Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ յուլիսին լոյս տեսաւ Նազիկ Արմէնակեանի «Վերապրածներ» գիրքը: Տարիներու աշխատանք պահանջած է, որպէսզի լուսանկարիչը հաւաքէ Հայաստանի տարբեր շրջաններ բնակող 45 վերապրածներու անձնական պատմութիւնները եւ լուսանկարչական մեքենայի միջոցով արձանագրէ անոնց աչքերուն մէջի սարսափի դրոշմը:
«Վերապրածներ» գիրքին շնորհահանդէսը կայացաւ Երեւան` արուեստասէրներու եւ Նազիկ Արմէնակեանի բարեկամներու ներկայութեամբ, սեղմ շրջանակի մէջ:
«Ես, անշուշտ չէի պատկերացներ, թէ ինչ լուրջ աշխատանքի կը նախաձեռնէի: Պէտք էր մեծ թիւով վերապրածներ լուսանկարէի, առանց ժամանակ կորսնցնելու, երբ անոնք տակաւին լաւ վիճակի մէջ էին եւ աւելի շատ բան կը յիշէին», յայտնած է հեղինակը:
Լուսանկարիչը նաեւ կը պատմէ, թէ որքան դժուարութեամբ կը գտնէր վերապրածները. ունէր միայն հասցէներ: Պատահած է, որ քանի մը գիւղ հասած եւ անոնցմէ ոչ մէկը ողջ գտած է:
«Վերապրածներ» պատկերագիրքը Նազիկ Արմէնակեանին երկրորդ գիրքն է «Մենակութիւն շտամպ»-էն ետք: 1000 տպաքանակ ունեցող գիրքը պիտի բաժնուի վերապրածներու ընտանիքներուն, գիրքի պատրաստութեան մէջ ներդրում ունեցող անձերուն, մաս մըն ալ պիտի վաճառուի: Գիրքը ունի նաեւ իր անգլերէն տարբերակը:
Առողջապահական
Կծուն Կը Պաշտպանէ…
Կծու ուտելիքներու օգտագործումը, առնուազն շաբաթը 3 անգամ, զգալիօրէն կը կրճատէ քաղցկեղէ եւ սիրտի հիւանդութիւններէ վաղաժամ մահանալու վտանգէն: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած է ամերիկացի, բրիտանացի եւ չին գիտնականներու խումբ մը:
Արդարեւ, Օքսֆորտ համալսարանի, Հարվըրտ առողջապահական դպրոցի եւ բժշկական գիտութիւններու չինական ակադեմիայի հետազօտները յայտնաբերած են, որ շաբաթական 2-3 անգամ կծու ուտելիքներ օգտագործողներուն մօտ մահուան հաւանականութիւնը 14 տոկոսով նուազ է, քան անոնց մօտ, որոնք կծու կ՛օգտագործեն շաբաթը մէկ անգամ:
Ըստ գիտնականներուն, կծու ուտելիքներու օգտագործումը, առաջին հերթին, կը պաշտպանէ քաղցկեղէն, սիրտի եւ շնչառութեան կապուած հիւանդութիւններէն:
Հետազօտութեան հեղինակները ուսումնասիրած են 30-79 տարեկան 487 հազար չիներ: Հետազօտութեան ընթացքին բոլոր կամաւորները մանրամասնօրէն պատմած են իրենց սննդական նախընտրութիւններուն եւ ընդհանուր ինքնազգացողութեան մասին: Անոնց մօտէն հետեւած են 7 տարի, եւ այդ ընթացքին մահացած են 20.224 մարդ: Մահացածներուն մեծ մասը գրեթէ չէ օգտագործած կծու կերակուրներ:
Առողջապահական
10 Համոզիչ Պատճառներ`
Թուզ Ուտելու Համար
-1-
Թուզը կը կանխարգիլէ փրոսթաթի, ստինքի եւ յամրաղիի քաղցկեղը:
-2-
Թուզը կը նուազեցնէ քոլեսթերոլին տոկոսը արեան մէջ:
-3-
Թուզին տերեւները բուժիչ յատկութիւն ունին. անոնք կ՛օգնեն շաքարախտաւորներուն նուազեցնելու էնսիւլինը:
-4-
Թուզը կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կը կանխարգիլէ արեան տկարութիւնը:
-5-
Թուզը ունի լուծողական յատկութիւն. անիկա կը կարգաւորէ աղիքային խանգարումները:
-6-
Թուզը հարուստ է կիրով եւ կ՛օգնէ դարմանելու կաթնեղէններու դէմ գերզգայնութիւնները:
-7-
Թուզը հարուստ է հանքայիններով` կիր, պղինձ, փոթասիոմ, մանկանէզ, երկաթ, սէլէնիոմ, զինկ… իսկ այս հանքայիններէն ոմանք կը կանխարգիլեն սրտանօթային հիւանդութիւնները, երակներու խցանումը եւ արեան գերճնշումը:
-8-
Թուզը նոյնքան հարուստ է հակաօքսիտաններով, որքան խնձորը, ինչ որ կը դանդաղեցնէ բջիջներու ծերացումը, եւ աւելի երկար ժամանակ երիտասարդ կը պահէ:
-9-
Թուզը օգտակար է երիկամունքներուն եւ ստամոքսին, կը ծառայէ որպէս միզամուղ:
-10-
Թուզը կը կանոնաւորէ սիրտի ուժեղ բաբախումները: Անիկա օգտակար է նաեւ փայծաղի եւ լեարդի հիւանդութիւններու պարագային:
Յիշենք, որ թուզը բաւական մեծ քանակութեամբ շաքար կը պարունակէ, հետեւաբար պէտք է չափաւորել անոր օգտագործումը: Թուզը կարելի է սպառել որպէս պտուղ, նաեւ` որպէս աղանդեր: Մեր օրերուն խոհարարներ թուզով կը պատրաստեն կերակրատեսակներ: Թուզ կը հրամցուի նաեւ պանրեղէնի հետ:
Նորաձեւութիւն
2015-2016 Աշուն-Ձմեռ
Նորաձեւութիւն
Արդէն շաբաթներ առաջ նորաձեւութեան տուները (Շանել, Տիոր, Քըէ, Նինա Ռիչի, Լանվեն, Սեն Լորան եւ այլն…) ներկայացուցին 2015-2016 աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան իրենց հաւաքածոները: Մասնագէտներու կարծիքով, ոճի մեծ յեղաշրջումներ կան, այլ կայ հինի վերադարձ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յառաջիկայ զոյգ եղանակներու նորաձեւութեան գլխաւոր կէտերը:
– Ոչխարի մորթէ եւ առհասարակ մուշտակէ պատրաստուած ժիլէներ:
– Պլուզոն բաճկոններ:
– Մուշտակէ ճոխ եւ խոշոր օձիքներ:
– 70-ական թուականներու «պոհեմ» երկար հագուստներ:
– Տարբեր չափի քափեր (ուսնոցներ):
– Վոլանով փէշեր:
– Ծոպերով օժտուած հագուստներ եւ աքսեսուարներ:
– Կրունկէն 10-15 սմ վեր` լայն տաբատներ:
– Էքոսէ բաճկոններ եւ վերարկուներ:
– Միտի փէշեր, որոնց հասակը կ՛երկարի մինչեւ սրունք:
– Քոլ ռուլէ օձիքով բրդեղէններ:
– Վառ կարմիր փէշեր, հագուստներ, վերարկուներ:
– Տարբեր ձեւի եւ չափի ֆուլարներ:
– Առանց կոճակի եւ լայն գօտիով օժտուած վերարկուներ:
Այս բոլորը կը վերաբերին ցերեկային հագուստներուն եւ ոչ` հոթ քութիւրին:
Նկարները աւելի խօսուն են եւ կը վկայեն վերը յիշուածները:
Խոհագիր
Անտիւով Աղցան
Բաղադրութիւն
2 անտիւ (եղերդակ) 4 մասերու բաժնուած
2 ճակնդեղ` խաշած, կեղւուած եւ շերտուած
1 հատ կարմիր խնձոր` շերտերու բաժնուած
1/2 գաւաթ ռոքֆոր կապոյտ պանիր
1/2 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
Ռոքֆորի Թացան (Սօս)
100 կրամ ռոքֆոր պանիր
1/2 գաւաթ թարմ սեր (քրէմ ֆրէշ)
1 ապուրի դգալ լեմոնի հիւթ կամ քացախ
2 ապուրի դգալ մայոնեզ
1 պճեղ սխտոր` ճզմուած
Պատրաստութիւն
1) Անտիւը (եղերդակ), խնձորը եւ ճակնդեղը գեղեցիկ ձեւով շարել աղցանի ներկայանալի պնակին մէջ:
2) Ընկոյզը եւ ռոքֆոր պանիրի կտորները տարածել վրան:
3) Պատրաստել ռոքֆորի թացան եւ միասին հիւրասիրել:
Թացանի Պատրաստութիւն
1) Ճզմել պանիրը, սխտորը եւ խառնել թարմ սերը:
2) Մեքենայ գործածելու պարագային զգուշութեամբ խառնել, աւելցնել լեմոնի հիւթը կամ քացախը: Շատ թանձր ըլլալու պարագային, քիչ մը ջուրով նօսրացնել զայն:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
… Ես ա՛յն եմ սիրում,
Երբ ձմեռ-ամառ… գարո՜ւմ է թւում,
Անծանօթ մի վայր քեզ… տո՜ւն է թւում.
Ոչ միայն նայում, այլ… տեսնո՛ւմ ես դու,
Ոչ թէ ունկնդրում, այլ… լսո՛ւմ ես դու,
Երբ սլանո՜ւմ ես
Եւ ոչ թէ` քայլո՛ւմ,
Երբ եւ այրւո՛ւմ ես, եւ ի՛նքըդ այրում…Ա՛յն, երբ աչքերը աչե՜ր են դառնում,
Խօսքերը սիրոյ կանչե՛ր են դառնում,
Սիրե՛րգ է դառնում ամէն մի հնչիւն,
Եւ արտաշնչո՜ւմն անգամ` Ներշնչում…Սիրում եմ սիրոյ այն հրա՜շքը սուրբ,
Երբ որ ձեռքերը դառնում են թեւեր,
Երբ թւում է, թէ շարժումից մի նուրբ,
Կարող ես մինչեւ աստղե՜րը թեւել.
Երբ կոշտ մատները թաւի՜շ են դառնում,
Արիւնը գարնան աւի՜շ է դառնում
Եւ ժամերն անգամ, հաշիւը խառնո՜ւմ,
Մոռանո՜ւմ են, թէ … ինչքան են տեւել…… Զգացե՞լ էք դուք պահն այդ երբեւէ..
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ
Խօսքեր` Կին Դէմքերէ
Կրնանք բանտարկել մարդ մը, բայց ոչ գաղափար մը: Կրնանք աքսորել մարդ մը, բայց ոչ գաղափար մը: Կրնաք սպաննել մարդ մը, բայց ոչ գաղափար մը:
ՊԵՆԱԶԻՐ ՊՈՒԹՕ
***
Երբեմն հարկաւոր է ճակատամարտ մը բազմաթիւ անգամներ մղել, զայն շահելու համար:
ՄԱՐԿԱՐԷԹ ԹԱՉԸՐ
***
Առանց լայնախոհութեան անկարելի է յաջողիլ:
ՄԱՐԹԱ ՍԹԻՈՒԸՐԹ
***
Քննադատութիւններուն պէտք է մօտենալ լրջութեամբ, եթէ անոնց մէջ ճշմարտութիւն եւ արժանիք կայ, օգտուեցէք անոնցմէ` սորվելու համար: Այլապէս` ամբողջովին արհամարհեցէք զանոնք:
ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ
***
Երբեք ետ չեմ դառնար: Միշտ դէպի ապագան կը նայիմ:
ՇԹԵՖԻ ԿՐԱՖ