Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տան մէջ կարգ մը իրեր դատապարտուած են թափուելու կամ պահեստանոց աքսորուելու… Բարեբախտաբար կան հնարամիտ եւ մեծ երեւակայութեամբ օժտուած մարդիկ, որոնք հին կամ անգործածելի իրերուն երկրորդ կեանք մը կու տան` չնչին փոփոխութիւններ մտցնելով անոնց մէջ:
Ահաւասիկ` մէկ-երկու հետաքրքրական գաղափար.
– 1 –
Թենիսի հին ռաքեթները կարելի է հայելիով օժտել եւ պատէն կախել:
– 2 –
Ալիւմինիոմէ հին ձագարները կարելի է վերածել մոմակալներու:
– 3 –
Մետաղեայ քերոցները կարելի է որպէս լուսամփոփ գործածել:
– 4 –
Կաթսայի գունաւոր կափարիչ մը կարելի է ժամացոյցի վերածել:
– 5 –
Գինիի հին տակառ մը կարելի է գեղեցիկ սեղանի մը վերածել. այս պարագային, սակայն, ատաղձագործի մը օգնութեան պէտք է դիմել:
Ի՞նչ Կարելի Է Ընել
Մեխակի Գամերով
– 1 –
Եթէ ակռայի ցաւ ունիք, անմիջապէս մեխակի գամ մը տեղաւորեցէք վրան, ի հարկին ճզմեցէք զայն եւ շատ չանցած ցաւը պիտի մեղմանայ: Անշուշտ ասիկա արմատական լուծում չէ եւ ատամնաբուժը չի փոխարիներ…
– 2 –
Մեխակի գամերը կը հեռացնեն ցեցերը: Թիւլէ ծրարիկներու մէջ մեխակի գամ լեցուցէք, ապա զանոնք զետեղեցէք հագուստի պահարանին դարաններուն վրայ կամ գզրոցներուն մէջ:
– 3 –
Եթէ կոկորդի ցաւ ունիք գաւաթի մը մէջ եռացած ջուր լեցուցէք, դգալ մը մեղր, դգալ մը կիտրոնի հիւթ եւ քանի մը մեխակի գամ աւելցուցէք. բոլորը միատեղ խառնեցէք եւ խմեցէք:
– 4 –
Խոհանոցին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար կաթսայի մը մէջ ջուր եռացուցէք` մէջը 5 – 10 մեխակի գամ աւելցնելով:
– 5 –
Ճանճի բոլոր տեսակները հեռու պահելու համար կիտրոնը երկուքի կիսեցէք, կիսուած բաժինը մեխակի գամերով ծածկեցէք եւ ապա զանոնք զետեղեցէք պատուհանի եզրին, պատշգամը կամ պարտէզը:
– 6 –
Սառնարանին մէջի անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար սուրճի գաւաթի մը մէջ քանի մը հատիկ մեխակի գամ դրէք, վրան քիչ մը կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ գաւաթը տեղաւորեցէք դարանին վրայ:
– 7 –
Կարգ մը մսեղէններու եւ յատկապէս ռոսթոյի պատրաստութեան ընթացքին մեխակի գամերը հաճելի բոյր եւ համ կու տան կերակուրին:
– 8 –
Եթէ ձեր շունչը գէշ կը հոտի, մէկ-երկու մեխակի գամ ծամեցէք:
– 9 –
Մկանային կամ յօդային ցաւերու պարագային մեխակի գամով ջուր եռացուցէք եւ խմեցէք:
Ուշադրութի՛ւն, մեխակի գամի գործածութիւնը յանձնարարելի չէ 12-էն վար երեխաներուն, յղի կիներուն եւ կաթ տուող մայրերուն:
Մեխակի գամի չափազանցութիւնը կրնայ ստամոքսի եւ աղիքներու թեթեւ խանգարումներ, սրտխառնուք եւ փորհարութիւն պատճառել:
Գեղեցկագիտական
Մաքրող Եւ Թարմացնող
Դէմքի Ծեփուկ
Ձեր դէմքին սեւ կէտերը մաքրելու, ինչպէս եւ մորթը թարմացնելու համար օգտագործեցէք ալոէ վերայով եւ մեղրով պատրաստուած հետեւեալ ծեփուկը:
Առէք ալոէ վերայի մէկ-երկու տերեւ (նայած չափին), քամեցէք հիւթը եւ մէկի դէմ երկու համեմատութեամբ մեղր աւելցուցէք. խառնեցէք եւ մէկ-երկու օր սառնարանը պահեցէք:
Ծեփուկը ձեր դէմքին վրայ տարածեցէք, քառորդ ժամ պահեցէք, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:
Շաբաթը անգամ մը այս ծեփուկը օգտագործելով` շուտով արդիւնքի կը հասնիք:
Բշտիկներուն Դէմ Պայքարող
Ծեփուկ
Վարունգով եւ կիտրոնով պատրաստուած այս ծեփուկը կը յարմարի իւղոտ մորթ ունեցողներուն. անիկա ոչ միայն կը ներծծէ մորթին իւղը, նաեւ կը կանխարգիլէ բշտիկները:
Առէք 2 – 3 վարունգ,- հարիչէ անցուցէք, աւելցուցէք կէս կիտրոնի հիւթը եւ հաւկիթի մը ճերմկուցը (զարնուած եւ ձիւնի վերածուած):
Ստացուած ծեփուկը ձեր դէմքին վրայ տարածեցէք, 15 – 20 վայրկեան սպասեցէք, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:
Հետաքրքրական
Զարդերու Բուժիչ Յատկութիւնները
Երբեմն կը կրենք մեզի շատ սիրելի զարդեր` առանց գիտակցելու, որ անոնք կրնան դրական կամ բացասական ազդեցութիւն, նոյնիսկ բուժիչ յատկութիւն ունենալ:
Պղինձէ ապարանջաններու բուժիչ յատկութիւնը
Ռեֆլեքսօթերափիի կեդրոնական գիտահետազօտական հիմնարկը պարզած է, թէ պղինձէ ապարանջանները կ՛ամրապնդեն մարմնին դիմադրողականութիւնը: Անոնք կ՛օգտագործուին սիրտ-անօթային անհանգստութիւնները, ինչպէս նաեւ ջղային համակարգի խանգարումները դարմանելու: Նոյն հիմնարկին համաձայն, մարմնին մէջ պղինձի պակասը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մարդու ինքնազգացողութեան վրայ:
Այս նպատակով տարբեր երկիրներու մէջ ընդհանրացած է պղինձէ ապարանջան կրելու սովորութիւնը: Աշխարհի վրայ ամէնէն հանրայայտը փերուական «Ռեմուս» վաճառանիշով ապարանջաններն են, որոնց մէջ պղինձը կը կազմէ 99.9 տոկոս: Այս ապարանջանները 2 տարի օգտագործելէ ետք պէտք է փոխարինել նորով, քանի որ անոնք կը կորսնցնեն իրենց բուժիչ յատկութիւնները:
Խոհագիր
Պրասով Քիշ
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
– 1 ծրար Փաթ պրիզէ խմոր
– 4 պրաս
– 50-70 կրամ տաշուած կրիւյեր պանիր
– 30 կրամ կարագ
– 3 հաւկիթ
– 20 սանթիլիթր կաթ
– 20 սանթիլիթր հեղուկ թարմ սեր
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Պրասին կանաչ բաժինը կտրեցէք, օգտագործեցէք ճերմակ բաժինը: Կանաչ բաժինը պահեցէք եւ օգտագործեցէք ապուրներու կամ այլ կերակուրներու պատրաստութեան մէջ:
Պրասին ճերմակ բաժինը լուացէք, մաքրեցէք եւ շատ բարակ շերտեցէք:
Տապակին մէջ հալեցուցէք կարագը, աւելցուցէք մանրուած պրասը եւ լաւ խառնեցէք: Կափարիչը գոցեցէք եւ թեթեւ կրակի վրայ քառորդ ժամ եփեցէք:
Այս ընթացքին խմորը բացէք եւ տեղաւորեցէք թարթի կաղապարի մը մէջ, երեսը տաշուած պանիրին կէսը տարածեցէք:
Խորունկ ամանի մը մէջ կոտրեցէք հաւկիթները, աւելցուցէք կաթը, սերը, աղն ու պղպեղը եւ լաւ զարկէք:
Վերջաւորութեան կարագի մէջ եփած պրասը տարածեցէք խմորին վրայ, վրան թափեցէք հաւկիթով խառնուրդը, երեսը տարածեցէք մնացեալ տաշուած պանիրը եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ 35 վայրկեան եփեցէք:
Բարի՛ ախորժակ:
Խօսքեր` Կին Դէմքերէ
Կարեւոր չէ ո՛վ էք, ի՛նչ ըրած էք կամ ուրկէ կու գաք. կրնաք միշտ ալ փոխուիլ եւ բարելաւուիլ:
ՄԱՏՈՆԱ
Յարատեւութիւնը տասնինը անգամ սխալիլ եւ քսաներորդին յաջողիլն է:
ՃԻՒԼԻ ԷՆՏՐՈՒԶ
Ապագան կը պատկանի անոնց, որոնք կը հաւատան իրենց երազներու գեղեցկութեան:
ԷԼԷԱՆՈՐ ՌՈՒԶՎԵԼԹ
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Բաժանում
Բաժանում կայ, որ արժէ իսկապէս,
Հազար միացում,
Ինչպէս քոնն հիմա, ուր կայ եւ զղջում,
Եւ խղճի մորմոք, եւ արցունք ու ցաւ.
Եւ տարիների կորուստ կայ հարկաւ…
Գնում ես որպէս հեռացող մի վիշտ,
Եւ ոչ թէ պանդուխտ,
Որն ունի միշտ էլ տունդարձի ճամբայ…
Գնում ես որպէս փրկութեան մի ուխտ,
Տանելով քեզ հետ թուլութեանդ ողջ
Կարողութիւնը,
Որ իւրացնել չկարողացայ,
Չկարողացայ տանել կանացի
Ուսերով յոգնած
Տուածդ հարուստ տառապանքների
Գանձերը աղքատ,
Ուր ափսոսանքի մի ոսկի չկայ…
Առ տար, տար քեզ հետ
Քո սիրուց շահած կուտակումներս,
Որ պատկերով լի յոյսեր են փշրած,
Փթթած յոյզեր են` մախաղներով լի
Ու քուրձեր` լցուած հաւատով դատարկ…
Տար քեզ հետ բարձած խեղճ տարիներիս
Վագոնները ձիգ,
Որ բերնեբերան լցուած են ցհագ
Յուսախաբութեամբ…
Ես գիտեմ, որ մեր ճակատագրում
Լաւատեսութեան ոչ մի շոքեքարշ
Չի շարժի տեղից այդ գնացքը բութ,
Քանզի շուռ կը գայ ուժասպառութեան
Երկաթգծերին
Ու կը կործանուի հիասթափութեամբ…
Առ տար, տար քեզ հետ բեռները սիրուդ,
Որ չհանգուցուեն կեանքիս վթարին,
Ու ծանրանալով աճիւնիս հոգուն
Այն աշխարհում սեղմ
Կտրեն շիրիմիս շունչը հողեղէն…
Տար սիրտս, առ տար,
Սէրն ունի հզօր նախազգացում,-
Բաժանումներ կան որ արժեն հազար
Մահ ու միացում…
ՄԵՏԱՔՍԷ