Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Փորձ-Հարցարան. Ո՞վ Էք Դուք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1407840426_gdqmxbnli9u

Ուշադիր նայեցէք նկարին վրայ պատկերուած 9 հետաքրքրական աչքերուն, ապա ընտրեցէք այն, որ ամէնէն հոգեհարազատն է ձեզի: Գտէք համապատասխան թիւը, կարդացէք բացատրութիւնը եւ իմացէք, թէ ո՛վ էք դուք:

– 1 –

Ձեզ շրջապատող անձերուն կը վստահիք եւ անոնց կ՛արտօնէք, որ ազատ մուտք գործեն ձեր կեանքէն ներս:

Դուք երբեք ցոյց չէք տար ձեր վախերն ու մտահոգութիւնները եւ համոզուած էք, որ առանձին պէտք է լուծէք ձեր դժուարութիւնները: Դուք յաճախ ամբողջ էութեամբ կը նուիրուիք ուրիշներուն, այն պահուն երբ դուք կարիք ունիք ուրիշներու աջակցութեան: Օգնելով ուրիշներուն` դուք ձեր վէրքերն է, որ կը բուժէք:

– 2 –

Դուք մեծ ճիգ կը թափէք լաւ գործելու, չսխալելու եւ շրջապատին վրայ դրական տպաւորութիւն ձգելու համար:

Խառնուածքով բծախնդիր եւ կատարելապաշտ` մեծ կարեւորութիւն կու տաք ուրիշներու հետ ձեր յարաբերութիւններու որակին:

Դուք երբեք չէք դրսեւորեր ձեր վիշտերն ու անհանգստութիւնները, փակ եւ ինքնամփոփ անձ էք:

– 3 –

Ունեցած էք դժուար եւ մութ անցեալ. շատ նեղութիւններէ անցած էք, բայց ի վերջոյ յաջողած էք ոտքի կանգնիլ: Նոր օրերու բարեկամները դժուար թէ գուշակեն ձեր ցաւոտ անցեալը: Տոկուն եւ խառնուածքով պայքարող անձ էք, բայց միեւնոյն ատեն մութ եւ աննախատեսելի էք:

– 4 –

Հարցերուն խորը թափանցող անձ էք: Դիւրին գործ չէ ձեզ համոզելը կամ ձեր հարցումներուն գոհացում տալը: Պրպտող միտք էք, հարցասէր եւ ընթերցասէր:

Կեանքը ձեզի համար գլուխկոտրուկ է. չէք հանդարտիր, մինչեւ չհաւաքէք անոր բոլոր մասնիկները:

– 5 –

Խորհրդաւոր անձ էք: Դուք նոյնիսկ ձեզի նկատմամբ տեսակ մը գաղտնիք էք: Կարելի է ձեզ համարել հակասութիւններու սարդոստայն մը…

Դուք առհասարակ սակաւախօս մարդ էք, կը նախընտրէք նախ լաւ զննել ձեր խօսակիցը եւ յետոյ միայն զրուցել անոր հետ:

– 6 –

Դուք զգացական անձ էք: Շատ դիւրին կրնաք լալ եւ նոյն հեշտութեամբ` խնդալ:

Դուք յետին մանրամասնութիւնները տեսնող եւ հետագային զանոնք վերյիշող մարդ էք: Կեանքի մէջ նոյնիսկ ամէնէն աննշան իրադարձութիւնները կ՛ազդեն ձեր վրայ:

– 7 –

Դուք աշխուժ անձ էք եւ շատ յաճախ` սիրահարուած: Նաեւ շատ խորաթափանց էք եւ արագ որոշում կայացնող:

Անսպառ ուժանիւթով օժտուած, բայց երբեմն դիւրագրգիռ էք եւ անհամբեր: Չէք հանդուրժեր թոյլ եւ երկմտող անձերը:

– 8 –

Իւրօրինակ հետաքրքրութիւններ եւ համոզումներ ունեցող անձ էք: Օրէնք ըսուածը չէք սիրեր: Ձեզ չեն հետաքրքրեր ուրիշներուն կարծիքները, քմահաճ էք եւ ըմբոստ. այս պատճառով ալ կեանքի մէջ յաճախ բախումներ կ՛ունենաք ձեր շրջապատին հետ:

Դուք չէք սիրեր նմանիլ ուրիշներուն եւ դառնալ անդէմ ամբոխի ներկայացուցիչ…

– 9 –

Ձեր կեանքը կը վարէք բնազդով: Դուք ձեր խօսակիցները կը դատէք անոնց դէմքի զանազան արտայայտութիւններէն, ինչպէս նաեւ` ձայնէն: Կը զգաք, երբ անոնք անկեղծ են եւ երբ կը խաբեն… բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ձեր բնազդը հարիւր տոկոսով ճիշդ կը գործէ, կրնաք նաեւ սխալ դատողութիւններ ընել այս կամ այն անձին մասին:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

– 1 –

Use-Clothes-to-Pack-337x450

Եթէ ճամբորդութեան ընթացքին խմիչքի շիշեր կամ դիւրաբեկ իրեր պիտի փոխադրէք, մտածեցէք զանոնք տեղաւորել բրդեայ գուլպաներու մէջ: Ձեր զաւակներուն մարզական գուլպաներն ալ կրնան նոյն դերը կատարել:

– 2 –

Floor-Protector_9-10-15

Ձեր աթոռին սրածայր ոտքերը կրնան վնասել յատակը կամ գորգը, նաեւ կրնան անախորժ ձայներ պատճառել` յատակին քսուելով: Այդ անախորժութիւններուն առաջքը առնելու համար կարելի է ժամանակաւորապէս գուլպաներ անցընել ոտքերուն…

– 3 –

fccd9c5a-0fbd-4578-97ce-b67f198dd767

Պատկերասփիւռին հեռավարը (ռիմոթ քոնթրոլ), օրաթերթը կամ խմիչքին շիշը տեղաւորելու եւ նստասենեակը կոկիկ պահելու համար ընտրեցէք ձեր ճաշակին, տղամարդու մեծ չափի մուճակներ, զանոնք հաստատեցէք քառանկիւն, տոկուն լաթի մը վրայ, իսկ վերջինս` բազկաթոռին թեւէն: Արդի՞ւնքը… շատ գործնական եւ ճաշակաւոր:

 

Սոխին 6 Բարիքները

Onions_9-10-15

Սոխը բնութեան մէկ հրաշքն է` օժտուած բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններով. ստորեւ կը ներկայացնենք 6 կարեւորագոյնները:

– 1 –

«Ճըռնըլ աֆ քլինիքըլ ինվեսթիկէյշըն»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, սոխը կ՛արգիլէ արեան մէջ caillot-ներու գոյացումը եւ երակներու խցանուիլը: Արդարեւ սոխին պարունակած ռիւթին կոչուած նիւթը, որ առկայ է նաեւ խնձորին մէջ ունի սրտանօթային հիւանդութիւններէ պաշտպանելու յատկութիւն:

– 2 –

Սոխը կ՛օգնէ պայքարելու քաղցկեղին դէմ` արգիլելով ախտահարուած բջիջներու բազմացումը. կը հաստատեն «Քոռնել եունիվըրսիթի»-ի հետազօտողները:

– 3 –

Սոխը կը պարունակէ քերսեթին կոչուած նիւթը, որ կը նուազեցնէ արեան գերճնշումը: Նոյն այս նիւթը կը պաշտպանէ նաեւ արիւնատար երակներուն ներքին պատերը եւ բնականաբար կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ:

– 4 –

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ այն կիները, որոնք յաճախ սոխ կ՛ուտեն, դաշտանին նախորդող օրերուն նուազ ենթակայ են փորի ցաւերու եւ տրամադրութեան ելեւէջներու:

– 5 –

Սոխը կը զօրացնէ ոսկորները: Հարաւային Քարոլայնայի Բժշկական համալսարանի մէկ ուսումնասիրութիւնը հաստատած է, որ օրական առնուազն մէկ անգամ սոխ ուտող կիներուն ոսկորները 5 առ հարիւրով աւելի զօրաւոր են, քան` հազուադէպօրէն ուտողներունը:

– 6 –

Սոխը կ՛աւելցնէ ֆոլիք թթուի, կամ Պէ 9 կենսանիւթի քանակը` մարմնին մէջ, ինչ որ կը նպաստէ ուղեղին լաւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` մեր մտային ու յուզական համակարգի առողջութեան:

 

Քաղցկեղի Յառաջացումը
Արգիլող Բնական Հիւթ

red-cabbage-and-oranges_9-10-15

Գաղտնիք չէ, որ ճիշդ եւ առողջ սննդակարգը եւ կարգ մը ուտելիքներու կանոնաւոր օգտագործումը կրնան կանխել կարգ մը հիւանդութիւններ, որոնց կարգին նաեւ` քաղցկեղը:

«Հելթի Ֆուտ Սթար» կը գրէ, որ քաղցկեղէ պաշտպանուելու եւ քաղցկեղային բջիջներուն աճը կանխելու համար կայ բնական միջոց մը. զայն պատրաստելու համար անհրաժեշտ է երկու հիմնական բաղադրիչ` նարինջ եւ կարմիր կաղամբ:

Պատրաստելու համար պէտք է քամել 6 նարինջ, մանր կտրատել կարմիր կաղամբի մէկ չորրորդը, աւելցնել 2 բաժակ ջուր եւ հարիչէ անցընել: Ստացուած հիւթը պէտք է խմել պարապ ստամոքսով, օրական մէկ բաժակ:

Ըստ «Հելթի Ֆուտ Սթար»-ի գաղտնիքը նարինջի եւ կարմիր կաղամբի համադրութեան մէջ է: Անոնք մեծ քանակութեամբ անթիօքսիտաններ կը պարունակեն, իսկ վերջիններուն պակասը կրնայ քաղցկեղ յառաջացնել:

 

Առողջապահական

5 Փոփոխութիւն,
Եթէ Շաքարէն Հրաժարիք…

manger-moins-sucre_9-10-15

Բժիշկներու եւ սննդագէտներու կարծիքով, շաքարէն հրաժարելու պարագային`

ա.- Դուք աւելի եռանդուն կը դառնաք:
բ.- Ձեր ծանրութիւնը կը կանոնաւորուի:
գ.- Ձեր աղիքները աւելի լաւ կը գործեն:
դ.- Քիչ-քիչ կը հրաժարիք քաղցրեղէնէն:
ե.- Ձեր մորթը աւելի երիտասարդ տեսք կ՛ունենայ:

Նոյն մասնագէտներուն կարծիքով, պէտք է զանազանել արագ շաքարը դանդաղ շաքարէն: Առաջինն է, որ վնասակար է մեր առողջութեան, ահաւասիկ խօսուն պատկեր մը` կարգ մը խմիչքներու եւ պտուղներու շաքարի պարունակութեան մասին:

 

Առողջ Եղունգներու Գաղտնիքը

Argan-oil-for-nails_9-10-15

Գիտենք, որ ձէթը հրաշքներ կը գործէ գեղեցկագիտութեան աշխարհէն ներս: Իր օգտակար յատկութիւններուն շնորհիւ` անիկա լաւագոյն ընկերն է բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին իրենց գեղեցկութեան եւ գրաւչութեան համար: Իսկ այլ բաղադրիչներու հետ ձէթը բառացիօրէն հրաշքներ կը գործէ… Ահաւասիկ` դիւրին բաղադրատոմս մը, որ կ՛ապահովէ ձեր եղունգներուն ոչ միայն գեղեցկութիւնը, այլ նաեւ առողջութիւնը:

Բաղադրութիւն`

– Սուրճի գաւաթ մը ձէթ
– 2 նարինջի հիւթ
– 1 սխտոր

Ինչպէ՞ս օգտագործել`

ա.- Ճզմեցէք սխտորը եւ աւելցուցէք նարինջի հիւթին:
բ.- Եղունգները 5 վայրկեան մխրճեցէք վերոյիշեալ հիւթին մէջ:
գ.- Անմիջապէս ետք, եղունգները դարձեալ 5 վայրկեան մխրճեցէք ձէթի մէջ:

Այս միջոցին դիմեցէք սկիզբը շաբաթը 2 անգամ, յետոյ մէկ անգամը բաւարար է:

Երկար չէք սպասեր հաստատելու, որ ձեր եղունգները զօրացած են, չեն շերտաւորուիր եւ գեղեցիկ տեսք ունին:

 

Խոհագիր

Կարմիր Կաղամբով Աղցան

salade_9-10-15

4 անձի համար անհրաժեշտ են.-

– Քառորդ կարմիր կաղամբ
– Երկու նարինջ
– Քառասուն կրամ խոշոր դդումի սերմ
– Երկու սուրճի դգալ ձէթ
– Մէկ սուրճի դգալ խնձորի քացախ
– Աղ

Պատրաստութիւն.-

Կարմիր կաղամբը լուացէք, ցամքեցուցէք եւ անոր մէկ չորրորդ մասը շատ բարակ շերտեցէք:

Նարինջները նոյնպէս կեղուել, նոյնիսկ մաքրել շերտերուն վրայի բարակ մաշկը եւ իւրաքանչիւր շերտ 2 կամ 3 մասի բաժնել:

Խոշոր դդումի սերմերը տապակի մէջ, առանց իւղի խարկել:

Խորունկ ամանի մը յատակին լեցնել քացախը, ձէթը, աղը եւ խառնել: Աւելցնել մանրուած կաղամբը եւ կրկին խառնել: Հրամցնելու ատեն աղցանը զարդարել նարինջի կտորներով եւ խարկուած սերմերով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

Պիտի մրսես, որ տաքանաս ու լաւ զգաս:
Պիտի ցաւի, յետոյ անցնի, որ հասկանաս` ինչքան լաւ է առանց ցաւի:
Մի օր լացի՛ր ու կ՛իմանաս` Ուրախն ինչ է:
Ընկի՛ր մի օր ու կ՛իմանաս` ինչ լաւ բան է բարձրանալը:
Պիտի լինի դատարկութիւն, որ լցուելուց չդատարկուես:
Պիտի մթնես, որ ճանաչես` ով է Լոյսը:
Սիրի՛ր մի օր, կը հասկանաս, որ չես ապրել մինչեւ այսօր…

Պ. ՍԵՒԱԿ       

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>