Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Առասպելական ձեւագէտին գերող հմայքը միշտ զարմացուցած է շրջապատը:
Քոքօ Շանելը միշտ քալեր է հոսանքին հակառակ. ապրեր ու գործեր է, յաղթահարեր եւ յաջողեր է` կոտրելով բոլոր կարծրատիպերը: «Ըլլալ ուրիշներէն տարբեր` դիւրին է, սակայն ըլլալ իւրայատուկ` բարդ գործ է», ըսած է ան:
Ստորեւ` անկրկնելի ձեւագիտուհիին հինգ կարեւոր կանոնները` ուղղուած բոլոր կիներուն:
1.- «Եղի՛ր քու կեանքիդ հերոսուհին»
Շանել նշանաւոր ձեւագէտ դարձաւ ոչ ճակատագրի բերումով, այլ` իր սեփական ջանքերուն շնորհիւ: Ան ծնաւ աղքատ ընտանիքի մէջ, 6 տարեկանին որբացաւ: Ան մինչեւ նպատակին հասնիլը օրուան մէջ աշխատեցաւ որպէս դերձակուհի, իսկ երեկոյեան ելոյթ կ՛ունենար գիշերային զուարճանքի վայրերուն մէջ:
* * *
2.- «Պարզութեան ձգտէ ամէն ինչի մէջ»:
Իր հաւաքածոները յղանալու ժամանակ Շանել միշտ ընտրեց պարզը եւ գործնականը` հեռու մնալով աւելորդաբանութիւններէն:
* * *
3.- «Եղի՛ր իւրայատուկ»:
Կարելի է ուղղակի հիանալ այս կնոջ խիզախութեան վրայ: Ան հպարտօրէն ականջի ետին կը նետէր իր շուրջ հնչող ծաղրանքի խօսքերը, երբ Փարիզի փողոցներուն մէջ կը պտտէր տղամարդու տաբատով: Ան անվարան կ՛ըսէր. «Իմ յաջողութեան գլխաւոր գաղտնիքը այն է, որ ես ոչ ոքի կը նմանիմ»:
* * *
4.- «Ապրէ՛ քու կանոններովդ»:
Այն ժամանակաշրջանին, երբ կիները առանց շքեղ հագուստներու եւ փետուրներով զարդարուած գլխարկներու տունէն դուրս ելլել չէին համարձակեր, Քոքօ Շանել անոնց առաջարկեց տաբատ հագնիլ եւ սեփական կանոնները պարտադրել ուրիշներուն: Անոր խօսքով «Որպէսզի ապրիս սեփական կանոններով, պէտք է հաստատակամ ըլլաս եւ տիրապետես յամառութեան»:
* * *
5.- «Ջանա՛ միշտ հրաշալի տեսք ունենալ»:
Նորաձեւութիւնը կտորի, ձեւի, գոյնի եւ բաղադրիչներու միջոցով ինքնարտայայտման միջոց է: Շանել կը քննադատէր այն կիները, որոնք տունէն դուրս կ՛ելլէին չխնամուած, թափթփած տեսքով: Ան ամէն օր կարի արտադրամաս կու գար վայելուչ թայէօրով եւ համապատասխան աքսեսուարներով:
Փորձ-Հարցարան
Ընկերուհիի Կարիք Կը Զգա՞ք
Շատեր սրտակից ընկերուհիի մը կարիքը կը զգան, ուրիշներ` ոչ. դուք ո՞ր խումբին կը պատկանիք: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք պատասխանը:
1
Ամէնէն առաջ որո՞ւ կը պատմէք ձեր ամուսինին հետ վէճի մասին:
ա.- Ընկերուհիիս (2)
բ.- Մօրս (1)
գ.- ոչ ոքի (0)
2
Որո՞ւ հետ կը քննարկէք վերջերս կարդացած հետաքրքրական գիրքի մը մասին:
ա.- ամուսինիս (1)
բ.- ընկերուհիիս (2)
գ.- Ոչ ոքի (0)
3
Ինչի՞ մասին հեռաձայնով կը խօսիք ձեր ընկերուհիին հետ:
ա.- Ամէն ինչի մասին (2)
բ.- կարեւոր հարցերու մասին (1)
գ.- ընդհանրապէս հեռաձայնով խօսիլ չեմ սիրեր: (0)
4
Ամէնէն առաջ որմէ՞ դրամական օգնութիւն կը խնդրէք:
ա.- Ազգականներէս (1)
բ.- դրամատունէն (0)
գ.- ընկերուհիէս (2)
5
Ձեր տարեդարձը նշելու լաւագոյն տարբերակն է`
ա.- ընկերուհիներուս հետ հաւաքոյթը (2)
բ.- ամուսինիս հետ ռոմանթիք ընթրիք մը (1)
գ.- ընտանիքիս անդամներուն հետ փոքրիկ խրախճանք մը (0)
6
Որո՞ւ հետ շուկայ կ՛երթաք անձնական գնումներ ընելու համար:
ա.- Առանձին (0)
բ.- ընկերուհիիս (2)
գ.- ամուսինիս (1)
7
Ձեր զաւկին համար դպրոց պիտի ընտրէք, կը դիմէք`
ա.- համացանցի տեղեկութիւններուն (0)
բ.- ամուսինիս հետ կը խորհրդակցիմ (1)
գ.- ընկերուհիներուս փորձառութեան (2)
8
Ձեր մէկ կարեւոր յաջողութեան մասին պատմելու համար առաջին հերթին կը հեռաձայնէք`
ա.- մօրս (1)
բ.- ընկերուհիիս (2)
գ.- ոչ ոքի, երբ առիթը ներկայանայ, կ՛իմանան (0)
9
Եթէ շաբաթ մը կղզիի մը վրայ առանձնանալու հնարաւորութիւնը ունենաք, ձեզի հետ կը տանիք`
ա.- շատ սիրելի շնիկս (0)
բ.- մտերիմ ընկերուհիս (2)
գ.- ամուսինիս (1)
10
Ձեր կեանքը անիմաստ կը համարէք առանց`
ա.- անկեղծ ընկերուհիի մը (2)
բ.- մօր (1)
գ.- սմարթֆոնի (0)
Պատասխան
Եթէ դուք 1-6 միաւոր հաւաքեցիք, բնոյթով միայնակ անձ էք: Ընկերուհիներու հետ «պարապ» խօսակցութիւնները ժամանակի կորուստ կը համարէք: Համոզուած էք, որ բարձր արդիւնքներու կը հասնիք առանձին, քան` ուրիշներու օգնութեամբ: Սակայն գաղտնիք չէ, որ դուք ձեզ յաճախ առանձին կը զգաք, հետեւաբար կ՛արժէ, որ ձեր գինիին քիչ մը ջուր խառնէք:
* * *
Եթէ դուք 7-14 միաւոր հաւաքեցիք, ընկերուհիներ ունիք, սակայն առաջնահերթութիւնը կու տաք ընտանիքին եւ ամուսինին: Գործէն տուն վերադարձած ձեր ամուսինը չէք անտեսեր հեռաձայնով ընկերուհիին հետ քանի մը բառ աւելի խօսելու համար: Ձեր կեանքին մէջ մտերիմներէն իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի:
* * *
Եթէ 15-20 միաւոր հաւաքեցիք, դուք ընկերուհիի պակաս չունիք: Անոնք ձեզի թէ՛ խորհուրդ կու տան, թէ՛ կը սփոփեն եւ ի հարկին կը զուարճացնեն: Բայց երբեմն կը զգաք, որ ձեր ընկերուհիները կը սահմանափակեն ձեր ազատութիւնը եւ կ՛արգիլեն, որ դուք ինքնուրոյն որոշումներ տաք: Միւս կողմէ` ընտանիքի պարագաներն ալ իրենց կարգին կը նեղանան, որ օտար անձեր քաջածանօթ են ձեր ընտանիքի բոլոր անցուդարձերուն:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
4 Հնարքներ
Մուրճով աշխատանքը յաճախ գամ կը պահանջէ, որպէսզի աշխատանքը դիւրին ընթանայ, գամերը ձեր ձեռքէն կամ բերնէն չիյնան ու չկորսուին, ձեր մուրճին կոթին ծայրը կտոր մը մագնիս հաստատեցէք եւ գամերը հաստատեցէք վրան:
***
Ձեր երեխային «լեկօ» մանր կտորներէ բաղկացած խաղալիքը ժամանակի ընթացքին կ՛աղտոտի. զանոնք լուալու համար լեցուցէք ցանց-տոպրակի մը մէջ, բերանը ամուր կապեցէք եւ այլ լաթերու հետ լուացքի մեքենային մէջ լուացէք:
***
Խոհանոցի պահարանին փեղկի ներսի կողմէն թուղթէ թաշկինակի խաւաքարտէ տուփ մը հաստատեցէք, որպէսզի կարենաք հոն ամփոփել շուկայի կերպընկալ տոպրակները:
***
Հին կահոյքէ մը ձերբազատելէն առաջ մտածեցէք օգտագործել անոր գզրոցները: Պատին վրայ հաստատելով եւ գեղեցիկ բռնակներով օժտելով, կրնաք զանոնք օգտագործել զարդեղէնները դասաւորելու, գեղօրները ցուցադրելու կամ խոհանոցային իրեր ու անձեռոցիկներ տեղաւորելու համար:
Խոհագիր
Կասիայով Գլաններ
Բաղադրութիւն
Խմորը
Մէկ եւ քառորդ գաւաթ տաք ջուր
Մէկ ապուրի դգալ թթխմոր
Կէս գաւաթ տաք կաթ
Երկու ապուրի դգալ շաքար
Կէս թէյի դգալ աղ
Երկու ապուրի դգալ կարագ` կակուղցած
Երկուքուկէսէն երեք գաւաթ ալիւր կամ աւելի` ըստ պահանջի
Մէկ հաւկիթ
Միջուկը
Երեք ապուրի դգալ կակուղ կարագ
Մէկ գաւաթ սրճագոյն շաքար
Մէկ թէյի դգալ կասիա (տարչին) կամ աւելի` ըստ ցանկութեան
Մէկ գաւաթ չամիչ
Ծիրանի անուշ` երեսը քսելու
Պատրաստութիւն
Դնել երկուքուկէս գաւաթ ալիւրը, տաք ջուրը, թթխմորը, կաթը, աղը, շաքարը եւ հաւկիթը ելեկտրամեքենային մէջ եւ զարնել, մինչեւ որ բոլոր բաղադրութիւնները խառնուին իրարու հետ, եւ խմորը փափուկ ու սահուն դառնայ:
Աւելցնել կակուղ կարագը եւ կրկին զարնել: Առաւել եւս ալիւր աւելցնել խմորին, մինչեւ որ փափուկ դառնայ եւ ինքզինք հաւաքէ մեքենային մէկ անկիւնը ու գունդի վերածուի:
Հանել խմորը մեքենայէն, ծածկել խոհանոցի անձեռոցով եւ տաք տեղ մը պահել, մինչեւ որ թթուի ու կրկնապատկուի:
Խմորը փոխադրել ալիւրոտած սեղանի մը վրայ, գրտնակով բանալ եւ պատրաստել խոշոր կլորաձեւ կտոր մը:
Ծեփել վրան 3-4 ապուրի դգալ կարագը, ապա ցանել կասիան, սրճագոյն շաքարն ու չամիչը եւ փաթթել:
Կտրել գլանը եւ երկուքուկէսէն երեք սմ հաստութեամբ շերտերու վերածել: Զետեղել զանոնք ոչ կպչուն ափսէի մը մէջ եւ եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 375 0F/1800C = թիւ 4 ջերմութեամբ, մինչեւ որ ուռի եւ ծայրերը վարդագոյն դառնան:
Հանել փուռէն, վրձինով ծիրանի անուշ քսել վրան եւ հիւրասիրել տաք վիճակի մէջ` թէյի, սուրճի կամ օշարակի կողքին:
ԾԱՆՕԹ.- Յանձնարարելի է ուտել առտուան սուրճին հետ կամ նախաճաշին: Կը ստացուի 12 ռոլ:
Ոչ կպչուն ափսէ չունենալու պարագային թեթեւօրէն իւղոտել որեւէ ափսէ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անձրեւի Կաթիլ
Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
որ կ՛իյնայ մեկուսի,
կաթիլ մըն եմ անձրեւի
որ անուն չունի:Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
գիշերը սահող,
կաթիլ մըն եմ անձրեւի
ցերեկը բեկուող:Կաթիլ մըն եմ` երկինքի
ուլունքի նման,
կան լայն թեւեր թռիչքի
բայց ալ ոյժ չկայ:Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
առանձին կ՛ապրի,
անձրեւի այն շիթն եմ որ
իր տունը չունի:ԱՐԻՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
(1978-1993)