Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Այլազան. Ինչպէ՞ս Պահպանել Օծանելիքը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

se-parfumer-a-20-ansՕծանելիքը կնոջ խնամքի կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկն է, եւ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով օծանելիքը ամենացանկալի նուէրն է կիներուն համար:

Բայց օծանելիքը ունի պահպանման յատուկ կանոններ, որոնք չգործադրելու պարագային անիկա կը կորսնցնէ իր բոյրն ու որակը:

Եթէ օծանելիքը փակ տուփի մէջ է, զայն կարելի է պահել մօտ 3 տարի, իսկ արդէն բացուած եւ օգտագործուած օծանելիքը` 6 ամիսէն մինչեւ մէկ տարի: Սակայն այս ժամկէտները նոյնպէս փոփոխական են եթէ չհետեւինք պահպանման կանոններուն:

Առաջին պայմանը` խուսափիլ լոյսէն, որ կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ օծանելիքին վրայ` փոխելով անոր կազմութիւնը: Նախընտրելի է, որ օծանելիքը գործածելէ ետք, կրկին տուփին մէջ դրուի եւ լոյսէ պաշտպանուի:

Օծանելիքի որակին եւ բոյրին վրայ բացասական ազդեցութիւն կրնան ունենալ նաեւ ջերմութիւնը եւ օդի բարձր խոնաւութիւնը, որոնք լոյսի առկայութեան պարագային կը փոխեն օծանելիքին քիմիական բարդ բաղադրութիւնը, եւ կ՛ազդեն անոր որակին վրայ:

Եզրափակելով` օծանելիքին կափարիչը պէտք է լաւ գոցել, գործածութենէ ետք կրկին զետեղել տուփին մէջ եւ դնել չոր եւ լոյսէ ու խոնաւութենէ հեռու` 20-25 ջերմաստիճանով անկիւն մը:

 

Տան Յարդարանք

Ընտանեկան Լուսանկարները
Ցուցադրելու Հետաքրքրական Ձեւ Մը

30-Creative-Ways-to-Display-Your-Family-Photos-3_2

Ընտանեկան ծառի այս գաղափարը կարելի է իրագործել երեխաներուն ննջասենեակը կամ նստասենեակը:

Ընտրել անկիւն մը` ըստ յարմարութեան, գծել ճիւղաւորուած ծառ մը, ներկել, ապա տեղ-տեղ զետեղել ընտանեկան լուսանկարներ: Կարելի է շուրջը աւելցնել թիթեռնիկներ, թռչուններ կամ ծաղիկներ:

 

 Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 – 1-

2-15kuh_trukov_02

Հաւկիթին թարմութիւնը ստուգելու համար, զայն դրէք ջուրով լեցուն բաժակի մը մէջ: Եթէ հաւկիթը յատակը իջնէ, ուրեմն թարմ է, իսկ եթէ ծփայ` հին եւ օթեկ:

– 2 –

6-15kuh_trukov_06

Դափնիի տերեւներ զետեղեցէք բրինձով, ալիւրով կամ դդմաճով լեցուն պարկերու շուրջ, որպէսզի միջատներ չյայտնուին անոնց մէջ:

– 3 –

9-15kuh_trukov_09

Կիսուած պանիրի մը չորացումը կանխելու համար, կտրուած մասին կարագ կամ մարկարին քսեցէք:

– 4 –

11-15kuh_trukov_10

Երբ բողկը կամ ստեպղինը դադրին խրթխրթան ըլլալէ, զանոնք մխրճեցէք սառոյցով ջուրի մէջ, կտոր մը գետնախնձոր աւելցուցէք եւ կարճ ժամանակ մը ետք անոնք կը վերագտնեն իրենց թարմութիւնը:

– 5 –

13-15kuh_trukov_12

Որպէսզի պանանը չսեւնայ, իրարմէ մի՛ բաժնէք, այլ «ողկոյզ»-ը կախեցէք սառնարանի դարանէն եւ մէկիկ-մէկիկ դուրս հանեցէք զանոնք:

– 6 –

14-15kuh_trukov_13

Աղամանին մէջ բրինձի հատիկներ աւելցուցէք աղը խոնաւութենէ եւ քարացումէ պաշտպանելու համար:

– 7 –

Եթէ ձեր պատրաստած կերակուկը շատ աղի է զայն փրկելու համար քանի մը կտոր կեղւուած գետնախնձոր աւելցուցէք եւ 10 վայրկեան եւս եփեցէք. ապա գետնախնձորները հանեցէք: Եթէ այս միջոցը արդիւնք չտայ, դգալ մը շաքարաւազ աւելցուցէք, եթէ շաքարն ալ չօգնէ` դգալ մը խնձորի քացախ աւելցուցէք:

 

Առողջապահական

Ֆիզիքական Վարժութիւնները
Կը Պաշտպանեն Երիկամի Քարերէն

5762_fizkulturaՔալիֆորնիայի համալսարանի Ճորճթաունի բժշկական եւ Ուաշինկթընի բժշկական համալսարաններու խումբ մը մասնագէտներ ուսումնասիրած են 50-ի մօտ 85 հազար կիներու տուեալները:

8 տարուան վրայ երկարող ուսումնասիրութեան աւարտին անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, թէ ֆիզիքական վարժութիւնները կը նուազեցնեն երիկամներու քարերու յառաջացման հաւանականութիւնը:

Մասնագէտներու կը թելադրեն հետեւողական ձեւով ֆիզիքական վարժութիւն կատարել եւ բարձր ջերմուժ պարունակող ուտելիքներէն հրաժարիլ, եթէ կ՛ուզենք նուազեցնել երիկամի քար ունենալու վտանգը:

Առաւօտեան Վազքի Բարիքները

5613_vazqԲոլորիս ծանօթ է, որ առաւօտեան վազքը կ՛օգնէ օրը առոյգ սկսելու. գերմանացի գիտնականներ կու գան աւելցնելու, թէ առաւօտեան վազքը դրականօրէն կ՛ազդէ մտաւոր գործունէութեան վրայ:

Պերլինի հետազօտողները կը պնդեն, որ կանոնաւոր ձեւով առաւօտեան վազքը կ՛ազդէ ուղեղի աշխատանքին վրայ: Անոնք, որոնք ամէն առտու կանոնաւոր կը վազեն, օրուան ընթացքին դիւրութեամբ կը կեդրոնանան:

Փորձարկման մը մասնակցած են տարբեր տարիքի կամաւորներ, նոյնիսկ երեխաներ: Բոլորին առաջարկուած է լուծել քանի մը խնդիր, սակայն զանոնք պէտք է լուծեն նախ սեղանի շուրջ նստած, ապա վազքէն ետք: Արդիւնքը շատ անսպասելի եղած է: Փորձարկման մասնակցողներուն 45 առ հարիւրը դրուած խնդիրները լուծած են վազքէն ետք միայն…

 

Սննդագիտական

Կանաչ Սխտորին 5 Առողջարար
Յատկութիւնները

6-18_food

Կանաչ սխտորը սովորական սխտորէն կը զանազանուի իր իւրայատուկ համով. անոր համը նուազ շեշտուած է, չափաւոր է եւ եփելէ ետք կը դառնայ աւելի քաղցր` ուտելիքին տալով իւրօրինակ համ եւ բոյր:

Կանաչ սխտորը կարելի է օգտագործել թէ՛ հում, թէ՛ եփած` կերակուրներու եւ աղցաններու մէջ:

Ստորեւ` կանաչ սխտորին առողջարար 5 յատկութիւնները:

– 1 –

Կանաչ սխտորը կը խթանէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Կանաչ սխտորի հետեւողական գործածութիւնը յստակօրէն կը բարձրացնէ օրկանիզմի պաշտպանական յատկութիւնները:

– 2-

Կանաչ սխտորը անթիպիոթիքի դեր կը կատարէ. ունի մանրէներու դէմ պայքարելու եւ հակաբորբոքային յատկութիւններ:

– 3 –

Կանաչ սխտորը հարուստ է երկաթով: Յատկապէս սակաւարիւնութենէ տառապողները պէտք է յաճախակի կանաչ սխտոր ներառեն իրենց ճաշացուցակին մէջ` որպէս երկաթի հարուստ աղբիւր:

– 4 –

Կանաչ սխտորը կը նպաստէ սիրտի աշխատանքին: Անոր պարունակած մանկանէզը կը կարգաւորէ քոլեսթերոլի մակարդակը մարմնին մէջ եւ կը նուազեցնէ կաթուածի կամ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը:

– 5 –

Կանաչ սխտորը կը պայքարի աղեստամոքսային բորբոքումներուն դէմ:

Կանաչ սխտորը կարելի է 5-էն 7 օր պահել սառնարանը: Թելադրելի է զայն փաթթել խոնաւ անձեռոցիկի մէջ, ապա դնել կերպընկալ տոպրակի մէջ:

Կարելի է նաեւ զայն պահել ջուրով լեցուն բաժակի մէջ:

 

Խոհագիր

Հաւու Կուրծք` Կանաչ Սխտորով

6-18_Pot-au-feuԲաղադրութիւն երկու անձի համար.-

– 2 հաւու կուրծք
– 2 ցօղուն կանաչ սխտոր
– 20 սանթիլիթր հեղուկ սեր
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն.-

Հաւու կուրծքերը խորանարդաձեւ կտրտել եւ կտոր մը կարագի մէջ դարձնել, աւելցնել աղն ու սեւ համեմը:

Սխտորը մանրել. երբ հաւու կուրծքերը շէկ գոյն ստանան, աւելցնել հեղուկ սերը, կրակը թեթեւցնել, աւելցնել մանրուած կանաչ սխտորը եւ 5 վայրկեան եփել:

Հրամցնել եղինձի կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Շատ Մի՛ Տխրիր, Շատ Մի՛
Խնդար, Սիրելիս

Շատ մի՛ տխրիր , շատ մի՛  խնդար, սիրելիս,
– Այս աշխարհում եւ ոչ մի բան հիմք չունի.
Վաղանցուկ են, կան ու չկան, սիրելիս,
Բոլոր իրերն ու աստղերը անհունի:

Լայնսիրտ եղիր, ողջը երազ համարէ,
– Այս աշխարհում եւ ոչ մի բան միտք չունի.
Լացը` ժըպիտ ու սէրը` ցաւ համարէ,
Թէ որ ապրես, կեանքըդ ինչո՞ւ համար է:

Ախ, մի՛ տխրիր, վիշտը կ՛անցնի,- այդ ոչինչ,
– Այս աշխարհում եւ ոչ մի բան գին չունի.
Շատ մի՛ հրճուիր, սէրն էլ կ՛անցնի, բայց ոչինչ,
Կեանքն էլ կ՛անցնի,- այդ որ ոչինչ ու ոչինչ:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>