Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները Դդմաճին Եւ Հացին Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

7-16-15_bonne-nutrition

1

Ճերմակ հացը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան` ամբողջական  կամ հացահատիկներով հացը:

ՍԽԱԼ: Բոլորն ալ նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն: Այսուհանդերձ, ամբողջական հացը աւելի հարուստ է բնաթելերով, կենսանիւթերով ու հանքայիններով եւ նուազ շաքար կը պարունակէ: Ահա թէ ինչո՛ւ անիկա աւելի յանձնարարելի է սննդականոնի հետեւողներուն:

2

«Ալ տանթէ» եփած դդմաճը նուազ կը գիրցնէ:

ՃԻՇԴ: Շատ եփած դդմաճը նուազ կուշտ կը պահէ, քան` ակռային տակ ծամուողը: «Ալ տանթէ» եփած դդմաճին շաքարի տոկոսն ալ նուազ կ՛ըլլայ:

3

Կէս պակեթ հացը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան` 3 շերտ փեն տը միին:

ՍԽԱԼ: Ջերմուժի իմաստով համազօր են, սակայն փեն տը մին աւելի իւղ կը պարունակէ եւ նուազ կշտացնող է:

4

Նախընտրելի է լազանիա ուտել, քան` սփակեթթի պոլոնեզ:

ՍԽԱԼ: Լազանիան փարմըզան պանիր եւ պեշամել թացան կը պարունակէ. այսպէս` 300 կրամ կտոր մը լազանիան 400 ջերմուժ կը պարունակէ, մինչդեռ նոյն քանակութեամբ սփակեթթի պոլոնեզը` 220 ջերմուժ:

5

Թարմ լոլիկի խիւսով 200 կրամ դդմաճը նոյնքան ջերմուժ կը պարունակէ, որքան` երկու ապուրի դգալ ձէթ պարունակող պնակ մը աղցանը:

ՃԻՇԴ: Քանի որ երկու ապուրի դգալ ձէթը ինքնին 200 ջերմուժ կը պարունակէ, նոյնքան` որքան պնակ մը դդմաճը:

 

Գեղեցկագիտական-Առողջապահական

Կարմիր Սոխին Հիւթը

7-16-15_onion

Գիտէ՞ք, թէ կարմիր սոխին հիւթը սքանչելի միջոց է հերաթափութիւնը կասեցնելու, մազին աճը արագացնելու եւ սպիտակ մազի յայտնութիւնը դանդաղեցնելու համար:

Ծծումբով հարուստ կարմիր սոխին հիւթը կը խթանէ գլխու մորթին արեան շրջագայութիւնը եւ կը պակսեցնէ մորթին բորբոքումի հաւանականութիւնը:

Նայած սոխին մեծութեան` ընտրեցէք երկու կամ չորս կարմիր սոխ, ելեկտրական գործիքով ստացէք անոր հիւթը եւ անով մարձեցէք ձեր գլխուն մորթը. սպասեցէք կէս ժամ, ապա սովորականին պէս լուացէք ձեր մազերը: Ամսուան ընթացքին քանի մը անգամ  դիմեցէք այս միջոցին եւ արդիւնքի պիտի հասնիք:

 

Նորաձեւութիւն

Վզկապ Մը Գործածելու
6
Տարբերակ

Մետաքսեայ գեղեցիկ վզկապ շատ փնտռուած աքսեսուար է ամառ թէ ձմեռ. սակայն արդեօ՞ք պէտք է բաւարարուինք զայն վիզին շուրջ փաթթելով: Ահաւասիկ` զայն օգտագործելու 6 հետաքրքրական տարբերակներ, որոնցմէ կարելի է ներշնչուիլ` հագուստի մը, լողազգեստի մը կամ գլխարկի մը տարբեր դրոշմ մը տալու համար:

1.- Վզկապը օգտագործել որպէս գօտի:

7-16-15_-foulard-en-ceinture

Միագոյն պարզ հագուստի մը մէջքին կապուած գունաւոր, գեղեցիկ վզկապ մը բոլորովին նոր տեսք կու տայ անոր: Անշուշտ պայման է, որ զայն կրողը ըլլայ նիհար, բարեձեւ եւ սլացիկ:

2.- Վզկապը օգտագործել որպէս «թիւրպան»:

7-16-15_foulard

Ծովը, բայց նաեւ օրուան ընթացքին կարելի է վզկապը վերածել թիւրպանի` զայն գլխուն շուրջ փաթթելով, մանաւանդ եթէ կ՛ուզենք մեր անկանոն մազերը պահել զննող աչքերէ…

3.- Վզկապը օգտագործել որպէս փողկապ:

7-16-15_-foulard-en-cravate

Պաշտօնական առիթով մը, սեւ թայէօրի մը հետ, կարելի է մետաքսեայ որակաւոր վզկապ մը որպէս փողկապ օգտագործել ճերմակ շապիկի մը վրայ:

4.- Վզկապը հանգուցել լայնեզր գլխարկի մը շուրջ:

7-16-15_foulard3

Այս տարբերակը յաճախ կ՛օգտագործուի ամրան եղանակին, ծովափը: Պէտք է յատուկ բծախնդրութեամբ ընտրել զայն, որպէսզի ներդաշնակուի թէ՛ լողազգեստին եւ թէ՛ գլխարկին:

5.- Վզկապը օգտագործել որպէս մազի աքսեսուար:

7-16-15_foulard1

Երկար մազերու պարագային, կարելի է վզկապը մազերուն հետ հիւսել եւ գեղեցիկ մազի յարդարանք մը ստանալ:

6.- Վզկապը հանգուցել պայուսակի կոթին:

7-16-15_foulard2

Ինչպէս նկարին վրայ կը տեսնենք, խոշոր, միագոյն պայուսակի մը կոթին հանգուցուած գունաւոր վզկապ մը բոլորովին տարբեր դրոշմ մը տուած է անոր:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
5 Հնարք

1

7-16-15_brush

Եթէ հագուստի, մազի կամ կօշիկի խոզանակը հինցած եւ փափկացած է եւ գործի չի ծառայեր, զայն մխրճեցէք քացախի մէջ, որպէսզի վերագտնէ իր նախկին վիճակը:

2

EGA0039

Մետաքսեայ վզկապներն ու շապիկները իւրայատուկ փայլ կը ստանան եւ աւելի դիւրին կ՛արդուկուին, եթէ ցօղուելու ջուրին մէջ սուրճի դգալ մը շաքարաւազ լուծէք:

3

7-16-15_moule-glacon-vin

Եթէ շիշի յատակին գինի մնացած է, մի՛ թափէք, այլ լեցուցէք որեւէ կաղապարի մէջ եւ սառցարանը պահեցէք եւ աւելի ուշ օգտագործեցէք թացաններու կամ մսեղէններու պատրաստութեան մէջ:

4

7-16-15_Lherbe-à-chats-2

Եթէ տունը շուն կամ կատու ունիք եւ անոնք կը վնասեն ձեր բոյսերուն, հողին մէջ կասիայի ցպիկներ մխրճեցէք կամ հողին երեսին` կիտրոնի չոր կեղեւներ:

5

7-16-15_pommes-de-terre

Որպէսզի գետնախնձորը ծիլեր չարձակէ, անոնց կողքին քանի մը խնձոր դրէք:

 

Խոհագիր

Պանիրով Գնդակներ

Boules-de-kiriՇատ դիւրին եւ արագ պատրաստուող պանիրով գնդակները գնահատուած են բոլորէն` թէ՛ իրենց տեսքին եւ թէ՛ համին պատճառով: Զանոնք կարելի է հրամցնել խմիչքի հետ, յատկապէս` գինիի եւ կամ ճաշի աւարտին, պանիրի ափսէին մէկ անկիւնը:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են`

– Պանիր (քիրի, ֆեթա կամ այծի)
– Շուշմայ
– Սեւ գնդիկ
– Մանրուած պիստակ
– Չոր քրամպըրի
– Արեւածաղիկի կուտ
– Մանր լոլիկներ (թոմաթ սըրիզ)
– Խաղողի հատիկներ
– Կաղին

Պատրաստութիւն.

Պանիրը մաքուր ափերով պզտիկ գնդակներու վերածել, անոնց կեդրոնը լոլիկի կամ խաղողի հատիկ մը տեղաւորելով, զանոնք կարելի է փոխարինել նաեւ կաղինով:

Ստացուած գնդակները ըստ ճաշակի թաթխել սեւագնդիկի, շուշմայի, մանրուած պիստակի, մանրուած չոր քրամպըրիի, կարմիր պղպեղի մէջ եւ սառնարանը պահել առնուազն մէկ ժամ:

Հրամցնելու պահուն զանոնք փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ:

Կարելի է լոլիկը, խաղողը կամ կաղինը զանց ընել եւ բաւարարուիլ միայն պանիրով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Միշտ Նոյն Խոհերի
Շշուկին Հլու

Միշտ նոյն խոհերի շշուկին հլու,
Միշտ նոյն կարօտի կսկիծը պահած`
Ես դուրս եմ գալիս նորից շրջելու
Նեղ փողոցներն ու կրկէսները բաց:
Շփոթ նուագով աղմուկ ու սուլոց
Շարժում են առաջ օրը ժրաջան –
Բոցոտ խնջոյքում, ձուլուած խինդ ու կոծ,
Հիւսել են կեանքի կախարդուած շրջան:
Հապճեպ հոսանքում ե՛ւ մարդ, ե՛ւ անիւ,
Ալեկոծութեամբ մի խայտանկար
Խենթ փողոցների բաւիղներն անթիւ
Ջրերի նըման խառնում են իրար:
Ամեհի ձայնով երկաթն է խօսում,
Պողպատն է ճչում շաչիւնով դողդոջ –
Եւ բազմաղաղակ օրերի լեզուն
Հնչում է այստեղ, որպէս մարտակոչ:
Այս աղմկահիւս կեանքի խենթ բոցում
Այրում է սիրտըս սրբազան մի դող,
Յուզում է հոգիս մի վեհ հիացում,
Եւ սարսափելին` թւում է դիւթող…
Մաշուած է կեանքըս վշտում անաղարտ
Եւ տառապանքի օրերում յամառ,
Բայց ցաւած սիրտըս բացել եմ հպարտ,
Նորից ու նորից սիրելու համար:
Ուզում եմ, վաղուայ ցնծութեան գուշակ`
Կարօտըս նետած լուսեղէն հեռուն,
Վառե՜լ երգերըս, որպէս դրօշակ,
Ու մեռնե՜լ, որպէս հերոսն է մեռնում…
Զարթէ՛ք, երգեր իմ, ժամ է հնչելու,
Զինելու նորից գնդերը ցրիւ,
Մեռած սրտերը կեանքի կոչելու
Եւ բորբոքելու, զայրոյթ ու կռիւ…

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>