Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Հոգեբանական Փորձ-Քննութիւն. Առաջին Հերթին Ի՞նչ Կը Տեսնէք…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

6-11-15_last-LN+Նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ ին տեսաք առաջին հայեացքով, ապա կարդացէք համապատասխան բացատրութիւնը որ բնորոշ է ձեզի:

ա.- Կնոջ դէմք
բ.- Ծաղիկներ
գ.- Աստղեր

  • Կնոջ Դէմք

Կորսնցուցած էք ձեր կենսուրախութիւնը եւ շատ հաւանաբար յոգնած վիճակ ունիք. ժամանակն է, որ քիչ մը հանգստանաք: Երկու օր դուք ձեզի տրամադրեցէք, ծիծաղշարժ թեթեւ ժապաւէններ դիտեցէք, բնութեան մէջ պտըտեցէք, խոկացէք…

Հրաժարեցէք խուած եւ աղմկոտ վայրերէ, խուսափեցէք յոռետես եւ դժգոհ անձերէ: Երաժշտութիւն ունկնդրեցէ,ք գծեցէք, բոյսեր խնամեցէք:

***

  • Ծաղիկներ

Դուք ուրիշներէ տարբեր կը մտածէք, ամն ինչի վերաբերեալ ունիք եր սեփական մօտեցումն ու իւրյատուկ աշխարհընկալումը: Թէեւ ասիկա լաւ երեւոյթ է, սակայն յաճախ շրջապատը ձեզ չի հասկնար, բայց  ասիկա մեծ դժբախտութիւն մը չէ: Ձեր գլխաւոր կարգախօսն է «Պահպանել հանգստութիւնը»:

***

  • Աստղեր

Դժուար է ձեզ անակնկալի բերել, դուք ամէն ինչի մէջ կը տեսնէք բուն էութիւնը, կ՛աշխատիք հասնիլ ճշմարտութեան, ինչ որ շատ լաւ յատկանիշ է:

Ձեր շրջապատը այդքան ալ մեծ չէ, բայց եւ այնպէս եղածները ձեզի համար շատ թանկագին մարդիկ են:

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն…

Շէր` Մարք Ճէքոպսի
Նոր Հաւաքածոյի Դէմքը

6-11-15_2250969 տարեկան ամերիկացի դերասանուհի, երգչուհի Շէր դարձաւ անուանի ձեւագէտ Մարք Ճէքոպսի 2015 աշուն-ձմեռ հաւաքածոյին նոր դէմքը:

Քանի մը օր ետք, նոյն բախտին արժանացաւ նաեւ 14-ամեայ ամերիկացի երգչուհի, դերասանուհի Ուիլլօ Սմիթը:

Նշենք, որ 52 տարեկան ամերիկացի ձեւագէտը նախապէս գեղարուեստական տնօրէնի պաշտօն վարած է Լուի Վուիթոն նորաձեւութեան տան մէջ, իսկ ներկայիս ունի իր անունը կրող նորաձեւութեան տուն:

Ճէքոպս շատ փնտռուած եւ գնահատուած է նորաձեւութեան աշխարհին մէջ: Նշանաւոր են նաեւ անոր աքսէսուարները` պայուսակ, կօշիկ, ժամացոյց, անուշահոտ, եւ այլն…

 

Ձեռային Աշխատանք

Ապակեայ Շիշերու
Երկրորդ Կեանքը

Շատեր պահածոյի ապակեայ շիշերը կը թափեն առանց մտածելու, թէ կարելի է անոնց երկրորդ կեանք մը տալ: Արդարեւ, զանոնք կարելի է վերածել փոքրիկ թաղարներու, ծաղկամաններու, մոմակալներու եւ այսպէսով զարդարել խոհանոցին բաց դարանները, պաշտգամին պատերը եւ, ինչու չէ, նոյնիսկ նստասենեակը: Ստորեւ հետաքրքրական եւ դիւրին իրագործելի գաղափարներ:

1922_5523_fr

6-11-15_c7b8f2a3

 

 

 

 

 

 

 

 

6-11-15_bougie-pot

 

6-11-15_mason-jar-planter-board

6-11-15_images-(1)

 

 

 

 

Ամէնէն Քիչ Ջերմուժ
Պարունակող 10 Պտուղները

2013-06-3369_9_623008022Ամրան եղանակին յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ո՛ր պտուղը կարելի է առատօրէն սպառել առանց ջերմուժի եւ շաքարի մեծ խախտումներ կատարելու:

Ահաւասիկ ցանկը այն տասը պտուղներուն, որոնք ամէնէն քիչ ջերմուժ կը պարունակեն: Ջերմուժի ճշդումը կատարուած է իւրաքանչիւր 100 կրամի համեմատութեամբ:

1.- Ելակ 29 ջերմուժ
2.- Սեխ` 32 ջերմուժ
3.- Կաուաֆա` 33 ջերմուժ
4.- Կիտրոն` 34 ջերմուժ
5.- Ձմերուկ` 34 ջերմ.
6.- Կրիֆոն` 36 ջերմ.
7.- Փափայա` 43 ջերմուժ
8.- Ազնուամորի` 45 ջերմուժ
9.- Ծիրան` 49 ջերմուժ
10.- Հաղարջ` 51 ջերմուժ

Միւս կողմէ, յանձնարարելի է չափաւոր ուտել կարգ մը պտուղներ.

Խաղող` 72 ջերմուժ
Կեռաս` 68 ջերմուժ
Թուզ` 57 ջերմուժ
Սալոր` 52 ջերմուժ
Տանձ` 50 ջերմուժ

 

Խոհագիր

Սեխով Պատրաստութիւններ

Յաճախ խօսած ենք սեխին յատկութիւններուն մասին: Այսօր պիտի ներկայացնենք այս համեղ եւ հիւթեղ պտուղի 3 տարբեր պատրաստութիւններ, որոնք պիտի զարմացնեն մեր հիւրերը: Աժան, դիւրին եւ քիչ ջերմուժ պարունակող երեք բաղադրատոմսերուն համար միշտ ալ պէտք ունիք սեխի եւ ժամպոն տը փարմի, որ կարելի է փոխարինել սովորական ժամպոնով:

Սեխի Գնդիկներով Նախուտեստ

6-11-15_fruits-du-chef-mickeyԲաղադրութիւն 4 անձի համար.

– Խոշոր սեխ մը
– Կէս ձմերուկ
– Մէկ կիտրոնի հիւթ

Պատրաստութիւն.

Յատուկ կլոր դգալով մը սեխն ու ձմերուկը կլոր ձեւաւորեցէք, լեցուցէք փոս ամանի մը մէջ, վրան կիտրոնի հիւթը աւելցուցէք եւ առնուազն երկու ժամ սառնարանը պահեցէք, ամանին երեսը կերպընկալ թերթով ծածկելէ ետք:

Հրամցուցէք որպէս թեթեւ նախուտեստ, ըստ ճաշակի` վրան ֆէթա կամ մոցարելլա պանիրի կտորներ եւ թարմ անանուխի կամ ռեհանի տերեւներ աւելցնելով:

Կարելի է նաեւ պնակին մէկ ծայրը իտալական ցպիկ – հացեր զետեղել` իւրաքանչիւրին ծայրամասին մէկական ժամպոն տը փարմ փաթթուած:

Խնկունիով Սեխ

6-11-15_inc_img_recԱյս նախուտեստին համար անհրաժեշտ են խնկունիի թարմ եւ առողջ ճիւղեր, սեխ եւ խոզապուխտ:

Խնկունիի ճիւղերը հաւասար երկայնքով կտրել, լուալ եւ վարի բաժնի տերեւները հանել` որպէս շամփուր գործածելու համար:

Կլոր կախ խորանարդաձեւ ձեւաւորել սեխը, համաչափ կտրտել խոզապուխտը եւ իւրաքանչիւր ճիւղի վրայ փոխն ի փոխ անցընել սեխն ու խոզապուխտը` սկսելով սեխէն եւ աւարտելով նոյնպէս սեխով:

Խնկունիի ձողիկները շարել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ եւ անմիջապէս հրամցնել:

Կարելի է խոզապուխտը զանց ընել եւ զայն փոխարինել մոցարելլա պանիրով:

Սեխի Կազբաչօ

6-11-15_FotoliaԱյս համեղ պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են` սեխ, 3 սանթիլիթըր ճերմակ գինի, ռեհանի թարմ տերեւներ, սեւ համեմ եւ խոզապուխտ:

Հարիչէ անցընել մաքրուած եւ կտրտուած սեխը, ռեհանի թարմ տերեւները (5-6 հատ) եւ պտղունց մը ջաղացքէ անցած սեւ պղպեղը:

Խառնուրդը լեցնել փոքրիկ բաժակներու մէջ եւ սառնարանը պահել: Վերջին վայրկեանին աւելցնել խոզապուխտի շերտ մը, զարդարել ռեհանի տերեւով եւ անմիջապէս հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օրհներգ

Օրհնեա՜լ ես դուն ի կանայս
իշխանուհի իմ քաղաք
որ գալիքն ես անցեալին

Օրհնեա՜լ ես դուն ի կանայս
իմ բազմախոց սիրուհի
որ քերթուածն ես յաւերժին

Դուն
իմ կարօտ լուսեղէն
որ մերկութիւնդ ամօթխած
արդ կը ծածկես չաստուածներու աչքերէն
ըսէ՜ ինչպէ՜ս քեզ գծեմ
գոյներովը լռութեան

Օ՜ երգեհոն լուսաձայն
շարականն ես պատարագին ինքնաբաշխ
որ արեւներ կը ծաղկի գեղեցկօրէն
իր տասնամեայ տառապանքէն
եւ խաւարին ու մահուան
գարունները կը խօսի

Փառքը մեղրահացին օրհնեալ եղիցի
օրհնեա՜լ եղիցի
օրհնեա՜լ եղիցի

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

23 յունուար 1985

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>