Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
67-ամեայ պիելոռուս գրող Սվեթլանա Ալեքսիեւիչ դարձաւ 2015-ի գրականութեան նոպէլեան մրցանակակիր:
Ալեքսիեւիչ հեղինակ է բազմաթիւ գործերու, որոնց կարգին` «Պատերազմի դէմքը կանացի չէ» ստեղծագործութիւնը, որ նուիրուած է Բ. Աշխարհամարտին կիներու խաղացած դերին: Գիրքը հիմնուած է Կարմիր բանակին մաս կազմած հարիւրաւոր կիներու հետ հարցազրոյցներու վրայ:
Նոպէլեան մրցանակակիրը նաեւ հեղինակն է «Զինկէ տղաներ», «Չեռնոպիլեան աղօթք» եւ «Վերջին վկաները» գիրքերուն, որոնցմէ մէկ քանին թարգմանուած են աւելի քան 20 լեզուներու:
Նշենք, որ լրագրութիւն ուսանած Ալեքսիեւիչ չափազանց յանձնառու գրող է, ան բազմիցս դատապարտած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաչենքոյի բռնատիրական վարչակարգը:
Մրցանակին առիթով Սվեթլանա Ալեքսիեւիչ «մեծ ուրախութիւն» յայտնած է` աւելցնելով, որ մրցանակը վարձատրութիւն մըն է ոչ միայն իրեն համար, այլեւ` իր փոքրիկ երկրին եւ անոր մշակոյթին:
Խօսքեր` Կին Դէմքերէ
– Օր մը մեծ հայրս ըսաւ, թէ երկու տեսակի մարդիկ կան` անոնք, որոնք կ՛աշխատին եւ անոնք, որոնք իրենց անձին կը վերագրեն աշխատանքին յաջողութիւնը: Եւ ան ինծի խրատեց, որ պատկանիմ առաջին խումբին, քանի որ հոն նուազ մրցակցութիւն կայ:
ԻՆՏԻՐԱ ԿԱՆՏԻ
– Որպէս կին, հայրենիք չունիմ: Որպէս կին, հայրենիք չեմ ուզեր: Ամբողջ աշխարհը իմ հայրենիքս է:
ՎԻՐՃԻՆԻԱ ՎՈՒԼՖ
– Ամէնէն դժբախտ անձը ան է, որ կը տեսնէ, սակայն ոչ մէկ տեսլական ունի:
ՀԵԼԸՆ ՔԵԼԸՐ
– Եթէ կը զգաք, որ պիտի պարտուիք` ձեր գլուխը բարձր բռնած պարտուեցէք:
ՔԷՅԹ ՊԼԱՆՇԷԹ
– Առանց ցաւի տառապանք պիտի չըլլար, իսկ առանց տառապանքի` մեր սխալներէն դաս պիտի չքաղէինք:
ԱՆԺԵԼԻՆԱ ԺՈԼԻ
– Համբաւը չի կրնար գոհացում տալ, անիկա քիչ մը ջերմութիւն կու տայ, բայց ժամանակաւոր է:
ՄԱՐԻԼԻՆ ՄՈՆՐՕ
– Երբեք ուշ չէ: Երբեք ուշ չէ մեր կեանքը փոխելու, ուշ չէ` երջանիկ դառնալու:
ՃԷՅՆ ՖՈՆՏԱ
– Բոլորիս տրուած չէ մեծ փոփոխութիւններ կատարել: Սակայն կրնաք մեծ սիրով փոքրիկ փոփոխութիւններ ընել:
ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱ
10 Կարեւոր Երեւոյթներ…
Երբեմն աշխատանքը, ծանրաբեռնուածութիւնը «կը ստիպեն» ձեզի մոռնալ կենսական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթներ, իսկ երջանիկ ըլլալու համար պարզապէս պէտք է նկատել ձեր կեանքին մէջ առկայ, բայց, ցաւօք, մոռցուած կարգ մը երեւոյթները:
-1-
Ընտանեկան Արժէքներ
Գործի մէջ յաջողակ մարդիկ իրենք զիրենք երջանիկ կը համարեն, յատկապէս եթէ ունին նաեւ ընտանիք, որ ամէն հարցի մէջ կը սատարէ եւ կ՛աջակցի իրենց: Բայց չէ՞ որ իրենք եւս պէտք է գործօն մասնակցութիւն ունենան այդ ընտանիքին կեանքին մէջ, որպէսզի անոր հիմքերը աւելի ամուր ըլլան…
-2-
Սէր
Սիրած անձ կամ զուգընկեր գտնելը այդքան ալ դիւրին չէ: Անշուշտ միայնակ նոյնպէս կարելի է ապրիլ ու կեանքը վայելել, բայց սիրած անձին կողքին երջանկութիւնը աւելի լիարժէք է:
-3-
Ժամանակ
Եթէ յաջողեր էք աշխատանքի եւ անձնական կեանքի միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծել, ուրեմն դուք կը յաջողիք ճիշդ ղեկավարել եւ վերահսկել ձեր ժամանակը: Խելամիտ ձեւով օգտագործեցէք ձեզի տրուած 24 ժամը…
-4-
Բարեգործութիւն
Անշուշտ մեր օրերուն գումար տնտեսելը այնքան ալ դիւրին գործ չէ, բայց պէտք է որոշակի գումար խնայել եւ տրամադրել բարեգործութեան: Իսկ ինչո՞ւ պէտք է օգնել ուրիշներուն, պարզապէս որպէսզի հասկնաք, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերիք ձեր շուրջ ապրող այն մարդոց հետ, որոնց համար բախտը այնքան ալ չէ ժպտացեր… Պատկերացուցէք, թէ որքա՛ն կը փոխուէր աշխարհը, եթէ բոլոր մարդիկը աջակցէին իրարու:
-5-
Ընկերութիւն
Առանց ընկերներու` անհնար է երջանիկ ըլլալ: Պէտք է ըլլայ մէկը, որ կը դիմէ ձեզի` խորհուրդ ստանալու ակնկալիքով եւ կամ իր օգնութիւնը կ՛առաջարկէ, իր փորձառութիւնները կը կիսուի ձեզի հետ: Ուրեմն ժամանակն է, որ փնտռէք այդ ընկերը, ընկերուհին:
-6-
Ինքնակատարելագործում
Երբեք առիթը չփախցնէք ինքնակատարելագործուելու հնարաւորութեան: Դուք պէտք է, որ օրական նոր երեւոյթներ բացայայտէք եւ զարգանաք: Ժամանակ գտէք զբաղելու ձեր ինքնազարգացումով, քանի որ այդպէս դուք կը դառնաք աւելի բանիմաց, իսկ լայն մտահորիզոնը կ՛օգնէ ձեզի` դիմագրաւելու կեանքը իր բոլոր երեսներով:
-7-
Մարզանք
Ոչ միայն ուղեղը, այլ մարմինը եւս մարզուելու կարիք ունի: Շաբաթը առնուազն 3 անգամ մարզանք ըրէք: Մարզանքը ձեզ կը պաշտպանէ ընկճախտէ:
-8-
Առողջ Սնունդ
Ժամանակի պակասի պատճառով շատեր կը դիմեն ֆասթ-ֆուտին: Բայց չէ՞ որ առողջ սննդակարգը ոչ միայն առողջ կը պահէ, այլեւ կը բարձրացնէ աշխատունակութիւնը:
-9-
Ճամբորդութիւն
Ո՞րն է կեանքին իմաստը, եթէ ոչ մէկ նոր հետաքրքրութիւն, նոր բացայայտումներ եւ զուարճանք չկայ: Ճամբորդութիւնը կ՛օգնէ սորվելու, բացայայտելու, նոր մարդոց հանդիպելու եւ, վերջապէս, անսպասելի վիճակներու դիմաց գտնուելու:
-10-
Բաւարարուածութիւն
Լիարժէք երջանկութիւն զգալու համար պէտք է բաւարարուած ըլլալ: Ժամանակ անցուցէք մտերիմ մարդոց հետ, որոնք սէր եւ ջերմութիւն կու տան ձեզի եւ հոգատար են ձեր նկատմամբ:
Յիշեցէք, որ կեանքի մէջ աւելի հետաքրքրական եւ կարեւոր երեւոյթներ կան, քան` աշխատանքը, եւ պէտք չէ կեանքը զոհաբերել յանուն աշխատավարձի, գտէք միջին եզր մը եւ վայելեցէք ձեր կեանքը:
Ձեռային Աշխատանք
Հինը Նորի Վերածել
Եթէ ունիք հին գօտի մը, որմէ ձանձրացած էք, մի՛ թափէք, ոչ ալ ուրիշին տուէք: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, «քաթըրով» գօտիին առաջամասին վրայ երկու ճեղք բացէք եւ ձեր վզկապ-ֆուլարներէն մէկը ծալելով հաստատեցէք ծայրամասերուն, եւ ահա կը ստանաք նոր եւ իւրայատուկ գօտի մը:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
-1-
Կողիկները (քոթլեթները) աւելի համեղ կը ստացուին, եթէ զանոնք մանրուած սոխով, աղով եւ սեւ պղպեղով «շաղենք» եւ 5-6 ժամ սառնարանը պահենք եւ յետոյ եփենք:
-2-
Կարկանդակի պատրաստութեան ընթացքին հաւկիթը կարելի է փոխարինել… պանանով: Այո, իւրաքանչիւր կէս պանան համազօր է մէկ հաւկիթի:
-3-
Պանիրը դիւրին քերելու համար քերիչին վրայ կարագ քսել: Այսպիսով, պանիրը քերիչին չի փակչիր, իսկ քերիչը աւելի դիւրին կը լուացուի:
-4-
Կոտրած ապակիի փշրանքները հաւաքելու համար օգտագործել խմոր կամ ֆրանսական հացի շերտ մը: Ամենափոքր կտորներն անգամ յատակին չեն մնար:
-5-
Գլխացաւը թեթեւցնելու համար ճակատը շփել կիսուած կիտրոնով: Կիտրոնին բոյրը անմիջական հանդարտութիւն կու տայ:
-6-
Չորցած եւ կծկուած կիտրոնը թարմացնելու համար զայն մէկ-երկու ժամ ջուրի մէջ պահել:
-7-
Որպէսզի կաթը արագ եռայ, անոր պտղունց մը շաքար աւելցնել:
Խոհագիր
Ռիկաթոնի Դդմաճով Կրաթեն
Այս կրաթենին պատրաստութեան համար պայման է օգտագործել յատակը անջատուող կարկանդակի կաղապար մը:
Պատրաստեցէք պոլոնեզ թացան մը (միսով դդմաճի աւանդական թացանը):
Թացանին մէկ մասը տարածեցէք կաղապարին յատակը, վրան ուղղահայեաց դիրքով շարեցէք խաշած ռիկաթոնի խողովակաձեւ դդմաճները:
Խիտ շարուած դդմաճներուն վրայ աւելցուցէք մնացեալ թացանը եւ երեսը ծածկեցէք տաշուած մոցարելլա պանիրով:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփեցէք կէս ժամ, ապա կաղապարէն հանեցէք եւ հրամցուցէք:
Այս շատ ներկայանալի տեսքով կրաթենը անկասկած պիտի գոհացնէ բոլորը:
– Ռիկաթոնի դդմաճը չշփոթել քանելոնիին հետ թէեւ երկուքն ալ խողովակաձեւ են, սակայն առաջինը չափի իմաստով շատ աւելի փոքր է:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ամէն մէկի մէջ բարու մի սերմ կայ
Ու սպասում է մի կաթիլ ջրի,
Ամէն մէկի մէջ թաքնուած սէր կայ
Ու սպասում է ջերմ սիրոյ հրի:
Ամէն մէկի մէջ շուարած խիղճ կայ
Ու սպասում է, որ բարին ծլի,
Ամէն մէկի մէջ անհուն կարօտ կայ
Ու սպասում է, որ սիրտը ելնի:
Ամէն մէկի մէջ մի շատ լաւ մարդ կայ
Ու սպասում է բարուն ու խղճին,
Որ ծլարձակի, ծաղկի, շիւղեր տայ,
Սիրոյ պտուղներ թողնի ճիւղերին:
Ամէն մէկի մէջ մի խեղճ աստուած կայ
Ու սպասում է մեր` մարդ դառնալուն
Որ հզօրանայ, իրեն տէր զգայ
Ու միշտ հաւատայ մեր` մարդ մնալուն:
Յաճախ նայեցէ՛ք, մարդի՛կ, ձեր հոգուն,
Փխրեցրէ՛ք խոպանն զգացմունքների,
Մի պուտ ջուր տուէք չորացած բարուն,
Որ խիղճը, սէրը, աստուած վարարեն:ՄԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ