ սնունդը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան օրկանիզմին եւ բնականաբար` կեանքին վրայ:
2.- Առատ ջուր խմել: Ջուրը բոլոր բարիքներուն աղբիւրն է:
3.- Հրաժարիլ նստակեաց կեանքէն:
4.- Պտտիլ բնութեան մէջ, վայելել բնութեան գեղեցկութիւնը, շնչել մաքուր թթուածինը: Ասոնք կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը եւ կը դարձնեն լաւատես:
5.- Օրական առնուազն քառորդ ժամ մարզանք ընել:
6.- Մտերիմներու հետ ժամանակ անցընել:
7.- Երախտապարտ ըլլալ: Ասիկա հոգեւոր ներդաշնակութեան ամէնէն կարեւոր նախապայմանն է:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող  7 Հնարքներ

Բաց թուղթի տրցակներ բռնելէ, մետաղեայ քլիփները ունին այլ գործնական օգտակարութիւններ, որոնք կը դիւրացնեն մեր առօրեան: Ծանօթանանք մէկ քանիին:

ed1baf4d-8d04-4b37-ab8d-34fa7472d7d1-f

 

Խոհագիր

Կանաչ Աղցան
Խնձորով Եւ Ընկոյզով

ob_f545f54f3005d4b412ec01baf05656cc_img-0099Բաղադրութիւն 4 անձի համար

Հազար մը` ըստ ճաշակի
1 խոշոր կանաչ խնձոր
75 կրամ ընկոյզ
2 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
Աղ, սեւ պղպեղ
2 ապուրի դգալ թանձր քրեմ ֆրեշ

Պատրաստութիւն

Հազարը լուալ եւ կտրտել:

Խնձորը լուալ եւ բարակ շերտել:

Աղցանի ամանի մը մէջ փոխադրել կտրտուած հազարը, շերտուած խնձորը եւ ընկոյզը:

Փոս ամանի մը մէջ դնել սերը, ձէթը, կիտրոնի հիւթը, աղն ու համեմը, խառնել եւ ստացուած թացանը թափել աղցանին վրայ եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կոյր Աշուղը

Սեւ խաւարը իմ ընկերս է անբաժան.
Ես չըգիտեմ, ի՞նչ ասել է պայծառ օր,
Բայց այսօրուայ խաւարն է խոր, հոգեհան,
Դիակները փսփսում են ահաւոր,
Եւ պատմում են իրենց ցաւերն անպատում,
Որից Աստուած գուցէ դողայ երկնքում:

Ոռնա՛, քամի, հազար ու մի ձայներով,
Թո՛ղ սարսռան լեռներ, ձորեր, անդունդներ.
Անցի՜ր մէկ-մէկ դիակների վրայով,
Լիզի՜ր վէրքեր ու հաւաքիր հառաչներ…
Կոյր աշուղը, մրրկաշունչ, խօլ քամին
Կը պատմեն ձեր տառապանքներն աշխարհին:

Ի՞նչ ես վազում աննպատակ դէպ’ հեռուն,
Հառաչանքներ, խոր-խոր ցաւեր շալակած.
Վե՛ր սըլացիր դէպի երկինքը անհուն,
Գտի՛ր գահը, ուր բազմած է մի Աստուած:
Թէ անզօր է սրբել արցունքն աշխարհում,
Գահ էլ պէտք չէ՛, եւ ոչ Աստուած երկնքում:

Անցիր հանդարտ շիրիմների վրայից,
Հողի տակ էլ թշուառները քուն չունին.
Շարան-շարան հողաթմբի խորքերից,
Խուլ մրմունջներ գուցէ լսես ցաւագին…
Երբ այսքան ցաւ ու արիւն կայ աշխարհում,
Գահ էլ պէտք չէ՛, եւ ոչ Աստուած երկնքում:

Սեւ բռնութեան, աւերածի զինուորներ,
Խոպան, աւեր, բոց փռեցիք ձեր ոտքով,
Բնակութիւն, շէն քաղաքներ ու տներ,
Անապատի վերածեցիք անվրդով,
Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թո՛ղ ողջ աշխարհ Հային կարդայ նախատինք:

Դիակների վիշտը լացի ու ցաւե՜ր…
Քանի՜ դարեր լոկ ողբ ու սուգ ենք ասում,
Այժմ անէ՛ծք դահիճներին մարդակեր,
Վրէ՜ժ միայն, լոկ վրէժ ենք պահանջում…
Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թո՛ղ ողջ աշխարհ Հային կարդայ նախատինք:

Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>