Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Վաղը` Նոյեմբեր 13-ը` Ազնուութեան Միջազգային Օր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

FridayNov13_111215

Բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ազնիւ մարդիկ կեանքի մէջ աւելի առողջ են, հանգիստ եւ խաղաղ, քանի որ ազնուութիւնը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ աւելի լաւատես կը դարձնէ խնդրոյ առարկայ անձը: Դժբախտաբար պարագան նոյնը չէ շրջապատին հետ անհաշտ, կռուազան եւ անազնիւ մարդուն համար:

Ազնուութեան միջազգային օրուան գաղափարը ծնունդ առաւ 2000-ին Սինկափուրի մէջ, եւ շատ չանցած` որդեգրեցին զայն:

«Ազնուութիւնը խելացութեան մէկ յատկանիշն է» գրած է Վոլթէր, իսկ Ժան Փոլ Սարթր` «Ազնիւ են միայն խելացի մարդիկ»…

Կ՛արժէ մտածել…

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Քարլ Լակըրֆելտ
Պիտի Պարգեւատրուի

karl-lagerfeld_111215

«Շանել» նորաձեւութեան տան ձեւագէտ եւ գեղարուեստական տնօրէն Քարլ յառաջիկայ 23 նոյեմբերին Բրիտանիոյ մէջ պիտի պարգեւատրուի «Պրիթիշ ֆեշըն ըուորտ»-ի հանդիսութեան ընթացքին:

Լակըրֆելտ պիտի ստանայ «Աութսթենտինկ էչիւմընթ ըուորտ» պատուոյ մրցանակը` 30 տարուան իր հարուստ վաստակին համար:

«Պրիթրիշ ֆեշըն քաունսըլ»-ի կարծիքով, Լակըրֆելտ յաջողեցաւ «Շանել»-ը դարձնել միջազգային վաճառանիշ եւ մինչեւ իսկ` «վաճառանիշներու հսկան»:

Լակըրֆելտէն առաջ նոյն մրցանակին արժանացած է նաեւ «Վոկ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Ուինթուրը:

 

Հինը Նորի Վերածել

edfea8cba6c4dc205b58f064c525f62d

Եթէ ունիք պլուզ մը, որմէ ձանձրացած էք եւ տարիներէ ի վեր պահարանին մէջ անկիւնը տեղ կը գրաւէ, եկէք` անոր նոր տեսք եւ կեանք տուէք պզտիկ փոփոխութիւն մը կատարելով, ի հարկին դիմեցէք դերձակուհիի մը օգնութեան:

Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ վերնամասին կռնակին վարի բաժինը եռանկիւնաձեւ բացուածք մը ձեւաւորեցէք եւ տանթել կտորով մը ծածկեցէք զայն: Նոյն տանթելով պզտիկ թիթեռնիկ-հանգոյց մը ձեւաւորեցէք եւ կարեցէք բացուածքին սկզբնաւորութեան: Այսպիսով ցերեկային, սփոր վերնամասի մը կրնաք հապիյէ տեսք տալ եւ զայն կրել պաշտօնական առիթներով:

 

Կնճիռ Պատճառող
Վատ Սովորութիւններ

femme-visage_111215

Զգուշացէք օրուան տաք ժամերուն արեւի ճառագայթներուն պարզուելէ: Արեւէն պաշտպանող յատուկ սերեր գործածեցէք. այլապէս ձեր մորթը ժամանակէն առաջ պիտի ծերանայ, եւ կնճիռներ պիտի յայտնուին ձեր դէմքին վրայ:

***

Զգուշացէք ծխախոտէն. անոր չափազանցուած գործածութիւնը նոյնպէս կը վնասէ ձեր մորթին առողջութեան եւ արտաքին տեսքին: Անխուսափելի կնճիռներէն բացի, մորթին գոյնը կը դառնայ գորշ:

***

Մորթին քոլլաժենին եւ էլասթինին կը վնասեն ապականած օդը, քաֆէինը եւ ոգելից ըմպելիները: Ջանացէք հեռու մնալ այս երեքէն:

***

Շաքարեղէնի չափազանցութիւնը կը վնասէ մորթին որակին` դանդաղեցնելով քոլլաժենի եւ էլասթինի վերանորոգումը, որոնք կ՛ապահովեն ձեր մորթին առաձգականութիւնը եւ թարմութիւնը:

***

Կողմին վրայ քնանալը պատճառ կը դառնայ, որ բազմաթիւ կնճիռներ յայտնուին աչքերուն եւ բերնին շուրջ, բայց նաեւ` վիզին վրայ: Փորձեցէք քիչ-քիչ հրաժարիլ կողմի վրայ քնանալու սովորութենէն:

***

Ծայրայեղ սննդականոնները կը վնասեն մորթին: Փոխնիփոխ արագ նիհարնալն ու գիրնալը կը վնասեն մորթին առաձգականութեան: Թելադրելի է որդեգրել չափաւոր սննդականոն մը, որուն կարենաք հետեւիլ երկար ժամանակի վրայ եւ հանգիստ կը ձգէք ձեր մորթը:

 

Մեր Առողջութեան Նպաստող
5 Սեւ Մթերքները

Կարգ մը մթերքներու սննդական արժէքը իրենց գոյնին կը վերագրուի: Ահաւասիկ` 5 սեւ մթերքներ, որոնք առատօրէն կարելիլ է սպառել:

1

grape_111215

Սեւ խաղողը, բաղդատած դեղինին եւ կարմիրին, աւելի հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ հակաբորբոքային նիւթերով: Յանձնարարելի է զայն ուտել ամբողջութեամբ` կուտով միասին:

2

BlackTea_111215

Սեւ թէյը չափազանց հարուստ է ֆլաւոնոյիտ կոչուած հակաօքսիտանով: Օրական մէկ գաւաթ սեւ թէյը բաւարար է նուազեցնելու սիրտի հետ կապուած հիւանդութիւններու վտանգը: Յանձնարարելի է սեւ թէյը 3-5 վայրկեան թրջել` նախքան խմելը:

3

blackOlive_111215

Սեւ ձիթապտուղը, բաղդատած կանաչին, 3-4 անգամ աւելի հակաօքսիտան ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ. ապա թէ ինչո՛ւ պէտք է նախապատուութիւնը տալ սեւին:

4

BlackRice_111215

Սեւ բրինձը 6 անգամ աւելի հակաօքսիտան կը պարունակէ` քան միւս տեսակները, շնորհիւ անոր սեւ կեղեւին, որ հարուստ է ֆենոլով, ֆլաւոնիտներով եւ անթոսիանինով: Սեւ բրինձը կարելի է գործածել ապուրներու, աղցաններու, ռիզոթթոներու պատրաստութեան մէջ:

5

Les-lentilles-noires_111215

Սեւ ոսպը, որ ծանօթ է նաեւ պելուկա անունով, իր սեւ գոյնը կը պարտի անթոսիանին կոչուած հակաօքսիտանին: Կարելի է սեւ ոսպով համեղ աղցաններ պատրաստել եւ օգտուիլ անոր բարիքներէն:

 

Առողջապահական

Ինչպէ՞ս Պակսեցնել
Աղի Սպառումը

foods-with-low-sodium_111215

Չափազանցուած աղի գործածութիւնը վնասակար է բոլորին, բայց մանաւանդ` արեան գերճնշում կամ սրտանօթային անհանգստութիւն ունեցողներուն:

Ինչպէ՞ս նուազեցնել աղի սպառումը, ինչպէ՞ս օրական 5 կրամի սահմաններուն մէջ մնալ… Ահաւասիկ քանի մը օգտակար թելադրանքներ…

– 1 –

Հրաժարեցէք նախքան կերակուրը համտեսելը աղ աւելցնելէ: Վարժութիւն դարձուցէք բաւարարուիլ ձեզի հրամցուած կերակուրին աղի քանակով: Աղամանը վերջնականապէս վերցուցէք ճաշի սեղանէն. զայն ձեր ձեռքին տակ ունենալով` փորձութիւնը աւելի մեծ պիտի ըլլայ :

– 2 –

Հրաժարեցէք պահածոյ ուտելիքներէն, չիփսէն, պիստակեղէնէն, կարգ մը պանիրներէ եւ մորթատելի բոլոր տարբերակներէն, որոնք մեծ քանակութեամբ աղ կը պարունակեն:

Գնումի ժամանակ լաւ կարդացէք պիտակները եւ ընտրեցէք քիչ sodium պարունակողները:

– 3 –

Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր խմած ջուրին: Հանքային ջուրերուն մէկ կարեւոր մասը աղ կը պարունակէ: Ընտրեցէք քիչ աղ պարունակողները, իսկ եթէ ծորակէն հոսող ըմպելի ջուրը վստահելի է, նախապատուութիւնը անոր տուէք:

– 4 –

Աղը փոխարինեցէք համեմներով. աւելորդ է ձեզի յիշեցնել, որ խոհանոցը ձեր ձեռքին տակ ունիք տասնեակ մը համեմի տեսակներ. զանոնք առատօրէն օգտագործեցէք ձեր կերակուրները համեմելու եւ աղին պակասը լրացնելու համար:

– 5 –

nosalt_111215

Եթէ վերը յիշուածներէն որեւէ մէկը չօգնեց, փորձեցէք «սուտ աղ»-երը, որոնք քիչ sodium կը պարունակեն, երբեմն ան sodium-ը փոխարինուած է փոթասիոմով:

 

Խոհագիր

Կանաչ Քիշ

quiche-gourmande_111215

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 ծրար պատրաստ փաթ սապլէ
– 80 կրամ չորցած լոլիկ
– 3 կանաչ սոխ
– 1 դդում
– Կէս կապ ռեհան
– Կէս կապ ազատքեղ
– Կէս կապ անանուխ
– 3 հաւկիթ
– 2 պտղունց մշկընկոյզ
– 50 կրամ տաշուած պանիր
– Արեւածաղիկի իւղ
– Ալիւր
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:

Դդումը շատ բարակ շերտերու վերածել:

Ռեհանը, ազատքեղն ու անանուխը մանրել. տերեւներէն քիչ մը մէկ կողմէ ձգել` զարդարանքի համար:

Չորցած լոլիկի կտորները խորանարդաձեւ կտրտել եւ քանի մը կաթիլ իւղի մէջ կրակին վրայ դարձնել: Աւելցնել մանրուած կանաչ սոխը, կրկին խառնել:

Փոս ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները, աւելցնել լոլիկը, մանրուած սոխը, մանրուած կանաչեղէնները, տաշուած պանիրը, աղը, պղպեղն ու մշկընկոյզը:

Խմորը բանալ եւ տարածել նախապէս իւղով պատուած եւ ալիւր ցանուած ափսէի մը մէջ: Պատառաքաղով խմորը ծակծկել, վրան աւելցնել հաւկիթով խառնուրդը եւ շուրջ կէս ժամ եփել:

Եթէ տունը սնուպար ունիք, երեսը ցանել եւ 5 վայրկեան եւս փուռին մէջ եփել` երեսը շէկնալու չափ:

Հրամցնելու ատեն զարդարել մէկ կողմ ձգուած թարմ կանաչեղէններով:

Յաւելեալ համ տալու համար կարելի է հաւկիթով խառնուրդին սուրճի գաւաթ մը սեր աւելցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Պատուիրան

Թէ հայրենիքիդ սրբազան հողին
Նստել է սեւ-մութ ամպը ոսոխի,
Եւ դու ուզում ես, որ այն չտեսնես –
Պէտք չէ՛ կուրանալ:

Թէ պապենական քո հին յարկի տակ
Լսում ես նրա լուտանքը վայրագ,
Եւ դու ուզում ես, որ այն չլսես –
Պէտք չէ՛ խլանալ:

ԹԷ նա ուզում է հոգիդ խաթարել,
Աղօթքդ իր պիղծ լեզուով կատարել,
Եւ դու ուզում ես նզովել նրան –
Պէտք չէ՛ համրանալ:

Պէտք չէ՛ դրանից յետոյ կռանալ,
Եւ կամ լծի տակ կքած` ծերանալ,
Եւ կամ ցնորքով գետնից վերանալ,
Եւ կամ օրհասի ահից քարանալ,
Ի սէր բարութեան պէ՛տք է չարանալ,
Եւ պէ՛տք է, պէ՛տք է յարութեան համար
Կռուո՛վ մահանալ:

ՀՐԱՉԵԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>