Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Նիստ Ու Կացի 10 Կանոններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ահաւասիկ` նիստ ու կացի 10 հիմնական կանոններ, զորս երեխաները պէտք է իմանան:

6-25-15_10-rules

1

Շնորհակալութիւն յայտնել: Երեխան շատ կանուխէն պէտք է սորվի շնորհակալութիւն յայտնել. բան մը, որ յաճախ կը մոռնայ, իսկ ծնողքին կը մնայ միշտ յիշեցնել եւ պահանջել, անմիջապէս որ երեխան լեզու ելլէ:

2

Կարգի սպասել: Երեխան պէտք է վարժուի իր կարգին սպասել բոլոր կացութիւններուն մէջ: Կանուխէն պէտք է համբերել գիտնայ:

3

Բարեւել: Յաճախ ամչկոտ երեխաները կը մերժեն բարեւել. նման պարագաներու, դիտողութիւնն ու յանդիմանութիւնը իրենց նպատակին չեն ծառայեր, նախընտրելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ պէտք է բարեւել, նոյնիսկ եթէ հազիւ 3 տարեկան է ան:

4

«Խնդրեմ» ըսել: Կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի կը խնդրեմ, հաճիս ըսելու: «Կ՛ուզեմ»-ը անքաղաքավարութիւն է, որմէ պէտք է հրաժարի:

5

Մարզական ոգի ունենալ: Երեխան պէտք է սորվի լաւ խաղալ, շահիլ, բայց նաեւ պէտք է ընդունի պարտութիւնը: Ան պէտք է իմանայ, որ ինք աշխարհի կեդրոնը չէ, ենթադրուած չէ մնայուն ձեւով յաղթելու, հետեւաբար պարտութիւնը ողբերգութեան վերածելը, կռուիլը, լալը սխալ հակազդեցութիւններ են:

6

Ընդունիլ հաճոյախօսութիւնները: Երբ երեխան դրուատուի իր մէկ լաւ արարքին համար, պէտք է «շնորհակալութիւն» յայտնէ խօսակիցին` փոխանակ «գիտեմ» ըսելու կամ մօրը փէշերուն ետին պահուըտելու:

7

Դուռը բռնել: Երբ երեխան սենեակ մը կը մտնէ, պէտք է սորվի դուռը բանալէ ետք զայն բռնել, որպէսզի ետեւէն եկողները եւս մտնեն:

8

Տարբերութիւնները ընդունիլ: Երեխան պէտք է կանուխէն սորվի իրմէ տարբերները ընդունիլ, եւ յարգել: Այսպէս, անոնց պէտք է բացատրել, թէ ինչո՛ւ ոմանք սպիտակամորթ են, ուրիշներ` սեւամորթ, ինչո՞ւ ոմանք հաշմանդամ են, կոյր, համր եւ այլն…

9

Կիսուիլ ուրիշին հետ: Երեխան պէտք է վարժուի կարգ մը բաներ ուրիշին հետ բաժնեկցիլ, ինչպէս, օրինակ` խաղալիքները: Եսակեդրոն, անձնասէր երեխան ապագային ընկերային լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

10

Իմանալ սեղանի կանոնները: Երեխան կանուխէն պէտք է սորվի բերանը գոց ուտել, ուտելու պահուն չխօսիլ, արմուկները սեղանին վրայ չդնել եւ այլն…

 

 Նորաձեւութիւն

2015-ի Ամրան «Մասթ Հեվ»-ները

6-25-15_13-fԱմառը սկսած է, եւ արդէն հրաժեշտ տուած ենք մռայլ ու թանձր հագուստներուն, մոյկերուն եւ սրտբաց դիմաւորած ենք թեթեւ եւ գունեղ հագուստները:

2015-ի ամառը ունի իր պարտադիր կտորները (հագուստ, աքսեսուար), ստորեւ քանի մը հիմնական նմուշ.

1.- Բարձրակրունկ կամ անկրունկ սանտալներ:

2.- Լայնեզր գլխարկներ:

3.- Արեւու ակնոցներ:

4.- Ճինզ շորթ:

5.- Ճերմակ, թեթեւ հագուստ:

6.- Ծաղկաւոր հագուստ:

7.- Լողազգեստ:

8.- Ծոպաւոր շապիկ, պայուսակ:

 

Առողջապահական

Նիհարցէք Բարձր Տրամադրութեամբ

Յաճախ սխալ սննդականոնները քնկոտութիւն, թուլութիւն, յոգնածութիւն եւ տրամաբանութեան անկում կը պատճառեն: Ստորեւ կը ներկայացնենք այն սննդեղէնները, որոնք թէ՛ կը նիհարցնեն եւ թէ՛ բարձր կը պահեն ձեր տրամադրութիւնը:

1

6-25-15_Salmon

Սալմոնը հարուստ է օմեկա 3-ով, որ բարերար ազդեցութիւն ունի սրտանօթային համակարգին վրայ եւ կ՛օգնէ նիհարնալու:

2

6-25-15_Spinach-with-Toasted-Sesame-Seeds

Շոմինը հարուստ է մակնեզիոմով, որուն պակասը յոգնածութիւն կը պատճառէ: Շոմինը նաեւ հարուստ է Ս. Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, երկաթով եւ սպիտակուցներով: Ասոնք բոլորն ալ ուժանիւթի անսպառ աղբիւրներ են: Աւելի՛ն. հետազօտութիւնները պարզած են, որ շոմինը կը կանխէ քաղցկեղի եւ աղի ուտելիքներու պահանջը:

3

6-25-15_matsoni-2

Մածունը հարուստ է սպիտակուցներով, կիրով, ինչպէս նաեւ` տոփամինով, եւ նորեփինեֆրինով, որոնք կը խթանեն տրամադրութիւնը: Մածունը նաեւ կ՛օգնէ նիհարնալու: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ օրական 500 մլ. մածունի օգտագործումը, առողջ սննդականոնի մը կողքին, կ՛օգնէ հալեցնելու փորի ճարպերը:

4

6-25-15_red-tomatoes

Լոլիկը հարուստ է ֆիթոնիւթրիմաններով, որոնք կը կանխարգիլեն տրամադրութեան անկումը: Միւս կողմէ, լոլիկը օժտուած է քիչ ջերմուժ պարունակելու եւ քաղցը արագ յագեցնելու յատկութիւններով:

5

6-25-15_tuna-sandwich

Թունա ձուկով սենտուիչ: Թունա ձուկը եւս հարուստ է օմեկա 3 ճարպաթթուներով, իսկ թեփով հացին պարունակած նիւթերը կը նպաստեն լաւ տրամադրութեան պահպանման: Պատճառը սերոթոնինի արտադրութիւնն է, իսկ սերոթոնինը ծանօթ է որպէս գոհունակութեան զգացում յառաջացնող հորմոն:  Թեփով հացը նաեւ շուտ յագեցնող է:

6

6-25-15_Blueberries

Հապալային իր գոյնը կը ստանայ ասթոսիսոնին կոչուող մանիշակագոյն գունանիւթէն (pigment), որ ճանչցուած է որպէս տրամադրութիւնը բարձրացնող նիւթ: Աւելի՛ն. բոլոր հատապտուղները հարուստ են մանրաթելերով եւ ջուրով, ինչ որ կ՛օգնէ երկար ժամանակ կուշտ զգալու:

 

Խոհագիր

Շոմինով Աղցան

6-25-15_SaladԲաղադրութիւն 4 անձի համար.

450 կրամ թարմ շոմին
2 կարմիր խնձոր
6 շերտ պէյքըն
1 սոխ
3 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
1 սուրճի դգալ շաքար
1 սուրճի դգալ մանանեխ
4 ապուրի դգալ ձէթ
25 կրամ սնոպար
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն.

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել լուացուած եւ ցամքեցուած շոմինի թարմ տերեւները:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` յաջորդաբար խառնելով քացախը, շաքարը, մանանեխը, աղը, պղպեղն ու ձէթը:

Շերտել խնձորները եւ աւելցնել շոմինին վրայ, աւելցնել նաեւ մանրուած սոխը:

Տապակի մը մէջ միասին խորովել պէյքընն ու սնոպարը, աւելցնել շոմինին, սոխին եւ խնձորին վրայ: Թացանը թափել խառնուրդին վրայ եւ խառնել:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Համերգ Ողբագին

Հիմա կեանքի եղերական համերգին
Ես կը մնամ սրտամորմոք ունկնդիր,
Որքա՛ն հառաչ, կոծ ու կական ողբագին`
Ժամանակի թաւալումին մէջ անծիր…

Մի՜ երկնչիր եւ լսէ հեծքը գազանի
Պուտ մը ջուրի կարօտ հողին ճաթռտած,
Ողբերն անհուն բարտիներուն գեղանի,
Որ տապարի հարուածին տակ կ՛իյնա՛ն ցած:

Թռչունի բեկ ու վիրախոց թեւերով
Միջոցին մէջ կ՛անցնին ճիչեր ոգեվար
Եւ սպանդի արիւնաներկ դրան քով
Հորթ ու գառնուկ կը բառաչեն խելագար:

Ինչպէ՞ս կրնաս փակել փեղկերը սրտիդ
Հեծկլտանքին դէմ մարդկային արցունքին.
Եթէ ծաղկի երբեմն վառ մէկ ժպիտ`
Տուն ու երդիկ հազար ցաւով կը յորդին:

Լսէ ինչպէ՜ս մահամերձներ կը տքան
Իրենց ցաւի մահիճներուն մէջ տամուկ
Ու սեւ բախտի ծանր թաթին տակ դաժան
Կը գալարին սովահար ծեր ու մանուկ:

Լսէ զգուշ խեղդուած ողբը թաքուն
Յոյսի անձէթ ճրագներուն փշրուող,
Լսէ՛ լեզուն սիրոյ վերջին բոցերուն,
Ուր կ՛ըլլան հոն խինդ ու երազ լուսաշող:

Բայց համերգին մրճահարող շեշտը գոռ
Սուգն է ահեղ որդեկորոյս մայրերու
Եւ որբ տղոց կարօտի կանչը մոլոր`
Կեանքի անհաշտ պայքարին մէջ ահարկու:

Կը բարձրանա՜յ, կը բարձրանայ օրն ի բուն
Տառապանքի նուագն ալիք առ ալիք
Եւ ճիպոտի մը չափին տակ գերագոյն
Մերթ կ՛ըլլայ ողբ, մերթ մռնչող փոթորիկ…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>