Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող հինգշաբթին:
«Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Այս տօնը կ՛եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան եւ աւետարանական պատմութեան շրջանը:
Համբարձման դէպքը նկարագրուած է Նոր Կտակարանին մէջ (Մարկ. ԺԶ. 19-20, Ղուկ. ԻԴ. 50-53, Գործք Ա. 9-11): Ս. Յարութեան մեծ եւ հրաշափառ դէպքէն յետոյ անցած էին քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին յարուցեալ Տէրը խորհրդաւոր կերպով, բայց միշտ մարդկային կերպարանքով բազմիցս երեւեցաւ վշտաբեկ եւ յուսահատ իր աշակերտներուն` զանոնք վերահաստատելով իրենց առաքելական կոչման եւ հաւատքի մէջ: Յարուցեալ Քրիստոս այդ 40 օրերու ընթացքին շարունակեց քարոզել` երեւելով իր աշակերտներուն: Իր հանդիպումներու ժամանակ Ան միշտ կը խօսէր երկնքի արքայութեան մասին, կը յուսադրէր, կը քաջալերէր եւ կը մխիթարէր, որպէսզի Իր` երկինք երթալուն պատճառով չտրտմին: Տէր Յիսուս անոնց մէջ սերմանեց նաեւ համբերութիւն եւ արիութիւն. համբերութիւն` յոյսով սպասելու զԱյն` նախապէս տուած խոստումին իրագործման, եւ արիութիւն` ընդդէմ գալիք փորձութիւններու, որպէսզի կարողանան աներկիւղ քարոզել Աւետարանը:
Հին ատեն Համբարձումի տօնակատարութիւնները կը սկսէին չորեքշաբթի: Կիները այդ օրը կը կոչէին Ծաղկամօր կիրակի: Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, քրիստոնեայ Վարվառ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախուստ տալով կ՛ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, զայն կը գտնէ քարանձաւին մէջ եւ կը սպաննէ: Մահանալէն առաջ աղջիկը կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկի եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին. այդպէս ալ կ՛ըլլայ, եւ այդ քարանձաւը կը դառնայ ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մնայուն կերպով ջուր կը հոսի. ժողովուրդը կը հաւատայ, որ անոնք Վարվառէ կոյսին արցունքներն են:
Համբարձումին նաեւ կը կատարուի վիճակահանութիւն եւ ծաղկահաւաք: Ջուրով լեցուն կուժի կամ ամանի մէջ կը տեղադրուին ծաղիկներ եւ ներկայ աղջիկներուն պատկանող իրեր: Դեռատի աղջիկ մը ճերմակ զգեստ կը հանգնի, կը վերցնէ կուժը եւ կը շրջի տան մէջ. կուժէն դուրս բերուած առաջին առարկային տիրոջ մօտալուտ ամուսնութիւնը կը նախատեսուի: Ապա իւրաքանչիւր իրի հետ կ՛ընտրուի վիճակահանութեան տոմս մը, ուր գրուած խրատը կամ նախատեսութիւնը ուղղուած կ՛ըլլայ առարկային տիրոջ:
Նորաձեւութիւն.
«Ես Անմոռուկ Չեմ Վաճառի…»
Ձեւագէտ Գէորգ Շադոյեան իր «Վերածնունդ» տարազներու հաւաքածոն, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, ապրիլ ամսուան ընթացքին Մոսկուայի մէջ ցուցադրեց եւ արժանացաւ «Լաւագոյն արտասահմանեան հաւաքածու» մրցանակին:
«Նիուզ Էյ. Էմ.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ձեւագէտը յայտնած է, որ իրեն համար մրցանակը անսպասելի էր, քանի որ ինք հրաւիրուած էր որպէս պատուոյ հիւր եւ բուն մրցոյթին չէր մասնակցեր:
«Վերածնունդ» հաւաքածոյին համար Շադոյեան յատուկ հագուստ ստեղծած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկի պատկերով: Ձեւագէտին կարծիքով, շատ շահարկուած է այդ թեման, եւ ինք շատ վերապահ էր այդ խորհրդանիշով հագուստ պատրաստելու գաղափարին հանդէպ: «Այդ հագուստէն արդէն պատուէրներ կան, սակայն ես կը մերժեմ: Ես անմոռուկ չեմ վաճառեր: Ասիկա ուրիշ խորհրդանիշ է, նուռ չէ, ծիրան չէ, խաչքար չէ, կը հասկնա՞ք…»:
Յիշարժան է նաեւ այն, որ Գէորգ Շադոյեանի «Վերածնունդ» հաւաքածոյի ցուցադրութեան ընկերակցած է ռուս երգչուհի Թաշա Թուրովան «Տլէ եաման» երգով:
«Վերածնունդ»-ի առաջին հաւաքածոն ցուցադրուած է Արցախի մէջ, մարտ 20-ին: Յառաջիկային հաւաքածուն պիտի ցուցադրուի նաեւ Երեւանի, Իրանի, Մ. Նահանգներու, Մարսէյի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Ստորեւ` հաւաքածոյէն հետաքրքրական նմուշներ:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ.
Անզոյգ Գուլպաները Օգտագործելու
8 Հնարք
Այսուհետեւ երբեք չթափէք ձեր անզոյգ գուլպաները. ահաւասիկ 8 հետաքրքրական միջոցներ` զանոնք օգտագործելու համար:
– 1 –
Անզոյգ գուլպային վերի բաժինը օգտագործեցէք ձեր նեսքաֆէի կամ թէյի մակ տեսակի բաժակին «հագցնելու» համար:
– 2 –
Որպէս գետնի սրբիչ օգտագործեցէք անզոյգ գուլպան, մանաւանդ եթէ անիկա անձեռոցի հիւսուածք ունի:
– 3 –
Եթէ քալելու ելած էք, գուլպան անցուցէք ձեր թեւին եւ մէջը տեղաւորեցէք ձեր բջիջայինը. այսպիսով բջիջայինը ապահով կ՛ըլլայ, իսկ ձեր ձեռքերը` ազատ:
– 4 –
Անզոյգ գուլպաները հաստատեցէք խոհանոցը օգտագործուող աղցանի կամ տապկոցի ունելիին վրայ եւ մաքրեցէք սթորներուն շեղբերը:
– 5 –
Անզոյգ գուլպայ մը հագուստի վերածեցէք ձեր մանրակազմ շնիկին համար…
– 6 –
Թաղարի սիրուն ծածկերու վերածեցէք ձեր անզոյգ գուլպաները:
– 7 –
Բջիջայինի ամանի վերածեցէք անզոյգ գուլպայ մը` անոր վրայ փոքրիկ, գունաւոր կոճակները կարելով:
– 8 –
Երեխաներու փափուկ խաղալիքներ պատրաստեցէք անզոյգ գուլպաներով:
Օրը Ուրախ Անցընելու 6 Խորհուրդ
– 1
Նախքան տունէն ելլելը` դուք ձեզ կարգի բերէք. մի՛ անտեսէք ձեր հագուածքը, մազի յարդարանքը, շպարը… Տունէն ելէք ինքնավստահ եւ ժպտադէմ:
– 2 –
Նոր երեւոյթներով լեցուցէք ձեր կեանքը. այդ նորը կրնայ ըլլալ` ուտեստեղէն, զբաղում, նոր ծանօթութիւն, նոր գիրք, եւ այլն… Նոր հորիզոններ բացէք ձեզի համար:
– 3 –
Մէկ օր հրաժարեցէք հեռատեսիլ դիտելէ եւ համակարգիչով զբաղելէ: Նոր աշխարհ բացայայտեցէք ձեզի համար, հետեւեցէք բնութեան, քաղաքի անցուդարձերուն, ձեզ շրջապատող մարդոց…
– 4 –
Հեռաձայնեցէք անոնց, որոնց հետ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէիք խօսիլ եւ առիթը չէր ներկայանար: Հեռաձայնեցէք եւ պարզապէս խօսեցէք լաւ նիւթի մը մասին: Յարաբերեցէք այն մարդոց հետ, որոնք հաճելի են ձեզի համար:
– 5 –
Հաւաքեցէք ոչ պիտանի իրեր եւ տուէք կարիքաւորներու. օգնեցէք մարդոց, խաղալիքներ նուիրեցէք մանուկներու: Օգտակար գործ մը կատարելու բաւարարութիւնը ապրեցէք:
– 6 –
Այսօր իսկ սկսէք ընել այն, ինչ երկար ժամանակէ ի վեր կը յետաձգէք (նորոգութիւններ, մաքրութիւն, գնումներ, մարզանք, սննդականոն եւ այլն…), նոյնիսկ եթէ մէկ փոքրիկ քայլ առնէք, արդէն ատիկա մեկնարկ է, եւ դուք անպայման կը շարունակէք ու աւարտին կը հասցնէք:
Խմիչքի Հետ Հրամցուող
Վարունգի Սիւսեթներ
Բաղադրութիւն
– Վարունգ (խոշոր չափի)
– Պանիր (պուլկարական, ֆեթա, սխտորով…)
– Փայտեայ ցպիկներ
Պատրաստութիւն
Վարունգները լուալ, ծայրամասերը կտրել, փորել եւ միջուկը հանել:
Ամանի մը մէջ ճզմել պանիրը, ըստ ճաշակի` անոր աւելցնել մանրուած կանաչ սոխ, մանրուած ազատքեղ, կամ անանուխ: Ստացուած միատարր խառնուրդը լեցնել վարունգներուն մէջ, ապա զանոնք 8 միլլիմեթր հաստութեամբ կլոր շերտել, իւրաքանչիւրը հաստատել փայտեայ ցպիկի մը ծայրամասին եւ սառնարանը պահել մինչեւ հրամցնելու ժամը:
Ցպիկները տեղաւորել ներկայանալի բաժակներու մէջ եւ հիւրասիրել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մայր Ու Որդի
Նստած հովում ընկուզենու, հագին շորեր հնատարազ`
Ճախարակ է մայրս մանում: Իր իսկ ցօղած լոյս ափերով
Բամբասասէր առուն անվերջ քչփչում է, անցնում վռազ`
Կասկածամիտ թփերի հետ բացատըրուել խուսափելով:
Ես դեռ մանուկ ու, մանկան պէս, քաղցրաւենու թունդ սիրահար,
Մեր թարեքից, ճարըս հատած, մի կոշտ շաքար եմ գողանում:
Իսկ շաքարը քի՜չ է այնքան – իմանում է մայրըս ահա
Եւ սպառնում հօրըս յայտնել – հասկանո՞ւմ էք ինչ է անում…
Աղքատի բախտը բանում է եօթ տարին մէկ – սուտ չի ասուած:
Մինչ քրքրուած լաչակի տեղ մայրս նորն է գլխին գցում,
Ես մեր կալն եմ ոտքով չափում, որ կամենայ եթէ աստուած`
Թիւը եթէ զոյգ վերջանայ, ես կին կ՛առնեմ մեր դրացուն:
(Թէպէտ եւ նա` մեր դրացին, նշանուած է արդէն կարծես –
Հագին ունի ալ մինթանա` խշշան փարչա, նախշուն նոր չիթ,
Ու երբ բակ է ելնում յանկարծ եւ կամ բակից իջնում պարտէզ,
Թւում է, թէ որտեղ որ է պիտի թռչի, պիտի կորչի):
Իսկ երբ որ նա` նոյն դրացին, մայր է դառնում յանկարծակի
(Է՜հ, երեւի կենտ վերջացան իմ քայլերը կալ ու արտում),
Ճերմակում է մայրս դանդաղ – նորից փոխում շորն իր հագի,
Իսկ ես` արդէն «ուսումնական»` սիրոյ մասին եմ գիրք կարդում…
Ու երբ վարժուած «սատանեկան» այդ հրաշքին գիր ու տառի,
Ես կարդում եմ օր ու գիշեր` իր բերանով կիսաբացուած,
Իր հայեացքով զարմացական իմ անգրագէտ մայրը բարի
Ինքն է թւում անգիր մի գիրք` կիսաբաց ու չկարդացուած…***
Մի կիսաբաց գրքի նման` միայն գրուած ոչ տառերով,-
Ինձ այսպէս է պատկերանում ե՛ւ իմ, ե՛ւ քո մայրը հիմա.
Մի գիրք խորո՛ւնկ, հարո՜ւստ այնքան, որ կարդում ենք մենք դարերով,
Բայց մինչեւ վերջ չենք հասկանում – լոկ մայր է պէտք դրա համար:Պ. ՍԵՒԱԿ
1955 թ. Մոսկուա