Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մարդկային մարմնի ամենակարեւոր գործարանը ուղեղն է: Անիկա մեր հարստութիւնն է, հետեւաբար պէտք է գուրգուրանք անոր վրայ եւ պաշտպանենք 9 վտանգաւոր սովորութիւններէ, որոնք քիչ-քիչ կը սպաննեն զայն:
1
Նախաճաշը ջնջելը:
Մարդիկ, որոնք առտուան նախաճաշը կը ջնջեն, անոնց արեան մէջ շաքարի պակաս կը նկատուի, ինչ որ կը վնասէ ուղեղին աշխուժ աշխատանքին:
2
Շատ ուտելը:
Շատ ուտելը, բայց մանաւանդ իւղոտ ուտելիքներու չարաշահումը կը բարձրացնէ ուղեղի անօթներու քոլեսթերոլի մակարդակը, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ուղեղի աշխատանքին վրայ:
3
Ծխելը:
Ծխելը վնասակար է ուղեղի գործունէութեան համար, քանի որ կը սպաննէ բջիջները: Իսկ լուրջ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ ծխելը կրնայ ալզայմըր հիւանդութեան յառաջացման պատճառ դառնալ:
4
Ապականած օդը:
Ասիկա անշուշտ ձեզմէ կախեալ չէ, սակայն եթէ ապականած միջավայրի մէջ էք եւ յաճախ թթուածինի պակաս կայ, ձեր ուղեղին աշխատանքը կը դանդաղի: Որքան թարմ է օդը, այնքան աւելի աշխուժ կ՛աշխատի ձեր ուղեղը:
5
Քունի պակաս:
Քունի պակասը կը դանդաղեցնէ ուղեղին գործունէութիւնը, կը տուժեն ընկալումի եւ կեդրոնացումի կարողութիւնները: Սակայն ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ քունի պակասը կ՛առաջնորդէ ուղեղի բջիջներու դանդաղ մահուան:
6
Ալքոլ եւ թմրանիւթեր:
Ասոնք անդարձ եւ ծանր վնաս կը պատճառեն ուղեղին եւ կը խախտեն անոր աշխատանքը:
7
Աշխատանք` հիւանդութեան ժամանակ:
Երբ մարդ հիւանդ է, ծանր աշխատանքը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոր ուղեղին գործունէութեան վրայ, քանի որ մարմինը կը սկսի իր պահեստային միջոցները օգտագործել` հիւանդութեան դէմ պայքարելու համար: Նման պարագայի ուղեղը բաւարար քանակութեամբ թթուածին չի ստանար:
8
Խթանման ու զարգացման պակաս:
Պէտք է ուղեղը մշտապէս զարգացնել, հետեւաբար տեւաբար պատկերասփիւռ դիտելու փոխարէն` կարելի է նաեւ գիրք կարդալ, խաչբառ լուծել կամ ճատրակ խաղալ:
9
Սակաւախօսութիւնը:
Խօսիլը նոյնպէս ուղեղի խթանման միջոց է: Դուք խօսելով, հաղորդակցելով` կը մարզէք ձեր ուղեղը եւ մշտական աշխուժութեան մէջ կը պահէք զայն:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
1
Եթէ մրջիւնները նուաճած են ձեր տունը, դիմեցէք կասիայի փոշիին. զայն ցանեցէք մրջիւններու ճամբու երկայնքին, ինչպէս նաեւ` մրջնանոցին չորս կողմը:
2
Ձեր բնակարանը պիծակներէն պաշտպանելու համար առէք կիտրոն մը եւ անոր վրայ գամեցէք մեխակի գամեր: Ի հարկին պատրաստեցէք մէկէ աւելի կիտրոններ եւ զանոնք զետեղեցէք պատուհաններուն եզրին:
3
Մժեղները հեռու քշելու համար ամանի մը մէջ ջուր եւ հեղուկ օճառ խառնեցէք, ապա զայն զետեղեցէք մօտակայ սեղանին վրայ:
4
Կանաչ սխտորի տունկերը նոյնպէս ձեր բնակարանը կը պաշտպանեն մժեղներէն:
5
Մլուկները նոյնպէս անբաղձալի միջատներ են. անոնցմէ ձերբազատելու համար վառած ածուխի վրայ խնկունիի ցօղուններ այրեցէք:
6
Ձեր պահարանները ցեցերէն պաշտպանելու համար դիմեցէք խնկունիին, անանուխին, մեխակի գամերուն, ինչպէս նաեւ` կիտրոնի կեղեւին: Կտորէ փոքրիկ ծրարիկներու մէջ դրէք վերը յիշուածներէն քանի մը հատը, ապա զանոնք զետեղեցէք պահարաններուն դարաններուն վրայ կամ գզրոցներուն մէջ:
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Անքնութեան Մասին
Մարդ տարիքը առնելով` անոր մօտ քունի պահանջը կը պակսի:
ՍԽԱԼ: Տարիքի հետ քունի ընդհանուր տեւողութիւնը չի կրճատուիր (կամ` շատ քիչ). սակայն քունը կը դառնայ աւելի թեթեւ եւ յաճախակի ընդհատումներով:
* * *
Միջին հաշուով գիշերը 8 ժամ պէտք է քնանալ:
ՍԽԱԼ: Չափահասի մը քունի տեւողութիւնը միջին հաշուով 8 ժամ է. սակայն ոմանց մօտ 6 ժամը արդէն բաւարար է: Վերջնական եւ կտրուկ չափանիշներ չկան. կարեւորը օրուան ընթացքին հանգիստ եւ կազդուրուած զգալն է:
* * *
Լոյսը կը խանգարէ քունը:
ՃԻՇԴ: Լոյսը կը դանդաղեցնէ մելաթոնին կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ՛աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:
* * *
Լաւ քնանալու գրաւականը տաք լոգանք առնելն է:
ՍԽԱԼ: Նախքան քնանալը` թելադրելի է գաղջ լոգանք առնել, քանի որ տաք լոգանքը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, որ իր կարգին կը խանգարէ քունը:
* * *
Անքնութիւնը ընկճախտի ու ծանր մտահոգութեան հետեւանք է:
ՃԻՇԴ: Սակայն ընկճախտն ու ծանր մտահոգութիւնը միակ պատճառները չեն. հոգեկան ցնցում մը, մտահոգութիւններ, արտաքին ձայներ, որոշ դեղահատեր եւ հիւանդութիւններ եւս քուն խանգարող ազդակներ են:
* * *
Ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քունին:
ՍԽԱԼ: Թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի եւ քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ շատ անկանոն եւ յաճախակի ընդհատումներով:
* * *
Յետմիջօրէի մրափը (սիեսթը) կը խանգարէ գիշերային քունը:
ՍԽԱԼ: Սիեսթը ոչ մէկ անդրադարձ ունի գիշերային քունին վրայ, եթէ անիկա կէս ժամը չ՛անցնիր: Սակայն եթէ անիկա երկարատեւ ըլլայ, անկասկած որ իր բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները`
Պտուղներուն Եւ Բանջարեղէններուն Մասին
-1-
Սառած բանջարեղէնները նուազ կենսանիւթ եւ հանքային կը պարունակեն, քան` թարմերը:
ՍԽԱԼ, յաճախ քաղուած, լուացուած, կտրտուած եւ արագ սառեցուած բանջարեղէնները աւելի պահած կ՛ըլլան իրենց սննդական արժէքները, քան` օրերով շուկայի դարաններուն վրայ կամ սառնարանին գզրոցներուն մէջ զետեղուածները:
-2-
Թարմ պտուղի հիւթը նուազ ջերմուժ կը պարունակէ քան` շիշով վաճառուողը:
ՍԽԱԼ, երկուքն ալ նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն, սակայն թարմին առաւելութիւնը այն է, որ աւելի բնաթել եւ կենսանիւթ կը պարունակէ անմիջապէս խմուելու պարագային:
-3-
Հնդկընկոյզը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ:
ՍԽԱԼ, իւրաքանչիւր 100 կրամը համազօր է 350 ջերմուժի, այսինքն նոյնքան, որքան` տապկուած գետնախնձորը:
-4-
Սեւ ձիթապտուղը աւելի իւղոտ է, քան կանաչը:
ՃԻՇԴ, սեւ ձիթապտուղը կրկնակի իւղոտ է, քան կանաչը, այն իմաստով, որ կանաչը տակաւին հասած չըլլար եւ բնականաբար նուազ յագեցած կ՛ըլլայ իւղերով:
-5-
Աւոքատոն իւղոտ պտուղ է:
ՃԻՇԴ, աւոքատոն գրեթէ նոյնքան իւղոտ է, որքան անթրըքոթ միսը. այսուհանդերձ, զայն պէտք չէ զեղչել ճաշացուցակէն, քանի որ հարուստ է Էօ. կենսանիւթով: Թելադրելի է զայն ուտել քիչ մը քացախ կամ կիտրոնի հիւթ աւելցնելով:
Խոհագիր
Կովու Ֆիլէով Եւ Սունկով Աղցան
Բաղադրութիւն
750 կրամ կովու ֆիլէ
1 միջակ տուփ մանրուած սունկ` ջուրէն ցամքած
1 կարմիր կամ կանաչ պղպեղ` երիզաձեւ կտրուած
1/3 գաւաթ կարմիր քացախ
1/4 գաւաթ ձէթ
1/4 թէյի դգալ չոր թարխուն
1/2 թէյի դգալ աղ
1/2 թէյի դգալ worcestershire sauce
1/4 թէյի դգալ պղպեղ
2 պճեղ սխտոր` ճզմուած
Աղցանի բանջարեղէններ
Պատրաստութիւն
Տաքցնել փուռը 500°F/230°C = 8 ջերմութեամբ: Զետեղել միսը կասկարայի վրայ եւ խորովել 4-5 սմ կրակէն հեռու, 15 վայրկեան իւրաքանչիւր կողմի վրայ: Պաղեցնել եւ երիզաձեւ կտրել միսը եւ 1 սմ չափով: Զետեղել ափսէին մէջ, դնել սունկը միսին վրայ, երեսը դնել պղպեղի երիզանման շերտերը:
Խառնել միասին մնացեալ բաղադրութիւնները` բացի կանաչեղէնէն, թափել միսին եւ բանջարեղէնին վրայ: Ծածկել եւ սառնարանը դնել 3 ժամ: Մերթ ընդ մերթ դգալով թացանը բանջարեղէնին վրայ տարածել: Հանել միսը եւ բանջարեղէնը ծակտիկաւոր շերեփով եւ դնել աղցանի կանաչեղէններուն վրայ: Զարդարել եւ հիւրասիրել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նմանութիւն
Եթէ մի օր, անուշ ընկեր,
Գաս այցելու իմ շիրմին
Ու նորաբոյս վառ ծաղիկներ
Տեսնես փըռուած չորս կողմին,Դու չըկարծես, թէ հասարակ
Ծաղիկներ են ոտքիդ տակ,
Կամ թէ գարունն է այն բերել,
Իմ նոր տունը զարդարել:Նրանք չերգած իմ երգերն են,
Որ սրտումըս ես տարայ,
Նրանք սիրոյ էն խօսքերն են,
Որ դեռ չասած ես մեռայ:ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ