Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Թէյը հրաշագործ խմիչք է մեր առողջութեան համար. բայց արդեօք գիտե՞նք, որ թէյի գործածուած ծրարիկները կարելի է օգտագործել մեր առօրեան դիւրացնելու եւ կարգ մը հարցեր լուծելու համար: Ստորեւ` հետաքրքրական գաղափարներ.
-1-
Թեթեւ վէրք մը կարելի է բուժել` անոր վրայ գործածուած թէյի ծրարիկ մը զետեղելով: Նոյն միջոցին կարելի է դիմել, եթէ հարուածի մը պատճառով մեր մարմնին վրայ կապոյտ հետքեր կան, եւ կ՛ուզենք ժամանակ առաջ ձերբազատիլ անոնցմէ:
-2-
Թէյը կը չէզոքացնէ գէշ հոտերը: Գործածուած թէյի ծրարիկներուն մէջի թէյը լեցնենք մոխրամաններու յատակը, կամ ընտանի անասունին` յատկապէս կատուին, պէտքերը հոգալու տարածութեան վրայ եւ կը ձերբազատինք անախորժ հոտերէ:
Թէյի ծրարիկներ կարելի է զետեղել նաեւ սառնարանին մէջ` անախորժ հոտերԷն ձերբազատելու համար:
-3-
Աչքերուն կոպերը հանգստացնելու, ինչպէս նաեւ աչքերուն տակի ուռեցքը չքացնելու համար թէյի գաղջ ծրարիկներ զետեղենք մեր աչքերուն վրայ, քառորդ ժամ սպասենք եւ տեսնենք արդիւնքը: Թէյին պարունակած թանին կոչուած նիւթը եւ քաֆէինը դրականօրէն կ՛ազդեն աչքերուն շուրջ գտնուող մազերակներուն վրայ եւ մեզի կու տան անսպասելի արդիւնքներ:
-4-
Փայտեայ կահոյքը կամ փարքէն մաքրելու համար մէկ լիթր ջուրի մէջ 3 գործածուած թէյի ծրարիկ թրջենք, ապա մաքրենք աղտերը:
-5-
Գործածուած թէյի ծրարիկները կրնանք նաեւ գործածել որպէս պարարտացուցիչ` մեր բոյսերուն համար:
Ծրարիկները բանանք եւ օգտագործենք անոնց մէջի թէյը:
-6-
Գործածուած թէյի ծրարիկները տեղաւորենք պահարաններու գզրոցներուն կամ կօշիկներու մէջ` անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար:
Խաշած Եգիպտացորենին Բարիքները
Հակաօքսիտաններով հարուստ եգիպտացորենը շատ առողջապահական ուտելիք է, անիկա նաեւ կը պաշտպանէ քաղցկեղէ եւ այլ հիւանդութիւններէ:
«Հելթի ֆուտ սթար»-ի տուեալներով, եգիպտացորենը սննդական մեծ արժէք եւ առողջարար յատկութիւններ ունի, ինչպէս նաեւ հարուստ է Ա. Պէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով: Խաշած եգիպտացորենը օժտուած է հետեւեալ յատկանիշներով.
- Կը կանխէ Ալցայմըր հիւանդութեան վտանգը:
- Կը նուազեցնէ սիրտ-անօթային համակարգի հիւանդութիւններու վտանգը:
- Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի կուտակումը արեան մէջ:
- Կը կարգաւորէ շաքարախտը:
- Կը զօրացնէ ոսկորները:
- Դրական ազդեցութիւն կը գործէ մորթին եւ տեսողութեան վրայ:
- Կ՛օգնէ նիհարնալու, քանի որ կուշտ պահելու յատկութիւնը ունի:
Ի՞նչ Կը Պատահի Մեր Մարմնին,
Երբ Բաւարար Չենք Քնանար
Ճիշդ սնունդն ու ֆիզիքական վարժութիւնները բաւարար չեն առողջ ըլլալու եւ լուռ ինքնազգացողութիւն ունենալու համար: Մարմնին համար չափազանց կարեւոր է օրական առնուազն 7 ժամ քունը:
«Նեշընըլ սլիփ ֆանտէյշըն»-ի մասնագէտներու կարծիքով, մարդուն անհրաժեշտ քունի տեւողութիւնը պայմանաւորուած է անոր տարիքով:
Տարեց մարդիկ (65+)` 7-8 ժամ:
- 26-64 տարեկան մարդիկ` 7-9 ժամ:
- 18-25 տարեկան երիտասարդներ` 7-9 ժամ:
- 14-17 տարեկաններ` 8-10 ժամ:
- 6-13 տարեկան դպրոցականներ` 9-11 ժամ:
- 3-5 տարեկան երեխաներ` 10-13 ժամ:
- 1-2 տարեկան մանուկներ` 12-15 ժամ:
- Նորածիններ (0-3 ամսական)` 14-17 ժամ:
Ինչ Կը Պատահի, Եթէ Աւելի Քիչ Քնանանք
- Ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի խախտում,
- Մտածելու եւ տեղեկութիւնները յիշելու ունակութեան նուազում,
- Դիւրագրգիռ վիճակի բացայայտում,
- Եռանդի եւ լաւատեսութեան նահանջ,
- Ինքնաշարժի եւ այլ մեքենաներու հետ կապուած արկածներու հաւանականութիւն:
Փորձ-Հարցարան
Ձեր Կեանքի Առաջնահերթութիւնները
Ձեզի կ՛առաջարկուի 5 գործ, որոնք պէտք է դասաւորէք այն հերթականութեամբ, որով դուք կ՛ընէիք այդ գործերը: Ապա կարդացէք արդիւնքը` իմանալու համար ձեր կեանքի առաջնահերթութիւնները:
- Կը պատասխանէք հեռախօսի զանգին:
- Կը հանգստացնէք լացող երեխան:
- Կը փակէք ջուրի ծորակը, քանի որ անոր տակ գտնուող դոյլը պիտի յորդի:
- Պատշգամէն կը հաւաքէք լուացքը, քանի որ պիտի անձրեւէ:
- Կը բանաք դուռը, քանի որ մէկը կը թակէ:
Պատասխան
- Հեռախօսը կը խորհրդանշէ աշխատանքը:
- Երեխան կը խորհրդանշէ ընտանիքը:
- Ծորակը կը խորհրդանշէ սիրային կապերը:
- Լուացքը կը խորհրդանշէ դրամը:
- Դուռը կը խորհրդանշէ ընկերները:
Խոհագիր
Մեքսիքական Աղցան
Բաղադրութիւն 6 անձի համար.-
3 լոլիկ
1 պզտիկ աւոքատօ
200 կրամ եգիպտացորեն
1 պզտիկ կարմիր սոխ
200 կրամ կարմիր լուբիա
1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
2 ապուրի դգալ մանրուած գինձ
Արեւածաղիկի ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Հազարի տերեւներ:
Պատրաստութիւն.-
Լոլիկները մանր կտրտել, նոյնպէս ալ աւոքատոն եւ սոխը:
Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել մանրուած լոլիկը, աւոքատոն եւ սոխը, աւելցնել կարմիր լուբիան եւ եգիպտացորենը, ինչպէս նաեւ մանրուած գինձը: Բոլորը զգուշութեամբ խառնել, ապա աւելցնել կիտրոնի հիւթը, ձէթը աղն ու պղպեղը:
Ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ շարել հազարի քանի մը տերեւ, անոնց մէջ լեցնել աղցանէն բաժին մը եւ հիւրասիրել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին,
Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է ու հին.Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն,
Այնպէս նոր չեն մեզ համար դաւ ու դառնութիւն.Բաբելոնն է եղել մեր ախոյեանը` տես-
Անհետ կորել, անցել է-չար մշուշի պէս:Ասորիքն է եղել մեր թշնամին- ահա՛
Դաշտ է տեղը եւ չկայ քար քարի վրայ:Ամրակուռ է մեր հոգին-դարերի զաւակ`
Շատ է տեսել մեր սիրտը աւեր ու կրակ:Շատ է տեսել երկիրն իմ ցաւ ու արհաւիրք,
Լաց է այնտեղ ամէն երգ եւ ողբ ամէն գիրք:Գերուած ենք մենք, ո՛չ ստրուկ- գերուած մի արծիւ,
Չարութեան դէմ վեհսիրտ միշտ, վատի դէմ ազնիւԲարբարոսներ շատ կը գան ու կ՛անցնեն անհետ,
Արքայական խօսքը մեր կը մնայ յաւէտ:Չի հասկանայ ձեր հոգին եւ ծոյլ, եւ օտար,
Տաճար է մեր երկիրը` սուրբ է ամէն քար:Եգիպտական բուրգերը փոշի կը դառնան,
Արեւի պէս երկիր իմ, կը վառվես վառման:Որպէս Փիւնիկ կրակից կ՛ելնես, կ՛ելնես նոր
Գեղեցկութեամբ ու փառքով վառ ու լուսաւոր:Արիացի՛ր, սիրտ իմ, ե՛լ հաւատով տոկուն,
Կանգնիր հպարտ որպէս լոյս լեռն է մեր կանգուն:ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ