Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Առանց երկար մտածելու` ընտրեցէք այն ծառը, որ ամենագրաւիչը կը թուի ձեզի, ապա իմացէք ձեր մասին:
1
Առատաձեռն էք եւ բարի, բոլորին լաւութիւն կը ցանկաք, նաեւ աշխատասէր էք ու մարդասէր: Կը գործէք աշխարհը դէպի աւելի լաւ մը առաջնորդելու սկզբունքով:
2
Հետաքրքրաշարժ եւ ազնիւ անձ էք, կը հաւատաք ազնիւ աշխատանքին եւ շատ դիւրին պատասխանատուութիւններ կը վերցնէք ձեր վրայ: Շատ վստահելի էք, պայծառ եւ սրամիտ:
3
Խելացի եւ խորիմաստ անձ էք: Առանձնութեան պահերուն կը սիրէք խոկալ եւ վերանայիլ ձեր սկզբունքները: Դիւրին լեզու կը գտնէք մտածել եւ սորվիլ սիրող մարդոց հետ: Ձեզի համար շատ կարեւոր են կենցաղավարութիւնն ու մարդկային սկզբունքները:
4
Խորաթափանց եւ փիլիսոփայ անձ էք: Եզակի անհատականութիւն ունիք, եւ քիչեր ունին ձեր հոգիին պէս բարի հոգի: Դուք շատ յստակ կը տեսնէք կեանքին լուսաւոր եւ խաւար կողմերը եւ այդ հիմամբ կը կողմնորոշուիք: Նաեւ յուզական անձ էք:
5
Ինքնավստահ եւ գերիշխող անձ էք: Շատ անկախ էք եւ կ՛ուզէք ամէն ինչ ընել ինքնուրոյն: Յստակ գիտէք, թէ ի՛նչ կը սպասէք կեանքէն եւ ամէն գնով կը փորձէք հասնիլ ձեր նպատակին:
6
Բարի եւ զգայուն անձ էք: Մարդոց հետ յարաբերելու ոչ մէկ դժուարութիւն ունիք: Տեւաբար կը մտածէք ինքնակատարելագործուելու մասին: Կ՛ուզէք ըլլալ հետաքրքրական, բանիմաց եւ եզակի անձնաւորութիւն:
7
Ուրախ եւ անխռով անձ էք: Նախաձեռնող էք եւ հետեւողական` ձեր գործերուն մէջ: Ունիք նաեւ ընկճախտը յաղթահարելու հզօր կարողութիւն. հազուադէպօրէն կ՛անհանգստանաք:
8
Հմայիչ էք եւ կենսուրախ, յաճախ` ինքնաբուխ եւ խանդավառ: Խառնուածքով արկածախնդիր` կը սիրէք նաեւ զարմացնել եւ անակնկալի բերել ձեր շրջապատը: Շատ կը սիրէք ճամբորդութիւնը, նորութիւնները եւ յայտնաբերումները:
9
Լաւատեսութեամբ լեցուն անձ էք, կը հաւատաք, որ կեանքը մարդուն տրուած պարգեւ մըն է, եւ կը փորձէք օգտագործել կեանքին տուած բոլոր հնարաւորութիւնները: Ամէն բանի կը մօտենաք լաւատեսօրէն, կ՛օգտագործէք իւրաքանչիւր առիթ` ներելու, սորվելու եւ յառաջանալու համար:
Առողջապահական
Ներքնակներուն Մէջ Պահուըտած
Վտանգաւոր Մանրէներ
Միլիոնաւոր մարդիկ կը քնանան առողջութեան համար վտանգաւոր, մանրէներով ու բորբոսով վխտացող ներքնակներու վրայ, կը վստահեցնեն բրիտանացի հետազօտողները:
Անոնց խօսքով, շատ մը ներքնակներու մէջ կ՛ապրին ու կը բազմանան վտանգաւոր մանրէներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ մորթային տհաճ բորբոքումներու, սունկերու, հազի, էքզեմայի կամ ազմայի:
Բորբոսն ու մանրէները կը բազմանան տարիներու ընթացքին, եւ դժբախտաբար անոնք անտեսանելի են սովորական աչքով: Մարդիկ, որպէս կանոն, կը մաքրեն այն, ինչ կը տեսնեն սովորական աչքով, այդ պատճառով ալ ներքնակը հիւանդութիւններու անտեսանելի օճախ է:
Մասնագէտներու կարծիքով, 8-10 տարի օգտագործուած ներքնակը կը պարունակէ աւելի քան 4,5 քիլօ մեռած մորթի մասնիկներ, որոնցմով կրնան սնանիլ մօտաւորապէս 10 միլիոն մակաբոյծներ, եւ դուռ բանալ այլազան հիւանդութիւններու:
Առողջապահական
Կծու Ընթրիքը Հանգիստ
Քունի Թշնամին Է
Շատեր գիտեն, որ քնանալէ առաջ շատ ուտելը կը վնասէ քունին, սակայն քիչեր գիտեն, թէ որքան վատ է կծու սնունդը` հանգիստ քուն փնտռողներուն համար:
Գիտնականներ պարզած են, որ արեւելեան խոհանոցի կերակուրները, յատկապէս կծու համեմները պատճառ կը դառնան անհանգիստ եւ մղձաւանջներով լեցուն գիշերուան մը:
Նոյն գիտնականներուն կողմէ կատարուած շարք մը հետազօտութիւններ պարզած են, որ քնանալէ առաջ կծու ուտելը կ՛արագացնէ նիւթափոխականութիւնը, կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, ինչ որ կը բարձրացնէ ուղեղին աշխատանքը, յատկապէս` քունի արագ փուլի ժամանակ: Իսկ քունի արագ փուլը կու գայ մէկուկէս ժամը անգամ մը եւ կը բնորոշուի անով, որ ճիշդ այդ ժամանակ մարդիկ երազ կը տեսնեն: Եւ այդ երազները կը վերածուին մղձաւանջներու:
Հետեւաբար քնանալէ առնուազն երեք ժամ առաջ պէտք է հրաժարիլ կծու ուտելիքներէն, այլապէս մղձաւանջները անխուսափելի կը դառնան:
Կօշիկներու Հետ Կապուած Հնարքներ
1
Եթէ ձեր կօշիկները կը նեղեն ձեր ոտքերը, տոպրակներու մէջ ջուր լեցուցէք եւ կօշիկներուն մէջ զետեղեցէք, ապա կօշիկները ամբողջ գիշեր մը սառցարանը պահեցէք:
2
Երբ բարձրակրունկ կօշիկներ պիտի հագնիք, թելադրելի է, որ ձեր երրորդ եւ չորրորդ մատները խէժերիզով (սքոչ թէյփով) իրարու միացնէք: Այսպիսով շատ աւելի հանգիստ կը քալէք:
3
Նեղ կօշիկները լայնցնելու համար, հաստ գուլպայով մը հագէք զանոնք, ապա տաք հով բացէք անոնց վրայ` 4-5 վայրկեան: Կաշին պաղելէն ետք հանեցէք կօշիկները ձեր ոտքէն, եւ զանոնք յստակօրէն լայնցած պիտի գտնէք:
Հինը Նորի Վերածել
Ձեր ջուրի կալոնները մի՛ թափէք, զանոնք որպէս թաղար գործածեցէք ձեր պատշգամին կամ պարտէզին մէջ:
Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, կալոններուն վրայ քառակուսի բացուածքներ կտրեցէք` մկրատով կամ քաթըրով, հող լեցուցէք եւ ցանեցէք եղանակի կանաչեղէններ` հազար, կոտեմ, անանուխ, ռեհան…
* * *
Կանաչեղէնի տախտակէ արկղները գամեցէք ձեր պարտէզին կամ թերասին պատին եւ անոնց մէջ տեղաւորեցէք փոքրիկ թաղարներ: Այսպիսով կը զարդարէք «տխուր» պատ մը:
* * *
Ձկնորսական հին ուռկանo մի՛ նետէք, զայն հաստատեցէք նստասենեակի պատին եւ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, անկէ կախեցէք տարբեր չափի պզտիկ շրջանակներ` օրական վայելելու ձեզի սիրելի անձերուն լուսանկարները:
Խոհագիր
Գունաւոր Պղպեղներով Հաւկիթ
Բաղադրութիւն
– Կանաչ, կարմիր եւ դեղին պղպեղներ
– 3 հաւկիթ
– Կանաչ սոխ
– Կարագ կամ բուսական իւղ` ըստ ճաշակի
Պատրաստութիւն
Տապակին մէջ իւղը կամ կարագը տաքցնել եւ աւելցնել օղակաձեւ կտրուած երեք տարբեր գոյնի պղպեղները:
Իւրաքանչիւր պղպեղի մէջ կոտրել հաւկիթ մը եւ տապկել:
Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել մանրուած կանաչ սոխով:
Պարզ, դիւրին եւ արագ պատրաստուող այս բաղադրատոմսը նաեւ առողջապահական է եւ իւրայատուկ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայր, Օրհնէ՛
Հայր իմ, օրհնէ՛. ժամը հասաւ, պիտ՛ երթամ.
Նոր կեանք մ՛ինծի կը սպասէ:
Պատանութիւնն ես թողուցի, նոր արիւն
Երակիս մէջ կը վազէ:
Յառա՜ջ, յառա՜ջ, գըլուխս ետ չե՛մ դարձըներ.
Երկընքէս վա՛ր թող իյնան
Անվիշտ կեանքիս ամէն աստղեր, հոգըս չէ՛.
Անցեալս իջնայ թող դամբան:
Օհ, ինծի՛ ի՞նչ թէ կը փետեմ վարդին թերթ,
Եւ փուշին կեանք կու տամ միշտ,
Թէ գըրկաբաց յորձանքին մէ՛ջ կը նետուեմ.
Խինդս է` ձանձրոյթ, սէրս է` վիշտ:
Ամէն խայտանք ջախջախեցի սըրտիս մէջ.
Չեմ վախնար սեւ ծըծելէ.
Վանք մըտնող կոյս մ՛եմ` որ խըզուած իր վարսէր
Անխիղճ, անհոգ, կը դիտէ՜…
Հա՛յր, ես կ՛երթամ այն ճամբայէն` որ ճերմակ
Մազերուդ զիս կը տանի,
Վաստակաբեկ ոսկըրներուդ, ծեր սըրտիդ
Եւ սէրերուդ կենդանի…
Բաւական է. – աշխատեցար, կըրեցիր,
Ամէն նետի, հարուածի
Վահան եղար ինծի համար. հոգիդ է`
Որ հոգուոյս մէջ կը յածի:
Իմ արիւնս է գոյացած քու քըրտինքէդ.
Յոգնութեանդ ծիլն եմ տըխուր:
Հոգիդ, կաղնի՜, երբ կուրծք կու տար մըրըրկին`
Ես շուքին տակ, հանգիստ, լուռ
Կը մեծնայի: – Հարկ է հիմա ա՛լ հանգչես
Եւ ես քեզի յաջորդեմ…
Խոնջե՜նք, խոնջե՜նք, կ՛ուզեմ կըռուիլ, աշխատիլ,
Ելլել կեանքին, կեանքին դէմ…
Հայր իմ, օրհնէ՛. դողդոջ ձեռքերդ գըլխուս դիր.
Թող մատերէդ կաթի վար
Աղօթքդ` եկած հոգուոյդ պայծառ խորանէն:
Վերջին ժամն է. օրհնէ՛, հայր:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ