Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները, Յղի Կնոջ Սննդականոնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

7-09-05_femme-enceinte-alimentation

Ի՞նչ գիտէք յղի կնոջ սննդականոնին մասին, իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հաստատումներուն, ապա արժեւորեցէք ձեր գիտելիքները:

– 1 –

Ամբողջ 9 ամիս յղի կին մը պէտք է հրաժարի հում միսէն:

ՃԻՇԴ, որպէսզի կազմաւորուող մանուկը պաշտպանուի լիսթերիա կոչուած պաքթերիայէն, յղի կինը պէտք է հրաժարի հում, կիսովին հում միսէն, ձուկէն, ինչպէս նաեւ` ծովային պտուղներէն:

– 2 –

Թելադրելի է, որ յղի կինը հրաժարի պանիրի որոշ տեսակներէ:

ՃԻՇԴ, յղի կինը պէտք է հրաժարի կակուղ պանիրներէն, ինչպէս` քամամպերը, պրին, ինչպէս նաեւ` հում կաթով պատրաստուած պանիրներէն:

– 3 –

Յղի կնոջ կերած պտուղներն ու բանջարեղէնները բծախնդրօրէն լուացուած պէտք է ըլլան:

ԱՅՈ, այս կանոնը պարտադիր է բոլորին, սակայն յատկապէս` յղիներուն, տրուած ըլլալով, որ անոնք ենթակայ են վարակուելու թոքսոփլազմոզ կոչուած մակաբոյծով, որ առկայ է հողին մէջ:

– 4 –

Յղութեան ընթացքին երկաթի պահանջը կը պակսի կնոջ մօտ:

ՍԽԱԼ, յղի կին մը օրական 20 միլլիկրամ երկաթի պէտք ունի երեխային առողջ կազմաւորման համար. իսկ աւելի ուշ նոյնպէս երկաթի պէտք ունի` նորածինը իր կաթով սնուցանելու պարագային:

– 5 –

Ճաշի ժումերը աւելցնելով` յղի կինը նուազ ենթակայ կ՛ըլլայ սիրտխառնուքներու:

ՃԻՇԴ, ժումերը աւելցնել` չի նշանակեր ուտելիքին քանակը աւելցնել, այլ պարզապէս` 3 ժումը 5-ի վերածել: Հաստատուած է, որ ժումերու միջեւ երկար բացերը պատճառ կը դառնան սիրտխառնուքի:

–  6 –

Երկուորեակ սպասելու պարագային, յղի կնոջ ուտելիքի քանակը կը կրկնապատկուի:

ՈՉ, երկուորեակ սպառող կինը պէտք չունի կրկնապատիկ ուտելու, այլ պարզապէս` թեթեւօրէն աւելցնելու:

– 7 –

Յղութեան ընթացքին իտէալը 15-18 քիլօ գիրնալն է:

ՍԽԱԼ, մասնագէտներու կարծիքով, առողջ մնալու եւ հանգիստ ծննդաբերութիւն մը ապահովելու համար իտէալը 10-14 քիլօ գիրնալն է:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող 5 Հնարք

– 1 –

7-09-05_cucumbers

Եթէ շուկայէն գնուած պահածոյ թթուաշը շատ աղի է, զայն փոխադրեցէք քացախով լեցուն այլ շիշի մը մէջ եւ քանի մը գլուխ կեղւուած փոքրիկ սոխեր աւելցուցէք:

– 2 –

7-09-05_images

Եթէ տապկոցի ընթացքին իւղը փրփրի եւ յորդի, անմիջապէս կեղւուած սոխ մը նետեցէք տապակին մէջ, որպէսզի արագ հանդարտի:

– 3 –

7-09-05_nettoyer-meuble-cuisine-

Տապկոցի ընթացքին իւղը անպայման կ՛աղտոտէ պատը, զայն մաքրելու հրաշք դեղերէն մէկը կապոյտ ալքոլն է:

– 4 –

7-09-05_petits-pois-menthe

Պահածոյ ոլոռնին թարմ համ տալու համար եփի ընթացքին սուրճի դգալ մը շաքարաւազ աւելցուցէք:

 – 5 –

7-09-05_2751

Եթէ թացանի պատրաստութեան համար տունը այդ պահուն ճերմակ գինի չունիք, կրնաք ճերմակ քացախի մէջ քիչ մը ջուր եւ երկու կտոր շաքար խառնել եւ հարցը կը լուծուի:

 

Առողջապահական

 Ինչպէ՞ս Պաշտպանուիլ Տաքէն

7-09-05_k3013343Ամրան տաքը սկսած է. անկէ պաշտպանուելու եւ չանհանգստանալու համար պայման է որդեգրել որոշ նախազգուշութիւններ: Ամրան տաքը առողջական լուրջ հարցեր կը ստեղծէ յատկապէս տարեցներուն, երեխաներուն եւ հիւանդներուն մօտ: Ահաւասիկ օգտակար խորհուրդներ` ամրան տաքէն պաշտպանուելու համար:

  • Օրուան տաք ժամերուն, յատկապէս` ժամը 11:00-4:00, տունէն դուրս չելլել եւ ինքզինք չպարզել արեւի ճառագայթներուն:
  • Տան փեղկերը գոցել, որպէսզի արեւը ներս չթափանցէ, իսկ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերուն զանոնք բանալ` օդը փոխելու եւ սենեակները զովացնելու համար:
  • Տան մէջ զով անկիւն մը չունենալու պարագային, ջանալ ժամանակը անցընել զովացուած վայրերու մէջ, հանրախանութներ, շարժապատկերի սրահներ, ցուցասրահներ եւ այլն…
  • 7-09-05_images-(3)Օրուան մէջ գլխարկ եւ ակնոց կրել եւ անպայման շիշ մը ջուր վերցնել:
  • Օրուան ընթացքին քանի մը անգամ ցնցուղ ընդունիլ եւ կամ բոյսերը ջրելու սփռիչով դէմքն ու անդամները զովացնել:
  • Օրուան ընթացքին յաճախ ջուր խմել` նախքան ծարաւ զգալը:
  • Օրական 1.5 լիթր ջուր խմել, ի հարկին մաս մը փոխարինել հիւթեղ պտուղներով:
  • Խուսափիլ ֆիզիքական ծանր աշխատանքէ:

 

Խնձորի Քացախին 4 Բուժիչ
Յատկութիւնները

7-09-05_images-(2)

Հինէն ի վեր խնձորի քացախը փնտռուած է իր բուժիչ յատկութիւններուն համար. անիկա նաեւ ծանօթ է որպէս երիտասարդութիւն պարգեւող խմիչք: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր կարգ մը բուժիչ յատկութիւնները:

– 1 –

Խնձորի քացախը կը խթանէ մարսողութիւնը եւ կը վերանորոգէ աղիքային «ֆլոր»-ը: Ճափոնցի գիտնականներու կարծիքով, անիկա ոչ միայն կը կանխարգիլէ ստամոքսային խոցը, այլեւ բնական դեղ է թունաւորումներու պարագային, քանի որ կը սպաննէ մարսողական դրութեան վնասող պաքթերիաները:

Ջուրի մէջ լուծուած եւ ի հարկին թէյի դգալ մը մեղր աւելցուած սուրճի գաւաթ մը խնձորի քացախը լաւագոյն դեղն է մարսողական դրութեան:

– 2 –

Խնձորի քացախը բնական դեղ է մկանային ցաւերու պարագային: Անոր բարիքներէն օգտուելու համար լոգարանին ջուրին մէջ երկու բաժակ խնձորի քացախ եւ ափ մը քարաղ աւելցնել եւ մէջը պառկիլ առնուազն 20 վայրկեան:

– 3 –

Խնձորի քացախը հարուստ է հանքային աղերով: Ամերիկացի բժիշկ Քլինթըն Ճարվիս հնարած է քացախ պարունակող «Ճարվիս քոքթէյլ» կոչուած խմիչքը, որ շատ փնտռուած է մարզիկներու կողմէ, քանի որ անոնց կ՛ապահովէ բոլոր հանքային աղերը, զորս մարզիկները կը կորսնցնեն քրտինքի ճամբով` մարզումներու եւ մրցումներու ընթացքին:

«Ճարվիս քոքթէյլ»-ին բաղադրութիւնը շատ պարզ է. սոտիոմով հարուստ 250 միլլիլիթր հանքային ջուրի մէջ աւելցնել 2 սուրճի դգալ խնձորի քացախ, ի հարկին աւելցնել 2 սուրճի դգալ  մեղր, խառնել եւ խմել օրական 1 բաժակ (առաւելագոյնը` 3 բաժակ):

 – 4 –

Խնձորի քացախը կը կանոնաւորէ շաքարին տոկոսը` արեան մէջ: 2004-ին հրապարակուած ամերիկեան ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է խնձորի քացախին դրական ազդեցութիւնը շաքարախտէ տառապողներուն մօտ: Անշուշտ անիկա ոչ մէկ ձեւով կը փոխարինէ դեղով դարմանումը, սակայն կը նպաստէ արեան մէջ շաքարի տոկոսի կայունացման:

 

Խոհագիր

Ֆրանսական Հացով
Անուշեղէն

7-09-05_French-breadԵթէ տունը ֆրանսական հացի (պակեթ կամ փեն տը մի) մնացորդներ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք, այլ պատրաստեցէք այս դիւրին եւ աժան անուշեղէնը, որ պիտի գոհացնէ ընտանիքին բոլոր անդամները:

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 2 հաւկիթ
– Կէս լիթր կաթ
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– Քանի մը կաթիլ ուիսքի կամ ռոմ
– Քիչ մը վանիլլա
– Փոշի շաքար
– Կարագ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, խմիչքը, կաթը եւ վանիլլան: Բոլորը միատեղ խառնել:

Հացը շերտել 1.5 – 2 սմ. թանձրութեամբ, իւրաքանչիւրը երկու երեսով թաթխել խառնուրդին մէջ:

Տապակին մէջ հալեցնել կարագը եւ մէջը տապկել հացի շերտերը, մինչեւ որ երկու երեսով ոսկեգոյն դառնան:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել տապկուած հացերը, զարդարել տունը, ձեռքի տակ գտնուող եղանակի պտուղներով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Շնորհակալ Եմ Աշխարհից,
Երբ Որ Դու Կաս Աշխարհում

Շնորհակալ եմ աշխարհից, երբ որ դու կաս աշխարհում,
Թէկուզ ինձնից յաւէտ հեռու, յաւէտ անհաս աշխարհում:
Անցնեմ միայն ձեր տան մօտով, տեսնեմ ստուերդ պատին,
Թող իմ դիմաց միշտ փակ մնայ ամէն դարպաս աշխարհում:
Փողոց ելնեմ ու դու հեռուից հրդեհի պէս երեւաս,
Հեռուից այրես ու անց կենաս, դառնաս երազ աշխարհում:
Մի առաւօտ միայն ժպտաս, ինչպէս արեւն ամպերից,
Այնուհետեւ թող միշտ անձրեւ թափուի վրաս աշխարհում:
Գնում եմ ես մերժուած, տրտում: Մնաս բարեա՜ւ… բայց կրկին
Շնորհակալ եմ աշխարհից, երբ որ դու կաս աշխարհում:

ՆԱՅԻՐԻ ԶԱՐԵԱՆ      

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles