Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Աշնանամուտին, արձակուրդներէն ետք շատերու տրամադրութիւնը կ՛իյնայ. անոնք ճնշուածութիւն, թախիծ եւ ընկճուածութիւն կը զգան:
Այս վիճակէն աստիճանաբար դուրս գալու համար կ՛օգնեն` մարզանքը, շոփինկը (գնումի երթալը), թանգարաններ եւ ցուցասրահներ այցելելը եւ այլն…
Հոգեբաններու կարծիքով, սխալ է արձակուրդէն վերադարձի յաջորդ օրն իսկ գործի մեկնիլը: Պէտք է ինքզինքին քանի մը օր ժամանակ տալ` յարմարելու:
Միւս կողմէ, շատ ընդհանրացած է նաեւ աշնանային ընկճախտ կոչուածը: Մութ ամպեր, անձրեւ, գորշ ու մռայլ գոյներ… այս բոլորը կ՛ազդեն շատերու տրամադրութեան վրայ, անոնց մօտ կը նուազին լաւատեսութիւնը, կենսուրախութիւնը, առօրեան կը թուի տաղտկալի, տհաճ…
Հոգեբաններու կարծիքով, աշնանային ընկճախտին պատճառը լուսնային օրուան կարճանալն է, բայց նաեւ` ամպամած եղանակը եւ գորշ գոյները:
Աշնանային ընկճախտը ունի նաեւ գիտական բացատրութիւն: Արեւին շնորհած լոյսի եւ ջերմութեան զգալի նուազումը մարմնին մէջ կը նպաստէ մելանին կոչուած հորմոնի յառաջացման, ինչ որ կը նպաստէ ընկճախտի յայտնութեան:
Աշնանային ընկճախտին դէմ պայքարելու համար`
ա. կերէ՛ք կենսանիւթերով հարուստ թարմ բանջարեղէններ եւ պտուղներ: Նաեւ տուրմ կ՛երէք, բայց չչափազանցէ՛ք:
բ.- Հրաժարեցէ՛ք սուրճէն եւ նախապատուութիւնը տուէք խոտաբուսային տաք խմիչքներուն:
գ.- Քնացէ՛ք. քունը լաւագոյն դեղամիջոցն է ընկճախտի դէմ:
դ.- Յաճախ օդափոխեցէ՛ք ձեր ննջասենեակը, որպէսզի մաքուր թթուածինով ողողէք զայն:
ե.- Քալեցէ՛ք, պտտեցէք, հեծանիւ քշեցէք, բարեկամներու այցելեցէք, գի՛րք կարդացէք… այլ խօսքով` հետաքրքրական զբաղում մը գտէք դուք ձեզի համար:
զ.- Ընկճախտի յաղթահարման շատ լաւ միջոց է նաեւ երաժշտութեան ունկնդրութիւնը: Առիթը ստեղծեցէք յաճախ որակաւոր երաժշտութիւն լսելու:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ի՞նչ Կարելի Չէ Արգիլել Երեխային
Եթէ ձեր փափաքն է խելացի, երջանիկ, ինքնավստահ եւ նախաձեռնող երեխայ դաստիարակել, յատուկ ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ ի՛նչ բաներ կ՛արտօնէք եւ ինչեր կ՛արգիլէք անոր:
Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, կան հինգ բաներ, որոնք պէտք չէ արգիլել երեխային:
1
Սեփական կարծիքը արտայայտելը
Հոգեբաններու կարծիքով, երեխային հետ պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել եւ առիթ տալ անոր, որպէսզի այս կամ այն հարցին մասին իր կարծիքը արտայայտէ: Երբեք ձեր երեխային չ՛ըսէք` «Լռէ՛, ես քեզմէ մեծ եմ եւ աւելի փորձառու», կամ` «մեծերու ներկայութեան դուն կը լռես» եւ նման անմիտ խօսքեր: Երեխային հետ խորհրդակցելով եւ զինք լսելով` ըստ այնմ կը հիմնաւորէք ձեր խօսքերն ու արարքները եւ աւելի դիւրին կը հասնիք ձեր նպատակին:
2
Նախաձեռնելը
Պէտք չէ երեխային արգիլել առանձին ուտել, նոյնիսկ եթէ չորս կողմը պիտի աղտոտէ, նոյնպէս առանձին հագուիլ կամ լուացուիլ, նոյնիսկ եթէ սխալ ձեւով կը կատարէ զանոնք: Որպէս ծնողք` ձեր պարտականութիւնն է ուղղել զայն, պէտք եղած ցուցմունքները կատարել, որպէսզի ժամանակի ընթացքին ան հասնի կատարեալին: Նոյնպէս ալ կարելի չէ անոր արգիլել գծելը` սեղանն ու ձեռքերը աղտոտելու մտավախութեամբ կամ նուագելը` աղմկելու եւ խանգարելու վախով:
Յիշեցէ՛ք, որ ստեղծագործելը կը զարգացնէ երեխային երեւակայութիւնն ու մտային ունակութիւնները:
3
Օգնել
Եթէ ձեր երեխան կ՛ուզէ օգնել ձեզի, մի՛ արգիլէք, նոյնիսկ եթէ օգուտէ աւելի վնաս պիտի քաղէք… լաւ կ՛ընէք, որ անոր ցոյց տաք, թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ընէ: Քաջալերեցէ՛ք, շնորհակալութիւն յայտնեցէք իր ջանքերուն համար: Եթէ մանկութեան տարիներուն անոր արգիլէք միջամտել ձեր գործերուն, ապա երբ մեծնայ մի՛ սպասէք, որ ան ձեզի օգնէ:
4
Զգացումները արտայայտելը
Երեխան տարբեր ձեւերով կրնայ արտայայտել իր զգացումները, օրինակ` տան մէջ ասդին-անդին վազվզել, ճչալ եւ այլն… Ասոնք կ՛օգնեն, որ ան թուլնայ, լիցքաթափուի, խաղաղի: Անշուշտ պէտք է ձեր երեխային բացատրէք, թէ ան ինչպէս պէտք է ինքզինք դրսեւորէ տունէն դուրս, հասարակութեան մէջ, մանկապարտէզը, փողոցը կամ հանրախանութը:
5
Բակ իջնել եւ խաղալը
Պէտք չէ երեխային արգիլել, որ բակ իջնէ ու գնդակ խաղայ, հեծանիւ քշէ, շէնքի ընկերներուն խաղերուն մասնակցի: Թէեւ այս բոլորը կրնան վտանգաւոր թուիլ ձեզի, բայց եթէ արգիլէք, ան կը մեծնայ վախկոտ, ինքնամփոփ եւ չնախաձեռնող: Աւելի լաւ է, որ անոր որոշ զգուշացումներ կատարէք, ուղղութիւն տաք, ի հարկին հետը մնաք, քան այդ հաճոյքէն զրկէք զինք:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
1
Լուացարանէն թոյլին մէջ ջուր լեցնելու համար կարելի է օգտագործել սովորական ակիշը: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ ակիշը տեղաւորեցէք բաց ծորակին տակ, կոթը դէպի դուրս եւ հարցը լուծուած է:
2
Որպէսզի սերով կարկանդակը դիւրին կտրէք եւ ձեւաւոր շերտեր ստանաք, դանակը քանի մը վայրկեան բռնեցէք տաք ջուրի տակ:
3
Ձուկը խորովելու ժամանակ շերտերը զետեղեցէք կիտրոնի շերտերու վրայ, որպէսզի անոնք մետաղեայ տաք թելերուն չփակչին եւ չայրին:
4
Որպէսզի շէկ շաքարը չքարանայ կամ փոքր գունդերու չվերածուի, տոպրակին մէջ մէկ-երկու մարշ մելօ զետեղեցէք եւ ապահով փակեցէք:
5
Ձեր զաւակներուն գունաւոր ներկերը, գրիչներն ու վրձինները ամփոփելու եւ դասաւորելու համար դիմեցէք հետեւեալ հնարքին: Առէք խաւաքարտէ տոկուն որեւէ տուփ, զայն ծածկեցէք գեղեցիկ թուղթով մը, մէջը քով-քովի զետեղեցէք բաղնիքի թուղթի խաւաքարտէ խողովակները, ապա գրենական պիտոյքները տեղաւորեցէք անոնց մէջ:
6
Դարձեալ երեխաներուն գրենական պիտոյքները դասաւորելու նպատակով առէք քափ քէյքի պզտիկ կաղապար մը, մէջը զետեղեցէք կերպընկալէ, թափանցիկ գաւաթներ եւ վեց տարբեր բաժանումներուն մէջ դասաւորեցէք գրիչները, ներկերը, եւ այլն:
Առողջապահական – Խոհագիր
Եթէ Օրական 5 Սալոր Ուտէք
Սննդագէտներու կարծիքով, եթէ դուք օրական 5 սալոր ուտէք.
ա.- Կը նուազեցնէք արեան մէջ շաքարի տոկոսը:
բ.- Կը լաւացնէք ձեր յիշողութիւնը:
գ.- Կը պաշտպանուիք սրտանօթային հիւանդութիւններէ:
դ.- Կը կանոնաւորէք մարսողական համակարգը:
ե.- Կը զօրացնէք ձեր ոսկորները:
զ.- Կը լաւացնէք ձեր տեսողութիւնը եւ ձեր աչքերը կը պաշտպանէք յառաջացած տարիքի պատճառով յայտնուող աչքի հիւանդութիւններէն:
Եւ այս բոլորը, քանի որ սալորը բնական միւլթիվիթամին մըն է` հարուստ կենսանիւթերով, բայց նաեւ` հանքայիններով: Դժբախտաբար քիչեր կը գնահատեն զայն եւ կ՛օգտուին անոր բարիքներէն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սալոր ուտելու նոր տարբերակ մը` սալորի խորովածը:
4 անձի համար անհրաժեշտ են.
– 24 հատ տարբեր գոյնի (սեւ, կարմիր, կանաչ) սալորներ,
– 100 կրամ փոշի շաքար
– 5 սանթիլիթր ռոմ, ուիսքի կամ քոնեաք,
– Վանիլլայով պաղպաղակ:
Պատրաստութիւն.
Սալորները լուալ, երկուքի բաժնել եւ կորիզները հանել:
Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել սալորները, աւելցնել փոշի շաքարին կէսը եւ խմիչքը, ձգել քառորդ ժամ` մերթընդմերթ խառնելով:
Սալորները քամոցի մէջ փոխադրել, որպէսզի ջուրը սուզուի: Աւելցնել միացեալ փոշի շաքարը, խառնել եւ շամփուրի անցընել գունաւոր սալորները, կրակի վրայ շուրջ 10 վայրկեան խորովել:
Ներկայանալի, բաց ամանի մէջ տեղաւորել խորովածի շամփուրները եւ հրամցնել երկու գունդ վանիլլայով պաղպաղակի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
«Ուշ Աշնան Երգը»
Չուող թռչուններն անցան գնացին
Պարան առ պարան,
Շարան առ շարան անցան գնացին:
ականջների մէջ
Վերջին որոտի կանչերը տարան
Ու վերջին կանաչ-կարմիրը տարան
Իրենց թեւերին:
Աչքերում իրենց թափուր մնացած
Բոյն-օջախների պատկերը տխուր
Եւ կտուցներին` իրենց թափառիկ,
Անգուշակելի ծիւ-ծիւը տարան:
Չուող թոչուններն անցան գնացին
Շարան առ շարան…
Մնացողները կծիկ են դառնում
Թրջուելու վախից
Եւ կամաց-կամաց բներն են քաշւում:
Ծառերը մրսած մատների վրայ
Իրենց քրքրուած ստուեր-կմախքի
Կողերն են հաշւում:
Մի ուշքը շաղուած շնչահատ քամի,
Շուրթերի վրայ
Խոնաւ շրշիւնը խազալ-խաշամի,
Սատանան գիտի թէ ու՞ր է տանում:
Ցուրտ է, կը մեռնի մամուռն անտառում:ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ