Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Չկայ տուն մը, ուր հին կամ նոր ճինզ տաբատներ չըլլան: Ահաւասիկ հետաքրքրական գաղափարներ` զանոնք անգամ մը եւս օգտագործելու, բոլորովին այլ ձեւի տակ:
Ստորեւ նկարին վրայ կը տեսնենք գեղեցիկ պայուսակներ, բայց նաեւ` բարձ եւ պատի «գորգ»` օժտուած ճինզ գրպաններով, երեխաներուն գրենական պիտոյքները դասաւորելու համար:
Ինչ կը վերաբերի գրպաններով օժտուած բարձին, անիկա շատ գործնական է նստասենեակի մը մէջ, քանի որ հեռատեսիլին հեռավարները եւս իրենց տեղը կը գտնեն:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Ամէնօրեայ Իրերու
Երկրորդ Գործածութիւնը
Մեր ձեռքին տակ գտնուող ամէնօրեայ իրեր կրնան ունենալ մէկէ աւելի գործածութիւններ, որոնց մասին երբեք չենք մտածած: Ահաւասիկ` 10 հետաքրքրական եւ գործնական գաղափարներ:
1
Եղունգի ներկերու անգոյն, թափանցիկ տեսակը կարելի է օգտագործել շապիկներուն կոճակները հաստատելու համար: Արդարեւ թափանցիկ ներկը կ՛ամրացնէ կարը եւ կոճակը երկար ժամանակ տեղը ապահով կը մնայ:
2
Շպարի հաստ վրձինով կարելի է մաքրել համակարգիչին ստեղնաշարի ճեղքերուն մէջ տեղաւորուած փոշին եւ աղտը:
3
Ծխամորճ մաքրելու ծառայող թաւշեայ ձողիկները կարելի է փաթթել հագուստի կախիչներու ծայրամասերուն, որպէսզի կախուած հագուստները հաստատ մնան իրենց տեղը եւ չսահին ու չիյնան:
4
Քափ քէյքի թուղթէ կաղապարներուն յատակին փոքրիկ ճեղք մը բացէք եւ պաղպաղակին կոթը մէջը տեղաւորեցէք, այսպիսով ձեր երեխան առանց թափթփելու եւ վրան աղտոտելու կ՛ուտէ պաղպաղակը:
5
Քափ քէյքի թուղթէ կաղապարները որպէս ներկայանալի ծածկեր` կարելի է օգտագործել անուշի շիշերուն կափարիչները զարդարելու համար:
6
Թուղթէ թաշկինակներու պարապ տուփերը օգտագործեցէք անոնց մէջ շուկայի կերպընկալ տոպրակները տեղաւորելու համար:
7
Հանքային ջուրի կերպընկալ շիշերը որպէս ձագար օգտագործեցէք ընդեղէններ կամ հատեղէններ ամանէ աման փոխադրելու համար:
8
Կակաչի ցօղունները ծաղկամանին մէջ ուղիղ պահելու համար օգտագործեցէք թափանցիկ ըմպեղէգներ: Այսպիսով կ՛երկարէք ձեր փունջին կեանքը, այլապէս քանի մը օրէն կը ստիպուիք թափել ձեր կակաչները:
9
Գինիի բաժակները վերածեցէք գեղեցիկ մոմակալներու, զանոնք նոյնիսկ շրջելով կրնաք իւրայատուկ մոմակալներ ստանալ:
10
Ձեր ձեռքի պայուսակին մէջ թափթփած մետաղեայ դրամներն ու մանր իրերը հաւաքելու համար օգտագործեցէք խէժերիզով օժտուած ձեռքի փոքրիկ գործիքը:
Մազերու Ծերացումը Հաստատող
Եօթը Ազդանշան
Շատեր ունին այն սխալ համոզումը, որ միայն ճերմակ մազերը կը վկայեն մեր մազերուն ծերացման մասին: Կարելի է նշել առնուազն 7 ազդանշան, որոնք կը յուշեն, որ մեր մազերը լուրջ խնամքի կը կարօտին…
Մազերու ծերացման գլխաւոր պատճառը այն է, որ նուազած է, մարմնին կողմէ արտադրուող իւղերու քանակը: Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ մազերը կորսնցնեն իրենց փայլքը, առողջ տեսքը, խոնաւութիւնը: Ասոր վրայ կու գան աւելնալու վատ սովորութիւնները եւ արտաքին միջավայրի ազդեցութիւնը:
Ծանօթանանք վերը նշուած 7 ազդանշաններուն.
- Չոր մազեր
- Կոտրտող մազեր
- Ճիւղաւորուող ծայրամասեր
- Գանգրացող մազեր (սահուն մազ ունեցողներուն պարագային)
- Խամրած գոյնով մազեր
- Ճերմակ մազեր
- Նօսրացող մազեր
Մազերու նուազագոյն փոփոխութիւն պէտք է գրաւէ ձեր ուշադրութիւնը: Այդ փոփոխութիւնները կը վկայեն ոչ միայն սովորական ծերացումի, այլ նաեւ առողջական հարցերու մասին:
Խոհագիր
Ամառնային Փոքրիկ Թարթեր`
Լոլիկով Եւ Սմբուկով
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
Պրիք կոչուած շատ բարակ խմորի ծրար մը
8 հատ քիրի պանիր (կարելի է ուրիշով մը փոխարինել)
2 սմբուկ
2 սոխ
2 լոլիկ
Ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 150 ջերմաստիճանով եւ քառորդ ժամ խորովել շատ բարակ շերտուած սոխը, լոլիկն ու սմբուկը, որոնց վրայ քիչ մը ձէթ տարածած ըլլաք:
Փոքրիկ կաղապարներու մէջ ձէթով ծեփուած 3-ական խմոր տեղաւորեցէք եւ 10 վայրկեան փուռը եփեցէք, մինչեւ որ ծայրամասերը ոսկեգոյն դառնան:
Խմորները կաղապարներէն հանեցէք, յատակը կտրտուած պանիրով ծածկեցէք, աւելցուցէք աղուած եւ համեմուած բանջարեղէնները` ծաղիկի ձեւ տալով անոնց:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խօսիր, Հայաստան
Խօսի՜ր, Հայաստան.
Դո՛ւ, որ դարերի տանջանք ես տեսել
Եւ տարիների խնդութիւն միայն,
Ասա՛ քո պատգամն ու խօսքը վսեմ
Աշխարհներին ու ազգերին համայն…Տե՛ս, աղաւնի՜ն է
Թառել քո նորոգ յարկի ձեղունին,
Որին դարերով երազե՜լ ես դու…
Վստահի՜ր խօսել քո ժողովրդի՛
Եւ քո՛ անունից`
Բանաստեղծ որդո՜ւդ…Լսո՞ւմ ես,
Երէկ իմ ընկերները Կարմիր բլուրում
Մի բուռ ոսկեհատ ցորե՜ն են պեղել,
Որ ցանել են մեր նախնիները հայ`
Դեռ Ուրարտույում,
Քրտինքո՜վ ջրած հո՛ղն այս ժայռեղէն:Սակայն նո՛յն օրը,
Իմ ընկերներն, այդ ցորենի կողքին,
Գտել են նաեւ պղնձէ նիզա՛կ`
Ի ցոյց այն բանի՛,
Որ ծնուած օրից հայ սերմնացանը,
Սերմը` մի ձեռքին,
Միւսով զէ՛նք է բռնել,
Որ ցանած արտը պաշտպանի…Ոչ ոք չի՜ ասի`
Այդ ցորենի բերքը ինչքա՜ն է եղել,
Ոչ ոք չի՜ ասի`
Ինչքա՜ն էր թիւը հայ ժողովրդի…
Մի բուռ ցորե՜ն են
Կարմիր բլուրի հին բերդում պեղել,
Եւ մի բուռ հա՜յ է
Հասել Յարութեան այս առաւօտին…Բայց այդ ցորենի հատիկը ամէն` ցա՜նք է մի հսկայ,
Ամէն հայ` ամուր սեղմած զսպանա՛կ.
Եւ այս,
Մեզ հասած մի բուռ ժողովո՛ւրդն
Ու սե՜րմը վկայ,—
Իր կորցրածը նա ե՜տ կը ստանայ…ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ