Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ռոզա Փարքս ծնած է 1913 թուականին, Ալապամա (Մ. Նահանգներ), սեւամորթ այս կինը 42 տարեկանին ակամայ հռչակաւոր դարձաւ, երբ 1 դեկտեմբեր 1955-ին մերժեց իր տեղը զիջիլ սպիտակամորթի մը…
Արդարեւ, Մոնկոմըրիի հանրաշարժներէն մէկուն վարորդը Ռոզայէն կը պահանջէ անմիջապէս իր տեղը զիջիլ սպիտակամորթ յաճախորդին: 42-ամեայ դերձակուհին չ՛ենթարկուիր վարորդին հրահանգին եւ այդ իսկ պատճառով անմիջապէս կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի եւ 15 տոլարի տուգանքի կ՛ենթարկուի:
Թէեւ Ռոզա Փարքսէն առաջ 2 սեւամորթներ նոյն յանդգնութիւնը ունեցած էին, սակայն անոր ձերբակալութիւնը մեծ ընդվզում կ՛առաջացնէ եւ յաջորդ օրն իսկ ափրիկեւամերիկեան համայնքի 50 ղեկավարներ, Մարթին Լութըր Քինկի առաջնորդութեամբ, կը հաւաքուին խորհրդակցելու եւ պատահածին դէմ բողոքելու համար: Անոնք կը ստեղծեն Մոնկոմըրիի բարեկարգումի կազմակերպութիւնը, իրենց պահանջները կը ճշդեն եւ ամբողջ 38 օր պոյքոթի կ՛ենթարկեն Մոնկոմըրիի հանրաշարժները: Որպէս հետեւանք` Գերագոյն խորհուրդը կը բեկանէ հանրաշարժներուն մէջ սեւամորթներու դէմ ճշդուած օրէնքները, զանոնք հակասահմանադրական համարելով:
Աւելի ուշ Ռոզա Փարքս Ամերիկայի խորհրդարանին կողմէ կը ճանչցուի որպէս «Քաղաքացիական իրաւունքներու շարժման մայր»:
Փարքս կը մեռնի 2005-ին, Տիթրոյիթ. անոր թաղման արարողութիւնը կը կատարուի մեծ շուքով: Ներկայ կ՛ըլլան` նախագահը, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ արուեստագէտներ:
Հանրաշարժը, ուր ձերբակալուած էր Փարքս, կը ծածկուի սեւ եւ կարմիր պատանքով, մինչ Ռ. Թ. Ա. հանրաշարժի ընկերութիւնը յարգանքի խօսք կ՛ուղղէ այն «կնոջ, որ ոտքի կանգնեցաւ նստած մնալով»:
Բրդեայ Գազակներ Կրկին Օգտագործելու
5 Հետաքրքրական Ձեւեր
Եթէ ձեր պահարանին մէջ ունիք բրդեայ գազակ մը, որմէ ձանձրացած էք, կամ` հինցած է, մի՛ նետէք զայն, քանի որ մկրատի քանի մը հարուածով կրնաք նոր կեանք տալ անոր եւ ստանալ`
Ա.- Ծաղկամանի բրդեայ «հագուստ» մը:
Այս պարագային կարելի է օգտագործել գազակին թեւի բաժինը:
Բ.- Պայուսակ մը:
Առաւելաբար օգտագործելով մարմնի բաժինը:
Գ.- Փոքրիկ գորգ մը:
Թեւերէն ձերբազատելով կրնաք ստանալ ուղղանկիւն քառանկիւն փոքրիկ գորգ մը, որ կարելի է զետեղել բազկաթոռին կամ մահճակալին առջեւ:
Դ.- Բջիջայինի պահպանակ մը:
Այս պարզ եւ ճաշակաւոր պահպանակին համար դարձեալ օգտագործել թեւերը:
Ե.- Կարճ փէշ մը:
Բրդեայ գազակին մարմնի բաժինը օգտագործելով, կրնաք ստանալ բրդեայ կարճ փէշ մը` ձեզի կամ ձեր աղջնակին համար:
Խորհուրդ` Կազմուածքով
Լեցուն Կիներուն Համար
-1-
Ընտրեցէ՛ք թեթեւ եւ թոյլ կտորներ, որոնք չեն շեշտեր ձեր փորը կամ այլ շեշտուած մասեր:
-2-
Հրաժարեցէ՛ք կոնքէն սկսող ճինզերէն, որոնք կը շեշտեն փորը: Նոյնպէս` հրաժարեցէք շատ նեղ ու մարմնին ձեւը առնող տեսակներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք «քուփ սիկարեթ» տեսակներուն:
-3-
Առհասարակ խուսափեցէ՛ք գծաւոր, ծաղկաւոր եւ ֆոսֆորային գոյներով հագուստներէն: Նախապատուութիւնը տուէք չէզոք եւ միագոյն տեսակներուն, իսկ անոնց զուարթ տեսք տալու համար դիմեցէք աքսեսուարներուն:
-4-
Հրաժարեցէ՛ք փոթով, վոլաններով փէշերէն, որոնք աւելի ծաւալ կու տան եւ կը շեշտեն ձեր կոնքերը:
-5-
Խուսափեցէ՛ք անթեւ հագուստներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք քիչ մը լայն եւ առնուազն մինչեւ արմուկ երկարող տեսակներուն:
-6-
Ունեցէ՛ք միագոյն, ուղիղ կտրուածքով բաճկոն մը եւ զայն կրեցէք առանց կոճկելու: Այս ձեւի բաճկոն մը կը ծածկէ ձեր փոքրիկ թերութիւնները եւ որոշ վայելչութիւն կու տայ:
-7-
Հրաժարեցէ՛ք կարճ մոյկերէն, որոնք կը շեշտեն ձեր հաստ սրունքները: Նախապատուութիւնը տուէք երկար մոյկերուն եւ միջին բարձրութեամբ կօշիկներուն: Յիշեցնենք, որ մարզական, ինչպէս նաեւ տափակ կօշիկները կանացի չեն եւ կը վնասեն ձեր իգական տեսքին:
-8-
Եթէ մեծ կուրծքեր ունիք, նախապատուութիւնը տուէք կլոր կամ քառակուսի կտրուածք ունեցող օձիքներուն:
-9-
Հրաժարեցէ՛ք խոշոր եւ ցցուն գրպաններով օժտուած բաճկոններէն եւ տաբատներէն:
-10-
Վերջապէս, խուսափեցէ՛ք փաթ տ՛էլեֆան տաբատներէն եւ պլուզոն կոչուած կարճ բաճկոններէն, որոնք սլացիք երեւալու ձեր բոլոր յոյսերը կը չքացնեն:
Գեղեցկագիտական
Դէմքի Ճափոնական Ծեփուկ
Ճափոնական այս բաղադրատոմսը կ՛օգնէ ջնջելու տարիներու հետքը դէմքէն` աւելի երիտասարդ տեսք տալով մորթին:
Պատահական չէ, որ բրինձը ճափոնական սննդականոնի անբաժան մէկ մասն է: Անիկա հարուստ է Պէ. կենսանիւթով, որ կը նպաստէ արեան շրջանառութեան, բջիջներու վերականգնման եւ աճին` կանխարգիլելով վաղաժամ ծերութիւնը:
Ճափոնական այս ծեփուկի օգտագործումէն ետք դէմքին մորթը կը դառնայ աւելի բաց գոյնի, փափուկ եւ թաւշեայ:
Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են:
– 2-3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ տաք կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
Առաջին հերթին եփել բրինձը` մինչեւ փափկանայ, ապա պաղ ջուրի տակ բռնել եւ քամոցի մէջ փոխադրել: Ցամքած բրինձին աւելցնել կաթն ու մեղրը եւ լաւ խառնել:
Ծեփուկը քսելէ առաջ դէմքը լուալ, տարածել խիւսը, ձգել 5 վայրկեան, ապա դէմքը լուալ աւելցած բրինձի ջուրով. վերջինս իր կարգին հարուստ է սնուցիչ նիւթերով եւ անթիօքսիտաններով:
Խոհագիր
Ճակնդեղով Եւ
Գետնախնձորով Աղցան
Բաղադրութիւն
1/2 քկ. կարմիր ճակնդեղ` խաշած, կեղւուած ու խորանարդաձեւ մանրուած
5 ապուրի դգալ մայոնեզ
1 ապուրի դգալ թարմ սեր (քրեմ ֆրէշ) կամ սմեթան (թթուասեր)
1 պճեղ սխտոր` ճզմուած
1 պզտիկ սոխ` մանրուած
2 կանաչ սոխ` մանրուած
2 ա. դգալ կարմիր քացախ
2 ա. դգալ մանրուած ազատքեղ
1/2 գաւաթ խոշոր մանրուած ընկոյզ
Կարմիր կաղամբի տերեւներ
1/2 քկ. գետնախնձոր` խաշած, կեղւուած եւ մանրուած
Աղ` ըստ պահանջի
Պատրաստութիւն
Անջատել կարմիր կաղամբին տերեւները (ընտրել փոքր եւ գեղեցիկ տերեւներ), թրջել ջուրին մէջ, լուալ եւ ցամքեցնել:
Լեցնել կաղամբի տերեւները վերոնշեալ աղցանով, շարել կանաչ հազարի տերեւներուն վրայ, վրան ազատքեղ եւ ընկոյզ ցանել, հիւրասիրել որպէս թարմ աղցան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Բարի Ճանապարհ
Եթէ աշխարհիս ճանապարհները
Լինէին միակողանի լոկ գալու համար
Եւ ոչ գնալու…
Դու ինձ կարող ես հիմա չլսել.
Եւ մի էլ լսիր.
Գնա,
Որ ինքդ նոյնը հասկանաս
Եւ հասկանալով նաեւ հասկացնես,
Որ աշխարհումս ճշմարտութիւնը չի հետազօտւում,
Ճշմարտութիւնը ապրւում է լոկ:
– Բարի ճանապարհ.
Կեանքի վճռական բոլոր պահերին
Միշտ էլ լռում են մի քանի րոպէ.
Այդպէս է նաեւ ճանապարհելիս.
Եւ կարճ են խօսում ճանապարհելիս
Նաեւ հապշտապ.
Ահա թէ ինչու հոգուս խորքերում ու լեզուիս վրայ
Բազմակետերն են խօսքերին յաղթում,
Եւ ինչ – որ զեռուն բառեր են վխտում-
«Ի հարկէ… Սակայն… եւ այսուհանդերձ»…
Եւ այսուհանդերձ, թերեւս գուցէ
– Բարի… վերադարձ:ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ